Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Սուլթանական Հանրաքուէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Այո»-ի համակիրներ

«Ոչ»-ի համակիրներ

Կիրակի, 16 ապրիլին Թուրքիոյ մէջ հանրաքուէի պիտի դրուի երկրի սահմանադրական փոփոխութեան ծրագիրը, որ ըստ ընդդիմադիրներու եւ բազմաթիւ պետութիւններու, երկիրը պիտի առաջնորդէ մենատիրութեան, մինչ Էրտողանի հետեւորդները կը պնդեն, որ Թուրքիա պիտի բարգաւաճի եւ զարգանայ… Միջազգային լրատու կայքերու հրապարակած յօդուածներէն բացի` նոյնպէս հետաքրքրական են հանրութեան կարծիքները:

Ն.

Հերոսի Պաշտամունքը Էրտողանը
Կը Մղէ Դէպի Բացարձակ Իշխանութիւն

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նախագահին հանրաքուէն, որ ճիգ մըն է մինչեւ 2029 իշխանութեան վրայ մնալու, ժողովրդական ալիք մը բարձրացուցած է:

Էմինէ Ալթնպաս քաղաքական հաւաքին մասնակցելու համար եկած է հիւսիսային Թուրքիոյ հեռաւոր Ամասիա քաղաքէն` աւելի քան 200 քմ. ուղեւորութիւն մը ընելով: Վարչապետը անոր եւ միւս մասնակիցներուն կոչ ըրաւ կողմ քուէարկելու սահմանադրական փոփոխութեան, որով երկիրը պիտի վերածուի նախագահական հանրապետութեան մը: Բայց Ալթինպաս արդէն իսկ որոշած է զօրակցիլ նախագահ Էրտողանի, որովհետեւ ըստ անոր, Էրտողան ճիշդը կ՛ընէ:

«Ան անկեղծ է ժողովուրդին հանդէպ: Ինչ որ ան կ՛ըսէ, ճշմարտութիւն է. ան չի ստեր, եւ ժողովուրդին ուզածը կ՛ըլլայ: Ընդդիմութիւնը խանգարուած է եւ կը ձգտի երկիրը երկփեղկել` փոխանակ միացնելու ուժեղ ղեկավարութեան ներքեւ, որ յառաջդիմութեան զարկ պիտի տայ»:

Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հազարաւոր համակիրներ փետրուարի վերջաւորութեան մասնակցեցան Անգարայի Քահրաման Քազան արուարձանին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով սահմանադրութեան փոփոխութեան, որ շրջադարձային պիտի ըլլայ 93 տարուան թրքական հանրապետութեան համար: Հաւաքի վայրին ընտրութիւնը զուգադիպութիւն չէր: Անիկա տեղի ունեցաւ Աքինճի խարիսխին մօտ, ուր նախորդ յուլիսին 7 անձեր իրենց կեանքերը տուին` դէմ դնելով զինուորական յեղաշրջման փորձին: Քազան արուարձանը վերանուանուեցաւ Քահրաման (հերոս) Քազան:

Զինուորական յեղաշրջման փորձը տակաւին ունի կիրքեր հրահրելու ազդեցութիւնը: Հաւաքին ընթացքին, երբ պաստառի վրայ տեսարաններ ցուցադրուեցան  յեղաշրջման փորձէն, ամբոխը մերժումի աղմուկ մը արձակեց:

«Յեղաշրջումներու ժամանակները վերջ պէտք է գտնեն», ամբոխին ըսաւ վարչապետ, իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Պինալը Եըլտըրըմ: Ան աւելցուց. «Տնտեսութիւնը աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ, աճը պիտի արագանայ, նոր աշխատատեղեր պիտի ըլլան, մենք պիտի կտրենք կարմիր ժապաւէնը, եւ նոր համակարգը արմատախիլ պիտի ընէ ահաբեկչութիւնը»:

Հաւաքուածները տօնական մթնոլորտի մէջ էին, հազարաւոր համակիրներ Էրտողանի անունը կը վանկատէին: Փողոցներու մէջ վաճառուող թի-շրթներուն եւ բարձրացած պաստառներուն վրայ գրուած էին. «Այո՛, ամբողջ սրտովս», «Մեր հզօր երկիրը, մեր որոշումը այո՛ է»:

Հանրաքուէն բեւեռացուցած է Թուրքիան, որ տակաւին կը տատանի յեղաշրման փորձէն եւ կրկնուող ահաբեկչութիւններէ:

Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ պաշտօնազրկուած, աշխատանքէ արձակուած եւ ձերբակալուած են կիւլենական շարժումի անդամներուն դէմ շղթայազերծուած արշաւի ծիրին մէջ: Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ եւ կառավարութիւնը քննադատողներ բանտարկուած են:

Ընդդիմացողներ կ՛ըսեն, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները, որոնք Էրտողանին առիթ պիտի ընձեռեն մինչեւ 2029 թուական իշխանութեան վրայ մնալու եւ իր դիրքերը ամրապնդելու, պիտի առաջնորդեն մենատիրութեան, բարեկամական խորհրդարանի եւ դատական համակարգի մը, որ պիտի նշանակուի իր եւ իշխող կուսակցութեան կողմէ: Բայց «այո» արշաւի համակիրները կը պնդեն, թէ փոփոխութեան ենթարկուելիք սահմանադրութիւնը պիտի ունենայ բաւարար կէտեր, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկելու 1982 թուականին զինուորական իշխանութեան կողմէ պարտադրուած սահմանադրութիւնը:

Էրտողանի բազմաթիւ համակիրներուն համար ոչ մէկ խնդիր կայ անոր յաւելեալ իշխանութիւն տալու: Անոնց մօտ վայելած  ժողովրդականութեամբ Էրտողան յաջողեցաւ ընդհանրապէս արարողակարգային բնոյթ ունեցող նախագահական պաշտօնը, պարզապէս իր անհատականութեամբ վերածել ազդեցիկ դիրքի մը:

Համակիրները Էրտողանը կը տեսնեն իբրեւ Թուրքիոյ թշնամիներու, չարակամներու եւ ահաբեկիչներու դէմ յաջող պայքար մղող նախագահ մը: Մինչ Արեւմուտքին համար Էրտողան բռնապետ մըն է, որ կը քայքայէ ժողովրդավարութիւնը, Էրտողանի համակիրները զայն կը նկատեն ժողովրդավարական քուէարկութեամբ ընտրուած նախագահ մը, որ ի գործ կը դնէ ժողովուրդին կամքը, կործանելով պետական հարուածին անզգամ գործակալները:

Մինչ Արեւմուտքը կը տեսնէ ղեկավար մը նոր օսմանական կայսերական մարմաջներով, հասարակ թուրքերը, որոնք կը զօրակցին Էրտողանի, զայն կը նկատեն մարդ մը, որ կամքը ունի դիմակայելու բարոյապէս սնանկ Եւրոպական Միութեան եւ ախոյեանը ըլլալու Միջին Արեւելքի մէջ ճնշուած ժողովուրդներու դատերուն: Մինչ Արեւմուտքի Էրտողանի իշխանութիւնը կը համարէ աշխարհիկութեան կործանում մը, Թուրքիոյ նախագահին հետեւորդներուն համար ան  փրկութիւն մըն է աշխարհիկ ընտրանիի մը տասնամեակներու ճնշումներէն, կարելիութիւն մը` իրենք զիրենք դրսեւորելու որպէս բարեպաշտ իսլամներ:

 

«Յեղաշրջումը Բեմականացումն Էր»

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլու յայտարարեց, որ 15 յուլիս 2016 թուականին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձը ոչ այլ ինչ էր, քան` իշխանութիւններուն կազմակերպած բեմականացումը: Այս մասին գրած է թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Ատիկա յեղաշրջում չէր, թատրոն էր», ըսած է քեմալականներու առաջնորդը:

Այդ յայտարարութեան իբրեւ պատասխան ` Թուրքիոյ  վարչապետ Պինալը Եըլտըրըմ ըսաւ. «Քըլըչտարօղլուն երկերեսութիւն կ’ընէ եւ կ’անարգէ յեղաշրջման փորձի գիշերուան նահատակներու յիշատակը: Եղբա՛յր, դուն գոնէ կը հասկնա՞ս, որ անարգած ես 200-է աւելի նահատակներու յիշատակը: Յեղաշրջման գիշերը ինծի հեռաձայնեցիր, ըսիր` «մենք ձեզի հետ ենք», հիմա կ’ըսես` «թատրո՞ն էր»,  ըսած է Եըլտըրըմ:

 

Մարդիկ Ինչե՜ր Կը Գրեն

–  «Էրտողան Թուրքիան կ՛առաջնորդէ դէպի մոռացումի աշխարհ: Յատկանշական է նոյնպէս, որ թուրքերը կը վարուին ոչխարներու հօտի մը նման, մինչ այս մեծամոլ մարդը զանոնք կը տանի դէպի անորոշը: Թուրքիա տակաւին կը ժխտէ 1,5 միլիոն հայերու սպանութիւնը: Ասիկա վեր ի վարոյ նոյն մտայնութիւնն է: Էրտողան վտանգաւոր մարդ մըն է, թաքուն իսլամական մը` չափաւորականի զգեստով: Դանդաղ եւ հաստատ քայլերով ան կը կազմալուծէ Թուրքիոյ աշխարհիկ ժողովրդավարութիւնը: Էրտողան յաջողած է սրսկել ծայրայեղ ազգայնականութիւն թուրքերու մէջ, որոնցմէ կը պահանջուի դատապարտել եւ վարկաբեկել իրենց քիւրտ հայրենակիցները»:

–  «Մարդ կենդանին 100 հազար տարուան մէջ միտքով չէ յառաջդիմած: Դուք կը տեսնէք Թուրքիոյ մէջ այսօր պատահածը  եւ կրնաք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Հիթլեր իշխանութեան հասցուցած են 1930-ական թուականներուն:Մարդիկ զանգուածային ջղագարութեան մատնուած են` քուէարկելով իրենց ազատութիւններուն դէմ»:

–  «Առնուազն մէկ համոզիչ պատճառ մը կայ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութիւնը լքելուն. սարսափեցնող է այն իրողութիւնը, որ 27 անբաններ իրականութեան մէջ կը մտածեն արտօնել այս խաւարամիտ, յետամնաց երկրին, որ կը կոչուի Թուրքիա, միանալու իրենց: Ես կարելի եղածին չափ հեռու կ՛ուզեմ մնալ այս քարէ դարու երկրէն»:

–  «Էրտողանի գլխաւոր մարմաջն է Աթաթիւրքը գերազանցել:Ես բաւական ատենէ Թուրքիա չեմ գացած:Կ՛ենթադրեմ, որ Աթաթիւրքի դիմանկարներն ու արձանները տակաւին իրենց տեղերն են, չեն պատռուած եւ տապալած: Ատոնք ինչպէ՞ս կրնան կողք-կողքի գոյատեւել այս գերագոյն էակ ըլլալիքին` Էրտողանի հետ, երբ Էրտողան դէմ կը կանգնի բոլոր այն բաներուն, որոնց համար պայքարած է Աթաթիւրք»:

–  «Էրտողան ինքզինք կը վաճառէ որպէս Աթաթիւրքի երկարաձգումը: Եւ կը թուի, թէ ժողովուրդը կը գնէ»:

–  «Սարսափեցնող է այն, թէ որքա՛ն դիւրին է կարգ մը մարդիկ խաղի բերել: Էրտողան աւելի քան 15 տարիէ իշխանութեան վրայ է եւ կը պնդէ, թէ ինք զոհն է, եւ ժողովուրդը կը հաւատայ»:

–  «Այդպէս կը պատահի, երբ տեղեկատուական դաշտը եւ լուրերու այլ աղբիւրներ քու հակակշիռիդ տակ կ՛ըլլան: Թուրքիա ատենէ մը ի վեր կը լռեցնէ լրագրողները, կը փակէ լրատու միջոցները եւ ընկերային ցանցերը. Ժողովուրդը ապա կ՛ընդունի այն քարոզչութիւնը, որ մնացած է, եւ անոնք կը սիրեն զոհի պատմութիւն»:

–  «Անոր համակիրները կրնան մեծամասնութեամբ անխելք ըլլալ, բայց Էրտողան շատ աւելի վտանգաւոր է, քան Թրամփը»:

–  «Հիմնական սխալ մը կայ թուրքերուն մէջ, որոնք ինքնակամ կ՛ուզեն արտօնել բռնապետի մը` խլելու իրենց երկրի ազատութիւնը եւ կեանքերը: Բնաւ զարմանալի չէ, որ Բրիտանիա Պրեքսիթ պահանջեց, երբ Եւրոպական Միութիւնը կրնար արտօնել Թուրքիոյ եւ անոր ժողովուրդին նմաններուն հետ գործընկերութիւն»:

–  «Անոր պէս առաջնորդները միշտ իրենց ժողովուրդը դէպի անդունդ կ՛առաջնորդեն»:

–  «Էրտողան հիմնականին մէջ այն է, ինչ Թրամփ պիտի ըլլայ, եթէ իշխանութեան վրայ մնայ 15 տարի: Ան հերոս մը կը նկատուի: Չեմ զարմանար, եթէ օր մը անոր հետեւորդները զայն Աստուած յայտարարեն»:

–  «Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է, կը հարցնեն ոմանք: Երբ ամբողջ տեղեկատուական դաշտը օրական 24 ժամ, շաբաթը 7 օր Էրտողանի քարոզչութիւնը կ՛ընէ, ատիկա կարելի է: Անգամ մը, որ Էրտողանի շուրթերը շարժին, բոլոր լրատու միջոցները կ՛երթան անոր քով, տեսնելու համար, թէ ան ի՛նչ պիտի ըսէ: Ան միշտ նոյն կեղտը կ՛ըսէ, եթէ մէկ անգամ լսես զինք, բաւարար է. բայց ո՛չ, ժողովուրդը պէտք է անոր մեծաշուք ձայնը ամբողջ օրը լսէ»:

–  Օ՜հ, այս թուրքերը 5 տարուան մէջ պիտի բռնաբարուին:Երբ Էրրտողան ունենայ ամբողջական իշխանութիւն եւ բանակին վրայ հսկողութիւն եւ իր իշխանութիւնը օրինականացնելու համար ընտրութեան այլեւս պէտք չունենայ, թուրքերը այն ատեն պիտի տեսնեն անոր իսկական բնութիւնը. բռնապետ մը, որուն համար ոչինչ կ՛արժէ մարդոց կեանքերը, եւ որ միայն կ՛ուզէ իր եսասիրութիւնը սնուցանել:

–  «Սուլթան Էրտողան մը շուտով պիտի բնակի վարչապետ Էրտողանի կառուցած պալատին մէջ»:

–  «Այս հտպիտէն ոչ մէկ լաւ բան դուրս պիտի գայ…ոչինչ: Գերմանացիները նացիակա՞ն անուանել…մարդը բոլոր ժամանակներու ամէնէն վտանգաւոր ծաղրածուներէն է»:

–  «Պարզապէս Թուրքիոյ աշխարհագրական եւ աշխարհաքաղաքական դիրքին եւ անոր անողոք անխելքութեան պատճառով այս ապուշը քարիւղի խոշոր թաս մըն է` նստած բաց կրակին քով»:

–  «Թուրքե՛ր, բռնապե՞տ կ՛ուզէք, պատրաստ եղէք հետեւանքներուն»:

–  «Լա՜ւ: Թուրքիա արդէն իսկ կը գտնուի դէպի 7-րդ դար վերադառնալու ճամբուն վրայ: Արդեօք Էրտի երկրորդ կին մը պիտի առնէ՞»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>