Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Ցաւը Ինչպէ՞ս Կրնաս Մոռնալ…»

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Իւրաքանչիւր աշխատանքային ճամբորդութեան եւ ոչ հայկական հանդիպում-ժողովներուս եւ ելոյթներուս ընթացքին միշտ ալ հետամուտ կ՛ըլլամ ներկայացնելու, գէթ համառօտ, իմ` հայուս պատմութիւնը: Պէտք չէ երբեք ակնկալել, որ ամբողջ աշխարհ գիտնայ մեր պատմութիւնը: Եթէ կան շատեր, որոնք լսած են մեր պատմութեան եւ անոր ստեղծած «ցաւին» մասին, բայց նաեւ կան ուրիշներ, որոնց համար այս մէկը նորութիւն է: Եւ յարմար է, որ լսողը նաեւ գիտնայ, թէ ո՛վ է զեկուցողը, որուն պատմութեան ականջալուր ըլլալով` շատ աւելի լաւ պիտի ընկալէ զեկուցողին ըսածը:

Մարտ 2017, Քէյփ Թաուն, Հարաւային Ափրիկէ: Կը խօսէի մեր Աստուածաշնչային ընկերութեան գրասենեակի անձնակազմին` Միջին Արեւելքի Քրիստոնէական առաքելութեան վերջին ժամանակներու մարտահրաւէրներուն մասին: Ներկայացուցի, թէ ինչպէ՛ս ես, որ հայ եմ, ծնած եմ արաբական երկրի մը մէջ: Ո՛չ միայն խօսեցայ Ցեղասպանութեան արհաւիրքին, հայութեան տեղահանումին եւ աշխարհով մէկ տարածուելու մեր իրականութեան մասին, այլ նաեւ` այն ահաւոր «ցաւին», որ հետեւանք է այդ մեծ համամարդկային ողբերգութեան: «Ցեղասպանութենէն ճողոպրած երրորդ սերունդի ներկայացուցիչ եմ, բայց տակաւին իմ մէջս կը կրեմ այս ցաւը», եղաւ իմ մատնանշումս:

Սրահին անկիւնը նստած էր չափահաս տարիքով սեւամորթ պատասխանատու պաշտօնեայ մը: Անդրադարձայ, որ միակ սեւամորթն էր սրահին մէջ, իր մնացեալ բոլոր գործակիցները սպիտակամորթներ էին: Զեկուցումիս վերջաւորութեան ուղղեց իր հարցումը` ոչ թէ Միջին Արեւելքի տագնապին առնչութեամբ, այլ ցեղասպանութեան պատճառած իմ ներաշխարհի «ցաւին» վրայ: « Ցաւը ինչպէ՞ս կրնաս մոռնալ», հարցուց ան:

Ինծի համար զարմանալի չթուեցաւ այդ հարցումը: Ակնկալելի էր` նկատի ունենալով, որ Հարաւային Ափրիկէն երկար տարիներ ապրած ու տագնապած է «ցեղապաշտական» իրավիճակէն` իր ընկերա-քաղաքական ու պետական կարգավիճակներուն ընդմէջէն: Թէեւ այսօր պետական ու կազմակերպչական կառոյցները փոխուած են, բայց չեմ գիտեր`հոգիները ու մտածողութիւնը որքա՛ն: Հարաւային Ափրիկէն տակաւին կը տագնապի ցեղապաշտական կարգավիճակի դրութեան ստեղծած խտրականութեան իրականութենէն եւ անոր պատճառած ցաւէն: Ու սեւամորթ գործակիցիս հարցումը կու գար այդ նոյնինքն ցեղապաշտական կեանքին ստեղծած ու ապրուած ցաւին փորձառութենէն: Եւ երեւի ան ուզեց տեսնել, բայց նաեւ` համեմատել, թէ ես ինչպէ՛ս կրցայ ելք գտնել, ինչպէս ես կրցայ դուրս գալ ցաւով ծանրաբեռնուած կեանքին ու փորձառութեան մէջէն`գտնելու համար բարւոք հանգստութիւն: Իսկ իր ցաւի պայքարը…

«Բարկութիւն կայ մէջս». Հարաւային Ափրիկէի գործակիցներէս Հենլի Ռուսոն է, որ կ՛ընկերակցէր ինծի` այցելելու Ռոպին կղզիի բանտը: Հոն, ուր Նելսըն Մանտելան եւ աւելի քան հազար սեւամորթ քաղաքական բանտարկեալներ երկար տարիներ իրենց կեանքերը անցուցին`  հաւասարութեան տեսլականին հասնելու եւ ստեղծելու նոյնը իրենց երկրին համակարգին համար: Հենլին սպիտակամորթ է:

«Անգլիացիք իրենց գաղութատիրութեան ժամանակ ամէն անմարդկային հնարքներու ձեռնարկեցին` կլանելու համար մեր երկիրը եւ հարստութիւնը: Անգլիական գաղութատիրութիւնը վերջացաւ, եւ մենք ըրինք ճիշդ նոյնը մեր ժողովուրդին եւ մեր մէջ…», ըսաւ ան:

Հենլիին ներաշխարհին մէջ ակներեւ էին նաեւ անհանգստութիւնն ու անորոշութիւնը: Եթէ կը փորձէ գտնել պատճառ եւ հիմք` իր երկրի իրականութիւններուն, բայց նաեւ` ելք: «Բայց արդեօք միայն մե՞նք ցեղապաշտ էինք», շարունակեց ան: «Հապա՞ ամերիկացիները, երբ այդքան դաժան վարուեցան բնիկ հնդիկ ժողովուրդներուն հետ»:

Հենլին կը փորձէր գտնել բուժում… Բուժումը «ցաւին», որ իր եւ ամբողջ երկրին համար եղած էր մղձաւանջ, եւ որ մինչեւ այսօր տակաւին կը շարունակուի տարբեր երեւոյթներու մէջէն:

«Հարաւային Ափրիկէն, ինչպէս` շատ մը ուրիշ երկիրներ, կը տառապի ցեղապաշտական հիւանդութենէ: Եւ պետութեան ժխտումը այս իրականութեան` որեւէ բան չի կրնար փոխել կացութենէն: Եթէ պիտի բուժենք այս հիւանդութիւնը, պէտք է ընդունինք, որ ան`ցեղապաշտութիւնը, իրական է» (Շանոն Էպրահիմ, Քէյփ Թայմզ, մարտ 2017): Եւ այս «իրական»-ը ապրեցայ, երբ սկսայ շրջագայիլ կղզիի բանտի խցիկներուն մէջ:

Խոթցօ Կիէն զբօսաշրջիկներուն առաջնորդն էր իմ այցելութեանս օրը: Ան այս պաշտօնին նշանակուած էր` մեկնելով իր կեանքի փորձառութենէն: Խոթցոն երկար տարիներ ապրած էր Ռոպին կղզիի բանտին արհաւիրքը որպէս քաղաքական բանտարկեալ եւ ցեղապաշտական խտրական իրավիճակին հետեւանք: «Բոլորս ալ սեւամորթներ էինք բանտին մէջ», իր պատմութիւնը սկսաւ ներկայացնել Խոթցոն:Անցած էր ամէն տեսակի ֆիզիքական բռնարարքներէ,  հոգեբանական ճնշումէ եւ ցաւէ: Տեսած էր, թէ ինչպէ՛ս իր բարեկամները մութ պայմաններու մէջ «անհետացած» էին բանտէն: Ապրած էր վախը: Զինք ամբաստանած էին որպէս յեղափոխականի եւ պետութեան դէմ դաւադրութիւն սարքելու յանցագործութեամբ:

Խոթցոն կը պատմէր իր «սրտէն»: Կը տեսնէի, թէ ինչպէ՛ս կը քրտնէր, երբ այդ ամբողջ ապրածը դարձեալ կը վերապրէր`պատմելով մեզի: Կը փոխադրէր մեզ այդ խցիկներուն մէջ ապրած իւրաքանչիւր վայրկեանը: Եւ թէ ինչպէ՛ս մարդ կրնար դառնալ, ըլլալ անմարդկային նոյնինքն իր` մարդուն նկատմամբ:Արտաքին աշխարհէն գրեթէ խզուած պիտի ապրէին այս կեանքը` միշտ գիտակցելով այն համոզումին-իտէալին, թէ ի՛նչ բանի համար եւ ինչի՛ տեսլականն էր, որ խթանած էր զիրենք մտնելու այս մեկուսացած կղզին:

Հարցուցի Խոթցոյին. «Արժե՞ց կեանք մը տալ այդ նպատակին համար»:

Խոթցոն աչքերը ինծի սեւեռեց: Զգացի, թէ պատասխանը պիտի գար սրտէն: «Ինծի համար սկիզբի տարիներուն շատ դժուար էր իմ այս պատմութիւնս պատմել մարդոց: Բայց հիմա կ՛ընեմ»:

Սկսայ տեսնել, թէ որքա՛ն հաւատք կայ Խոթցոյին կեանքին մէջ: «Երբ նոր բանտ մտայ, շատ ատելութիւն կար սրտիս մէջ», ըսաւ ան: Բանտին մէջ սորվեցայ տեսնել ուրիշը, որ ինձմէ տարբեր է,  եւ ատելութեան զգացումներս փոխուեցան, եւ ես համոզուեցայ, որ պէտք է բուժել մեր երկիրը եւ նորը շինել»:

Խոթցոն բանտէն դուրս գալէն ետք բարձրացած է լեռը եւ այնտեղէն դարձեալ դիտած է կղզին, բանտը, որ խլեց իրմէ կեանքին մեծ բաժինը: «Եւ այն ժամանակ հոն` բանտին նայելով, տեսայ ազատութիւնը», ըսաւ ան: «Ասիկա իմ պատմութիւնս չէ, այլ` իմ երկրիս պատմութիւնը: Եւ տեսայ անհրաժեշտութիւնը, թէ նորը պէտք է շինենք»:

Խոթցոն այսօր կազմած է ընտանիք ու ընտանեկան կեանք, եւ իր այս համեստ աշխատանքի մէջէն եթէ մէկ կողմէ կը ներկայացնէ իր ապրած ցաւը, բայց նաեւ` նորը շինելու արժէքը: Եւ հրաժեշտ առնելէն առաջ ձեռքս ամուր սեղմեց եւ ըսաւ. « Պէտք չէ յուսահատիլ, նորը պէտք է շինել»:

Բայց տակաւին պէտք էր, որ պատասխանէի գործակիցիս հարցումին: «Ցաւը ինչպէ՞ս կրնաս մոռնալ»:

«Հայը իր ցաւը չմոռցաւ»,- ըսի գործակիցիս: – Բայց այդ ցաւին մէջէն հայը տքնեցաւ շինելու նորը` որպէս կեանքի շարունակականութիւն: Բայց այս նորին մէջ, հայը իր ցաւը պահանջեց եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ` վկայելով ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը: Եւ նորը պէտք է հիմնել արդարութեան եւ ճշմարտութեան գրաւականներուն վրայ», եղաւ իմ բացատրութիւնս:

Խոթցոն չմոռցաւ իր ցաւը… Եթէ ցաւը կը պատմէ, այդ կ՛ընէ շինելու համար նորը: Նորը, որ արդար է ու ճշմարիտ:

Հայն ալ իր ցաւը չմոռցաւ: Եւ կ՛ապրի այսօր արդար ու ճշմարիտ նորը ստեղծելու եւ նորին հասնելու տեսլականով:

Բայց արդեօք ե՞րբ պիտի գայ այդ օրը, երբ աշխարհը պիտի գիտակցի, որ ցաւը պէտք է վերանայ մարդկային կեանքին մէջէն…

Մինչ այդ երեւի ուրիշ ելք ու ճար չկայ:

«Ցաւը ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ». յիշելով եւ պահանջելով: Յիշելով ցաւը եւ պահանջելով, ու տակաւին տքնելով` շինելու նորը` արդարութեան եւ ճշմարտութեան տեսլականով:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>