Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայաստանցի Յարութը

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ճեք Հաճընեանի հետ

Վահէ Պէրպէրեանի երգիծական ձեռնարկներէն մէկուն աւարտին, երբ կուշտ ու կուռ խնդալէ ետք կը պատրաստուէի մեկնիլ, Արա Տապանճեան, որ ձեռնարկին երաժշտական բաժինը յանձն առած էր, մօտենալով ինծի, «Մէկը կը փափաքի հետդ խօսիլ» ըսաւ:

Մօտեցայ անձի մը, որուն նախապէս հանդիպած ըլլալս չեմ յիշեր, սակայն ես իրեն ծանօթ կը թուիմ ըլլալ. գէթ` անունով:

Ժպտուն դէմքով անունս տալով բարեւելէ ետք, ներկայացուց ինքզինքը:

«Ճեք Հաճընեան», ու անմիջապէս  բջիջային հեռաձայնին վրայ նկար մը ցոյց տուաւ:

Ծանօթ նկար մըն էր, «Ազատամարտ» ակումբի մէջ, 1966-ին:

«Ազատամարտ» ակումբ, 1966

«Աջին ես եմ, կեդրոնը` Յարութը, իսկ ձախին Նազօ Մոմճեանն է», ըսի:

Դէմքին ժպիտը ընդլայնեցաւ:

«Յարութը հայրս է», ըսաւ արդար հպարտութեամբ մը:

Այո՛, հպարտ է իր հօրմով:

Զարմանքի, յուզման եւ ուրախութեան միաձուլումը ինչպէ՞ս կարելի է ամփոփել մէկ բառի մէջ:

«Շատ ուրախ եւ զգացուած եմ Ճեք»:

Առաջին հարցումս, բնականաբար, ո՞ւր է, ի՞նչ կ’ընէ իր հայրը, սիրելի բարեկամս` Յարութը, որուն երկար տարիներ տեսնելու առիթը չեմ ունեցած:

«Քանի մը տարի առաջ մահացաւ», յայտնեց տխուր:

Նեղուած եմ,: Անակնկալ էր:

Սրահը արդէն դատարկուած է հանդիսատեսներէ: Մնացած են միայն Վահէն ու դերակատարները: Վահէին ուղղուած շնորհաւորական խօսքերէ ետք, երբ կը պատրաստուէի մեկնիլ, Ճեք ինծի երկարեց իր այցետոմսը:

«Կը փափաքիմ դարձեալ հանդիպիլ եւ աւելի երկար զրուցել հետդ: Վստահաբար յիշատակներ ունիս հօրմէս»:

Այցետոմսը, առանց կարդալու, դրի գրպանս ու մեկնեցայ:

Յաջորդ առաւօտ, գործատեղիս, յիշեցի նախորդ երեկոյ բարեկամիս մահէն ետք իր զաւկին ծանօթանալս, ու գրպանէս հանելով` կարդացի այցետոմսի վրայի գրութիւնը:

«Ճեք Հաճընեան, քաղաքապետ Մոնթեպելլօ քաղաքի»:

Շշմած եմ: Վաղեմի բարեկամիս մահէն ետք կը ծանօթանամ իր զաւկին, որ Լոս Անճելըսի մէջ դարձած է քաղաքական յայտնի դէմք: Դարձած է քաղաքապետ Լոս Անճելըսի ամենահայահոծ քաղաքներէն մէկուն` Մոնթեպելլոյի, ուր կառուցուած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը:

* * *

«Լա Ֆուրմի» , 1966

Պէյրութ, 1966: Լիբանանահայութեան ոսկի տարիները:

Ամառ է: «Ֆայվ Ֆինկըրզ» նուագախումբովս շաբաթավերջերուն Տհուր Շուէրի «Լա Ֆուրմի» բացօթեայ զբօսավայրին մէջ եւրոպական երգերով կը խանդավառենք մեծ թիւով գիւղագնացներ:

Դադարին մեր տարիքի անձ մը կը մօտենայ մեզի:

«Անունս Յարութ է: Հայաստանէն եկած եմ: Կրնա՞մ քանի մը եղանակներով սաքսոֆոնովս մասնակցութիւնս բերել ձեր նուագախումբին»:

Հաճոյքով կ’ընդունինք առաջարկը:

Քանի մը եղանակները մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն ներկաներուն մօտ, եղանակները կը վերածուին քանի մը տասնեակներու:

Նուագախումբին անդամներս` բոլորս նոյն մտածումը ունեցած ենք: Յարութը մնայուն անդամը դարձնել մեր նուագախումբին:

Յարութ ոչ միայն համաձայն է, այլեւ գերերջանիկ: Արուեստագէտ տղայ է: Իրեն համար երաժշտութիւնը օդի ու ջուրի, սննդանիւթի համազօր է:

Այդ օրէն Յարութը դարձաւ մեր նուագախումբի մնայուն անդամ: «Հինգ մատներ» նուագախումբը ունեցաւ 6 մատներ:

Կարճ ժամանակ ետք Յարութ դարձաւ լիբանանահայութեան մօտ ճանչցուած անուն մը:

Մականունը չէինք գիտեր: Պարզապէս`         «Հայաստանցի Յարութ»:

Այդ տարիներուն հայրենիքէն դուրս շատ հայաստանցիներու չէինք հանդիպեր: Հազուադէպ էին Հայաստանէն արտագաղթողները, եւ ո՛չ ոք կ’այպանէր զանոնք: Անոնք բոլորին յարգանքին ու սիրոյն կ’արժանանային:

«Հայաստանցի»` կը նշանակէր հայրենիքէն եկած մասունք մը:  Հայաստանցիով հայրենիքի կարօտը կ’առնէինք: Հայաստան կը բուրէին: Հայաստան այցելելու դիւրութիւնները չկային այդ օրերուն: «Երկաթէ վարագոյր»-ի ետին կը գտնուէր մեր հայրենիքը:

* * *

 «Հայաստանցի Յարութ» իր ընտանիքով մօտաւորապէս տարի մը մնաց Լիբանան, ու ապա մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ եւ այդ թուականէն մեր կապը կտրուեցաւ: Նոյնիսկ տեղեակ չէի, թէ ո՛ր նահանգը հաստատուած էր:

Լիբանան գտնուած կարճ ժամանակաշրջանին միասին խանդավառեցինք բազմաթիւ ձեռնարկներ:

Տաղանդաւոր երաժիշտ էր: Տիրապետած էր միեւնոյն ժամանակ արդի եւ ճազ երաժշտութեան: Անկարելի է, որ մոռնամ իր նուագած կտորներէն «Թէյք Ֆայֆ» ճազ կտորը, զոր այնքան հմտութեամբ կը հրամցնէր ներկաներուն: Նոյնիսկ ճազ երաժշտութենէ գաղափար չունեցողներու մօտ կ’արթննար ճազի սէրը:

Իր երգացանկին մէջ ունէր բազմաթիւ հայկական կտորներ, որոնք այդ շրջանին ոեւէ լիբանանցի նուագախումբի երգացանկի մէջ չէինք հանդիպեր:

Հայաստանէն հետը բերած էր նաեւ քանի մը էսդրատային երգեր, ինչպէս` Յասմիկ Մանասէրեանի նշանաւոր «Ծաղիկներ»-ը, զոր Միմոն` մեր խումբի երգիչը, կը մեկնաբանէր եւ կ’արժանանար ժողովուրդի գնահատանքին:

Հայերու նման` օտարներ հաճոյքով կ’ունկնդրէին «Ծաղիկներ»-ն  ու «Ջէյրանի պէս»ը եւ շատ յաճախ մօտենալով` մեզմէ կը փափաքէին ունկնդրել իրենց լեզուով` «Զարիքներ» եւ «Ժէյնանի պէս» երգերը: Օտարները հմայուած էին հայ երաժշտութեամբ:

Այդ շրջանին, շնորհիւ Յարութին, մեր երգացանկը ճոխացաւ հայերէն երգերով ու պարեղանակներով:

Քանի մը տարի ետք «Ծաղիկներ»-ը ձայնապնակի վերածուեցաւ Ատիս Հարմանտեանին կողմէ, որմէ ետք հայերէն երգերու նոր շրջան մը սկսաւ, ու կոչուեցաւ «Էսդրատային» երաժշտութիւն եւ շուտով տարածուեցաւ համայն աշխարհի մէջ:

* * *

Լոս Անճելըս, 2010:

Հարսանիքի մը խրախճանքին ներկայ ենք եւ պատահմամբ Յարութն ու ես նոյն սեղանին վրայ կը գտնուինք:

Աւելի քան 40 տարիներ իրարու չենք հանդիպած: Արտաքինով երկուքս ալ փոխուած եւ իրարու բնաւ պիտի չճանչնայինք, եթէ հարսնեւորներէն մէկը, որ ծանօթ էր երկուքիս, զիրար չներկայացնէր:

Անակնկալ եւ միեւնոյն ժամանակ հաճելի հանդիպում մըն էր:

Ամբողջ գիշերը, մեր սեղանակիցները ձանձրացնելու գնով, կը խօսինք հին եւ յիշատակելի օրերէն:

Իրեն կը յիշեցնեմ, որ «Ծաղիկներ» երգը, Լիբանան առաջին անգամ ի՛նք բերած էր հայրենիքէն, եւ երբ միացաւ մեր խումբին, մեր եւրոպական երգացանկը  հարստացաւ հայերէն երգերով շնորհիւ իրեն` «Հայաստանցի Յարութ»-ին:

Իրարու հեռաձայնի թիւեր փոխանակելով` խոստացանք դարձեալ հանդիպիլ:

Յաջորդ օրն իսկ երկուստեք այդ խոստումը մոռցուեցաւ, եւ Լոս Անճելըսի մէջ Յարութին եւ իմ` առաջին եւ վերջին հանդիպումը եղաւ այդ օր:

Տարիներ անցան. բոլորովին մոռցած էի այդ օրուան Յարութին հետ հանդիպումս, երբ պատահմամբ ծանօթացայ իր զաւկին, Ճեք Հաճընեանին:

Ճեքին հետ, նմանապէս, «Անպայման տեսնուինք»-ը խօսքի սահմանները չանցաւ:

Յաճախ իրարու կը հանդիպինք տարբեր հայկական ձեռնարկներու, իրարու կը յիշեցնենք հանդիպելու մեր որոշումը` առանց որեւէ գործնական քայլի:

«Կը փափաքիմ դարձեալ հանդիպիլ եւ աւելի երկար զրուցել հետդ: Վստահաբար յիշատակներ ունիս հօրմէս», ըսած է մեր առաջին հանդիպումին:

Այո՛ Ճեք: Յիշատակներ շատ ունիմ սիրելի հօրմէդ`բարեկամէս, «Հայաստանցի Յարութէն»: Այդ յիշատակները անձամբ քեզի փոխանցելու առիթը բնաւ չկրցանք ստեղծել ո՛չ դուն, ո՛չ ալ ես: Ամերիկայի անհատնում վազվզուքին պատճառով առիթը չունեցանք տեսնուելու եւ խօսելու հօրդ մասին, սակայն համեստ գրութեամբ մը պարտք զգացի քեզի «ծանօթացնելու» սիրելի բարեկամս` «Հայաստանցի Յարութը», որ մեր յիշատակելի օրերէն տարիներ ետք դարձած է քու աննման հայրդ:

Խունկ ու մոմ յիշատակիդ, սիրելի Յարութ:

լիբանանահայութեան մէջ ճանչցուած` «Հայաստանցի Յարութ»:

Լոս Անճելըս 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>