Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Գաղութէ-Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղը Նշեց «Սկաուտի Օր»-ը

Ուրբաթ, 7 ապրիլին «Ամինեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան, տեղի ունեցաւ «Սկաուտի օր»-ուան տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեանի, պատկան մարմինի ներկայացուցիչին, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետ հայր Գէորգ Պահեանին, միութիւններու ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄ-ի շրջանային ներկայացուցիչներու, Սուրիոյ սկաուտական շարժումի ներկայացուցիչներու, Դամասկոսի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին եւ հոծ բազմութեան մը:

Բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագած Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով:

Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Միհրան Ղազարեան արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով բացման խօսքերուն մէջ հաստատեց, որ «Սկաուտի օր»-ը ծառայութեան, իրեր օգնութեան, եղբայրասիրութեան եւ մարդասիրութեան օրն է, եւ ըսաւ: «Այսօր բեմ պիտի բարձրանան 5 տարեկանէն 80 տարեկան քոյր եղբայրներ, որոնք լի ու լի գործադրած են եւ կը գործադրեն ՀՄԸՄ-ի սկաուտի նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր,  բարձրացո՛ւր»:

Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմած էին` Դափնի Երէցեան, Ռիթա Գալեմքերեան, Սէրուժ Ղազարեան, Ճորճիկ Նիկողոսեան, Լորի Տեմիրճեան, Ռիթա Մահսերեճեան: Ձեռնարկը ճոխացուցին բուրգի եւ խմբային երգերու ներկայացումները, որ կատարեցին մասնաճիւղի կակուղ թաթիկները, գայլիկները, սկաուտները:

Տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի երկար տարիներու ծառայութեան յուշանուէրներու բաշխում:

Խօսք առաւ Սուրիոյ սկաուտական շարժումի Դամասկոսի մասնաճիւղի նախագահ Պասեմ Շպաթ, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկայ գտնուելու սոյն ձեռնարկին, եւ յատուկ շեշտեց ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղին տիպար եւ կարգապահ ըլլալու յատկութիւնները:

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Մանուկ Քէօշկերեան, որ շնորհաւորեց աստիճանաւորները եւ յուշանուէր ստացողները եւ բարձր գնահատեց Դամասկոսի մասնաճիւղին աշխատանքը: Ան ամփոփ ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի պատմականը` շեշտելով միութեան դաստիարակիչ դերը:

Աւարտին «Աւ. Ահարոնեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներ ստացողներուն հիւրասիրութիւն:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Եռօրեայ Այցելութիւնը Գամիշլի

Շաբաթ, 1 ապրիլ 2017-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան հովուապետական եռօրեայ այցելութիւն տուաւ Գամիշլի` ընկերակցութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեանի:

Նախ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ «Կանոնական աղօթք» տեղի ունեցաւ, որմէ ետք սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները` իր ուրախութիւնը յայտնելով այս այցելութեան առիթով: Ան դիտել տուաւ, որ այցելութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ մօտէն հետեւելու գաղութի իրավիճակին:

Երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ սրբազան հօր այցելեցին գաղութին մէջ գործող բոլոր միութիւններու պատասխանատու մարմինները: Հանդիպումներուն ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ` միութենական աշխատանքի առկայ խոչընդոտները:

Սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց Գամիշլիի կրօնական, ազգային եւ միութենական մարմիններու գործունէութիւնը` այսպիսի դժուար պայմաններու մէջ:

Կիրակի, 2 ապրիլ 2017-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, սրբազան հօր նախագահութեամբ, մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Աստուածամօր պատկերի օծման արարողութիւնը: Սրբապատկերը պիտի զետեղուի եկեղեցւոյ խորանին վրայ:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ շեշտեց պահեցողութեան հոգեւոր նշանակութիւնը` ըսելով. «Աւետարանը կ՛ըսէ` նախ քու աչքիդ մէջի գերանը տես, յետոյ` դիմացինիդ աչքին մէջի պզտիկ շիւղը: Պահոց քառասուն օրերը սրտի մաքրութեան, ինքնասրբագրումի եւ անդրադարձի օրեր են: Մեծ պահքի քառասուն օրերուն ընթացքին եկեղեցւոյ արարողութեան մէջ հիմնականը Աստուծոյ խօսքն է: Հիմնականը Ս. գիրքի ընթերցումներն են, որոնք Տիրոջ խօսքին վրայ կը կեդրոնացնեն մեր ամբողջ ուշադրութիւնը»: Ապա սրբազան հայրը կրկնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի Հալէպ այցելութեան ընթացքին արտասանած քարոզին գլխաւոր միտքերը` ըսելով. «Վերանորոգում, վերականգնում, վերաշինութիւն բառերուն մէջ խտացուած էր կաթողիկոսին քարոզը: Սուրիական պատերազմի ընթացքին նահատակներ ունեցանք, կառոյցներ քանդուեցան, տուներ փլատակ դարձան, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ հրկիզուեցան… Այսու-հետեւ վերաշինութեան ծրագիրը գործի դրուեցաւ, ու ինկածները պէտք է ոտքի կանգնեցնել, մարդու արժանապատուութիւնը վերականգնել, որովհետեւ վերանորոգուած մարդը միայն կրնայ երկիրը, համայնքը վերականգնել: Վերաշինութեան ծրագիրը պիտի շարունակուի Աստուծոյ առաջնորդութեամբ եւ եկեղեցական, ազգային, միութենական աշխատանքով` մեր ժողովուրդին մասնակցութեամբ»:

Պատարագէն ետք սրբազան հայրը այցելեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոց, տեսակցութիւն ունեցաւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ հետեւեցաւ փոքրիկներու աշխատանքին:

Երկուշաբթի, 3 ապրիլ 2017-ի առաւօտեան սրբազան հայրը, Ժիրայր Ռէիսեանի, Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ վարժարաններու հոգաբարձութեան եւ թաղականութեան կազմերուն ու Գամիշլիի քահանայ հօր հետ այցելեցին Գամիշլիի ազգային երեք վարժարանները: Աշակերտներուն հետ աղօթելէ ետք, սրբազան հայրը ողջունեց հայ ապագայ սերունդի ներկայացուցիչները, որոնց փայլուն աչքերուն մէջ կը ցոլայ հայու փայլուն ապագան: Ապա ան յաջողութիւն մաղթեց անոնց իրենց եւ գաղութի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն, որոնք մարդ կերտելու պարտականութիւնը ստանձնած են պատերազմի տագնապալի այս տարիներուն: Եզրափակելով` սրբազան հայրը Աստուծմէ խնդրեց, որ խաղաղութիւն, բարգաւաճում եւ մշտական վերելք պարգեւէ Հայաստանին ու սուրիական հայրենիքին:

Մաքուր Հայրենիք Ունենալու Մտադրութեամբ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, 11 մարտին տեղի ունեցաւ «Գնահատանքի հաւաք» քաղաքի մաքրութեան պաշտօնեաներուն համար:

136 մաքրութեան պաշտօնեաներ հաւաքուեցան Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` ներկայութեամբ Հալէպի քաղաքապետին եւ պետական անձնաւորութիւններուն:

Վեր. Սելիմեան ողջոյնի խօսքին մէջ իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Հալէպ քաղաքի մաքրութեան պատասխանատու պաշտօնեաներուն, անոնց կատարած զոհողութեան, յարատեւ ջանքերուն, մանաւանդ` անցնող հինգ տարիներու ընթացքին, երբ երկիրը կը դիմագրաւէր պատերազմ եւ դժուարին օրեր: Ան նշեց, թէ սոյն պաշտօնեաները իբրեւ սուրիացի քաղաքացիներ` մնացին պատնէշի վրայ հաստատակամ, իրենց անկեղծութեամբ, հաւատարմութեամբ, խնամակալ աշխատանքով եւ Հալէպի փողոցները ամէն գնով մաքուր պահելու ջանքով ու մտադրութեամբ: Ան սահմանեց պաշտօնեաներուն կատարած գործը իբրեւ պատուաբեր, սիրոյ եւ ազգային գործ:

Իր խօսքի աւարտին ան մաղթեց Տիրոջը օրհնութիւնը, պաշտպանութիւնն ու պահպանութիւնը անոնց կեանքին համար:

Ապա Հալէպի քաղաքապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վեր. Սելիմեանի սոյն իմաստալից, շինիչ եւ աննախընթաց նախաձեռնութեան մտայղացումին համար, որ պատճառ հանդիսացաւ 136 պաշտօնեաներու քաջալերուած եւ գնահատուած զգալուն: Իր խօսքի աւարտին ան մաղթեց բարօր եւ խաղաղ օրեր Սուրիոյ հաստատակամ ժողովուրդին:

Աւարտին Վեր. Յարութիւն Սելիմեան նիւթական նուէրներ բաշխեց իւրաքանչիւր պաշտօնեայի` առ ի գնահատանք անոնց մարտունակ ծառայութիւններուն համար:

Համազգայինի Սուրիոյ «Զուարթնոց» Երգչախումբը Ներկայացուց Տարեկան Իր Համերգը

Համազգայինի Սուրիոյ «Զուարթնոց» երգչախումբը, մասնակցութիւն բերելէ ետք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած Սուրիոյ երգչախումբերու փառատօնին, 27 մարտին եւ 2 ապրիլին Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ հանդէս եկաւ իր տարեկան համերգով` խմբավարութեամբ` Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Կոմիտասի, Բարսեղ Կանաչեանի, Թաթուլ Ալթունեանի, ինչպէս նաեւ արաբական եւ ռուսական երգերու փունջ մը:

Համերգի երկրորդ բաժինով երգչախումբին միացաւ նուագախումբը:

 

Քառօրեայ Պատերազմի Զոհերու
Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Սուրիա

Կիրակի, 2 ապրիլ 2017-ին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 2 ապրիլ 2016-ին Արցախի քառօրեայ պատերազմին զոհուած հայրենիքի պաշտպան մերօրեայ ասպետներուն յիշատակին:

Յետհոգեհանգստեան արարողութեան, օրուան պատգամն ու խորհուրդը ներկայացուց   Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան, որ կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու հայ նահատակներու կանչին ու պահպանելու համահայկական մեր միասնականութիւնը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւի յանձնախումբին, 2 ապրիլին, Ֆերահեան ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով եւ զոհուած զինուորներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ` ներկայութեամբ աւելի քան 300 հայորդիներու:

Նախքան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք օրուան հանդիսավար, յանձնախումբի անդամ Ալիք Ուրֆալեան իր ելոյթին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Արցախի ազատագրական պայքարին նկատմամբ անտարբերութեան վտանգները:

Յանձնախումբի անդամ Հրաչ Աւետիսեան տեղեկութիւններ տուաւ «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին կողմէ տարուած վերջին մէկ տարուան գործունէութեան մասին` շեշտելով, որ արշաւը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը:

Յիշեցնենք, որ արշաւը Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ, Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք զոհուած 112 զինուորներու ընտանիքներուն կրցած է 130 հազար ամերիկեան տոլար օժանդակութիւն տրամադրել:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթներ ունեցան Քրիստափոր Արապեան, «Փիլիպոս»-ի աշակերտները, ՀԵԴ-ի կրտսերները եւ «Ֆերահեան»-ի երգչախումբը: Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ տեսերիզներ` Արցախի ներկայ կացութեան, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, անոր ընթացքին ու անկէ ետք զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու նպատակով հաստատուած «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին մասին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, որուն ընթացքին, ՀԵԴ-ի կրտսերներու 5 անդամներ կարդացին զոհուած զինուորներու կենսագրականներ, իսկ քառօրեայ պատերազմին ընթացքին վիրաւորուած զինուոր Արման Աւետիսեան խօսեցաւ հայկական բանակին մարտունակութեան մասին:                                                                            2012-ին հաստատուած եւ անցեալ տարի վերաշխուժացած այս արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր աջակցելու համար, այցելել www.withoursoldiers.com կայքը:

Յանձնախումբի ատենապետ Վերժինի Թուլումեան նկատել տուաւ, որ ոգեկոչման նման ձեռնարկներ, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, կը վերահաստատեն մեր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու մեր յանձնառութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով աշխարհին, թէ սփիւռքը կենսական դերակատարութիւն ունի Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ:

 

Վրաստան

2 ապրիլին Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ վիրահայոց թԵմի հովիւ Արարատ քհնյ. Քումբալեան կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի զոհուած զինուորներու հոգիներուն համար, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Արարատ քհնյ. Քումբալեան եւՊաթումի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեան: Սարգսեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ մէկ տարի առաջ ազրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումին որպէս պատասխան, հայ մարտիկները իրենց կեանքի գնով ետ մղեցին հակառակորդը` կանխելով Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ ոճրագործութիւնները: Ան նշեց, որ պատերազմի 4 օրերու ընթացքին ցայտուն կերպով դրսեւորուեցաւ հայ ժողովուրդի անկոտրում կամքը` վտանգի ժամանակ համախմբուելու եւ դիմագրաւելու զայն, ընդգծելով հայկական կողմի հետեւողական դիրքորոշումը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման:

 

Միացեալ Նահանգներ

15 Պատանիներ Կը Միանան Ֆրեզնոյի ՀԵԴ-ի Կրտսերներու Շարքերուն

26 մարտին, ՀՅԴ-ի օրուան տօնակատարութեան առիթով տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին, կնքահայրութեամբ Մանաս Սաղտճեանի, 15 պատանիներ միացան Ֆրեզնոյի ՀԵԴ-ի կրտսերներու մասնաճիւղին:

Ֆրեզնոյի ՀԵԴ-ի կրտսերներու մասնաճիւղի համավարիչ Սարին Քարամանլեան բարիգալուստ մաղթեց նորեկներուն` զանոնք համարելով «Ամերիկահայ գաղութի ապագայ ղեկավարներու սերմերը»:

Նշենք, որ յունուար ամսուան ընթացքին մօտաւորապէս 100 պատանիներ եւս իրենց երդումը տուած էին Կլենտէյլի մէջ կայացած ՀՅԴ օրուան տօնակատարութեան ընթացքին:

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի կրտսերներու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Սարօ Շիրինեան յայտնեց, որ ՀԵԴ կրտսերներու երդումը առաջին դասն է, զոր նորեկները կը սորվին այս կառոյցին մէջ` գիտակցելով, թէ որքա՛ն կարեւոր է խոստումները կատարելն ու յարգելը, սկսելով գործօն մասնակցութիւն բերելէ ՀԵԴ-ի գործունէութեան:  Ան նկատել տուաւ, որ յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի դաստիարակչական աշխատանքին, որ պիտի շարունակուի, երբ պատանիները անցնին ՀԵԴ-ի շարքերը, համալսարան սկսին յաճախելու եւ նետուին իրենց կեանքի ասպարէզները` շարունակելով սպասարկել իրենց համայնքին եւ ազգին:

Համազգայինի Շրջանային Ժողովը Ընտրեց Նոր Ղեկավար Մարմին

26 մարտին Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը Կլենտէյլի իր նստավայրին մէջ գումարեց իր 21-րդ Շրջանային ժողովը:

Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսփէնճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Համազգայինի կարեւորութիւնն ու առաջնորդող դերը` հայ մշակոյթի պահպանման գծով:

Ժողովին ընթացքին ներկայացուեցան մասնաճիւղերու, մասնագիտական մասնաճիւղերու եւ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան տեղեկագիրները: Արծարծուեցան համազգայնական մտահոգութիւններ` կազմակերպչական կեանքի, կանոնագիրի, համազգայինի կրթական եւ հայ մշակոյթի որակի ապահովման ու բարձրացման տեսակէտէն:

Աւարտին յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութեան համար ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւն` հետեւեալ կազմով. Սեդա Սիմոնեան (ատենապետուհի), Արա Գազանճեան (ատենադպիր), Սեդա Ֆրունճեան (գանձապահ), Վիլմա Գույումճեան, Լիւսի Չուխաճեան, Մակի Պապիկեան եւ Հրաչ Թաշճեան (խորհրդականներ):

Ժողովի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, որ բարձր գնահատեց ընթացաւարտ շրջանայինին բեղուն գործունէութիւնը, նաեւ` բոլոր մասնաճիւղերուն եւ մասնագիտական մասնաճիւղերուն արձանագրած յաջողութիւնները: Ան անդրադարձաւ վերջին երկու տարիներու «Արթլինք» երիտասարդական ցանցի յաջողութեան` յիշելով, որ այս ամառ այդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ՀԵԴ-ի ճամբարին մէջ:

Դոկտ. Եագուպեան անդրադարձաւ Արեւելեան ու Արեւմտեան Ամերիկաներու եւ Քանատայի Շրջանային վարչութիւններու եռակողմ ժողովներուն, որոնք տեղի ունեցած են Նիւ Եորքի, Պոսթընի եւ Քանատայի մէջ, ուր արծարծուած են համընդհանուր հարցեր` գլխաւոր մտասեւեռում ունենալով երիտասարդութեան ներգրաւման  եւ տնտեսական անկախացման միջոցներու որոնման հարցերը:

Ան նաեւ դրուատեց «Անի» պարախումբին 43-ամեայ գործունէութիւնն ու թատերական, երաժշտական աւանդոյթի մասնագիտական մասնաճիւղերու հարուստ աւանդը, ծաւալուն գործունէութիւնն ու յարաճուն վերելքը բոլոր մասնաճիւղերուն, որոնք բոլորը կը ձգտին նոր սերունդին մէջ հայկական ինքնութեան արմատաւորման:

ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» Հիմնադրամի Հանգանակային Ձեռնարկը

ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի հանգանակային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 2 ապրիլին, պատմական «Տը Քուին Մէյրի» նաւուն վրայ:

Հիմնադրամի յանձնախումբին անունով «Դէպի Ջաւախք» Ճամբարի պատասխանատուներէն Գառնի Արմէնեան խօսք առնելով` ներկաներուն յիշեցուց  օգնութեան ձեռք երկարելու մեր հայրենի Ջաւախքին: Ան անդրադարձաւ Ջաւախքի իր փորձառութիւններուն մասին, պատմական ակնարկ մը նետելով ջաւախեցի հերոսներուն արձանագրած քաղաքական, պատմական եւ մշակութային յաջողութիւններուն վրայ շեշտելով ջաւախահայ երիտասարդներու կամքին, հայրենասիրութեան, հայ լեզուն ու պատմութիւնը սորվելուն եւ յատկապէս Ջաւախքը հայ պահելու անոնց պատրաստակամութեան:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Աշոտ քհնյ. Քամպուրեան առաջնորդ սրբազանին շնորհաւորանքներն ու օրհնութիւնները փոխանցելէ ետք, վեր առաւ ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ ՀՕՄ-ը երկար տարիներէ ի վեր իր կատարած ազգանուէր ու մարդասիրական ծրագիրներուն մէջ յատուկ տեղ տուած է Ջաւախքի հզօրացման եւ ազգապահպանման համար` աւելցնելով, որ ՀՕՄ-ի կողմէ նշանակուած «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը մօտաւորապէս 15 տարիներէ ի վեր աշխուժօրէն կ՛աշխատի Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու իրականացման գործին համար:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուած էր ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին կատարած ազգանուէր գործունէութիւնը Ջաւախքի մէջ, անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու ջաւախահայութեան օգնելու կարեւորութիւնը:

Յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեան անդրադառնալով կազմակերպուած ձեռնարկի նպատակին` ըսաւ, որ անգամ մը եւս հաւաքուած ենք իրար հետ բաժնեկցելու եւ արժեւորելու յանձնախումբի աշխատանքները, մարտահրաւէրները, հանգանակային պահանջները եւ նուաճումները: Ապա, ան խօսեցաւ յանձնախումբի Ջաւախքի մէջ ցարդ իրականացուցած առողջապահական, ընկերային, մշակութային, դպրոցական եւ մանաւանդ երիտասարդական կեդրոններու ծրագիրներուն մասին: Պօզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը կը բերեն Ջաւախքի ծրագիրներու իրականացման մէջ:

Այնուհետեւ, ցուցադրուեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին զոհ գացած նահատակ զինուորներուն նուիրուած տեսերիզ մը, որուն մէջ ջաւախեցի  երիտասարդներ զօրակցական նամակներ կը կարդան Արցախի զինուորներուն:

Լենա Պօզոյեան կրկին անգամ ելոյթ ունենալով` բեմ հրաւիրեց  օրուան պարգեւատրեալներ Էմմա Սալմասեանը եւ Յարութ Մատէնեանը եւ իրենց երկար տարիներու անսակարկ ծառայութեան եւ Ջաւախքի նկատմամբ ցուցաբերած իրենց անսակարկ նուիրումին համար յատուկ յուշատախտակներով մեծարեց զանոնք:

Պարգեւատրեալները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին իրենց ընծայուած պատիւին համար անգամ մը եւս ընդգծելով Ջաւախքի պատմական կարեւորութիւնը եւ հրապարակաւ խոստացան իրենց  գործունէութիւնը շարունակել Ջաւախքի հզօրացման ուղղուած բոլոր աշխատանքներուն մէջ:

Շրջանային վարչութեան անունով շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Այտա Պապայեան-Ալռայէս, որ անգամ մը եւս հաստատելով Ջաւախքը անկախ Հայաստանին անբաժան մասնիկը ըլլալու իրողութիւնը` բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին գործունէութիւնը, որուն նուիրեալ անդամները հաւատք կ՛ընծայեն անոր պատմական կարեւորութեան եւ համոզումով կը գործեն անոր գոյատեւման նպաստող աշխատանքներու իրականացման համար: Ան վստահեցուց, որ ՀՕՄ-ը ի գին ամէն զոհողութեանց պիտի նպաստէ Ջաւախքի հայկական դիմագիծը պահպանելու գործին` միաժամանակ շարունակելով իր օգնութիւնը կատարել Արցախի Հանրապետութեան:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Յովհաննէս Շահպազեան:

 

Քանատա

Հայ Երաժշտութիւնը Հնչեց Քամպոտիացիներու Մշակութային Հանդիսութեան Ընթացքին

25 մարտին Մոնրէալի «Վենիեր քոլեճ»-ի թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Գամպոտիացիներու «Լը սանթր Խեմարա»-ի կազմակերպած տարեկան մշակութային երեկոն, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինը:

16-ամեայ Մեղրիկ Գանձասարեան ներկայացուց «Էրզրումի շորորը»` իր մշակած հայկական պարային շարժումներով եւ քանոնի կատարողութեամբ: Ապա, Համբիկ Ճապուրեան տուտուկով մեկնաբանեց «Տլէ եաման»-ը:

Նշենք, որ հայ համայնքը մաս կը կազմէ «Ցեղասպանութեան իրազեկման եւ յիշատակման դաշինքին», որ ծնունդ առաւ 100-ամեակի տարին: Դաշինքին մաս կը կազմեն ցեղասպանութիւն ապրած հինգ երկիրներ` Հայաստան, Քամպոտիա, Իսրայէլ, Ուքրանիա եւ Ռուանտա:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>