Կ՛ուզենք ուրախութեամբ յայտնել, որ Արամ Ա. կաթողիկոս Խորէն արք. Տողրամաճեանը նշանակեց Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ:
Խորէն սրբազանը աբեղայ ձեռնադրուած է 1984-ին, իսկ վարդապետ` 1988-ին, պաշտպանելով «Բաբգէն կաթողիկոս Կիւլէսէրեանի կեանքն ու գործը» աւարտաճառը:
1998-ին ձեռնադրուած է ծայրագոյն վարդապետ:
1984-1995 յաջորդաբար ստանձնած է հետեւեալ պաշտօնները.- դպրեվանքի հսկիչ եւ փոխ-տեսուչ, գաւազանակիր, դպրեվանքի եւ հայկական երեք տարբեր ազգային վարժարաններու մէջ վարած է ուսուցչական պաշտօններ: Զուգահեռ, ստանձնած է տարբեր առաքելութիւններ` մասնակցելով ազգային, կրօնական եւ միջեկեղեցական համաժողովներու:
1990-1992 հետեւած է Լիբանանի Քասլիքի «Սուրբ Հոգի» համալսարանի Նոր կտակարանի, եկեղեցւոյ պատմութեան եւ Ծիսագիտութեան դասընթացքներուն:
1995-2004 տարիներուն եղած է հոգեւոր հովիւ Թեսաղոնիկէի Հայոց:
1999-2003 յաճախած է Յունաստանի ամերիկեան համալսարան եւ հետեւած Պատմութիւն եւ միջազգային Յարաբերութիւններ մասնագիտութեան: Ստացած է Պսակաւոր արուեստից բարձրագոյն ուսման վկայական:
2004-2017 տարիներուն վարած է Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդութիւնը: Խորէն սրբազանը արդէն ժամանած է Կիպրոս եւ ստանձնած իր նոր առաքելութիւնը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
12 ապրիլ 2017