ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանեան բոլոր ընտրութիւններէն ետք, ժողովրդական շրջանակներու մէջ ամէնէն տարածուած զրոյցներէն մէկը այն է, որ պատգամաւորական թեկնածուները իրենց բաշխած կաշառքներն ու կատարած հսկայական ծախսերը ձեւով մը ետ կը հաւաքեն նոյն ժողովուրդէն:
Գումարները վերադարձնելու ձեւերէն մէկը, ըստ այս զրոյցներուն, ապրանքներու թանկացումն է: Ընտրակաշառքը առատօրէն բաշխած պատգամաւորական թեկնածուները, որոնք սննդանիւթի կամ այլ ապրանքատեսակներու շուկայի մենաշնորհեալներն են, իրենց կորուստները կ՛աւելցնեն ապրանքներու գիներուն վրայ եւ կրկին կը լեցնեն իրենց գրպանները` շարունակելու իրենց զեխ կեանքը եւ պատրաստուելու յաջորդ ընտրութիւններուն:
Իսկ կաշառքով իր քուէն վաճառած, թշուառութեան մէջ ապրող կամ անմիջական խնդիր մը լուծելու համար արժանապատուութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող քաղաքացին իր ընդվզումը արտայայտելու, իր նուաստացման վրէժը լուծելու ձեւ մը կրնայ գտնել, եթէ ուզէ:
Օրինակի համար, եթէ պանան ներածող պատգամաւորը անտրամաբանականօրէն բարձրացնէ իր ապրանքին գինը, ապա պէտք է հասարակական շարժումի մը սկսիլ` պանան չգնելու քարոզչութիւն կատարելով:
Ոչ կենսական ապրանքատեսակներու համար, ինչպիսին է պանանը, այս ձեւը կրնայ բաւական արդիւնաւէտ ըլլալ` մինչեւ իսկ սնանկութեան հասցնելով հոգիներու եւ ապրանքներու որոշ վաճառականներ: Կենսական սնունդի պարագային, սակայն, ինչպիսիք են հացը, շաքարը եւ այլն, կարելի է մտածել այլ ձեւերու մասին, որոնց շնորհիւ այդ գործով զբաղողները եւս վնասներ կը կրեն: Փոքր ձեռնարկատէրերու քաջալերումով, պարբերական ցոյցերով, քարոզարշաւներով եւ տուեալ սննդամթերքին միօրեայ ցուցական չօգտագործումով շարունակական յարձակումի թիրախ ըլլալու կ՛արժանանան քաղաքացիներու ընկերային խեղճ վիճակի պատասխանատուները, միեւնոյն ժամանակ նպաստելով հասարակական գիտակցութեան բարձրացման:
Աւելի՛ խելացի ու ազդեցիկ ձեւեր եւս կրնան ըլլալ: Կարեւորը` անզօրութեան զգացումը յաղթահարելն է ու արդար Հայաստանի համար պայաքարը շարունակելու ոգին պահպանե՛լը: