Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Գառնիկ Գիւզալեան (1893-1958). Ազգային-Քաղաքական Մեր Յիշողութեան Իմաստուն Ջահակիրը

$
0
0

Ն. Պ.

«Հայոց հարցը քաղաքական հարց է եւ պէտք է լուծուի միայն ազգային-քաղաքական յեղափոխութեամբ»:

Հայ ժողովուրդի անցեալին, ներկային եւ գալիքին համար ուղենիշ հաստատող եւ ազգային-քաղաքական մեր երթը հունաւորող այս պատգամը կը պատկանի Գառնիկ Գիւզալեանի, որուն մահուան 59-րդ տարելիցն է այսօր` ապրիլ 8-ին:

1958-ի ապրիլ 8-ին, շրջապտոյտով մը Աղեքսանդրիա գտնուած միջոցին, յանկարծամահ եղաւ Հայաստանի անկախութեան սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Գառնիկ Գիւզալեանը, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ պիտի ապրի իբրեւ հայ քաղաքական մտքի ներհուն պատմաբանն ու իմաստուն գաղափարախօսը:

Պատմագիտական խոր պատրաստութեամբ եւ գաղափարաբանական լայն հորիզոնի տէր մտաւորականն է Գառնիկ Գիւզալեան: Պարբերական մամուլի էջերուն եւ առանձին հատորներով լոյս ընծայած իր ուսումնասիրութիւններով ան հիմնական ներդրում ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ քաղաքական զարգացումին ազգային գաղափարաբանութիւնը մշակելու եւ հունաւորելու գործին մէջ: Յատկապէս խորհրդային կարգերու բրտօրէն հաստատման շրջանին, ձախապաշտներու կողմէ թափ առած պատմական նենգափոխումներու գաղափարական եւ քաղաքագիտական դիմագրաւման ճակատին վրայ, Գառնիկ Գիւզալեան բառին բուն իմաստով արթուն պահակը հանդիսացաւ հայ ազգային յիշողութեան պահպանման եւ վերաթարմացման:

Երբ 1920-ականներուն խորհրդային ամբողջատիրութիւնը երկաթէ վարագոյրով աշխարհէն մեկուսացուց իր լուծին ենթարկած ազգերն ու ժողովուրդները, Հայաստանի մէջ անօրինակ ծաւալ ստացաւ հայ ժողովուրդը իր ազգային-քաղաքական պատմութենէն եւ յիշողութենէն զրկելու պետական համատարած արշաւ մը:

Քեմալական Թուրքիոյ հետ ահաւոր մեղսակցութեամբ Հայաստանի անկախութիւնը կործանած եւ մեր հայրենիքը աշխարհաքաղաքական առումով կտրատած պոլշեւիզմը, Լենինի եւ Ստալինի դրածոյ հայ «իշխանաւորներով», ձեռնարկեց ամէն բանէ առաջ հայոց ազգային-քաղաքական յիշողութիւնը արմատախիլ ընելու, ջնջելու եւ նենգափոխելու ահաւոր ոճիրին:

«Բուն Երկիր»-ը եւ «Դէպի Երկիր»-ը նորելուկ մարքսականներուն կողմէ հռչակուեցան «հակապետական» եւ «ազգայնամոլ» գաղափարներ: Պատմական Հայաստանը եւ անոր ազգային-քաղաքական վերականգնման մեծ տեսլականը դուրս քշուեցան հայոց կրթական, մշակութային եւ ընկերաքաղաքական օրակարգէն: Մինչեւ իսկ պետական հրամանագրով օրէնքէ դուրս հռչակուեցաւ հայոց լեզուի մեսրոպեան ուղղագրութիւնը` փոխարինուելու համար անցեալի մեր գրաւոր ժառանգութենէն նորահաս սերունդները խորթացնելու կոչուած այլանդակ ուղղագրութեամբ մը:

Ահա այդ պայմաններուն մէջ եւ մեր ազգային-քաղաքական յիշողութեան ակունքներուն ուղղուած ծանրագոյն հարուածներու դիմագրաւելու կոչումով` Գառնիկ Գիւզալեան դարձաւ յառաջապահներէն մէկը հայ մտաւորականութեան այն մարտունակ փաղանգին, որ արթուն պահակի դիրքերէն հետեւողականօրէն մեր սերունդներուն յիշեցուց խորքն ու էութիւնը հայ ժողովուրդին դիմագրաւած ազգային-քաղաքական ծանրագոյն վտանգին եւ զայն յաղթահարելու մարտունակութեան.

«(1880-ական) թուականների սկզբներից մի ուժեղ շարժում է սկսւում հայութեան մէջ յօգուտ օսմանեան Հայաստանի տնտեսական, մտաւոր վերածնութեան եւ հոգեկան յեղաշրջման: Այս վերածնութիւնը կապւում էր կրթական գործի եւ ընդհանրապէս մշակութային վերելքի եւ տնտեսութեան բարձրացման հետ: Բայց ամէնէն էականը` նա տեղի պիտի ունենար հայութեան բոլոր կենդանի, բարձրորակ ուժերի համախմբումով Հայաստանում: Ազգահաւաքման եւ ազատագրական այս գործը հայութիւնը հակադրում էր նոյն ժամանակներում թուրք ազգութեան մէջ ծնունդ առած շարժման, որ խարսխւում էր նախ` համիսլամութեան եւ քիչ յետոյ` համաթուրանականութեան վրայ: 80-ական թուականներից սկսած այս երկու ազգային շարժումները իրենց ներհակ նպատակներով կանգնած են դէմ դիմաց»:

Մինչեւ մեր օրերու հայեւթուրք յարաբերութեանց խմորումները իրենց կիզակէտին ունին Գիւզալեանի մատնանշած մեծ հակադրութիւնն ու բախումը: Եւ հայ քաղաքական մտքի այսօրուան գործիչները դատապարտուած են անխուսափելի սայթաքումի, երբ անհրաժեշտ դասերը չեն քաղեր ազգային-քաղաքական մեր յիշողութեան ակունքներէն:

Գառնիկ Գիւզալեան ծնած էր 1893-ին, Փարպի, Արագածոտնի մարզ:

Մեծատուն Գիւզալեաններու արժանաւոր շառաւիղ էր: Ուսանեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը եւ պատանի տարիքէն փարեցաւ Դաշնակցութեան գաղափարներուն` ՀՅԴ աշակերտական եւ ուսանողական միութիւններու գործունէութեան աշխուժ մասնակցութիւն բերելով:

1914-ին, աւարտելով Գէորգեան Ճեմարանը, Գառնիկ Գիւզալեան ամբողջութեամբ լծուեցաւ հանրային հասարակական գործունէութեան: Հայ ժողովուրդի պատմութեան դժուարին այդ ժամանակաշրջանին, նախ հայ կամաւորական Շարժման ծաւալման եւ, ապա, Հայաստանի անկախութեան նուաճման ու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շինարարութեան աշխատանքներուն եռանդուն մասնակիցը դարձաւ ՀՅԴ Ուսանողական Միութեան ճամբով:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք իր հերթին անցաւ Թաւրիզ, ապա` Պալքաններ: Ուսումը շարունակելու նպատակով` հետեւեցաւ Փրակայի համալսարանի պատմագիտական ճիւղին, ուրկէ վկայուեցաւ 1928-ին: Փրակայի ուսման տարիները օգնեցին, որպէսզի հայ եւ ռուս ժողովուրդներու պատմութեան քաջածանօթի իր հմտութեան վրայ Գիւզալեան գումարէ նաեւ քսաներորդ դարու 20-ականներու Եւրոպայի քաղաքական-գաղափարական բարդ խմորումներուն մօտէն ծանօթացումը:

Այդպէ՛ս. Երկրէն բերուած եւ Եւրոպայի մէջ հարստացած իր մտաւորական պաշարով Գառնիկ Գիւզալեան հիմնարար դեր կատարեց հայ քաղաքական մտքի պատմութիւնն ու գաղափարաբանութիւնը քսաներորդ դարու երկրորդ քառորդի պրիսմակով ուսումնասիրելու եւ տարագիր հայութեան ներկայացնելու ճակատին վրայ:

1932-ին հրաւիրուեցաւ Պէյրութ` նորաբաց Համազգայինի Ճեմարանը, իբրեւ պատմութեան ուսուցիչ: Աւելի քան 25 տարի Գառնիկ Գիւզալեան գործեց Ճեմարանի մէջ, ուր պատմական գիտելիքներէ անդին` հայ ազգային-քաղաքական յիշողութեան էատարրերը փոխանցեց եւ սորվեցուց տարագրութեան մէջ հասակ նետող նորահաս սերունդներուն:

Ուսուցչութեան կողքին, Գառնիկ Գիւզալեան բեղուն աշխատանք կատարեց հայ քաղաքական մտքի զարգացման հոլովոյթը ուսումնասիրելու եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ազգային-քաղաքական ու հասարակականգաղափարական հոլովոյթը հունաւորած բախտորոշ խնդիրները լուսարձակի տակ առնելու ուղղութեամբ:

ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի, «Հայրենիք Ամսագիր»-ի, «Վէմ»-ի եւ «Ակօս»-ի էջերուն լոյս տեսած, կամ առանձին հատորով հրատարակուած Գառնիկ Գիւզալեանի աշխատասիրութիւններով` «Հայ քաղաքական մտքի զարգացումը եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը» (1927), «Ն. Ադոնցը` որպէս պատմաբան» (1943), «Հայաստանի պատմութեան շրջանները» (1946), «Հինգերորդ դարի կրօնական եւ քաղաքական շարժումները» (1947), «Հայոց յեղափոխութիւնից առաջ» (1950), «Պատմութիւն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայաստանի» (1951), «Հայոց պատմութիւն» (1953) եւ միւս գործերով, Գառնիկ Գիւզալեան գլխաւոր երկու առաջադրանք իրագործեց:

Առաջինը մերկացումն էր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը խորհրդային պաշտօնական գաղափարախօսութեան դիտանկիւնին հպատակեցնելու խեղաթիւրման փորձերուն, որոնք կը սպառնային հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան: Պետական հրահանգով եւ միջոցներով` խորհրդահայ պատմագրութիւնը լծուած էր հայ ժողովուրդի ողջ պատմութիւնը ազգային ինքնահաստատման իր միջուկէն պարպելու եւ սոսկ դասակարգային կռուի պատմութեան նուազեցնելու վտանգաւոր գործին: Գառնիկ Գիւզալեան պատմագիտական իր պատրաստութիւնն ու պաշարը ի սպաս դրաւ հայութեան նորահաստատ սերունդներու գաղափարական զինումին` նման վտանգի դէմ պաշտպանուելու համար:

Երկրորդը հիմնաւորումն ու այժմէականացումն էր գաղափարական այն շարժումին, որուն ծնունդը եղաւ հայ ազգային-ազատագրական պայքարը` 19-րդ դարու Ազգային Զարթօնքէն սկսած, հայ ազգային կուսակցութիւններու առաջացումով ամրագրուած եւ Մեծ եղեռնի ծանրագոյն հարուածէն մայիսեան հրաշքով վերականգնած: Գառնիկ Գիւզալեան հրապարակագրական բանավէճերու սահմանափակումէն վեր բարձրացուց եւ պատմագիտական հարթութեան վրայ զարգացուց Լենինի ու Քեմալի մեղսակցութեամբ խորտակուած Հայաստանի Հանրապետութեան` Հայաստանի անկախութեան եւ ամբողջականութեան արժէքին, նշանակութեան եւ գաղափարաբանական հանգանակին պաշտպանութիւնը:

Իբրեւ այդպիսին` Գառնիկ Գիւզալեան կը հանդիսանայ հայ ազգային-գաղափարական ժառանգութեան արթուն պահակը եւ անոր հարազատ հունով վերանորոգման յառաջապահ երախտաւորը:

Ինչպէս երէկ, նոյնպէս եւ այսօր հայ քաղաքական միտքը մեր ազգային-քաղաքական յիշողութեան մէջ պիտի գտնէ հայ ժողովուրդի ինքնահաստատման եւ յառաջընթացի ուղին հունաւորող գաղափարական լոյսը: Եւ Գառնիկ Գիւզալեանի պայծառատեսութեամբ` մերօրեայ հայ պետական ու քաղաքական գործիչը մտահան պէտք չէ ընէ, որ`

«19-րդ դարի երկրորդ կէսին… քուրդն ու թուրքը միացել էին` հայութեան դէմ կազմելով պայքարի ընդհանուր ճակատ:

«Անհնար էր այս հակադրութիւնը լուծել խաղաղ ճանապարհով` համաձայնութեամբ: Դրա համար պէտք էր մէկ բան, որ թուրքն ու քուրդը ճանաչէին հային որպէս իր հողին տէր, տային նրա կեանքի եւ գոյքի ապահովութիւն, երաշխաւորէին նրա գոյութեան տարրական պայմանները, ստեղծէին մի միջավայր, ուր հայը կարողանար անկաշկանդ զարգանալ եւ գործօն դեր խաղալ իր բախտի տնօրինման մէջ: Հայի համար այս կենսական պայմանները անկարող էին ստեղծելու թուրքը եւ քուրդը. ա՛յդ պատճառով ծագեց Հայկական հարցը»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles