Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Պատրիարքական Աթոռէն Աւագ Շաբթուան Սեմին Նոր Հրատարակութիւն. «Աւագ Շաբաթ»

$
0
0

Պատրիարքական աթոռոյս կողմէ, Շնորհք պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք պատրիարք – 100 մատենաշար»-էն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս` «Աւագ շաբաթ»:

Շնորհք պատրիարքի կրօնաբարոյական սոյն աշխատասիրութիւնը եւս պատրաստուած է հաւատացեալ ժողովուրդի յատկապէս Աւագ շաբթուան սոյն օրերուն հոգեւոր մատակարարութեան համար: Ան աւելի քան քառասուն տարիներ առաջ լոյս տեսած է «Մարմարա» օրաթերթի մէջ` որպէս յօդուածաշարք, 1971-1973 տարիներուն: Սակայն մեզի անծանօթ պատճառներով քաղաքիս մէջ որպէս անջատ հատոր լոյս չէ տեսած:

Հատորին սկիզբը տեղ կը գրաւէ ի յիշատակ պատրիարքին` Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած խաչքարին նկարը:

Հատորը կը բացուի Վաղարշակ սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող խօսքով. «Աւագ շաբթուան սեմէն մտնել Շնորհք պատրիարքին հետ»: Հատորին խմբագիրը կը յիշեցնէ, որ Երուսաղէմի քրիստոսակոխ սրբավայրերուն մէջ ուսում ստացող սրբազան հեղինակը ընթերցողը իրեն հետ կը տանի մեր եկեղեցւոյ ամենասրբազան օրերու` Աւագ շաբթուան դէպքերու վայրերը: Վաղարշակ սրկ. կ՛ըսէ. «Ընթերցողը… պիտի քալէ Յիսուսի վերջին շաբթուան վայրերուն եւ դէպքերուն ընդմէջէն: Ձիթենեաց լեռնէն պիտի իջնէ դէպի Գեթսեմանիի ձորը, պիտի մտնէ Երուսաղէմ` ձայնակցելով ներկայ ժողովուրդին «Ովսաննա»-ներով եւ «Ալէլուիա»-ներով: Պիտի մասնակցի մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն դատավարութեան, պիտի չարչարուի, պիտի քալէ խաչի ճամբան, պիտի բարձրանայ Գողգոթա, որպէսզի յարութիւն առնէ Մեծ Վարդապետին` իր Փրկչին հետ»:

Ան կ՛անդրադառնայ հատորի պատրաստութեան ոդիսականին, ինչպէս շարուած է «Արաս» հրատարակչատան մէջ, սրբագրուած է նախ Արտաշէս Մարկոսեանի կողմէ, ապա վերանայուած է Մեսրոպ Բ. պատրիարք Հօր կողմէ:

Հեղինակի սոյն աշխատասիրութեան պոլսահայութեան համար դժուար հասանելի ըլլալու պարագան եւս շեշտելով` կ՛ըսէ. «Այս վերհրատարակութեամբ «Աւագ շաբաթ»-ը առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ հեղինակին 29 տարիներ որպէս պատրիարք գահակալած Պոլսոյ երկնակամարին ներքեւ»:

Ապա տեղ կը գրաւեն` սրբազան հեղինակին նկարը, հակիրճ կենսագրականը եւ հրատարակուած գիրքերու ցանկը:

* * *

Նախապէս Պէյրութի, Նիւ Եորքի եւ Թեհրանի մէջ լոյս տեսած այս աշխատասիրութիւնը վերածուած է 16.5*23.5սմ. չափերով 256 էջնոց հատորի մը, որուն մէջ սրբազան հեղինակը հակիրճ «Ընդհանուր Ակնարկ»-է մը ետք, կ՛անդրադառնայ Ծաղկազարդի առաւօտէն մինչեւ Աւագ շաբաթ իւրաքանչիւր դէպքի մասին մանրամասնօրէն: Պատրիարքը առանց գրականութիւն ընելու յաւակնութիւն ունենալու` նպատակ կ՛ունենայ մէկ բան միայն. քարոզել Սուրբ Աւետարանը: Աւելի քան վաթսունամեայ պատրիարքը կը գրէ իր ժողովուրդին համար իւրայատուկ ոճով: Մերթ կը բացատրէ եւ մերթ դէպքերու հերոսները կը խօսեցնէ: Այլ խօսքով, ընթերցողը Ձիթենեաց լեռնէն կ՛առաջնորդէ մինչեւ Ս. Գերեզման: Սակայն Ս. Յարութեան հրաշալի դէպքը կը թողու իր յաջորդ հատորին` «Տաղաւար տօներ»-ուն:

Հատորի վերջաւորութեան պատրաստուած է բառարան, որ կ՛ընդգրկէ առկայ նուազ ծանօթ բառերը:

Գիրքի գեղեցիկ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի, Սարվէն Տանէի եւ Արիս Քարաֆիլի կողմէ:

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Արամ Գամպուրեան, ի յիշատակ իր կողակիցին` Շաքէ Գամպուրեանի:

Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ` դիմելով պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>