Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն տարի մը ետք կրնանք սառնասիրտ դատողութեամբ, առանց զգացական մօտեցումներու արձանագրել տեղի ունեցածն ու անոր հետեւանքները:
2 ապրիլ 2016-ին Ազրպէյճանի սկսած կայծակնային պատերազմը եթէ մէկ կողմէ կը միտէր բեկում մտցնել արցախեան բանակցութիւններուն մէջ եւ հայկական կողմին զիջում պարտադրել, միւս կողմէ` ան փորձ մըն էր հայ զինուորին մարտունակութիւնը շօշափելու, միաժամանակ հայկական իրականութեան մէջ պարտուողական հոգեբանութիւնը գերիշխող դարձնելու:
Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ սակայն…
ա. Հայոց բանակը յաջողեցաւ կասեցնել թափանցումի անակնկալ փորձը եւ ջախջախել Ազրպէյճանի գերարդիական անօդաչու թռչող սարքերը, որոնց օգտագործումով հակառակորդը կը նախատեսէր նահանջի մատնել հայոց բանակն ու ցամաքային յարձակումներով ճեղքել Արցախի սահմանը: Հայ զինուորը, սակայն, հերոսական իր արարքներով հայրենի հող պաշտպանողի, իրաւունքի ու ազգային արժէքներու համար զոհաբերողի տիպարը ուրուագծեց:Սահմանին վրայ կանգնած ամենաերիտասարդ զինուորը նոյնիսկ չլքեց իր դիրքը եւ յարձակումի անցնելու յանդգնութիւնն ալ ունեցաւ` տապալելով թշնամիին ծրագիրները:
բ.- Թէեւ ունեցանք զոհեր ու որոշակի տարածքի կորուստ, սակայն մարտունակ մեր բանակը թոյլ չտուաւ, որ թշնամին ազատագրական պայքարով նուաճուած Արցախի Հանրապետութեան անառիկ սահմանը ճեղքէ:
գ.- Ազրպէյճան միակողմանի զինադադար յայտարարելով` նահանջեց ու չյաջողեցաւ արցախեան բանակցութիւններուն ուղղութիւնը շրջել եւ հայկական կողմին միակողմանի զիջում պարտադրել: Ընդհակառա՛կն, անգամ մը եւս շեշտուեցաւ 1994-ի զինադադարին հաւատարիմ մնալու սկզբունքը, ու թէեւ համանախագահող կողմերը միշտ ալ փորձեցին սիրաշահիլ Ազրպէյճանը եւ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ պահել զինք, այնուամենայնիւ հայկական կողմին պնդումով օրակարգի վրայ յայտնուեցաւ հետաքննական մեքանիզմներու տեղադրումի հարցը, թէկուզ` առանց յստակ պարզաբանումներու, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պիտի տեղադրուին անոնք: Ասիկա բնականաբար գործնական լուրջ քայլերու կը կարօտի, սակայն Ազրպէյճանի նկատմամբ վստահութեան խախտումի արտայայտութիւն է նաեւ:
Ազրպէյճան բնականաբար լուռ պիտի չմնար ու պիտի շարունակէր խօսիլ սպառնալիքներու լեզուով, այս անգամ, սակայն, այդ սպառնալիքները ուղղելով ոչ թէ սոսկ հայկական կողմին, այլ նաեւ` Արցախ այցելող օտար լրագրողներուն, քաղաքական գործիչներուն:
Ազրպէյճանի այս վարքագիծը ձեւով մը խթանեց հայկական կողմին քարոզչական աշխատանքը` աւելի մեծ թիւով լրագրողներ հրաւիրելու Արցախ, միջազգային շրջանակները իրազեկ դարձնելու արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ վարքագիծին:
դ.- Չորսօրեայ այս պատերազմը առիթ հանդիսացաւ նոր թափ տալու հայոց բանակի սպառազինման ու հայկական կողմը ազրպէյճանական սպառնալիքներուն դիմաց լուռ չմնաց: Հայ զինուորը այսօր հակառակորդի տեղաշարժին կը հետեւի անոր իսկ տարածքներուն խորքը, իսկ ՀՀ նախագահը կը յայտարարէ, որ Հայաստանի զինուժի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը երբեք երկմտանք պիտի չունենայ անհրաժեշտութեան պարագային «Իսքանտեր»-ի համազարկի հրաման արձակելու:
ե.- Եւ վերջապէս, ներհայկական առումով, մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս հաստատեց, որ դէմ է միակողմանի զիջումներուն եւ պատերազմի սպառնալիքներով առաջնորդուելու վարքագիծին: ՀՀ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները միանգամընդմիշտ յստակ դարձուցին ժողովրդային այս համոզումը` զիջումնային տրամաբանութեամբ հանդէս եկող քաղաքական կողմերուն վարկանշային անկումը ուրուագծելով:
Այս բոլորը ի միտի ունենալով` կը հաստատենք, որ ապրիլեան քառօրեան ամրագրեց մեր ժողովուրդին յաղթելու վճռակամութիւնը շարունակուող պատերազմին մէջ:
«Գ.»