Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Գացէ՛ք Եւ Դիտեցէ՛ք «Տը Փրոմիս» Ժապաւէնը

$
0
0

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Այո՛, անպայման գացէ՛ք եւ դիտեցէ՛ք «Տը Փրոմիս» ժապաւէնը, որուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ 10 ապրիլի երեկոյեան, Էշրեֆիէի «Ա. Պէ. Սէ.» «Կրանտ Սինեմազ» սրահներուն մէջ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական եւ Հայ դատի մարմիններուն եւ գործակցութեամբ «Իկըլ ֆիլմզ» ընկերութեան:

Ահաւասիկ, ի վերջոյ լոյս աշխարհ եկաւ արուեստի այն գործը, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր կը սպասուէր:

Երբ առիթ ունեցած ենք անդրադառնալու Հայ դատի հետապնդման հոլովոյթներուն, միշտ սլաքները ուղղած ենք դէպի հայ մշակոյթը եւ շեշտը դրած բարձրորակ արուեստի վրայ: Այս պարագային «Տը Փրոմիս»-ը իր բարձրորակ գեղարուեստական արժանիքներով ո՛չ միայն կը տպաւորէ, այլեւ կը համոզէ նոյնիսկ օտար ու անշահախնդիր հանդիսատեսը: Կարեւորը համոզիչ ըլլալու իրողութիւնն է, որ պայմանաւորուած է ո՛չ միայն բարձրորակ բեմադրութեամբ, բարձրորակ խաղարկութեամբ եւ բարձրորակ բեմագիրով, այլ նաեւ իրաւութեամբ, անաչառութեամբ ու մասամբ նորին:

Անցուդարձերը, երեւոյթներն ու կերպարները ընդհանրացուած են ու պատճառաբանուած պատմականօրէն: Հայը հանդէս կու գայ պահելով իր ազգային արժանապատուութիւնն ու պատկանելիութեան մարդկային իրաւունքը: Զանց առնուած չէ նոյնիսկ թուրքի դրական կերպարը: Բեմադրիչը երբեք ծայրայեղութիւններու չէ գացած ցնցելու եւ ըմբոստութեան մղելու համար: Չկան ծայրայեղ վայրագութիւններ, խենեշային տեսարաններ ու անասնական-բնազդային դրսեւորումներ: Այլ ամէն ինչ ներկայացուած է իր չափին մէջ… բեմագիրն ու բեմադրիչը ձգտած են ներկայացնել ճշմարտացին` փոխանակ ճշմարիտին ու բուն իրականութեան: Անոնք նոյնիսկ երբ Մուսա լերան ճակատամարտով կ՛աւարտեն շարժանկարը, կ՛ընդհանրացնեն զայն ու իբրեւ խորհրդանշան կը ներկայացնեն բոլոր միւս գոյապայքարները, սկսեալ Վանէն ու Սասունէն, մինչեւ Շապին Գարահիսար, Ուրֆա կամ Զէյթուն` ցոյց տալով, որ հայը ոչխարի նման չկոտորուեցաւ, այլ գիտէ կռուիլ, զոհուիլ յանուն ազգային ինքնագիտակցութեան մարդկային անհպելի ու անուրանալի արժանիքներուն: Այս պատճառով այս ժապաւէնին մէջ չկայ ողբ ու կոծ, չկայ որեւէ ձեւի լալկանութիւն կամ պաղատանք:

Այս երկտողը չի միտիր վերլուծել, քննարկել կամ մեկնաբանել այս ժապաւէնը: Ատիկա առանձին հարց է, որուն արժէ անդրադառնալ հետագային:

Կարեւորը նախ եւ առաջ այն է, որ մենք բոլորս պէտք է երթանք եւ դիտենք այս ժապաւէնը եւ ի հարկին նաեւ մեզի հետ տանինք (թէկուզ հրաւէրով) մեր օտար ընկերները, բարեկամները կամ նոյնիսկ ծանօթները:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>