Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Ի՞նչ Պէտք Է Ընել, Երբ Մեծ Դրամագլուխը Կը Խեղդէ Եւ Կը Խեղէ

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

6 կամ 7 տարի առաջ էր, երբ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը իր սեղանին հասած թղթածրարի մը վճռահատումը կատարեց: Գերագոյն ատեանը հաստատեց, որ մեծ ընկերութիւնները (corporations) եւս «անհատ» են, եւ իբրեւ այդպիսին, կրնան ըստ կամս ու ըստ իրենց կարողութեան` «նուիրատուութիւն» կատարել, դրամական ձեւով օժանդակել հանրային պաշտօնի թեկնածուի մը ընտրապայքարին:

Բնականաբար նոյն այդ ընկերութիւնները նեցուկ պիտի կանգնէին ա՛յն թեկնածուներուն, որոնք առաջ պիտի մղէին իրենց (այսինքն` նոյն այդ մեծ ընկերութիւններուն) օրակարգը, յատկապէս` Քոնկրեսին մէջ: Այդ օրէն ասդին երկրի բոլոր ընտրովի պաշտօնատարները փաստօրէն վերածուեցան նոյն այդ ընկերութիւններու հլու հնազանդ պաշտօնեաներուն, որովհետեւ այդ հաստատութիւններուն նիւթական միջոցները անբաղդատելիօրէն բարձր են սովորական քաղաքացիին կարողութենէն:

Այս ձեւով, Մ. Նահանգներու Գերագոյն ատեանը օրինապէս խորտակեց երեսունական թուականներու սկիզբը նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթի կողմէ առաջադրուած եւ կեանքի կոչուած Նոր համաձայնագիրը (New Deal), որ արդէն իսկ սկսած էր անընդհատ յարձակումներու թիրախ դառնալ Նիքսընի օրերէն սկսեալ:

Այսօր Մեծ դրամագլուխը (մեծ ընկերութիւններ, դրամատուներ, ելեւմտական հաստատութիւններ, մէկ խօսքով` Ուոլ Սթրիթը) գրեթէ ամբողջական հակակշիռ հաստատած է միջազգային քաղաքական ուժի կեդրոնները համարուած Ուաշինկթընի, Լոնտոնի եւ Պրիւքսելի (Եւրոպական Միութիւն) վրայ:

Այս ձեւով ալ Արեւմուտքի ժողովրդավարութիւնը սկսաւ շատ բան կորսնցնելու իր բովանդակութենէն ու մեր աչքերուն աջեւ այժմ կը վերածուի սոսկ կեղեւի մը: Նոյն այս երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութիւնը սկսած է վերածուելու քաղաքացիները իւրաքանչիւր քառամեակ քուէատուփ առաջնորդելու լոկ ծիսակատարութեան: Ծիսակատարութիւն մը, ուր քաղաքացին հետզհետէ սկսած է կորսնցնելու իրական ԸՆՏՐԱՆՔ-ը` ըստ այնմ քուէարկելու համար: Ծիծաղելի է, երբ Մ. Նահանգներու մէջ քաղաքացին կը դրուի Թրամփ կամ Մատամ Քլինթըն երկընտրանքին դիմաց…Ի՞նչ ընտրանքի մասին է խօսքը, երբ օրինակի համար, Անգլիոյ մէջ Պահպանողական եւ Աշխատաւորական կուսակցութիւնները հանրութեան կը ներկայանան իրարու յար եւ նման ընտրական ծրագիրներով: Բաղդատութեան եզր իսկ չկայ 60-ականներուն Հարոլտ Ուիլսընի ղեկավարած եւ Թոնի Պլերի գլխաւորած նոյն Աշխատաւորական կուսակցութեան միջեւ (հակառակ այն իրողութեան, որ այսօր Ճերըմի Քորպին ոգի ի բռին կը պայքարի` կուսակցութիւնը վերադարձնելու իր արմատներուն): Նոյն ձեւով ալ անհամեմատելի են Ֆրանսուա Միթերանի գլխաւորած Ընկերվարական կուսակցութիւնը (Ֆրանսա) եւ Ֆրանսուա Հոլանտի գլխաւորած նոյն կուսակցութիւնը: Մեծ դրամագլուխը իր կլափին մէջ առած է Եւրոպայի դասական ընկերվարական կուսակցութիւնները:

Իսկ երբ Մեծ դրամագլուխն է որոշողը, հոն ո՛չ ժողովուրդը, ո՛չ ալ անոր քուէները խօսք ունին: Շուրջ երկու տարի առաջ, Յունաստանի մէջ, ՍԻՐԻԶԱ-ն հանրաքուէի դրաւ Եւրոպայի Եռապետութեան (Միջազգային դրամական հիմնադրամ (IMF), Եւրոպական կեդրոնական դրամատուն եւ ԵՄի ելեւմտական նախարարութիւն) ելեւմտական պայմանները: Յոյն ժողովուրդը իր քուէներու աւելի քան 60 տոկոսով «ՈՉ» ըսաւ: Բայց եռապետութիւնը քմծիծաղով եւ շնականօրէն պատասխանեց` «No, no, no, ձեր քուէները ձեզի պահեցէք, անիմաստ խօսակցութիւն է ատիկա. կա՛մ կ՛ընդունիք մեր պայմանները, կամ ալ դուք գիտէք®»: Ժողովրդավարութեան ծննդավայր Յունաստանը վերածուեցաւ նոյն այդ գաղափարին գերեզմանը` ձեռամբ Մեծ դրամագլուխին:

Նոյն այս Մեծ դրամագլուխը իր նիւթական հսկայական միջոցներով, այսօր կա՛մ կը խորտակէ բոլոր ձեւի ազգային կամ ընկերային համաձայնութիւնները, կա՛մ ալ իրենց սաղմին մէջ կը խեղդէ զանոնք կեանքի կոչելու որեւէ փորձ:

Մեծ հաշուով, կիրակիի ընտրութիւններուն այս էր, որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ, երբ նոյն այս ուժերը կրցան տիրանալ քուէներուն աւելի քան 80 տոկոսին:

Իմ երէց ընկերներէս Կարօ Արմենեան «Ասպարէզ»-ի եւ Arfd.am կայքին մէջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ (25 եւ 26 մարտ` յաջորդաբար) արդարօրէն կը հաստատէր. «Երկրին մէջ կը գործէ հանրապետութեան առաջին օրերէն ի վեր հաստատուած դասակարգային բիրտ վարդապետութիւն մը, որ միայն կ՛առաջնորդէ ընկերային սուր բեւեռացումներու` տեւաբար պատժելով աշխատաւորութիւնը եւ խափանելով միջին դասակարգի զարգացման գործընթացը: Դեռ ունինք հարստութեան անհամաչափ կուտակում` բուռ մը շահատէրերու ձեռքերուն մէջ եւ ոչ մրցակցային տնտեսական յարաբերութիւններով պայմանաւորուած: Դեռ ունինք դրամագլուխի շարունակական փախուստ եւ բնակչութեան հետեւողական աղքատացում:

Դեռ ունինք երիտասարդ եւ կարող աշխատուժի եւ մտուժի զանգուածային արտագաղթ: Հանրապետութեան դրամագլուխն ու աշխատուժը կ՛երթան ձուլուիլ համաշխարհային տնտեսութեան ծաւալներուն, փոխանակ երկրէն ներս արտադրողականութեան վերածուելու եւ Հայաստանը ինքն իր ուժականութիւններով կապելու աշխարհի տնտեսութեան: Անընդունելի է, որ միջին դասակարգի կազմաւորման համար անհրաժեշտ մարդուժը ստիպուի իր կայացման խարիսխը որոնել երկրէն դուրս»:

Նոյն այս դասակարգային բիրտ վարդապետութիւնն է, որ թէ՛ մենաշնորհներու ճամբով, խցանած է երկրի տնտեսութեան արիւնատար երակները, եւ թէ ամէն գնով կը փորձէ պահպանել իր մենաշնորհները: Իրականութիւնը այն է, որ երբ նոր վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը խօսէր մենաշնորհներու վերացման մասին, այդ խօսակցութիւնները ոչ միայն պարտադրանքի մթնոլորտ ստեղծելու կոչուած խորքային քննարկումներու չարժանացան, այլ վերածուեցան պանան ներածելու-չներածելու ամէնէն մակերսային վերաբերումի: Այս յօդուածագիրին համոզումով, այսօր երեւան կու գայ, որ կա՛մ իշխանութեան եւ ուժի կեդրոններուն շուրջ հաւաքուած (երբեմն ալ անոնց միացած) քանի մը հարիւր Լֆիկները «մատնահարեցին» վարչապետին այս մօտեցումը, եւ կա՛մ ալ վարչապետը ինք լուրջ չէր մենաշնորհներու վերացման իր ճիգին մէջ:

Այս խաւին համար ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Ազգային համաձայնութիւն մը գոյացնելու գաղափարը, որուն համար նոր սահմանադրութիւնը ենթահող կը պատրաստէր: Փաստօրէն փորձ կը կատարուի սահմանադրական նոր կառավարման ձեւը առեւանգելու, որպէսզի տեւականացուին այս տնտեսական խաթարուած յարաբերութիւնները: Մեծ դրամագլուխը կը խեղէ Հայաստանի մէջ ընկերային ու տնտեսական արդար կարգեր հաստատելու ամէն գաղափար եւ խտրութիւն չի դներ միջոցներուն միջեւ:

ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական ծրագիրը (փլաթֆորմ), որ դարձեալ Կարօ Արմենեանի բնորոշումով, «ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ յեղափոխական կուսակցութեան պայմանագիրը` մեր ժողովուրդին հետ», փաստօրէն չկրցաւ պատուար կանգնիլ խեղելու եւ խեղդելու այս ճիգին դիմաց:

Այս յօդուածագիրին համոզումով, ասոր հիմնական պատճառը այն է, որ երկրին մէջ կը բացակայէին գաղափարական քննութիւնն ու քննարկումը (discourse): Այս մէկը էր ու կը մնայ Հայաստանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկը: Օրինակի համար, ընտրապայքարի անիմաստ ժամավաճառութիւն էր Լ. Տէր Պետրոսեանին ընդդիմախօսելը, երբ մեր ժողովուրդը իր բնազդով արդէն այս հարցին վճռահատումը կատարած էր մէկէ աւելի անգամներ: Վերջինը` անցեալ ապրիլին:

Բնականաբար պիտի կատարուի քննարկումը ՀՅԴ-ի ստացած ընտրական արդիւնքին` կազմակերպական համապատասխան միջավայրէ ներս, աչալրջութեամբ ու խորքային մօտեցումով, առանց  սահմանափակուելու ընտրական թեքնիքներու բնագառառէն ներս:

Սակայն այս յօդուածագիրին համոզումով, որքան ալ կարեւոր է վերոնշեալ քննարկումը, բո՛ւն քննարկումը, որ պիտի կատարուի, արտաքին վտանգին նկատմամբ լաւագոյնս պաշտպանուելու համար կեանքի կոչուելիք այն ազգային համաձայնութեան մասին է, որ հիմնաքարը պիտի հանդիսանայ մեր երկրի թէ՛ ապահովութեան եւ թէ՛ բարգաւաճումին համար: Մեր ընտրական ծրագիրով բանաձեւուած այն համաձայնութեան, որուն պիտի հասնինք գաղափարական-քաղաքական բանավէճի, լայն առումով հրապարակային քննարկումներու ճամբով:

Այս քննարկումի օրակարգը ոչ ոք ի վիճակի է պարտադրելու` բացի Դաշնակցութենէն, մանաւանդ երբ աչքի առջեւ ունենանք թէ՛ երկրին եւ թէ՛ ՀՅԴ-ին ունեցած մտաւոր ներուժը: Տարբեր խօսքով, ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական ծրագիրը կեանքի կոչելու աշխատանքը վերջ չգտաւ ապրիլի 3-ի առաւօտուն, այլ այդ աշխատանքը նոր է, որ պիտի սկսի, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ ակնառու դառնայ այն իրողութիւնը, որ այս նորընտիր խորհրդարանը չի ներկայացներ մեր ժողովուրդին իսկական ձգտումները, ցոյց չի տար երկրէն ներս ընկերային ու տնտեսական արդարութեան հասնելու ուղիները. աշխատանք` ցոյց տալու, որ այս նորընտիր խորհրդարանը առաւելաբար կը ներկայացնէ երկրի մենաշնորհեալ խաւին եւ ոչ թէ լայն իմաստով ժողովուրդին շահերը:

Այնպէս որ, կա՛յ ելք:

5 ապրիլ 2017, Լոս Անճելըս


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>