Յ. Տ. ՅՈՒՍԻԿԵԱՆ
Հազար ինն հարիւր
Ութսուն ութ թուին,
Փետրուար ամսուն
Վերջին քառորդին
Սեւ ամպեր իջան,
Սումկայիթ քաղաքի
Հայաբնակ մէկ թաղին:
Կատղած ազերին
Եաթաղան ձեռքին,
Մահ սպառնաց հայոց
Հինաւուրց անմահ ազգին:
Տասնեակներով կիներ,
Մանուկներ, ծերեր`
Իրենց տան շեմէն
Չէին հեռացեր,
Մոլի խուժանին
Զոհ էին գացեր,
Օրեր շարունակ
Անթաղ մնացեր:
Փոկրում կոչեցին,
Նոր անուն տուին`
Հինցած ու մաշած
Մեզ ծանօթ ջարդին,
Յաչս «մարդասէր» ու «կիրթ»
Ազատ աշխարհին,
Որ քար մ՛ալ դրաւ`
Լռութեան պատին:
Ու փոկրոմն անգութ
Հասաւ ամէնուր,
Ոչ լաչակ ըսաւ,
Ոչ ալ խանձարուր:
Զարկաւ ու փակեց
Շա՛տ ու շատ
Դուռ ու լուսամուտ:
Դառն բաժակը`
Հայն ընպեց ցմրուր: