Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Առողջապահական Նիւթերով Դասախօսութիւններ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին Կազմակերպութեամբ

$
0
0

Ստամոքս-աղիք նախաքաղցկեղային
վիճակ եւ կանխարգիլելու միջոցներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի,  29 մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ստամոքս-աղիք նախաքաղցկեղային վիճակ եւ կանխարգիլում» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ստամոքսի եւ աղիքային հիւանդութեանց մասնագէտ տոքթ. Կարօ Յովսէփեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ ներկայացնելէ ետք դասախօսը, նշեց, թէ մեր մարմինը կազմուած է զանազան համակարգերէ, որոնք միասին ներդաշնակօրէն աշխատելով կը դասաւորեն մեր ֆիզիքական աշխատանքը: Մարսողական համակարգը հիմնական բաժիններէն է, որ կազմուած է տարբեր օրկաններէ: Մարսողական համակարգը, այլ համակարգի նման, ունի իր օրկանները, որոնք կրնան  տառապիլ զանազան հիւանդութիւններէ, բորբոքումներէ եւ ծանր պայմաններու տակ` քաղցկեղէ:

Տոքթ. Կարօ Յովսէփեան դասախօսութեան սկսաւ սահիկներով բացատրելով մարսողական համակարգը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով:

Ան դիտել տուաւ, որ սնունդը կարելի է բաժնել երեք հիմնական բաժիններու` ածխաջրատները, սպիտակուցները, ճարպային տեսակը:

Մարսողական համակարգի պարտականութիւնն է վերոնշեալ սնունդի տեսակները վերածել բարդ վիճակէն աւելի պարզ վիճակի, ուր մարմինը կրնայ լաւագոյն ձեւով ստանալ բաւարար սնունդ:

Շարունակելով` դասախօսը մանրամասնօրէն օրինակներով բացատրեց մարսողական գործունէութիւնը:

Տոքթ. Կարօ Յովսէփեան` խօսելով ստամոքս աղիքային հիւանդութիւններու մասին, նշեց, թէ կուրծքի քաղցկեղէ ետք, մարսողական համակարգի քաղցկեղը կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:

Երբ անձ մը իր կղկանքի մէջ կը նկատէ արիւն, պէտք է անպայման դիմէ բժիշկի: Կղկանքի մէջ գտնուող արեան գոյնը շատ բան կրնայ բացատրել այն մասին, որ մարսողական համակարգի ո՛ր բաժինը կը տառապի հիւանդութենէ: Կղկանքին մէջ երկար ատեն արիւն յայտնուիլը կրնայ յառաջացնել արեան տկարութիւն:

Երկրորդ ախտանշանը աղիքային քաղցկեղի յառաջացման պատճառած պնդութիւնն է:

Իսկ երրորդ ախտանշանը, ուր անհատը յաճախ կը գանգատի, թէ ուռած կը զգայ, փքուածութիւն ունի, երբ քաղցկեղը մարսողական համակարգի ուղիները կը փակէ: Այլ ախտանշաններ են որովայնի ցաւերը, նիհարնալը, երբ ենթական բաւարար սնունդ չի ստանար, փորհարութիւնը:

Աղիքային քաղցկեղի կողքին երկրորդ մարսողական օրկանը, որ կրնայ տառապիլ  քաղցկեղէ, ստամոքսն է: Ասոր նախանշաններն են` փսխունքը- յատկապէս արիւնոտ: Յաճախ  ստամոքսի խոցի պատճառած արիւնահոսութիւնը փսխունքով դուրս չի գար, այլ կղկանքի ճամբով, եւ կղկանքին գոյնը կ՛ըլլայ սեւ:

Դասախօսը մանրամասնօրէն խօսեցաւ ստամոքսի խոցերու մասին եւ նշեց, թէ ներկայիս բժշկական միջամտութեամբ ու դեղերով կարելի է խոցերը բուժել:

Երրորդ մարսողական օրկանը, որ կրնայ տառապիլ քաղցկեղէ, կերակրափողն է, եւ անոր առաջին ախտանշանը կրնայ ըլլալ կուլ տալու դժուարութիւնը:

Տոքթ. Յովսէփեան նաեւ խօսեցաւ լեարդի քաղցկեղին մասին` ներկայացնելով անոր զարգացման ընթացքն ու բարդոյթները: Եզրակացնելով` բժիշկը խօսեցաւ սննդականոնին մասին, որ գլխաւոր կանխարգիլման միջոցը կրնայ ըլլալ` հաւաստելով, որ սնունդի սերտուած համակարգումը լաւագոյն լուծումն է:

Աւարտին, զանազան բացատրութիւններով ու օրինակներով դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու
անմիջական ձեւեր

Նոյն նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2017-ին «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու անմիջական ձեւեր» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ  Կարապետ Չպուքճեան:

Բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ բացատրեց, թէ ի՛նչ է արիւնը, անոր բաղադրութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս արիւնահոսութեան երեւոյթը յաճախ ահ ու սարսափ կը պատճառէ բոլորին: Թելադրեց չվախնալ, այլ անմիջապէս դիմել բժիշկի օգնութեան:

Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան դասախօսութեան սկսաւ` ներկայացնելով զանազան բաժիններ. արեան համակարգը, արիւնահոսութեան տեսակները, արտաքին ու ներքին արիւնահոսութիւն, առաջին բուժօգնութիւն եւ խնամք:

Սահիկներու ընդմէջէն ներկայացուց արեան համակարգը` սիրտը, արիւնը եւ արեան երակները:

Մանրամասնօրէն բացատրեց սրտանօթային համակարգը` զանազան մասերով ու բաժիններով: Արիւնը, որ կարեւոր բաղադրիչ է այս համակարգի, թթուածինը կը փոխադրէ դէպի օրկաններ (մարմնի զանազան մասեր), ինչպէս նաեւ ածխածինը` դէպի սիրտ ու թոքեր:

Ան ըսաւ, որ արիւնահոսութիւնը մեծաքանակ արեան կորուստն է, եւ որուն պատճառները զանազան են` վնասուածքներ, վէրքեր, խոցեր եւ այլն: Անիկա կը դադրի արեան մակարդումով: Ըստ բժիշկին, արեան մակարդումը գործընթաց մըն է, եւ զանազան ազդակներ կը նպաստեն արագ արիւնահոսութեան դադրեցման:

Արիւնահոսութիւնը կրնայ ըլլալ զանազան, առողջապահական/ բժշկական, պատճառներու իբրեւ հետեւանք կամ անդրադարձ վնասուածքի, հարուածի, արկածի եւ այլն:

Ըստ բժիշկին, արիւնահոսութիւնը լուրջ վտանգ կրնայ յառաջացնել, երբ ենթական.

– Չափահասը 1 լիթր արիւն կը կորսնցնէ

– Փոքրիկը կէս լիթր արիւն կը կորսնցնէ

– Նորածինը 100-200 խորանարդ արիւն կը կորսնցնէ:

Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան բացատրեց, որ արտաքին արիւնահոսութիւնը կ՛ըլլայ երակներէն, մազերակներէն, ինչպէս նաեւ ականջէն, քիթէն:

Ան գործնական զանազան միջոցներով ու սահիկներու օժանդակութեամբ բացատրեց, թէ ինչպէս կարելի է արիւնահոսութիւնը դադրեցնել մարմնի տարբեր մասերու, որոնք ունին յատուկ միջոցներ: Նախ ստուգել արիւնահոսութեան վայրը, վիրակապի միջոցով փորձել ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով ճնշել: Աւարտին անպայման ենթական փոխադրել ամէնէն մօտ բժշկական կեդրոնը կանխարգիլելու զանազան բարդոյթներ, որոնք կրնան պատահիլ:

Դասախօսը յատկապէս արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու միջոցներու մասին խօսելով, լայնօրէն բացատրեց, թէ ինչպէս վիրակապը պէտք է օգտագործենք յատուկ ձեւով կապելով ու ճնշում բանեցնելով արիւնահոսութեան վայրին վրայ:

Ներքին արիւնահոսութիւնը կրնայ ըլլալ բերնէն, յետոյքէն, հեշտոցէն կամ մարմնի այլ մասերէ:

Ներքին արիւնահոսութեան ախտանշանները կրնան ըլլալ` արիւն փսխելը, կղկանքի մէջ արիւնը եւ արեան ճնշման նուազումը: Վերոնշեալ նշանները բաւարար են ենթական փոխադրելու հիւանդանոց:

Աւարտին գործնական միջոցներով տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ժամանակաւորապէս դադրեցնել արիւնահոսութիւնը եւ կատարել նախնական բուժօգնութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>