Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Ասդին Եւ Անդին Գրուածներ Եւ Խօսքեր. Եւրոպան Թուրքիոյ Նահա՞նգ Է, Թէ՞ Կամ Գաղութ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Եւրոպական երկիրները, առաջին հերթին` Գերմանիան, կը գտնուին իրենց քաղաքական-ռազմավարական անմիջական շահադիտութիւններու պատճառով առնուազն անհաճոյ եւ պետութեան մը համար անընդունելի վերաբերումներու առջեւ:

Եւրոպան գրաւելու օսմանեան բանակներու արշաւը կանգ առած էր 1683-ին` Վիեննային դռներուն: Թրքական զօրքը պարտուած էր` հակառակ այդ օրերուն համար իր մեծ թիւին, աւելի քան 200.000: Ա. աշխարհամարտի նախօրեակին Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ կայսերական շահերը համընկնած էին, հաստատուած էր սերտ համագործակցութիւն: Հակառակ պատերազմի անյաջող ընթացքին` Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ կապերը չէին խզուած, եւ սերտակցութիւնը շարունակուած էր:

Բ. Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան Թուրքիան շարունակած էր իր կապերը պահել Գերմանիոյ հետ, սպասած էր տեսնելու համար պատերազմական դէպքերու ընթացքը: Եթէ Գերմանիան յաղթողի դիրքին վրայ գտնուէր, Թուրքիա կրկին կը մասնակցէր պատերազմի` իր նախկին դաշնակիցի կողքին, վերականգնելու համար կայսրութիւնը: Բայց որպէս «քաղաքական աւազակ», ինչպէս բնորոշած է Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հանրի Մորկընթաու, աշխարհամարտի վերջին օրերուն, միայն 2 փետրուար 1945-ին, Թուրքիա պատերազմ յայտարարեց, եւ առանց փամփուշտ մը արձակելու` գտնուեցաւ յաղթականներու կողքին: Աչքաբացութիւն մը:

Ոչ ոք զարմացաւ, զարմացողները ինչ-ինչ շահերով տարուած, լուռ մնացին եւ կը մնան մինչեւ այսօր` Թուրքիոյ սանձարձակութիւններուն դէմ թուլամորթութիւն ցուցաբերելով:

Ապա, վերակառուցուող Գերմանիան, աշխատուժի կարիք ունենալով, իր դռները լայն բացաւ նաեւ Թուրքիոյ առջեւ: Այսօր Գերմանիոյ մէջ կ՛ապրին աւելի քան երեք միլիոն թուրքեր, որոնց առնուազն մէկ միլիոնը հոն ծնած է: Թուրքերը իրենց սերտ կապերը պահած են Թուրքիոյ հետ, եւ պետութիւնը միշտ շահագործած է արտագաղթած բազմութիւնները, որոնք կ՛ապրին այնպէս, ինչպէս կ՛ապրէին Թուրքիոյ մէջ: Թուրք պետութիւնը տիրութիւն կ՛ընէ Գերմանիոյ, Հոլանտայի եւ Աւստրիոյ թուրքերուն, կը ղրկէ կրօնականներ եւ ուսուցիչներ, անոնց մէջ կը տանի քաղաքական աշխատանք` ապահովելու համար անոնց քուէները, երկրի ներքին ընտրութիւններուն:

Այսօր, եւրոպական երկիրներու թուրք քուէարկողներուն մէջ ընտրական արշաւ կը կազմակերպէ պետութիւնը, որպէսզի Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէին ապահովէ անոնց ձայները, եւ Ռեճեփ Էրտողան մենատիրութիւն հաստատէ: Եւրոպացի կարգ մը լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ արդէն չեն վարանիր զայն կոչել «սուլթան»: Թուրքիայէն պետական դէմքեր կ՛ուղարկուին հանրաժողովներ կազմակերպելու համար, այնպէս` ինչպէս այդ կը կատարուի Թուրքիոյ մէջ, յիշեալ երկիրները կարծէք Թուրքիոյ ընտրաշրջանները ըլլային:

Թուրքիոյ այս վերաբերումը բնական կրնայ թուիլ գործող թուրք իշխանութեան, քանի Եւրոպան ընդհանրապէս, սա կամ նա ձեւով, կ՛ուզէր Թուրքիան ընդունիլ իր մէջ կամաւոր կոյր դառնալով, չանգիտանալով հանդերձ, որ այդ անդամակցութեամբ ան պիտի դառնար Եւրոմիութեան ամէնէն բազմամարդ երկիրը եւ խորհրդարանին մէջ պիտի ունենար համամետաբար երեսփոխաններու մեծագոյն թիւը, հետեւաբար` առաջնորդող դեր: Թուրքիա կը ցանկայ վերականգնել կայսրութիւնը, այս անգամ ոչ թէ Վիեննայէն մուտք գործելով, այլ` Պրիւքսելէն:

Ինչպէս կ՛ըսուի կարգ մը յայտարարութիւններու մէջ, «Անկելա Մերքելի Գերմանիան սուլթան Էրտողանի թոյլ տալով գրեթէ ամէն բան»` ստեղծած է ներկայ կացութիւնը: Վարժուած արեւմտեան երկիրներու հանդուրժողական վերաբերումին, Պաղ պատերազմի օրերէն ի վեր սովորութիւն դարձած, Թուրքիա կրնայ ոտնակոխել բոլոր արժէքները, որոնցմով կը հպարտանան հին աշխարհի ժողովրդավարները: Թուրքիոյ նախագահը կը խօսի գրաւման բանակի պետի պէս, իր երկրին մէջ եւ անկէ դուրս: Ռեճեփ Էրտողան կը զայրանայ, երբ մենատիրութիւն ամրացնելու կոչուած սահմանադրութեան ի նպաստ իր կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուելիք հանրաժողովները, ապահովելու համար Գերմանիոյ թուրքերու քուէները, կ՛արգիլուին:

Սահմանադրութեան «բարեփոխում»-ը երկրին մէջ վիճայարոյց է, քանի որ արտակարգ լիազօրութիւններ կու տայ նախագահին` ժողովրդավարութիւնը դարձնելով փուչիկ, որ պիտի կարենայ երկիրը կառավարել հրամանագրերով: Կը նշանակէ, որ այն քիչ ընդդիմութիւնը, որ կայ, պիտի վերանայ:

Տարբեր կարծիքի չհանդուրժող Ռեճեփ Էրտողան իր աշխարհակալի դիրքէն կը հակազդէ իրեն ազատ բեմ տալու գերմանական քաղաքներու մերժումին: Այդ հակազդեցութիւնը պարկեշտ վերաբերումի պիտի արժանանա՞յ աշխարհի երկիրներուն կողմէ` Ամերիկաներէն Ասիա, Եւրոպա, Ռուսիա, Չինաստան, Հնդկաստան, Ափրիկէ, Ասիա, մինչեւ Խաղաղականի հեռաւոր աշխարհները:

Ռեճեփ Էրտողան ժամանակակից Գերմանիան կ՛ամբաստանէ նացիականութեամբ: Ենթակայական դատումներ չունենալու համար լսենք զինք: Կ՛ըսէ. «Ձեր գործելաձեւերը տարբեր չեն նացիականներէն»: Եւ կ՛աւելցնէ. «Կը կարծէի, որ նացիականութիւնը վերջ գտած էր Գերմանիոյ մէջ, դժբախտաբար ան կը շարունակուի»:

Գերմանիան իր «մէա քիւլփա»ն ըրած է, գործուած ցեղասպանութեան համար երկրին մէջ յուշարձաններ կան, հատուցում ըրած է: Ի՞նչ ըրած են Թուրքիան եւ Ռեճեփ Էրտողան` գործուած հայկական աշխարհի բռնագրաւման, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման համար»: Այս հրատապ խնդրով բան մը «վերջ գտա՞ծ է», թէ «դժբախտաբար ան կը շարունակուի»: Այս հարցումը հայերը պէտք չէ ուղղեն, այլ` Գերմանիան, Եւրոպան եւ աշխարհը, եթէ շահերու պատճառով չեն խլացած:

Խիստ ուշագրաւ են Ռեճեփ Էրտողանի «ժողովրդարութեան» մասին ունեցած ըմբռնումը եւ գործադրութեան եղանակը: Կ՛ըսէ. «Դուք մեզի ժողովրդավարութեան դասեր կու տաք եւ դուք չէք թոյլատրեր, որ նախարարները հոն արտայայտուին», այսինքն` Գերմանիա եւ ընդհանրապէս` Եւրոպա: Ցարդ գիտէինք, որ նախարարներ այցելութեան կ՛երթային այլ երկիրներ բանակցելու համար իշխանութիւններու հետ, բայց չէին երթար իրենց երկրի ներքին հարցերուն համար հանրաժողովներ կազմակերպելու եւ քուէ հաւաքելու: Ինչպէս կը նշէի, Ռեճեփ Էրտողան կը խօսի Գերմանիոյ քաղաքներու մերժումին մասին, այն տպաւորութիւնը կ՛ունենանք, որ անոնք թրքական գաղութներ կամ նահանգներ են:

Ցարդ Թուրքիոյ հանդէպ ցուցաբերուած ամենաթողութեան քաղաքականութիւնը կը մղէ Ռեճեփ Էրտողանը իրմէ «խլուած իրաւունք»-ին դէմ ընդվզելու: Ինչ որ կ՛ըսէ, միջազգային յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ պէտք է արձանագրել. «Եթէ ես ուզեմ Գերմանիա գալ, այդ կ՛ընեմ, եւ եթէ դուք թոյլ չտաք, անցնիլ ձեր դռներէն, եթէ թոյլ չտաք որ ես խօսիմ, աշխարհը ոտքի պիտի հանեմ»: Այն տպաւորութիւնը կ՛ունենանք, որ Ռեճեփ Էրտողան վերջնագիր կու տայ Գերմանիոյ, եւ անոր ճամբով ամբողջ աշխարհին: Պէտք է որ իրենց խցուած ականջները բանան բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ բարիք կ՛ըլլայ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը, եւ անոնք, որոնք կը հաւատան, որ ժամանակակից Թուրքիան փոխուած է, եւ տեսակաւոր երկխօսութիւններ կարելի են:

Ի՞նչ կը խորհի Ռեճեփ Էրտողան: Գերմանիոյ եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու միլիոնաւոր թուրքերը, ինչպէս կ՛ըսուի, իր հրահանգին ենթակայ «հինգերորդ զօրասի՞ւն են», զոր կարելի է օգտագործել ըստ իր կայսերական շահերուն: Պարզ խօսքով, Ռեճեփ Էրտողան… կը սպառնայ:

Գերմանացի քաղաքական գործիչ մը չի վարանիր կացութեան գնահատումը ընելու, երբ կը խօսի «Վոսփորի բռնակալ»-ի ծայրայեղ շեղումներուն մասին:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել չ՛ընդվզիր, պարզապէս կը յայտարարէ, որ` «մեր գործակից թուրքին հանդէպ ըլլանք քննադատական երբ անհրաժեշտ է, բայց տեսողութենէ չհեռացնենք մեր ընկերակցութեան իմաստը, մեր սեղմ գործակցութիւնը: Մնանք պաղարիւն: Կը մերժենք ժողովրդավարական Գերմանիոյ քաղաքականութեան նոյնացումը ազգայնական-ընկերվարութեան (national-socialisme) հետ»: Այսքան նրբութիւն իմացող պէտք է ըլլայ:

Տարի մը առաջ նոյն Ռեճեփ Էրտողանը, Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ բազմամբոխ հաւաքի մը ընթացքին խօսելով` ըսած էր, որ թուրքերը պէտք չէ ձուլուին եւրոպական մշակոյթին մէջ, բարձրանալով հանդերձ ընկերային շրջանակի մէջ, որպէսզի կարենան քաղաքականօրէն ազդել որպէս թուրք ժողովուրդ:

Վիեննայէն անցնելով` Եւրոպան չէր գրաւուած: Ի՞նչ կը պատահի այսօր:

Ի՞նչ կը մտածեն բոլոր անոնք, որոնք Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը կը ջատագովեն:

Ռեճեփ Էրտողան եւ ուրիշներ ե՞րբ պիտի խօսին Հայոց ցեղասպանութեան, հայոց հայրենահանման եւ բռնագրաւուած Հայաստանի մասին: Աշխարհի բոլոր պետութիւնները, որոնք կը սիրեն խաղաղասիրութեան եւ արդարութեան կարգախօսներով հրապարակ գալ, ինչո՞ւ այս հարցումը իրենց արժէքներու տախտակներուն վրայ չեն գրեր:

9 մարտ 2017,  Նուազի-լը-Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>