Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

ՌԱԿ-ի «Մովէս Յովսէփեան» Ակումբի Դաստիարակչական Յանձնախումբ. «Հայոց Պահանջատիրութիւնը Դար Մը Ետք Դէպի Ո՞ւր» Նիւթով Կլոր Սեղան

$
0
0

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Մովէս Յովսէփեան» ակումբի Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թէքէեան կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց պահանջատիրութիւնը դար մը ետք դէպի ո՞ւր» նիւթով կլոր սեղան մը: Զրոյցին մասնակցեցան տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, Շահան Գանտահարեան, Օհան Պոտրումեան եւ Համբիկ Մարտիրոսեան: Զրոյցը համադրեց տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան, որ յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք տարիներ շարունակ հայ ժողովուրդը կայք հաստատած գաղութներուն մէջ իր անշիրիմ մնացած զոհերուն յիշատակը ոգեկոչած է եւ ասոր իբրեւ արդիւնք բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններ եւ մարդկային իրաւանց մարմիններ ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Խօսքին աւարտին ան նշեց, որ ՌԱԿ-ի «Յովսէփեան» ակումբի կլոր սեղանի կազմակերպումը կը նպատակադրէ լուսարձակի տակ առնել Հայոց ցեղասպանութիւնը գիտական եւ ցուցադրական հարթակներէն դատաիրաւական հարթակ տեղափոխուելու գործընթացի մէջ հայութեան թերացումը:

Այնուհետեւ տոքթ. Ժամկոչեան օրուան զրուցակիցները` տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, Շահան Գանտահարեան, Համբիկ Մարտիրոսեան եւ Օհան Պոտրումեան, հրաւիրեց ամպիոն, ապա վարեց կլոր սեղանը:

Շուրջ մէկուկէս ժամ քննարկուեցան հայութեան, Հայ դատին ու պահանջատիրութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցեր: Զրուցակիցները իրենց տեսակէտներն ու մտածումները բաժնեկցեցան ներկաներուն հետ: Արծարծուեցան բազմաթիւ նիւթեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սիսի կաթողիկոսապատկան կալուածներու հայցի ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան արեւմտահայաստանի եկեղեցապատկան կալուածներու նոյնանման հայցի ներկայացման կարելիութեան վերաբերող:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրի մէջ նշուած իրաւական պահանջներու թղթածրարին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ իրաւական տեսանկիւնէ Հայոց ցեղասպանութեան բնութագրման` միջազգային դատական ատեան հատուցման հայց ներկայացնելու բաւարարութեան մասին:

Քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան հետապնդման աշխատանքներու գծով Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, ինչպէս նաեւ  համահայկական մնայուն խորհուրդի մը կամ մարմինի մը կազմութեան կարելիութիւնը` նկատել տալով, որ անոր մէջ պիտի ներգրաւուին Հայ դատը հետապնդող իրաւագէտներ, ցեղասպանագէտներ, քաղաքագէտներ:

Կլոր սեղանի մասնակիցները քննարկեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող թուրք այլախոհ մտաւորականներու եւ կազմակերպութիւններու Հայ դատի գործընթացին բերած նպաստի հաւանականութեան եւ հնարաւորութեան, Խորհրդային միութեան կողմէ կնքուած Կարսի եւ Մոսկուայի պայմանագրերու վերարծարծման, ինչպէս նաեւ պետութիւններու կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքներու ընդունման նախաձեռնութեան իրաւացիութեան մասին:

Եւ վերջապէս զրուցակիցները եզրափակեցին կլոր սեղանը հաստատելով ու կարեւորելով հայ ժողովուրդին ներկայ ու ապագայ սերունդներու հաւատարմութիւնը եւ դերը Հայոց պահանջատիրութեան ուղիին վրայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>