Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար տոքթ. Ղաթթաս Խուրիի, դասախօսական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ «Հայկական ճարտարապետութիւնը Լիբանանի մէջ` ինքնութեան հարցը» խորագիրով, չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Արդարեւ, Լիբանանի մէջ ֆրանսախօսութեան ամսուան գործունէութեանց ծիրին մէջ կազմակերպուած սոյն երեկոն առաւելաբար նպատակադրուած ու դասաւորուած էր հայ ճարտարապետութիւնը ծանօթացնելու համար լիբանանցի մշակութասէր հասարակութեան:
Երեկոյի բացումը կատարեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի գործադիր տնօրէն Անիթա Լիպիար, որ ողջունեց ներկաները, բարի գալուստ մաղթեց անոնց ու անդրադարձաւ երեկոյի զգեցած կարեւորութեան` ընդգծելով, որ միութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ կը մօտենայ ֆրանսախօս երկիրներուն կողմէ նախաձեռնուած ձեռնարկներուն, այս պարագային` Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն, գործակցելով թէ՛ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հետ:
Իր խօսքի աւարտին Ա. Լիպիար ներկայացուց օրուան բանախօսը` ճարտարապետ, հնագէտ եւ թանգարանապահ Րաֆֆի Չերչեանը, որ ճարտարապետութեան եւ հնութիւններու պատմութեան դասախօս է, ընթացիկ հետազօտութիւններ կատարած է Կիլիկիոյ հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ:
«Եթէ Հայաստանը աղբիւրն է հայ կրօնական ճարտարապետութեան ձեւաւորման, Լիբանանը երկիրն է, ուր այդ արուեստը մշակուած է կիլիկեան եւ տեղական ազդեցութիւններով, աստիճանաբար վերցնելով շրջանի ոճը», հաստատեց Րաֆֆի Չերչեան:
Դասախօսութեան ընթացքին ան անդրադարձաւ 20-րդ դարու նշանաւոր հայ ճարտարապետներուն, որոնք կառուցած են այնպիսի կոթողներ, որոնք կը մնան եզակի` լիբանանեան իրականութեան մէջ, ինչպիսիք են` Լիբանանի խորհրդարանը, «Էլ Աապետ» ժամացոյցը, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքը եւ Հարիսայի Ս. Պօղոս կառոյցը: