ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հայոց Պատմութեան «Էն Փառաւոր Թուականը»… 1915 (Հայոց Ցեղասպանութեան «Միւս Երեսը»…) “The Bigger the Front, The Bigger the Back”…
1915…
Անկիւնադարձային թուական մը ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ` համաշխարհային պատմութեան տարեգրութեանց մէջ, որովհետեւ ան պայմանաւորեց ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ այն բոլոր ժողովուրդներուն կեանքը, կենցաղը, մշակոյթներն ու ընկերային կառոյցները, որոնց հետ շփման մէջ մտաւ, եւ որոնց հետ շաղուեցաւ ու խորապէս միաձուլուեցաւ ան` արեւելքէն արեւմուտք եւ հարաւէն հիւսիս, Երկիր մոլորակի գրեթէ բոլոր անկիւնները` ծնունդ տալով «հայկական նոր գոյավիճակի մը», որ նուիրականացաւ «ՍՓԻՒՌՔ» անունով:
Մեծ եղեռնէն ճողոպրած ու վերապրած «հայու բեկորները» կարճ ժամանակի մէջ թօթափելով իրենց ուսերէն «գաղթականի» ցնցոտիները` կը լծուին վերականգնումի եւ ինքնահաստատման աշխատանքի համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ ո՛չ միայն յաղթահարելով իրենց դիմաց ցցուող ամէն կարգի արգելքներն ու խոչընդոտները, այլեւ` շնորհիւ իրենց դարաւոր փորձառութեան, իմաստութեան եւ ստեղծագործական տաղանդին, նպաստելով իւրաքանչիւր հիւրընկալ երկրի մշակութային եւ տնտեսական վերելքին ու շինարարական բարգաւաճումին փոխանցելով անոնց հայ ժողովուրդի դարաւոր փորձառութիւնն ու ստեղծագործական անկրկնելի նուաճումները` միաժամանակ ապահովելով հայ ժողովուրդին տոկուն, աննկուն, ստեղծագործ ու շինարար ցեղի մը յատկութիւններն ու յատկանիշները` առանց վրէժխնդրական որեւէ գաղտնի կամ բացայայտ արարքի համաշխարհային ընկերութեան որեւէ համայնքի, ժողովուրդի, պետութեան կամ անհատի դէմ, բացի զայն («ԵՂԵՌՆԸ») «ծրագրող ու իրագործող անհատներէն»…
Այլապէս «մէկու մը քիթը չենք արիւնած մենք». երբե՛ք…
«Եւ ոխն ու կոյր քինախնդրութիւնը» մեր ազգային նկարագրին անյարիր եղած են միշտ. յիշեցէք հայոց պատմութեան յատկանշական դրուագներէն պարսից Շապուհ արքայի կանանոցի պատուով ու ապահով վերադարձը Տիզբոն` հայ աննման ասպետ Մուշեղ Մամիկոնեանի կողմէ. իսկ մեզի աւելի մօտիկ` Խանասորի արշաւանքի «Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրիժառու քաջ ֆիտան» վեհանձն ու հայավայել կոչն ու կարգախօսը…
Եւ յետոյ` ո՞վ ըսաւ, որ մենք աշխարհակալ ժողովուրդ չենք եղած. ընդհակառակն, մենք գերազանցօրէն աշխարհակալ եւ ծաւալապաշտ ժողովուրդ եղած ենք:
Մեր դարաւոր պատմութիւնը վկայ:
Եթէ նախաքրիստոնէական Հայաստանի` հիքսոսներու, Արգիշտիի, Արտաշէսի եւ Մեծն Տիգրանի հիմնած ռազմական-քաղաքական հզօր պետութիւններն ու կայսրութիւնները չեն դիմացած դարերուն, միւս կողմէ` մեր «քաղաքակրթական տիրապետութիւնը» դոյզն չափով իսկ չէ նսեմացած եւ չէ կորսնցուցած իր երբեմնի փայլքն ու փառքը աշխարհի չորս ծագերուն` հիքսոսներէն մինչեւ Պոլսոյ հայակերտ-հրաշակերտ մզկիթները եւ անկէ Եւրոպա, Ամերիկա, Քանատա, Աւստրալիա եւ մինչեւ Միջին ու Ծայրագոյն Արեւելք` ամէնուրեք ձգելով հայու ստեղծագործ հանճարի անժամանցելի դրոշմը:
Այո՛, հա՛յը այստեղէն անցաւ…
«Մեր մշակութային կայսրութիւնը» կայուն ու մնայուն է ցայսօր` ի սփիւռս աշխարհի. կայսրութիւն մը, որ չէ խամրած եւ չի խամրիր երբեք, որքան ալ դարերն ու ժամանակը երկարին, մեծնան ու «ծերանան»…
Մշակոյթը անժամանակ եւ անժամանցելի է:
Չմոռնանք նաեւ, որ կեանքի բոլոր երեւոյթները առանց բացառութեան «կրկներես» («երկերես») են եւ` “the bigger the front, the bigger the back”. ըսել կ’ուզենք` «որքան մեծ է աղէտին տարողութիւնը, նոյնքան մեծ է անոր հակառակ ազդեցութիւնը»: Հայոց ցեղասպանութեան ակնարկելով` մեզի վիճակուած այդ ահաւոր չարիքէն անչափելի բարիք հասաւ մարդկութեան բազմաթիւ առումներով: Ատոր լաւագոյն օրինակն ու ապացոյցը մեր դարաւոր ու փառաւոր պատմութիւնն է` իր զանազան հանգրուաններով ու երեսներով. թուենք քանի մը «յատկանշական պարագաներ», որոնց շարքին` 1045-ի Անիի անկման յաջորդող առաջին մեծ գաղթը, որ ի միջի այլոց, ծնունդ տուաւ ու սնուցանեց Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութիւնը, որ իր կարգին շփման կարեւոր օղակ հանդիսացաւ Արեւելք-Արեւմուտք մշակութային կապերու ստեղծման, անոնց սերտացման եւ փոխադարձ հարստացման: Նոր միջավայր, նոր արժէքներ, նոր կարելիութիւններ, նոր երազներ, նոր հեռանկարներ: Երկրորդը Շահ Աբասի կազմակերպած 1604-ի բռնագաղթն էր, որ ծնունդ տուաւ Նոր Ջուղա քաղաքին, որ կարճ ժամանակի մէջ Իրանի առեւտրական եւ հայ կեանքի մշակութային կարեւոր կեդրոններէն մէկը դարձաւ եւ այնքան կարեւորութիւն ստացաւ, որ Շահ Աբաս Անգլիոյ հետ կնքած իր պայմանագիրը չեղեալ համարելով` 1617-ին իր անական հում մետաքսի արտածումի մենաշնորհը Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներուն վստահեցաւ: Վերջինը, ժամանակագրական առումով երրորդը, բայց իր տարողութեամբ մեծագոյնը 1915-ի Հայոց «ցեղասպանութիւնն» է` Թուրքիոյ «վիժածու անկատար մնացած երազը»… Սխալ գրաւ մը, ըստ որուն, մարմինը սպաննելով` հոգի՛ն կը սպաննես… Բանը բանէն անցնելէն յետոյ է միայն, որ թուրքը անդրադարձաւ իր սխալ տրամաբանութեան, իբրեւ «թուրք», չկարենալով ըմբռնել գնայուն եւ մնայուն արժէքներուն տարբերութիւնը. իրենց մոլուցքին ու «կատաղի արարքին» անարդիւնաւէտութիւնը նկատելէն յետոյ էր, որ քիչ մը ուշքի եւ քիչ մըն ալ խելքի եկան ու սկսան «մնայուն արժէքները» հետապնդել ու ոչնչացնել:
Բայց արդէն ուշ էր. շոգեկառքը վաղուց անցած գացած էր…
Այնքա՜ն կատաղութեամբ ու կուրօրէն ջարդեցին ու փշրեցին, որ ո՛չ խաչքար մնացած էր, ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ յուշարձան, ո՛չ մահարձան…
Միւս կողմէ` հարիւրամեակի առիթով շատ մը էջեր փակուեցան ու նորերը բացուեցան, իսկ «թուրքին հորիզոնը» սկսաւ մթագնիլ, յատկապէս երբ 1915-ի «միւս երեսը» սկսաւ տակաւ թափանցել եւ ինքզինք պարտադրել միջազգային ընկերութենէն ներս, որուն շնորհիւ հայը իր լիարժէք տիրապետութիւնը տարածեց, հաստատեց ու պարտադրեց համաշխարհային քաղաքակրթութեան, որուն մասին երկար պիտի խօսինք «Ծանի՛ր զքեզ»-ի Գ. շարքով:
Թուրքին մեծագոյն մղձաւանջը աշխարհացրիւ «հայութեան գոյութիւնն» է` իր կենսունակ ու ստեղծագործ ներկայութեամբ:
Իսկ մեծագոյն ձախողութիւնը հայ հոգիին ու ոգիին անպարտելիութիւնն է:
ՆԱԳԳԱՇ, 7 ապրիլ 2017