Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Բեղմնաւոր Համագործակցութիւն «Ինթըրմարք»-ի Եւ «Նոազ Արք»-ի Միջեւ

$
0
0

Մեր օրերուն մանկաբանութեան մասնագէտները եկած են այն եզրակացութեան, որ մանուկներու տեսողական աշխարհաճանաչողութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է ու կենսական, քան` լսողականը: Այդ պատճառով ալ աւելի ուժ կը տրուի տեսողական մանկավարժական միջոցներուն, որոնք ոչ միայն արագօրէն ու աւելի յստակ կերպով կը տպաւորեն երեխաներն ու «կը հարուածեն» անոնց ենթագիտակից աշխարհը, այլեւ կը զարգացնեն գեղեցիկի ներզգացողութիւնն ու կը խթանեն անոնց ստեղծագործական ձգտումները:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ ուսուցողական խաղալիքներէն ու խաղերէն առաջ թէ ետք յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի մանուկներու միջավայրին` օժտելով զայն բարձրորակ կերպարուեստի ստեղծագործութիւններով:

Մեկնելով մանկավարժական ժամանակակից սոյն սկզբունքներէն, «Ինթըրմարք» կրթական կեդրոնը կազմակերպած էր ժամանակակից գեղանկարչութեան ուշադրութեան արժանի ցուցահանդէս մը` հովանաւորութեամբ կրթական նախարար դոկտ. Ղաթթաս Խուրիի: Բացումը տեղի ունեցաւ  28 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ինթըրմարք»-ի սրահներուն մէջ:

Ցուցադրութեան դրուած էին շուրջ քառասուն ստեղծագործութիւններ, որոնք  տարբեր խառնուածքի տէր չորս գեղանկարիչներու գործեր են: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ուրոյն արտայայտչաձեւերն ու գեղարուեստական արժանիքները, որոնք կ՛ընդունուին ու կը գնահատուին նաեւ միջազգային փառատօներու ընթացքին:

Ա. Էտիկ Բերդեան

Տպաւորապաշտ ու «ֆով»-իստ է միաժամանակ: Ունի քանի մը իրարմէ տարբերող անհատականութիւններ, որոնք սակայն գրեթէ չնշմարուող հենքի նման իրարու առնչուած կը թուին ըլլալ:

Բերդեան կ՛աշխատի բնազդաբար, ենթագիտակիցի թելադրականութեան տակ, առանց արտաքին միջամտութեան: Անոր պատկերած գիւղական տեսարանները, անասուններն ու անկենդան բնութիւնները մաքուր ու քաղաքակրթութենէ չխաթարուած հոգիի մը արգասիքն են: Ան ունի հզօր յիշողութիւն եւ երեւակայութիւն,  որ չի վախնար ո՛չ գոյներէն եւ ո՛չ ալ մեծագոյն արուեստագէտներու ներշնչումներէն: Կը պատկերէ այն, ինչ որ տուեալ պահուն կը յուզէ զինք ու բնազդաբար կը դրսեւորուի: Անոր համար ճշմարտացիութիւնը աւելի գեղեցիկ է ու հմայիչ, քան` շօշափելի իրականութիւնը, որ վերացարկուած է երեխաներու երեւակայութեան նման` անմիջական ու ջինջ:

 

Բ. Սուրէն Ոսկանեան

Ժամանակավրէպ համարուող վիպապաշտութիւնը Ոսկանեան կրցաւ թարմացնել ու տոգորել ժամանակակից զգացողութեամբ: Երեխաները չափազանց զգայուն են թէ՛ վերացական կերպերու եւ թէ՛ վառ գոյներու հանդէպ, որոնք անտարբեր չեն  ձգեր նաեւ մեծահասակները: Երեխաներու ճաշակի նրբազգողութեան եւ կամ գեղագիտական ընկալումներու զարգացման համար կարեւոր են Ոսկանեանի կերտած գեղեցիկ ու կենսունակ կին կերպարներու (թէկուզ մերկուհիներու) կոյս ու գրաւիչ արտայայտչականութիւնը, որոնք բարի, կիրթ ու վեհանձն գեղուհիներ են` բնակուած անդրաշխարհային միջավայրի մէջ: Անոնցմէ շատեր կա՛մ մայրեր են եւ կա՛մ ալ մայրանալու ընդունակ պարմանուհիներ: Ոսկանեանի տիպարներու թարմութիւնն ու հեքիաթային միջավայրը, իր ուրոյն յղացքներով, նոր վտակ մը բանայ գեղանկարչական անդաստանէն ներս:

 

Գ. Վահան Ռումելեան

Ի ծնէ երեխաներու համար իրականութիւնը վերացական բնոյթ ունի: Բնութիւնը, երեւոյթներն ու իրերը անձնաւորուած կը թուին ըլլալ անոնց մօտ, որոնց առաջի՛ն ստեղծագործութիւնները վերացական կերպեր, գիծեր ու գոյներ են: Վահան Ռումելեան հասած է երեխաներու արտայայտման ինքնամղումի, չմիջնորդուած յղացքներու դրսեւորման,  որոնք չափազանց հարազատ կը հնչեն թէ՛ մանուկներու եւ թէ՛ մեծերու քով հաւասարապէս: Ռումելեանի վերացարկումները ինքնուրոյն դրսեւորումներ են, ուր գոյներու ներդաշնակութիւնն ու ձեւոյթներու կշռոյթը, բիւրեղ տեսիլքներու տպաւորութիւն կը ձգեն անձերուն վրայ: Անոնք անկասկած որ կը հմայեն, կը տպաւորեն ու կը նրբացնեն մանուկներու թէ՛ ընկալելու եւ թէ՛ արտայայտելու գեղագիտական ճաշակը: Անոր «Քաղաքը» նկարաշարքերը իրենց կրքոտ հրավառութեամբ  ու  բռնկած երանգաւորումներով ոչ միայն ներազդեցիկ են ու հմայիչ, այլեւ` ինքնատիպ ու խիստ տպաւորիչ:

 

Դ. Դաւիթ Դաւիթեան

Այս արուեստագէտը, թէեւ էութեամբ անհեթեթ գերիրապաշտ մըն է, սակայն կ՛աշխատի հայփըրռիալիզմի արհեստագիտութեամբ, երբեմն պատկերելով այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք  կրնան վրիպիլ նոյնիսկ լուսանկարչատուփի ոսպնեակի դիմացէն: Մեր օրերուն չափազանց քիչ են Դաւիթի նման տքնաջան աշխատող եւ ճշգրտօրէն երփնագրող արուեստագէտները: Մանուկները զարկ տալով իրենց երեւակայութեան` Դաւթեանէն պիտի ներշնչուին եւ բնազդաբար պիտի ձգտին դէպի կատարեալն ու իրաւը: Հոս եւս ենթագիտակից աշխարհը իր տարերային դերը կը կատարէ: Դաւիթ ունի իր սեփական կերպարները, որոնք թէեւ կը «բնակին» միջնադարեան ժամանակի ու միջավայրի մէջ, սակայն անոնք նեկայ են մեր մէջ եւ կ՛արտայայտեն ժամանակակից վիճակներ ու տագնապներ:

Յիշեալ չորս գեղանկարիչներն ալ «Նոազ Արք»-ի կողմէ ցուցադրուած են միջազգային տարբեր եւ բազմաթիւ փառատօներու ընթացքին եւ արժանացած ուշադրութեան ու ջերմ ընդունելութեան` սկսեալ  Փեքինէն ու Սինկափուրէն, անցնելով Եւրոպայէն ու Հիւսիսային Ամերիկաներէն, հասնելով մինչեւ Փունթա Տել Էսթէ եւ Պուէնոս Այրես: Անոնք արդէն իսկ որոշ չափով ծանօթ են ու գնահատուած տարբեր երկիրներու մէջ:

Յիշեալ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւնները ոչ միայն կը գեղեցկացնեն ու կենսունակ կը դարձնեն մարդու միջավայրը, այլեւ մաս կը կազմեն կեանքին ու երբեմն նոյնիսկ տան անդամ հանգամանք կը զգենուն:

Ծանօթ.- Քանի մը կրթական հաստատութիւններու ցանկութեան հիման վրայ ցուցահանդէսը կ՛երկարի մինչեւ մայիսի 16:

                                                                                                                   ԹՂԹԱԿԻՑ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>