Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Յիշեցման կարգով յայտնենք, որ «տեսակէտ»-ի սիւնակով տրուած յօդուածներուն մէջ տեղ գտած գաղափարներուն միշտ չէ, որ համաձայն ենք: Այս պարագային պէտք է ընդգծել, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ընդհանուր ուղենիշ պէտք է նկատել Համահայկական հռչակագիրը, ուր կը խօսուի թէ՛ Սեւրի, թէ՛ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին մասին, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` ամբողջական Հայաստանի առաջադրանքը:
«Ա.»
Վերջին տարիներուն զգալիօրէն նահանջած ենք այս օրակարգի արծարծումէն: Բեմերէն, յօդուածներով, Հայ դատի գրասենեակներով եւ զանազան մակարդակի քաղաքական, կրօնական թէ պետական արտայայտութիւններու մէջ Արեւմտահայաստանի օրակարգի արծարծումը կարծէք թէ զանց առնուած է:
Միջին Արեւելքի նոր քարտէսի մը ձեւաւորման գործընթացին մէջ որքա՞ն ճիշդ է այս օրակարգին անհետացումը: Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկներուն թէ սփիւռքի եւ Հայաստանի կուսակցութիւններու տօնակատարութիւններով ամէն բանի կը խօսինք կամ կը խօսուի Հայաստանի բարգաւաճում, զօրաւոր սփիւռք, մրցունակ բանակ, տնտեսական օրակարգ, արտագաղթ, օտարացում, իսլամացած հայեր… Սակայն չենք խօսիր մեր Արեւմտահայաստանի հողային պահանջի, ամբողջական Հայաստանի, Հայաստանի սահմաններուն եւ հիմնականին մէջ մեր նորագոյն պատմութեան հիմնահարցին մասին:
Գիտենք, որ Հայաստանի պետութիւնը իր «արդարացի» կամ «տրամաբանական» պատճառները «թերեւս» ունի այս օրակարգը իր քաղաքական ծրագրէն զեղչելու: Սակայն անհասկնալի է, որ սփիւռքն ալ սկսած է հետեւիլ այս գործելաոճէն: Սկզբունքով սփիւռքը ամէնէն աւելին եւ ամէնէն բիրտ ձեւով պէտք է հետապնդէ: Կան մտաւորականներ կամ քաղաքական եւ կուսակցական գործիչներ, որոնք այս մէկը ճկունութիւն կը սեպեն: Սակայն փաստօրէն այսօր քիւրտերը շատ աւելի ակներեւ ձեռքբերումներ ունին իրենց հողային պահանջատիրութեան օրակարգով, քան մենք:
Ինչո՞ւ Արեւմտահայաստանի օրակարգը մեր երիտասարդութեան, ուսանողութեան եւ մտաւորականութեան մակարդակի վրայ երրորդ կամ չորրորդ գիծի վրայ է:
Ո՞վ է օգտուողը: Ինչո՞ւ այսօրուան ուսանողները իրենց գործելադաշտը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու մակարդակով աշխատանքներու մէջ կը տեղաւորեն, երբ մենք շատ աւելի առաջնահերթ, շատ աւելի քաղաքական եւ շատ աւելի այժմէական օրակարգ ունինք:
Արեւմտահայաստանի օրակարգը պատմութեան նիւթ չէ: Միայն դպրոցներու մէջ դասարաններու հայոց պատմութեան դասանիւթին հետ կապուած նիւթ չէ:
Արեւմտահայաստանի օրակարգը սփիւռքի, մանաւանդ` Վահէ Օշականի հասկացողութեամբ, գլխագիր Սփիւռքի օրակարգն է…