Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Ուրախութեան Մասին

$
0
0

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

(Մեծապէս ուրախացիր, ո՛վ Սիոնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ, ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ)

Զաքարեա 9.9

Քրիստոս յաղթականօրէն մտաւ Երուսաղէմ: «Աշակերտները բոլորն ալ սկսան ուրախութեամբ եւ բարձրաձայն զԱստուած օրհնաբանել` իրենց տեսած բոլոր հրաշագործութիւններուն համար»    (Ղուկաս 19.37), քանի որ եթէ անոնք լռէին, քարերը պիտի աղաղակէին:

Կ՛ըսուի, թէ ուրախութիւնը այն քիչ բաներէն է, որ երբ բաժնենք կամ կիսենք ուրիշներու հետ, պակսելու փոխարէն` կ՛աւելնայ եւ կը բազմապատկուի: Երբ  չբաժնեկցինք մեր նմանին հետ, կը դադրի ուրախութիւն ըլլալէ:

Ցնծութիւնը ներքին հոգեւոր  ուրախութիւն է, ան Աստուծոյ արքայութիւնն է մեր ներսիդին: Սուրբ Հոգիին պտուղն է, ներքին հարստութիւն մը, որ   պայմանաւորուած չէ  արտաքին ազդակներու հետ: Ցնծութիւնը ներքին երգեցողութիւն մըն է, եւ ժխտական պարագաները չեն կրնար լռեցնել զայն, անոր աղբիւրը Աստուած է:

Հոգեւոր ուրախութեան արտայայտութիւնը  օրհներգութիւն եւ գովաբանութիւն է, ինչպէս Մարիամ ըսաւ. «Տէրը պիտի գովաբանեմ. ահա հոգիս կ՛ուրախանայ  Աստուծմով, իմ փրկիչովս» (Ղուկաս 1.46-47):

Աստուծոյ խոստումը իր փրկած եւ  իրեն հաւատացող ժողովուրդին այս է. «Անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ: Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան: Տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան» (Եսայեայ  51.11):

Ցնծութիւնը կեանքի ելեւէջներէն չ՛ազդուիր: Անիկա ներքին վիճակի մը դուրսի դրական արտայայտութիւնն է:

Ցնծալ` կը նշանակէ ուրախանալ, խայտալ, որ արմատակից է  ցնցել բային (Աճառեան,  «Արմատական բառարան»):

Լեփ լեցուն ուրախութեան մը մասին է ցնծութիւնը:

«Ասոնք ըսի ձեզի, որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ ըլլայ եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ»  (Յովհաննու 15.11):

«Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես. երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ, քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան» (Սաղմոս 16-11):

Ցնծութիւնը կ՛արտադրուի մեր եւ Աստուծոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող աճող յարաբերութեամբ մը: Եթէ կ՛ուզենք ուրախ ըլլալ, ա՛լ աւելի պէտք է արմատանանք Աստուծոյ մէջ, հնազանդինք եւ վստահինք Իրեն, զգանք եւ փնտռենք Անոր ներկայութիւնը մեր ներսիդին:

Խնդութիւնը դարձեալ կը նկարագրէ, կը յատկանշէ արքայութիւնը, խնդութիւնը  իմացական եւ հոգեւոր  պարգեւ է:

«Որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն` Սուրբ Հոգիէն տրուած» (Հռոմայեցիս 14.17):

Եթէ մեր ուրախութիւնը կապենք մեր յաջողութիւններուն հետ, մեր նիւթական  իրագործումներուն հետ, մեզի տրուած յարգանքին հետ, սխալած կ՛ըլլանք, քանի որ մեր գործերը միշտ չէ, որ յաջող կրնան ընթանալ. միշտ չէ, որ կը յարգուինք, շատ յաճախ մեր համբաւը կ՛արատաւորուի, մեր նպատակները չեն իրականանար: Պէտք է տեսիլք ունենանք եւ տոգորուինք յաղթանակի գաղափարով: Հաւատքի կեանքը, յաղթական կեանք է: Պէտք է լեցուինք հոգիի զօրութեամբ եւ ուրախութեամբ, որպէսզի կարենանք  Աստուծոյ արքայութիւնը ունենալ մեր ներսիդին:

Ուրախութիւնը Սուրբ Հոգիին պտուղն է: Աստուած մեր պատերազմները պիտի պատերազմի այն ժամանակ, երբ ուրախութեամբ կը փառաւորենք զինք:

Յունարէնի մէջ ուրախութիւն բառին արմատը կը նշանակէ` զօրաւոր: «Վասնզի Տիրոջ ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է» (Նէեմեայ 8-10):

Իսկ եբրայերէնի մէջ ուրախութիւն` կը նշանակէ ցնծալ միաբանիլ:

Յիսուսի ծնունդին  հրեշտակը հովիւներուն աւետեց` ըսելով. «Ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս կու տամ»:

Ուրախ բառին բուն հայերէն  ձեւը` խուրախ, որուն «րախ» արմատը  պատահական նմանութիւն ունի    արաբերէն «ռահա»` հանգստութիւն բառին հետ, կ՛ըսէ Աճառեան, որ կու գայ ռուհ-ոգի-շունչ բառէն (Աճառեան, «Արմատական բառարան»):

Որպէսզի Աստուծոյ ուրախութիւնը մեր զօրութիւնը ըլլայ, պէտք է միաբանինք Աստուծոյ հետ եւ այդ միութիւնը դարձնենք մեր կեանքի հիմքը: Վստահ ըլլանք, որ Աստուած մեր կողքին է, եւ ինչ որ ալ պատահի, Ան մեր զօրավիգն է:

Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ Աստուած իր ժողովուրդին կը սորվեցնէ եւ կը հրահանգէ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ լեցուիլ: Ան կրկին անգամ կը կրկնէ. «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ՛ըսեմ` ուրախ եղէք» (Փիլ. 4-4):

Մարդ արարածը իր գոյութեան օրէն երջանկութիւն կը փնտռէ: Քանի որ, բաղդատած միւս շնչաւոր էակներուն, մարդը միակն է, որ նախօրօք գիտէ, որ ինք մահկանացու է:

Եթէ միայն ժպտանք կամ երգենք, արդէն իսկ կը բարելաւուի մեր տրամադրութիւնը: Բայց ուրախ ըլլալ` չի նշանակեր միշտ մեր դէմքերուն վրայ սառած ժպիտ  ունենալ: Քանի որ ուրախութիւնը ներքին վիճակի մը արտայայտութիւնն է: Իսկ զուարթ դէմք ունենալ` կը նշանակէ  արթուն մնալ եւ զգաստ ըլլալ, որ նաեւ մտքի արթնութեան եւ սրտի բերկրութեան արտայայտութիւն է:

Աղաղակն ու երգը կրնան պարիսպներ եւ ամրոցներ կործանել: Հին Կտակարանի Յեսուայ գիրքի 6-րդ գլխուն 20-րդ համարին մէջ Աստուծոյ ժողովուրդը կրցաւ երգով ու աղաղակով Երիքով քաղաքի պարիսպները քանդել եւ տիրանալ քաղաքին:

Մեր աչքերով տեսանք Հալէպի ազատագրումը, ու եթէ մենք չաղաղակենք այս հրաշքին համար, որ մեր աղօթքներուն պատասխանն էր, քարերը պիտի աղաղակեն:

Փառաբանութեամբ  կրնանք անկարելին  կարելիի վերածել: Փառաբանութեամբ նաեւ կրնանք մեզմէ հեռացնել վատ տրամադրութիւններն ու ոգեղէն չար ուժերը: Քանի որ  ուրախութիւնը լոյսէն կու գայ, իսկ տխրութիւնը` խաւարէն, եւ այս երկուքը չեն կրնար մէկտեղուիլ:

Եթէ լոյսով լեցուն տուն կ՛ուզենք, աւելի շատ պէտք է ժպտինք մեր ընտանիքի անդամներուն եւ ժամանակ տրամադրենք մեր ուրախութեամբ վարակելու մեր շրջապատը: Իւրաքանչիւր  անձ կը փափաքի ուրախ միջավայրի մէջ ըլլալ: Ուրախութիւնը կը փոխանցուի մէկէն միւսին: Իսկ ժպիտը մեծագոյն պարգեւն է, որ Աստուած շնորհած է մեզմէ իւրաքանչիւրին:

Լուսաւորչեան Մուտն Ի Վիրապի  խորհրդանշական այս օրերուն թող որ իւրաքանչիւրս նորոգենք մեր ուխտը այս ընթացքին, մեր վիրապներէն կամ անձնական կապանքներէն դուրս գանք  ցնծութեամբ, եթէ նոյնիսկ Պօղոս առաքեալի նման  շղթայուած ըլլան մեր ձեռքերը: Որպէսզի ուրախութեամբ փառաւորենք Աստուած, «Հոգեւոր ցնծութեամբ մտքի խնդութեամբ, սրտի բերկրութեամբ եւ դէմքի զուարթութեամբ», ինչպէս պիտի ըսէր Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի:

1 ապրիլ 2017
Հալէպ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>