Զ. Թ.
Չորեքշաբթի, մարտ 8-ին ձեռնարկներով կը յորդէր Պոսթընը, հարաւի իր դրացի եւ բազմազբաղութեան բնագաւառէն ներս, շարունակ զինք գերազանցող Նիւ Եորքի հետ մրցելու աստիճան:
Սակայն այս մէկը արգելք չէր հանդիսացած, որ հանրահռչակ դաշնակահար Տիգրան Համասեանի ելոյթին տոմսերը օրեր առաջ սպառին: Քանի մը թաղ անդին, միեւնոյն օրը եւ միեւնոյն ժամուն, այլ սրահի մը մէջ, ռոք երաժշտութեան աշխարհի այլ չաստուածներէն` Սթինկը ելոյթ պիտի ունենար, սակայն ոչ մէկ ազդեցութիւն` Մեծն Տիգրանի արշաւանքին վրայ… Պըրքլի երաժշտանոցի համանուն վիթխարի սրահին մէջ:
Թէեւ կրտսեր, սակայն արդէն իսկ Մեծն եւ տիտանական Տիգրան Համասեան արշաւեց եւ գրաւեց հազար երկու հարիւրէ աւելի հանդիսատես պարփակող լեփ-լեցուն սրահին ներկաներուն սրտերը, սրահէ մը ներս, ուր դեռ հազիւ քանի մը օր առաջ կարելի եղած էր ըմբոշխնել ճազ երաժշտութեան եզակի դէմքերէն` թրթռանուագի (vibraphone) Կերի Պըրթընը, իր հրաժեշտի ելոյթին առթիւ:
Տարբեր արշաւանք, նոյնքան պատմական, որքան` հայոց թագաւորինը: Շատ աւելի դժուար է արշաւել եւ հող գրաւել արուեստի եւ մշակութային բնագաւառէն ներս:
Նոյնքան դժուար սխրանք, որքան` հող գրաւելը:
Մեծն Տիգրանի «արշաւախումբ»-ը կը բաղկանար տեղւոյն երաժշտանոցի աշակերտներէն, որոնց կարգին` ամերիկացի, մեքսիքացի, ճափոնցի, քորէացի, հնդիկ, ռուս, լիբանանցի, զուիցերիացի, փորթուգալցի, յոյն, ֆրանսացի, բրիտանացի, հունգարացի, քոլոմպիացի, չիլիցի… նաեւ` թուրք: Չմոռնանք նաեւ այլ հայորդիի մը` պոսթընաբնակ դաշնակահար Քրիսթինա Ազարեանի (վաղամեռիկ դաշնակահար Դաւիթ Ազարեանի դուստրը) մասնակցութիւնը: Ան նաեւ իր սրտին խօսքը արտասանեց` շատ զգացուած այս ելոյթէն:
Ձեռնարկը տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող «Միջինարեւելեան փառատօն»-ն էր, որ իններորդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպուէր` այդ մասնաճիւղի պատասխանատու Քրիսթիան Քարամի (ծագումով լիբանանցի) տնօրինութեամբ:
Դաշնակահար Քրիսթինա Ազարեանի ներկայացուցած բացման կտորէն ետք, առանց իսկ պաշտօնական հրաւէր սպասելու, շուտով բեմ մուտք գործեց Տիգրան` մօտենալով դաշնակին եւ յափշտակելով ստեղնաշարը:
Ու Մեծն Տիգրան արշաւեց …եւ արշաւեց գրաւելով «հողեր», «տափաստաններ» ու անհասանելի «գագաթներ»: …Եւ դեռ գերազանցեց ու անցաւ:
Երկու մասերէ կը բաղկանար օրուան յայտագիրը, որ հաւանաբար մրցանիշ մը հաստատեց Պըրքլի սրահի պատմութեան մէջ, գրեթէ երկուքուկէս ժամ տեւողութիւն ունենալով, յատկապէս աւարտին, երբ ընդառաջելով շարունակ զինք քաջալերող երաժշտասէրներու առաջարկին, ան վերստին բեմ բարձրացաւ եւ առաջին անգամ ըլլալով նուագեց «Լիլաք» գործը` իր կողքին ունենալով իր «արշաւախումբ»-ը: Հազիւ քանի մը շաբաթ առաջ պատրաստուած գործ մը, որ 2-3 օրուան մէջ կրցած էր փորձել այս երիտասարդ երաժիշտներուն հետ:
Յայտագրին առաջին մասը կը բաղկանար ճազ կշռոյթին պատկանող, սակայն միշտ ալ հայկականով համեմուած երաժշտութեամբ: Աւարտին Մեծն Տիգրան առանձին սոլոյով մը նուագեց այլ նորաստեղծ գործ մը` ի յիշատակ իր նախընտրած բանաստեղծներէն Եղիշէ Չարենցի, որուն ծննդեան 120-ամեակը կը նշուի:
Երկրորդ մասը դասական բնոյթ ունէր, եւ դեռ աւելի՛ն, կոմիտասեան շունչ սփռող եկեղեցական երաժշտութիւն: Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ պատրաստուած «Լոյս ի լուսոյ» գործէն կտորներ հրամցուեցան հանդիսատեսներուն, որոնք դէպի խոր ապրումներ ուղղուեցան եւ քաջատեղեակ եղան, թէ որքան ազդեցիկ ու միսթիք է հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը:
Նախապէս, Համասեան քանի մը անգամ ալ ժամանած էր Պոսթըն` ելոյթ ունենալով փոքր սրահներու մէջ, որոնց տոմսերը միշտ ալ սպառած էին օրեր առաջ: Արդէն իսկ Մեծն Տիգրան արշաւելով շահած էր կռիւներ, սակայն այդ օր` մարտ 8-ին, Պըրքլիի մէջ, ան իր «արշաւախումբ»-ին հետ… յաղթական դուրս եկած էր… արուեստի աշխարհը բնորոշող այդ իւրայատուկ «պատերազմ»-ին: