Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Անդրադարձ. Հայկական Բանակին Մէջ Ծառայող Աղջիկներուն Մասին «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Անդրադարձը

$
0
0

«Լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան առաջին կին կռուողները` քանի մը տասնամեակի պատմութիւն ունեցող հակամարտութեան ընթացքին»: Ըստ «Փանորամա»-ի այսպէս վերնագրուած է «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի հայկական բանակին մէջ ծառայող աղջիկներուն ու երիտասարդ կիներուն մասին հրապարակումը:

«Տասնեակ տարիներ տեւող հակամարտութեան ընթացքին, անցեալ տարի Կովկասի մէջ, Ազրպէյճանի ու հայերու զինուած ուժերուն միջեւ քանի մը բախումներ պատճառ դարձան, որ շատ երիտասարդ կիներ ու աղջիկներ վիճարկեն աւանդական իրենց դերը ու զէնք վերցնեն: Անոնք առաջամարտիկներ են, որոնք կը դիմադրեն շատ պահպանողականներու, որովհետեւ անոնք որոշած են ասպարէզ ունենալ այնտեղ, ուր կիները դեռ մուտք չեն գործած», կը գրէ թերթը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ 23 աղջիկ առաջին անգամ ռազմական ուսումնարան ընդունուեցաւ 2014-ին, իսկ Ստեփանակերտի մէջ` անցեալ տարի:

Լուսանկարիչը այցելած է Երեւանի ու Ստեփանակերտի ռազմական բարձրագոյն հաստատութիւններ: Ան նշած է, որ հակառակ անոր որ շատ ընտանիքներ ունին բանակին մէջ ծառայողներ, բայց կիներու ծառայելուն դէմ են:

«Կիները պէտք չէ բանակի մէջ ըլլան, ատիկա անոնց տեղը չէ: Անոնք ուղղակի նման չեն տղամարդոց», ըսած է Երեւանի ռազմական ուսումնարանի հրամանատարներէն մէկը:

Հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներուն` աղջիկներն ու երիտասարդ կիները իրարու հետ ստեղծած են ամուր կապեր:

«Սովորաբար երիտասարդ կինը չի լքեր ծնողներուն տունը, քանի դեռ ամուսնացած չէ: Ամուսնանալէն ետք ան կ՛ապրի ամուսինի ընտանիքին հետ: Կը կարծեմ, որ նաեւ այս պատճառով է, որ կիները կը ստեղծեն ամուր ընկերութիւն, անոնք աւելին են, քան դասընկերները, նման են ընտանիքի», նշած է լուսանկարու հեղինակ Լենա Մուչան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>