ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Բազում սէրեր ես շատ ունիմ,
որ յոյս կու տան իմ սրտին. հայուն տուած վիշտը
սակայն
կը տրորէ իմ հոգին:
Սէր կայ երբեք չի թառամիր, իմացի՜ր
կախում ունի թէ ինչպէս դուն կը զգաս զայն,
անցողական շատ սէրեր ես զգացած,
մէկը սակայն կը մնայ ջինջ, իրական:
Հայրենիքիդ սէրն է ան տիրական,
սէրը ազգիդ, հայրենիքիդ ու հողիդ, որոնց կառչած պէտք է ապրիս մարմնապէս եւ օտար հող ի զուր երբեք չերազես:
Ուր որ երթաս, ուր ալ ապրիս, լաւ գիտցիր,
չես բաժնուիր երկրիդ հողէն սրբազան,
որուն համար բազում քաջեր կը կռուին
որպէսզի ան մերը դառնայ յաւիտեան:
Դաւաճանել տղաքն այս քաջարի
որոնք կեանքով նեցուկ կանգնած են կեանքիդ
եւ լքելով զանոնք մինակ սահմանին
երթաս պանդուխդ, գլուխ ծռես օտարին:
Եթէ կ՛ուզես տղաքն այս ուժ առնեն,
որոնց ոգին կ՛ապրի նաեւ քո սրտին,
հայրենիքիդ հողին փարիր վառ յոյսով
եւ մի լքեր հոս պայքարող քաջերին: