Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

«Էր Ֆրանս» Ամսագիրը Կը Գրէ Հայաստանը Գրաւիչ Դարձնող 10 Պատճառներուն Մասին

$
0
0

«Էր Ֆրանս» օդանաւային ընկերութեան պաշտօնական ամսագիրի անցեալ տարուան դեկտեմբեր ամսուան թիւին մէջ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանը զբօսաշրջիկներու համար գրաւիչ դարձնող 10 պատճառներու:

Յօդուածի հեղինակ Ֆրանսուա Սիմոն կը գրէ, որ շրջապատուած կայսրութիւններով, կիսուելով յիշողութեան եւ վերածնունդին միջեւ, Հայաստան իր այցելուներուն իւրայատուկ փորձ մը կ՛առաջարկէ:

Անոր ժողովուրդը, ուտեստեղէնը եւ նոյնիսկ այբուբենը կարծես երկրի բնապատկերին արտացոլացումն են: Ինչպէս Բրիտանիոյ մէջ հեծելարշաւը, նոյնպէս ալ Հայաստանի մէջ ծանրամարտը ուժ ցոյց տալու եւ մարզուելու միջոց է: Սեւան քաղաքին մէջ տասնեակ մը երեխաներ հպարտութեամբ կը բարձրացնեն ծանրաձողը առաջնակարգ ախոյեան Արամ Անդրիկեանի ներկայութեամբ, որուն շնորհիւ հարազատ քաղաքը յայտնի դարձած է ամբողջ աշխարհին մէջ. «Այս մարզաձեւին մէջ յատկապէս կը սիրեմ այն, որ կախեալ չես մրցավարէն կամ դատակազմէն: Կա՛մ կը բարձրացնես, կա՛մ ոչ»:

Պատահական չէ, որ համաշխարհային ոսկերչական զարդեղէնի 7 առ հարիւրը Հայաստանի մէջ կ՛արտադրուի: Բաւական է միայն մտնել Երեւանի ոսկիի շուկայ, ուր հարիւրաւոր ոսկերիչներ հանճարեղ աշխատանք կը կատարեն:

Անկասկած, հայերուն ուժը նաեւ իրենց անսպառ հնարամտութեան մէջ է, որ կ՛արտացոլայ ինքնաշէն ճարտարապետութեան միջոցով հասարակ շինութիւնները արուեստի ստեղծագործութեան վերածելու մէջ:

Հայաստանի մէջ կը գտնուի աշխարհի ստեղծարար արհեստագիտութեան լաւագոյն կեդրոնը (ինչպէս կը գրէ ֆրանսական «Ուի Տըմեն» ամսագիրը), որ կը համեմատուի, ի շարս այլոց, Սթիվ Ճոնզի դպրոցներուն հետ: Երեւանի եւ այլ 3 քաղաքներու մէջ մասնաճիւղեր ունեցող կրթական այս կեդրոնը 12-18 տարեկան պատանիներուն կ՛առաջարկէ արտադպրոցական ուսուցում` թուային արհեստագիտութեան մարզին մէջ: «Սիմոնեան» հիմնադրամի եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան կողմէ հովանաւորուող կեդրոնը հիանալի բեմ մըն է ստեղծագործ երիտասարդներուն համար երկու տարուան ընթացքին իրականացնելու տարբեր ծրագիրներ` ստեղծել խաղեր, շարժապատկերներ եւ գծապատկերներ, ինչպէս նաեւ պատրաստել կայքեր, նոյնիսկ ստեղծել հայ փանք ռոք խումբ:

Յօդուածին մէջ բաւական հետաքրքրական ու զուարճալի անդրադարձ մը կատարուած է հայկական խոհանոցին. «Խաղողի տերեւներու մէջ փաթթուած, մանրուած, կտրուած, տապկուած…»: Հայաստանի մէջ կեանքը այդքան ալ դիւրին չէ բանջարեղէնի համար:

Դէպի Հայաստան ճամբորդութեան ընթացքին խորհուրդ կը տրուի ինքնաշարժին մէջ քնանալ` աստղաբոյլ երկինքի հրաշքը վայելելու համար, նշուած է յօդուածին մէջ:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին` հին ձեռագիրներու եւ փաստաթուղթերու պահպանման եւ ուսումնասիրութեան կեդրոնին: Այդ հաստատութեան մէջ ցուցադրուած հայկական այբուբենը կը մանրամասնէ հպարտ ու տոկուն հայ ազգային ինքնութիւնը:

«Ամբողջ ժապաւէն մը կարելի է նկարահանել ծիրանի փողէն պատրաստուած հայ ազգային երաժշտական գործիք տուտուկի մասին: Տուտուկի վրայ նուագուած քանի մը կտոր լսելէ ետք կը հասկնաս, որ Հայաստանի ծիրանը այլեւս երբեք նոյն համը պիտի չունենայ», նշած է յօդուածին հեղինակը:

Լրագրողին ուշադրութենէն չէ վրիպած նաեւ Հայաստանի հարուստ բնաշխարհը: Պելճիքայի չափ տարածք ունեցող Հայաստանի մէջ կարելի է գտնել նաեւ լեռներ, հրաբուխներ, խիտ անտառներ եւ սառցադաշտեր, տուֆի 50 երանգներ, սեւ, վարդագոյն եւ շագանակագոյն հանքային բեկորներ: «Կ՛ըսեն, որ երբ Աստուած ստեղծեց աշխարհը, բոլոր աւելցած քարերը ձգեց Հայաստանի մէջ: Թերեւս նոյնինքն այդ քարքարոտ հողը ժողովուրդին տուած է իր ուժն ու միասնականութիւնը», գրած է Սիմոն:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի մէջ «միայնակ» բառը յստակ չ՛ընկալուիր, քանի որ այստեղ գրեթէ երբեք մարդիկ միայնակ չեն ըլլար: Միայնակ սուրճ չեն խմեր, տարօրինակ երեւոյթ է հարազատի մահը սգալ` առանց ընտանիքի  եւ դրացիներու: Այստեղ միասին ըլլալը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, իսկ ատիկա հասկնալու համար պէտք է Հայաստանի մէջ որեւէ ազգային տօնակատարութեան ներկայ գտնուիլ եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս միասին կը ծիծաղին, ձեռք-ձեռքի կու տան ու կը պարեն:

«Վերջապէս ընտանիքի ընկալումը Հայաստանի մէջ էապէս տարբեր է: 28 տարեկան գրող Գոհար Մարտիրիսեան բանաստեղծութիւններ ու մտորումներ կը գրէ իր առօրեայէն եւ զինուորական ծառայութեան մեկնած եղբօր մասին: Հետաքրքրական է, որ լրագրողը խորհուրդ չի տար անոր հետ ֆեմինիզմի մասին խօսիլ, քանի որ ընտանիքի եւ տան գաղափարներուն շուրջ կառուցուած հասարակութեան մէջ ապրող կինը չի կրնար այդ բառին իմաստը ընկալել: Այստեղ յաճախ միասին կ՛ապրին եւ մէկզմէկու կ՛օգնեն երեք սերունդներու ներկայացուցիչներ», եզրակացուցած է յօդուածին հեղինակը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>