Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հարց մը, որ դժուար թուի, մեզի համար
յաւելեալ պատճառ պէտք է ըլլայ նախաձեռնելու:
Ռէյնըր Մարիա Ռիլքէ, բանաստեղծ, 1875-1926
Քաղաքական Եւ Ղեկավարական Փակուղիներու Առջեւ
Երբեմն պէտք է յիշել, որ քաղաքական կեանքը արհեստավարժներու շահարկման եւ մրցակցութեան դաշտը չէ միայն, տնտեսագէտներ, դրամատէրեր, վարչագիտութեան մասնագէտներ, իրաւաբաններ եւ զինուորականներ, ուր տեղ չունին մտաւորականները, արուեստագէտները, բանաստեղծները, իմաստասէրները:
Մեծ բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկօ ունեցած է քաղաքական ասպարէզ, ոչ դիրքապաշտական: ԺԹ. դարու կէսին իսկ կեցուածք ճշդած է մահապատիժի դէմ, որ օրէնք պիտի դառնար Ի. դարու վերջաւորութեան, այլ նաեւ ցցուած է Նափոլէոն Գ.-ի դէմ եւ ինքզինք աքսորած է: Ֆրանսայի մէջ զօրավար տը Կոլի նախագահական շրջանին ճառագայթում տուած է Անտրէ Մալրօ գրողը, ժամանակակից վարչապետներէն Տոմինիք տը Վիլփէն բանաստեղծութեան հատորներ լոյս ընծայած է: Խորհրդային համակարգի փլուզումէն ետք Չեխիան ունեցած է թատերագիր նախագահ: Այս դէմքերը խորքային լուսաւորում բերած են քաղաքական կեանքին եւ ժողովրդավարութեան:
Այս հպանցիկ նշումներու լոյսին տակ իմաստուն պիտի ըլլանք, եթէ դիտենք «հայկական կացութիւն»-ը, միշտ` Հայաստան եւ սփիւռքներ:
Կուսակցութիւները անհրաժեշտ են ժողովրդավարական երկիրներու մէջ, անոնք կը ստեղծուին նաեւ պետութիւն չունեցող ժողովուրդներու ծոցին մէջ, ազատագրական պայքար մղելու համար, բայց անոնց կազմակերպական կառոյցը տարբեր կ’ըլլայ: Մենատիրական երկիրներու մէջ ալ գոյութեան կը կոչուի մէկ կուսակցութիւն, որ վարչակարգին նեցուկ կ’ըլլայ, վարչակարգի ունելին, այդպէս էին Խորհրդային Միութիւնը եւ անոր շուրջ գտնուող Արեւելեան Եւրոպայի «ժողովրդական ժողովրդավարական» (démocraties populaires) հանրապետութիւնները, որոնք ունէին միակուսակցական դրութիւն:
Իշխանութիւն, Կուսակցութիւններ
Կուսակցութիւնները կը ստեղծուին, կամ` այդպէս պէտք է ըլլայ, ժողովուրդի ծառայութեան, գաղափարախօսական, ազգային եւ տնտեսավարական առաջադրանքներով, որոնց շուրջ կը խմբուին նոյն տեսակէտները բաժնող համախոհներ: Պատմութեան ընթացքին անոնք գոյութիւն ունեցան թերեւս ոչ այսօրուան ըմբռնումով եւ կազմակերպութեամբ, բայց կացութիւններու դէմ յանդիման եղած են համախոհական խմբաւորումներ, թեր կամ դէմ: Օրինակ, մեր պատմութեան դժուար օրերուն, երբ Հայաստան աքցանի մէջ բռնուած էր Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ, կային պարսկասէրներ եւ բիւզանդասէրներ:
ԺԹ. եւ Ի. դարերուն, ֆրանսական Մեծ յեղափոխութեան տարածած գաղափարներու հունով, պետութենէ զրկուած հայ ժողովուրդի եւ ուրիշներու ծոցին մէջ ծնունդ առին ազատագրական շարժումներ, որոնք ունէին «յեղափոխական» նկարագիր եւ ղեկավարուեցան կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք ներկայացան որպէս կուսակցութիւններ. արմենական, հնչակեան, դաշնակցական, ռամկավար, համայնավար: Պատմական կացութիւնները փոխուած են, բայց այդ կուսակցութիւնները կը շարունակուին նոյն անուններուն տակ, երբ անոնց ծնունդի նպատակը ամբողջովին կամ մասամբ փոխուած է, քանի որ տեղի ունեցած է հայրենահանում, որմէ ետք այլեւս չէին գործեր սեփական հայրենիքի մէջ: Այսօր կայ անկախ պետութիւն, ուր կը վերընձիւղին այդ կուսակցութիւնները` միաժամանակ գործելով սփիւռքներու մէջ: Շփոթեցնող կացութիւն, քանի որ տարբեր երկիրներու քաղաքական կողմնորոշումները, տնտեսութիւնը, անոնց պատշաճելու պայմանները եւ Հայաստանը կրնան նոյն ալիքներու վրայ չգտնուիլ` որպէս համոզումներ եւ կենսաոճ:
Հայաստանի մէջ, վերանկախացումէն ետք, բազմացան կուսակցութիւնները: Խիստ հետաքրրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ հանրապետութեան քաղաքացիներու ո՞ր տոկոսը կրնայ զանոնք թուել, ըսել անունները, կամ լսած է անոնց ղեկավարներուն անունները: Նոյնիսկ լրատուամիջոցներ կրնա՞ն թուել զանոնք: Ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ ծանօթանալ բազմատասնեակ կուսակցութիւններու առաջադրանքներուն` որպէս գիտակից քաղաքացի քուէարկելու համար մէկուն կամ միւսին: Ի պէտս անգիտելոց եւ մանաւանդ մտածելու համար տուեալ ունենալու, առանց ճշգրիտ եւ ամբողջական ըլլալու յաւակնութեան, յիշենք կուսակցութիւններու անուններ.
Հայաստանի Հանրապետական կ., Բարգաւաճ Հայաստան կ., Ժառանգութիւն կ., Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կ., Լուսաւոր Հայաստան կ., Օրինաց երկիր կ., Ազգային ինքնորոշում միաւորում կ., Արմենական-ռամկավար կ., Ազատութիւն կ., Այլընտրանք հասարակական-քաղաքական նախաձեռնութիւն, Հայոց համազգային շարժում կ., Հայաստանի ժողովրդական կ., Հայաստանի կանաչների կ., Հայոց հայրենիք կ., Ժողովրդավարական ուղի կ., Ժողովրդավարական հայրենիք կ., Ժողովրդի իշխանութիւն հասարակական-քաղաքական նախաձեռնութիւն, «Մարդու իրաւունքներ 96» կ., Սոցիալ-դեմոկրատական հնչակեան կ., Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական վերածնունդ կ., Հանրապետութիւն կ., Հայաստանի լիպերալ կ., «Հայ կամաւորականների շարժում» հասարակական-քաղաքական նախաձեռնութիւն, Հայաստանի կոմունիստական կ., Ազգային վերածնունդ կ. (Արցախ), Արցախի ժովրդավարական կ. (Արցախ): Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն, Սոցիալ- դեմոկրատ եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւններ ունին սփիւռքի բազմաթիւ երկիրներու մէջ:
Այս ցանկը կրնայ ամբողջական չըլլալ, կրնան դադրած կուսակցութիւններ եւ նորեր ալ ըլլալ: Այս ցանկին մէջ նկատի չունինք փոքրիկ կամ մեծ միութիւնները, որոնք մշակութային անուան տակ քաղաքական գործ կ’ընեն:
Բայց ինչպէս ամէն տեղ, արժէքային համակարգի փոփոխութիւններու առջեւ կը գտնուինք: Դեռ դար մը առաջ մարդիկ յանձն կ’առնէին ապրիլ եւ մեռնիլ «հաւատք»-ի կամ «գաղափար»-ի մը համար: Համաշխարհայնացումը եւ դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը տեղ չձգեցին «հաւատք»-ի կամ «գաղափար»-ի համար, համատարած եւ ինքնանպատակ դարձած սպառողական ընկերութեան մէջ, որ հակառակ ձեւականութիւններու եւ լուսարձակներու տակ գումարուող ժողովներու, ընդհանրապէս տիեզերական հրաշք կեանքը կ’անտեսեն անմիջականի եւ անհատապաշտականի առթած կուրութեան խառնակութեան մէջ: Այսօր կանոն է, նոյնիսկ երբ հակառակը կը շեփորուի, «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»-ի կարգախօսը: Այս տխրութիւնը կը ջնարակուի խօսքի հրավառութեամբ, հանդիսութիւններով: Ոչ ոք կ’ըսէ, թէ ո՛ւր կ’երթանք, ո՞ւր կը տանին:
«Հայկական Կացութեան» Դէմ Յանդիման
Այս մտածումներու լոյսին տակ կը փորձեմ դիտել ընդհանրապէս «մարդկային կացութիւն»-ը (la condition humaine) եւ անոր շրջագիծին մէջ` «հայկական կացութիւնը» (la condition arménienne)` գոյատեւելու ոճ դարձած ինքնախաբէութիւններէ հեռանալով: Ինչպէս ժողովրդավարական երկիրներու մէջ, քաղաքական ղեկավարութիւնը կը դառնայ «էսթեպլիշմընթ», նոյն դէմքերու կրկնութեամբ եւ անփոփոխութեամբ, եւ երբ երկրին եւ ժողովուրդին հարցերը չեն լուծուիր, խրամատ կը ստեղծուի, մարդիկ իրենք զիրենք հարազատ չեն զգար: Բայց համակարգը կը տեւէ, քանի որ ընտրելու հնարաւորութիւնը կարծուածէն աւելի սահմանափակ է, ընտրութիւն կը կատարուի մէկ կամ միւս «էսթեպլիշմընթ»-ին միջեւ` իւրաքանչիւրը ունենալով իր կողմնակիցները: Չկողմնորոշուածները այս կամ այն կողմ թեքելով` իշխանութիւն ընտրութեան մը արդիւնքը կ’որոշեն եւ իշխանութիւն կը ստեղծեն:
Հայաստանի շփոթանքը կը տեսնուի նաեւ բազմատասնեակ կուսակցութիւններու ներկայացուցած պատկերով: Անմիջական տեսանելին Ազգային ժողովի անդամներու պատկանելիութիւնն է. «Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն»` 69, «Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն»` 37, «Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութիւններու դաշինք` 7, «Օրինաց երկիր կուսակցութիւն»` 6, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն` 5, Անկախ պատգամաւորներ` 2: Այս ցանկը կ’արթնցնէ առաջին մտածում մը, այն, որ քաղաքացիի մը համար գրեթէ անկարելի է Ազգային ժողովի անդամ ըլլալ առանց կուսակցութեան մը անդամագրուելու եւ անոր նեցուկին, ինչ որ կը սահմանափակէ նոյնինքն ժողովրդավարութիւնը:
Հարցում. այս բազմաթիւ կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը ունի՞ գաղափարական-քաղաքական ենթահող, թէ՞ ոմանք անհատի մը համար ընտրական համախմբումներ են: Ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ գաղափարական-քաղաքական քանի մը տասնեակ տարբերութիւնները, եթէ կան:
Փոքրիկ ժողովուրդ ենք` գոյատեւման համար նոյնքան փոքրիկ միջոցներով: Ցարդ դիմացած ենք հաւատալով արժէքներու, եւ ի հարկին անոնց համար պայքարելու եւ մեռնելու յանձնառութեամբ, կամ` գինովնալով ճառերով:
Երբ աչքի առաջ կ’ունենանք Հայաստանի եւ սփիւռքներու կուսակցութիւնները եւ տարբեր պիտակներով ներկայացող շարժումները, մենք մեզի հարց կու տա՞նք, թէ փոքրիկ ժողովուրդի մը եւ փոքրիկ երկրի մը համար կա՞ն այսքա՜ն բազմաթիւ ծրագիրներ, այդ կոտորակուած ուժերը ինչպէ՞ս կրնան պաշտպանել եւ հետապնդել իրականացումը փոքրիկ ժողովուրդի մը շահերուն եւ իրաւունքներուն:
Ժողովրդավարութեան ծնունդ են կուսակցութիւնները, բայց այսօր անոնք իրենց կազմակերպութեամբ եւ ստեղծած արհեստավարժ մնայուն եւ գրեթէ անփոփոխելի վարչամեքենաներով կը հեռանան ժողովուրդէն, քանի որ արհեստավարժը եւ մնայունը, նոյնիսկ երբ իրենք զիրենք կը վերանորոգեն իրենց պատկերով եւ զիրենք շարունակողներով, կը հակասեն ժողովրդավարութիւնը:
Այսօր մարդիկ կան, որ հասած են անհեթեթ այն եզրակացութեան, որ ներկայացուած եւ ներկայացող անուններուն քուէարկելով ղեկավարութիւն յառաջացնելու փոխարէն, վիճակ պէտք է հանեն ընկերութեան եւ երկրի առաջնորդ ընտրելու համար: Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ առաջարկողներ կան, որ ազգային ժողովներու անդամներու ժամանակաշրջանը սահմանափակուի մէկ, երկու կամ երեք անգամով, մինչ այսօր կան մարդիկ, որոնք հոն վերջնականապէս լարած են իրենց վրանները, երբեմն ընտանեկան յաջորդութեամբ կամ միաժամանակ ներկայութեամբ, ժողովրդավարութիւնը դարձնելով իր անունը չըսող աւատապետութիւն:
Երկար ժամանակով իշխանութեան գլուխ մնացողներուն նկատմամբ միշտ ալ զարգացած է եւ կը զարգանայ դժգոհութիւն եւ անվստահութիւն, պետական կառոյցներու, պաշտօններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու պարագային, մանաւանդ այն մակարդակներուն, ուր ուսումնական եւ գիտական չափանիշներու արգելքներ չկան: Օրինակ, պետական տուեալ պաշտօնի մը համար կը պահանջուի մասնագիտական այս կամ այն աստիճանի պատրաստութիւն, բայց երեսփոխանին, նախարարին, վարչապետին, նախագահին, միութեան մը կամ կուսակցութեան պատասխանատուին համար նման պայմաններ չկան: Այս պաճառներով ալ ժողովրդավարութիւնը տագնապի մէջ է, կասկած կայ «ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ» ցարդ իմաստութիւն համարուած տարազին մասին, քանի որ կը միջամտեն դրամը եւ դիրքի բերումով ազդեցութիւնները:
Ելք Եւ Լուծում
Այս մտորումներէն ետք ի՞նչ կարելի է առաջարկել` որպէս արդար եւ տրամաբանական ելք եւ լուծում:
Նախ պէտք է խօսիլ կացութեան եւ անկէ բխած հարցերուն մասին` ձերբազատելով պատշաճութիւններու, աւանդութիւններու, լուսապսակներու եւ ամբոխավարական ճառերու գերութենէն: Ժողովրդավարութիւնը իր հոգին կորսնցուցած է, դարձած է շպար` ծնունդ տալով «էսթեպլիշմընթ»-ներու, «վերնախաւ»-ի, ուր «անգամ մը ես անգամ մը դուն» կը պարեն եւ զանգուածը կը դիտէ, կը ծափահարէ:
Ժողովուրդին կամքը եւ ժողովրդավարութիւնը պէտք է պաշտպանել ընդդէմ ամէն կարգի անտեսումներու, որոնց պատճառով կը ծնին եւ կը յաւերժանան «էսթեպլիշմընթ»-ները: Այդ պաշտպանութիւնը պէտք է որ կատարեն, կատարէին, մամուլը, լրատուութիւնը, հրապարակագրութիւնը, գրականութիւնը, արուեստները: Երբ թերթերը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, սրահները կը հակակշռուին «էսթեպլիշմընթ»-ին կողմէ, ժողովուրդի կամքը եւ ժողովրդավարութիւնը կը դառնան օդին մէջ սրսկուած անուշահոտ, զոր երբեմն կը գործածենք ծածկելու համար գարշահոտութիւնները, ինչպէս որ այդ կ’ընեն գովերգութիւնները:
Այս խնդիրներուն մասին չի խօսուիր, կամ կը խօսուի ընտրապայքարի մը տեւողութեամբ: Ինչպէս կ’ըսէ վերեւ նշուած բանաստեղծը` Ռէյնըր Մարիա Ռիլքէ, 14 մայիս 1904-ին գրուած նամակի մը մէջ, «Մարդիկ սովորութիւն ունին (շնորհիւ պատշաճութիւններու) բոլոր հարցերուն դիւրին լուծումներ գտնել` ընտրելով դիւրութեան մէջ, ինչ որ նուազագոյն յոգնութիւնը կը պահանջէ»:
Երբ այսօր հայ ժողովուրդը դժուարութիւն ունի վերականգնելու, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ապիկարութիւն է ճկոյթի ետին թաքնուիլ, Պղատոնի նկարագրած ստուերները իրականութիւն համարել: Պատշաճութիւնը այն յուսալի սպասումն է, որ ուրիշներ մեր փոխարէն շագանակները կրակէն հանեն:
Ժողովուրդը կը վերականգնի, տէր կ’ըլլայ իր ճակատագրին, իրաւունք կը հետապնդէ, երբ յանձն կ’առնէ իր շագանակները ինք հանել կրակէն` փոխանակ ըլլալու կամազուրկ եւ գոհանալու «վարդապետն ասաց»-ով (magister dixit):
Հոս կը սկսի իրաւ եւ վաւերական մտաւորականութեան դերը` ընդդէմ ամէն տեսակի «էսթեպլիշմընթ»-ներու, ընելու այնպէս, որ զանգուածները իրենք զիրենք տեսնեն այդ վաւերականութեան հայելիին մէջ:
Որպէսզի մեր անկեղծիք վաղը այսօրուան խարխափումներէն լաւ ըլլայ:
Ժողովրդավարութեան կենսագործման եւ յաջողութեան համար անհրաժեշտ է բարոյական իմաստութիւն (éthique), եսէն անդին, որ այլ կարողութիւններու եւ գիտութեան պսակումը պէտք է ըլլայ ընդհանրապէս անհատին, բայց մանաւանդ` բոլոր մակարդակներու առաջնորդին:
10 յունուար 2017, Նուազի-լը-Կրան