Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ապրիլ Ամիսը` «Հայոց Պատմութեան Ամիս» Լոս Անճելըս Գաւառին Մէջ

$
0
0

Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդը երեքշաբթի, մարտ 28-ին միաձայնութեամբ վաւերացուց վերահսկիչներ Քեթրին Պարկըրի եւ Ճոնիս Հանի կողմէ առաջադրուած այն առաջարկը, որ ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» կը հռչակէ գաւառին տարածքին:

Պարկըր կը յայտնէ, թէ խորհուրդը իր այս որոշումով կ՛ուզէ լուսարձակի տակ առնել հայ համայնքին ունեցած բարենպաստ ներդրումները Լոս Անճելըս գաւառի տնտեսութեան եւ մշակոյթի մարզին մէջ:

Պարկըր կ՛աւելցնէ, որ Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդը որոշած է ապրիլ ամսուան իւրաքանչիւր երեքշաբթի օրուան ընթացքին հայ քաղաքացի մը մեծարել, իսկ ապրիլ 18-ը «Յիշատակի օր» պիտի հռչակուի ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>