Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Թատրոնը Մարդկային Ուղղակի Կապի Այն Գեղարուեստական Ամպիոն Է, Ուր Արուեստով Կարելի Է Փոխանցել Այն, Զոր Կարելի Չէ Հասցնել Խօսքով» «Ազդակ»ին Կ՛ըսէ Փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան կազմակերպած Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով Երեւանէն յատուկ հրաւէրով Պէյրութ այցելեց Երեւանի Տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէն, Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի Դերասանի վարպետութեան եւ բեմադրութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան: «Ազդակ» այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցաւ փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեանին, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան Թատրոնի միջազգային օրուան նախաձեռնութեան մասին:

ՄԱՐՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Այս տարի Համազգայինի «Գ. Իփեկեան» թատերախումբի վարչութիւնը առաջին անգամ ըլլալով թատրոնի միջազգային օրը նշելու նախաձեռնութիւնը ունեցաւ: Հիմնականին մէջ այս նախաձեռնութիւնը ունենալու պատճառը տագնապ մըն է, որ գոյութիւն ունի լիբանանահայ բոլոր թատերախումբերուն մէջ` ըլլան անոնք միութենական կամ անհատական: Կարծէք` ներկայացումի, հանդիսատեսի, նիւթի, մակարդակի հետ առնչուած անհանգստութիւն մը գոյութիւն ունի: Այս խնդիրները ժամանակի ընթացքին վէճերու եւ տարակարծութիւններու դուռ կը բանան: Ուրեմն, երբ հարցականները դրուած են այսօր, ըստ երեւոյթին, բան մը ունին ընելիք անոնք, որոնք թատրոնի ապագայով կը տագնապին: Բնական է, որ այս հարցերը պիտի չլուծուին մէկ օրէն միւսը:

Թատրոնի միջազգային տօնի նշումը մէկ կողմէն երախտագիտութեան առիթ է բոլոր թատրոնի մարդոց, թատերախումբերուն, բեմադրիչներուն, հին ու նոր դերասաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք առաջին օրէն քրտինք թափած են բեմին վրայ, եւ միւս կողմէ մեկնարկ մը` առկայ հարցերը դիմագրաւելու, լուծումներ բերելու, խորհրդակցելու եւ այլն: Հաւանաբար այս տօնը վերածուի աւանդութեան մը, եւ սկսինք մենք մեզ քննելու եւ տեսնելու, թէ ո՛ւր ենք եւ ի՞նչ դրական գործեր կատարած ենք: Այս նշումին մէջ կը կարծեմ աւելի կարեւոր խօսք ունին բեմադրիչները, որոնց համար թատրոնը ամբողջական առօրեայ է: Այս նպատակով ալ հիւրընկալեցինք Ռուբէն Բաբայեանը, որ որպէս փրոֆեսէօր եւ մեծ վաստակ ունեցող բեմադրիչ` իր մասնակցութիւնը ունենայ նախաձեռնութեան:

«Ա.».- Ինչո՞վ կը յատկանշուի հայ նորագոյն թատրոնը:

ՌՈՒԲԷՆ ԲԱԲԱՅԵԱՆ.- Հայաստանի մէջ թատերական գործընթացը համաշխարհային թատրոնի գործընթացին մէկ մասն է. այն բոլոր խնդիրները, որոնք կը հասուննան թատրոնի առջեւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ, կը հասուննան նաեւ Հայաստանի մէջ:

Թատրոնը ընդհանրապէս եւ մշտապէս ունի կարեւոր խնդիր մը` գտնել իր տեղը հասարակական մշակութային կեանքին մէջ: Այն պահէն ի վեր, երբ կը կարծես, թէ հասած ես ինչ-որ հանգրուանի եւ կրնաս հոն որոշակի չափով մնալ, հանգստանալ, կեանքը քեզ մէկ անգամէն ետեւ կը նետէ, որովհետեւ ամէն ինչ արագ կը զարգանայ. մենք գիտենք, որ 21-րդ դարուն կեանքը, գեղագիտութիւնը, խնդիրները արագ կը փոխուին, կենցաղը եւ նոյնիսկ ազգային հարցերը արագ կը փոխուին, թատրոնը պարտաւոր է արձագանգել այդ արագ փոփոխութիւններուն: Թատրոնը կեանքի հայելին է, ոչ թէ այն իմաստով, որ բեմ կը բարձրացնէ կենցաղը, այլեւ կ՛արձագանգէ այդ բոլոր հարցերուն, կը փորձէ այդ հարցերը գեղարուեստական միջոցով բարձրացնել վեր, որպէսզի հանդիսականին համար դառնայ հետաքրքրական: Հասարակութիւնը պէտք  է հասկնայ, որ թատրոն կու գայ եւ հոն կը տեսնէ թէ՛ անհատական, թէ՛ ընկերական միջավայրին խնդիրները, հարցերը, որոնք լայն հասարակական հնչեղութիւն եւ ազդեցութիւն ունին. ահա այստեղ թատրոնը կը կատարէ իր դերը:   Լաւ թատրոնը, իմ խորին համոզումով, ժամանցի վայր չէ, այս չի նշանակեր, որ որոշ ժանրեր արգիլուած են, ո՛չ, բոլոր ժանրերն ալ ընդունելի են, ե՛ւ ողբերգութիւն, ե՛ւ կատակերգութիւն, ե՛ւ տրամա, ե՛ւ վոտեւիլ (թեթեւ կատակերգութիւն, խմբ.) ե՛ւ ֆարս, ե՛ւ ամէն ինչ. հարցը այն է, որ մարդ հասկնայ, թէ որպէս հանդիսական իր ներքին կացութեամբ, իր խնդիրներով զբաղուած են նաեւ արուեստի մարդիկ, որոնք անարձագանգ չեն մնացած:

Անցնող օրերուն մենք անդադար խօսեցանք, թէ ինչպէ՛ս հայկական գաղութները առաջին հերթին կառուցած են եկեղեցի, դպրոց, ապա ստեղծած են թատրոն. ուրեմն թատրոնի միջոցով մենք կը փորձենք լիարժէք դարձնել մեր կեանքը, հոգեւոր արժէքները, կրթական համակարգը, որ կ՛ապահովէ ազգի առաջընթացը, նաեւ մշակոյթը, որ պարտադիր է, որովհետեւ եթէ չկայ ազգի պատմութեան մէջ մշակոյթ, ապա շատ վտանգաւոր բաներու կրնայ հասնիլ ազգը, նոյնիսկ մինչեւ ոչնչացման կրնայ երթալ:

Այս բոլորը հարցերը կան նաեւ Հայաստանի մէջ, բայց ինչպէ՞ս ընել, որ խօսքը, միտքերը, գործողութիւնները, գեղագիտութիւնը հետաքրքրական, ժամանակակից ու հասանելի ըլլան: Կան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք կապուած են հասարակութեան հետ, արդեօ՞ք հասարակութիւնը պատրաստ է ընկալելու,  թէ՞ կ՛ուզէ պարզապէս զուարճանալ: Այս խնդիրները կան Մեծն  Բրիտանիայէն մինչեւ Հնդկաստան, Հայաստան եւ ամէն տեղ: Այս իսկ պատճառով թատրոնը կը պահանջէ, որ դուն միշտ նոր ձեւեր որդեգրես, որովհետեւ մարդոց կը հետաքրքրեն նոր ձեւերը. օրինակ` եթէ գաղափարներդ հին կարասի մը մէջ կը գտնուին, այդ կրնայ չհետաքրքրել եկող սերունդը, եւ այդ ժամանակ նոր աճող սերունդը կրնայ թեքիլ դէպի ուրիշ կողմ, հանել մշակոյթը իր կեանքէն, հետաքրքրուիլ բացարձակապէս ուրիշ բաներով, որոնք հոգեւոր ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն իրեն համար: Սա ազատ մրցակցութիւն է, եւ դուն հոս պէտք է կարենաս գրաւել քու տեղդ. արգիլելով` հարցերը չեն լուծուիր, առաւել եւս` 21-րդ դարուն, երբ կայ շատ ազատ շփման եւ որեւէ տեղեկութիւն ստանալու հնարաւորութիւն: Պէտք է այս պայքարին մէջ մտնես ուժեղ, մտնես ամուր հիմքերու վրայ եւ կարենաս քու ուզածդ ընել: Լաւագոյն օրինակները, որոնք կան  Հայաստանի մէջ, ես նկատի ունիմ թատերական կեանքին մէջ, կ՛ապացուցեն, որ մենք որեւէ բանով չենք զիջիր ամէնէն առաջադէմ թատերական երկիրներու, մենք ալ մշակոյթին առջեւ կը դնենք մշակութային խնդիր, մշակոյթ զարգացնելու, մշակելու խնդիր. այսօր այս բոյսը կը մշակեմ, պտուղը գուցէ ուրիշը կ՛ուտէ, բայց եթէ ես չզբաղիմ մշակոյթի այդ աշխատանքով, վաղը հաստատ գոյութիւն չ՛ունենար այդ պտուղը: Ես կը կարծեմ` ասոնք այն հարցերն են, որոնք հիմնականին մէջ բոլորին կը վերաբերին: Հայաստանը որպէս անկախ պետութիւն` պէտք է իր կարեւորագոյն դերը ներկայացնէ եւ հաստատէ բոլոր ասպարէզներուն մէջ, որովհետեւ պետութիւնը մէկ ասպարէզով հաշմանդամ պետութիւն կը դառնայ. գիտութիւն, կրթութիւն, բժշկութիւն, արուեստ, արդիւնաբերութիւն, պաշտպանութիւնը բոլորը պէտք է համատեղ ըլլան,  որովհետեւ իրականութեան մէջ զիրար կը սնուցանեն: Ներկայիս մենք Հայաստանի մէջ կ՛իրականացնենք մեծ ծրագիր, որ կապուած է դէպի մարզեր, դէպի զօրամասեր մշակոյթ տանելու, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի ինքզինք անտեսուած չզգայ, որ` սահմանին կանգնած զինուորը եւս չզգայ, որ այդ մշակոյթը իրմէ հեռու է, այլ իր մէջն է, մշակոյթը բոլորին համար է. անշուշտ սա չի նշանակեր, որ մշակոյթը պէտք է իջնէ ցած մակարդակի, որպէսզի բոլորին հասանելի ըլլայ: Հասանելիութիւնը ոչ թէ գաղափարական, գեղագիտական է, այլ այն իմաստով, որ իւրաքանչիւրը կարենայ զայն ստանալ: Մենք մեծ խնդիր ունինք, որ մեր հասարակութիւնը ըլլայ քաղաքակիրթ, որովհետեւ միայն քաղաքակիրթ հասարակութիւնը կրնայ յաղթահարել այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնք իր դիմաց կը հանեն ժամանակը, իրադրութիւնները, որովհետեւ քաղաքակրթութիւնը քեզի ուժ կու տայ դիմադրելու ամէն ինչի եւ ճշմարտութիւնդ առաջ տանելու: Այստեղ թատրոնը որպէս գեղարուեստական ամպիոն` շատ կարեւոր է, որովհետեւ այն ինչին, որ հնարաւոր չէ հասնիլ պարզապէս խօսքով, հնարաւոր է հասնիլ արուեստով: Արուեստին ազդեցութիւնը շատ ուժեղ է, որովհետեւ ճիշդ մարդուն ներսը կը մտնէ, հոգին կը զարգացնէ, կ՛արթնցնէ:

«Ա.».- Թատրոնը ո՞ւր է այսօր, երբ շարժանկարը նուաճած է համաշխարհայնացման այս դարը: 

Ռ. Բ.- Իր ծննդեան օրէն մինչեւ այսօր թատրոնը ունի առանձնայատկութիւն մը, որ շարժանկարը չունի` ուղիղ մարդկային շփում: Խօսքը այստեղ չի վերաբերիր արժէքին, որովհետեւ արժէքաւոր են արուեստի բոլոր ձեւերը, բայց թատրոնը առաւել իւրայատուկ է եւ անմիջական` մարդուն հետ ապրելով: Սա մարդկային ամէնէն կարեւորագոյն պահանջն է: Դուք կրնաք նոյն շարժանկարը 10 անգամ դիտել, կանգնեցնել, երբ որ ուզէք, կ՛անջատէք, կը յարմարեցնէք ձեր կեանքին եւ հոն բան չի փոխուիր, իսկ թատրոնի պարագային մարդկային շփումը կը ստիպէ ձեզի մտնել այդ մթնոլորտին մէջ, դուք կը դառնաք ակամայ ստեղծագործող, սա է թատրոնին խնդիրը` միացնել նաեւ հանդիսատեսին երեւակայութիւնը: Ես կը կարծեմ, որ իրականութեան մէջ արուեստը կը բաժնուի երկու մասի, մէկ մասը հանդիսատեսը կը դարձնէ սպառող, իսկ միւս մասը` ստեղծագործող. հանդիսատեսին երեւակայութիւնը կը սկսի գործել եւ կրնայ աւելի խոր մտքեր ունենալ, քան բեմադրիչը ի սկզբանէ ներկայացման մէջ դրած է, ահա ասիկա հանդիսատեսին առաւելութիւնն է: Եւ քանի կայ կենդանի մարդը, կեանքը, մշտապէս պահանջ կ՛ըլլայ կենդանի շփման:

Տե՛ս, այս հարցազրոյցը կարելի է վարել հեռախօսով, բայց մենք հիմա զիրար կը տեսնենք, ինչ որ մեր խօսակցութեան կենդանի բնոյթ կու տայ. ես կը տեսնեմ, կ՛ոգեւորուիմ, կը փորձեմ աւելի ուղղել միտքերս, հասանելի դարձնել խօսքս, ես կը հասկնամ, որ դուք կ՛ըմբռնէք, կը համաձայնիք հետս, չէք համաձայնիր, եւ այսպէս: Այս երկխօսութիւնը հնարաւոր  է միայն թատրոնին մէջ, որովհետեւ թատրոնը փոփոխական է լաւ իմաստով: Ան կ՛արձագանգէ ամէն մէկ հոգիի փոքրիկ շարժման: Այս երեւոյթը որեւէ բանով փոխարինել հնարաւոր չէ:

Ըսեմ նաեւ, որ թատրոնին մահը` որպէս արուեստի ձեւի, մօտաւորապէս երկուքուկէս հազար տարիէ կ՛արձագանգուի ամէն սերունդի կողմէ, բայց թատրոնը չի մահանար, քանի կայ կեանքը, քանի դեռ մարդուն մէջ կայ ցանկութիւն. հոս կարեւոր հանգամանք մը կայ` թատրոնը պիտի չդաւաճանէ իր ամէնէն կարեւոր սկզբունքին` մարդկային շփման: Երբ որ թատրոնը այս սկզբունքին դաւաճանէ,  կը պարտուի, երբ թատրոնը փորձէ ուրիշ արուեստի ձեւերու կամ ուրիշ զանգուածային հանդիսութիւններու օրէնքները իր վրան վերցնել, խնդացնել կամ լացնել, կը պարտուի: Թատրոնին ոլորտը  ուրիշ է: Կը կարծեմ, որ մարդ միշտ ցանկութիւն ունեցած է լսելու, հոգիի արձագանգները գտնելու, զգացումներ, միտքեր ունենալու, գուցէ` առանց կողմնորոշուելու, առանց վերջնական պատասխան ստանալու: Եթէ ես կը բարձրացնեմ հարց մը, որ ձեզ կը յուզէ, կը նշանակէ, որ մենք արդէն միաւորուեցանք եւ մեր միաւորման մէջ կրնանք գտնել ճիշդ լուծումը այդ հարցին: Կը կարծեմ, որ թատրոնը միշտ կը պարտուի, եթէ ուրիշ դաշտ տեղափոխուի, եւ միշտ կը շահի, եթէ մնայ իր դաշտին մէջ` իր ուժեղ կողմերը օգտագործելով:

Ըսեմ նաեւ, որ շարժանկարներուն մէջ հնարաւոր է ոչ մասնագէտ դերասաններ ունենալ եւ ստանալ լաւ շարժանկար: Հանճարեղ իտալացի բեմադրիչ Բազոլինին միայն փողոցի մարդիկը կը հաւաքէր որպէս դերասան եւ կը պատրաստէր իր ժապաւէնները: Բայց թատրոնի պարագային, եթէ դերասանը չյաջողեցաւ, ոչ մէկ բան կը յաջողի բեմին վրայ: Եթէ շարժանկարին մէջ կ՛ուզեմ գաղափար մը տալ, կրնամ ցոյց տալ լեռ, գետ եւ այլն,  ազդեցութիւնը կ՛ըլլայ նոյնը, իսկ թատրոնին մէջ գաղափարները, միտքերը, երեւոյթներ, վիճակներ կրնամ ցոյց տալ միայն դերասանի աչքերով, միայն դերասանի հոգիով, որ հնարաւոր չէ ուրիշ ոլորտներու մէջ:

Կեանքին ամբողջ իմաստը մարդն է, կեանքը մարդ է, կեանքը շարունակական է մահով, կեանքով, եւ թատրոնը նոյն սկզբունքով կ՛ապրի: Կը մահանայ հին թատրոնը, կը ծնի նոր թատրոնը: Եթէ մենք փորձենք պահել հին թատրոնը հին ձեւերուն մէջ, մենք կ՛երթանք կեանքին դէմ, որպէսզի ծնի նորը, պէտք է հինը մահանայ:

«Ա.».- Հայ թատրոնը ի՞նչ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի այսօր:

Ռ. Բ.- Ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ գործող թատրոնի ղեկավարման գործընթացը շատ կարծրացած է: Թատրոնը շատ մարդկային է, այո՛, բայց նաեւ պէտք է փոխել անոր կազմակերպչական ձեւերը, անիկա աւելի ճկուն պէտք է դարձնել, որ աւելի արագ արձագանգէ կեանքի փոփոխութեան: Ցաւօք սրտի, մեր կազմակերպչական ձեւերը հիմնականին մէջ ժառանգուած են Խորհրդային Միութենէն: Ես չեմ ըսեր, որ այն ժամանակ շատ լաւ կ՛աշխատէր թատրոնը, բայց այն ատեն ուրիշ երկիր էր, հարուստ էր: Թատրոնը կը կապուի հասարակութեան հետ ոչ միայն ներկայացումով, այլեւ` պատասխանատուութեամբ. շատ կարեւոր է, որ մեծահարուստը պատասխանատուութիւն զգայ արուեստ պահելու: Հայաստանի մէջ, ցաւօք սրտի, կը բացակայի մեկենասութեան եւ հովանաւորութեան գործընթացը, սա շատ վտանգաւոր է: Բոլորը կարիքը ունին եւ պատասխանատու են լաւ արուեստի, ճիշդ մշակոյթի. ի զուր չէ, որ կիսագրագէտ Մանթաշովը դրամ կու տար եւ մարդիկ կը ղրկէր Փարիզ, որ ուսանին, դրամ կու տար Շիրվանզադէին, որ բեմադրութիւններ ընէր: Ան կրթութիւն չունէր, բայց իր բնազդով կը հասկնար, թէ որքա՛ն կարեւոր է իր ազգին ու երկրին համար այդ մէկը:

Ունինք նաեւ կրթական բնոյթի դժուարութիւններ: Այս արագ զարգացման դարուն մենք կարիքը ունինք լաւ մասնագէտներու, ընդ որում` թատերական ոլորտը հիմա չի սահմանափակուիր միայն բեմադրիչով ու դերասանով, բազմաթիւ մասնագիտութիւններ կան նոյն դերասանի վարպետութեան մէջ` բեմական խօսք, բեմական շարժում, պար եւ շատ մը այլ դասընթացքներ, որոնք շատ կարեւոր են, որպէսզի 21-րդ դարու հայ դերասանը իսկապէս ըլլայ պահանջուած: Ասոնք հարցեր են, որոնք կը լուծուին ընդհանուր կրթական համակարգին մէջ: Կը կարծեմ, որ կարեւորը ճիշդ խնդիրը որոշելն է: Եթէ չկան խնդիրներ, չկայ ուրեմն կեանք: Չկայ երկիր մը, ժողովուրդ մը, ընտանիք մը կամ անհատ մը, որ խնդիրներ չունենայ. խնդիրներ չտեսնել` կը  նշանակէ տեղը տոփել: «Ամէն ինչ լաւ է» ըսելը շատ վտանգաւոր է, իսկ խնդիրներ տեսնելը կը նշանակէ, որ դուն կը նայիս դէպի ապագայ, դուն կ՛ուզես աւելի լաւ ըլլալ, առաջ երթալ: Թատրոնը կ՛աշխատի ամբողջովին կեանքի սկզբունքներով եւ այս պատճառով այն բոլոր խնդիրները, որոնք կան Հայաստանի մէջ` կապուած տնտեսութեան, արդարութեան եւ այլն, կը տեղափոխուին թատերական ոլորտ, սկսած` մեր դերասաններու ընկերային ապահովութեան վիճակէն, ստացած աշխատավարձէն, շուկայէն, որ նոյնպէս կարեւոր է: Յաճախակիօրէն հանդիսատեսը կը թելադրէ իր ցած ճաշակը, եւ որպէսզի այդ ցած ճաշակը չըլլայ, երեխան պէտք է մանկութենէն ստանայ մշակութային կրթութիւն, որ կը դարձնէ մարդը աւելի հզօր, կը բանայ աւելի խոր հորիզոններ, եւ այդ ժամանակ մարդը կրնայ արուեստ ընկալել, որովհետեւ անցած է այդ ճանապարհը: Վերջ ի վերջոյ ամէն ճանապարհ երկկողմանի է, ամէն մէկը իր մասը պէտք է անցնի. բարձրարժէք ստեղծագործութիւնը պէտք է գտնէ իր բարձրարժէք հանդիսականը, իսկ հանդիսականը օդէն չի գար, դուն պէտք է պատրաստես, կրթես, ճիշդ ուղղութիւն ցոյց տաս եւ լաւագոյն օրինակներու վրայ սորվեցնես: Աշխարհը մերն է միանշանակ: Ես միշտ կ՛ըսեմ, ոչ միայն Մատենադարանը եւ Էջմիածինը իմն են, իմն է նաեւ Լուվրը, եգիպտական բուրգերը, համաշխարհային մշակոյթը. ես մարդ եմ, այս բոլորը կը տեսնեմ եւ կը սիրեմ, մենք` հայերս ունինք բազմաթիւ բարձունքներ, որոնք նաեւ աշխարհինն են` Խաչատուրեան, Կոմիտաս, Սարեան…

«Ա.».- Համագործակցութեան ծրագիրնե՞ր…

Մ. Տ.- Այս նախաձեռնութիւնը գործունէութեան մը սկիզբը կարելի է սեպել, որուն հետ առնչուեցան Լիբանանի մէջ գործող բոլոր թատերախումբերը, բոլոր միութիւնները, որոնք թատրոնով եւ մշակոյթով կը զբաղին: Նշեմ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ գործող թատերախումբերու բեմադրիչներուն կարեւոր մէկ տոկոսը Հայաստան ուսանած են: Հայաստանի հետ գործակցութիւնը կայ տասնեակ տարիներէ ի վեր` թատերախումբեր հրաւիրելով, Հայաստան տանելով, բայց այս գործակցութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի միայն այցելութիւններով, այլ որոշ աշխատանքային կամ կրթական գործակցութեան սկիզբ մը պէտք է դնել:

Ռ. Բ.- Շատ կարեւոր է, որ մեր յարաբերութիւնները կենաց ըսելու մակարդակէն տեղափոխուին գործնական մակարդակ: Մենք այլեւս իրարու սէր բացայայտելու կարիք չունինք, մենք հոյակապ կերպով կը հասկնանք իւրաքանչիւրին արժէքը, արժեւորումը, բայց կայ երկրորդ քայլ, թէ` մենք ինչո՛վ կրնանք իրարու օգտակար ըլլալ գործնական ոլորտին մէջ, որովհետեւ կարելի է շատ գեղեցիկ բառեր ըսել, բայց մատը մատին չխփել: Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան նախաձեռնութիւնը առաջին քայլն էր, որպէսզի շօշափուին համագործակցութեան եզրեր: Մենք` հայերս, կը կարծեմ, որ կարիքը ունինք ռոմանթիկ յարաբերութիւններէն անցնելու շատ գործնականին: Գործն է, որ կ՛ապահովէ մեր համերաշխութիւնը: Պէտք չէ ճառեր արտասանել, այլ պայմաններ ստեղծել` գործելու եւ արարելու: Հայրենասիրութիւնը գործ է. գործ կ՛ընես, ուրեմն հայրենասէր ես, չես ըներ, ուրեմն հայրենասէր չես: Որքան կ՛ուզես խօսիր, ճառերը անօգուտ են: Բնական է, որ պիտի ըլլան գործնական քայլեր, որոնք առաջ պիտի գան յաճախակի խորհրդակցութիւններէ եւ հանդիպումներէ ետք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>