ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը ներկայացուց #Սառնարան, #Դրամ, #Փախլաւա կատակերգութիւնը: Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեան այնքան փոխած է անգլերէն բնագիրը, որ զինք կարելի է համարել գործի համահեղինակը:
Թատրերգութիւնը ունի դասական, ուղղափառ բնոյթ: Ինչպէս Արիստոտել իր թատրոնի հիմնադրական «Պոէտիկա» («Քերթողական արուեստ», 335 Ն.Ք.) գիրքին մէջ սահմանած է, որ դէպքերը կը պատահին մէ՛կ վայրի մէջ, մէ՛կ օրուան (24 ժամ) ընթացքին եւ ունին մէ՛կ ու հիմնական գործողութիւն` իւրացնել ապօրինի դրամը: Անգլերէն բնագիրը ունի կուռ կառոյց: Հեղինակը վարպետ արհեստաւոր մըն է: Որպէս ուղղափառ գործ` «Փախլաւա»-ն հիմնուած է նաեւ կատակերգութեան շուկայի ժամանակակից ձեռատետրին վրայ (manual):
Այսպէս.- Ա.- Ընչաքաղցութիւն մարդկային թուլութիւն մըն է, ասիկա դիւրաւ հասկնալի է, չի պահանջեր մտային լարում: Բ.- Վայրը եւ դէպքերը իրականանման են, դիւրաւ հաւատալի: Անոնց հետեւանքներն են զաւեշտական: Գ.- Հերոսները դժուար կացութեան մէջ կը մնան ակամայ: Վտա՛նգը կու գայ իրենց, այլ ոչ թէ իրենք կ’ընթանան առ վտանգն իմացեալ: Դ.- Հերոսները չունին իրենց տարիքի վայել հասունութիւնը, կը վարուին որպէս շփոթահար մանուկներ: Այս չորս տարրերը գոյ են գրեթէ բոլոր յաջող զաւեշտներու մէջ: Բնագիրին հեղինակը խնամքով եւ որոշ շնորհքով գործադրած է անգիր ձեռատետրի բոլոր կանոնները:
Դիպաշարը.- Աւազակուհի մը գողօնը թաքցնելու համար կ’ապաստանի իր աւազակ գործընկերոջ նշանածին եղբօր` Սեւակին տունը (այսինքն` իրմէ երեք «պորտ» հեռու մարդու տուն), ուր այդ պահուն խելակորոյս «փարթի» մը տեղի կ’ունենար (ո՜վ զուգադիպութիւն): Յաջորդ առտու ալքոլահար տանուտէրը սառնարանին մէջ կը գտնէ դրամով լեցուն պայուսակ մը: Կը յայտնուին` աւազակուհին, տանտիրոջ մօտիկ ընկերը (Խաժակ), քոյրը, մայրը, մօր երկուորեակ սպասուհիները, cable-ի պաշտօնեան, աւազակուհիին գործակիցը: Բոլորը կը փորձեն տիրանալ գողօնին, որ այնքան ալ տպաւորիչ գումար մը չէ:
Բազում շփոթ վասն … Որպէս դասական սխալներու կատակերգութիւն` ի հարկէ գոյ են թիւրիմացութեան եւ շփոթի բազմաթիւ պատճառներ: Առաջին հերթին կու գայ գինովութիւնը, որ յաճախ կ’օգտագործուի յիշողութիւնը արհեստականօրէն խաթարելու համար: Ապա կայ դրամով լեցուն խորհրդաւոր պայուսակը: Ինչպէս գինովութիւնը, այնպէս եւ դրամը նոյնպէս մնայուն մեքենայութիւններ են: Ապա կան երկուորեակ օտարազգի սպասուհիները: Երկուորեակներու շփոթը օգտագործուած է Ն.Ք. 4-րդ դարու յունական կատակերգութիւններու մէջ(1): Աւելի ուշ Շէյքսփիրի կողմէ եւ` ոչ միայն: Պարզ է որ օտարազգի սպասուհիները չեն տիրապետեր լեզուին: Ատիկա առիթ կու տայ այլ օրակարգի մը: Աւազակը կը ձեւանայ ըլլալ քրէական քննիչ եւ այլն: Այս բոլորին կը գումարուի «տեղայնացումի» շփոթը` «Սէրը չի ծերանում» (2) երգի միջոցով: Մայրը կ’ենթադրէ, որ Խաժակի սիրային երկտողը ուղղուած է իրեն եւ ոչ` իր աղջկան: Սալբի երգիչի ինքնութենէն մեկնած` կ’եզրակացնէ, որ Խաժակ միասեռական է: Ելոյթը իսկապէս որ գերյագեցած էր շփոթով:
Ոչ կատարողական.– Բեմայարդարումը ե՛ւ աչքառու էր ե՛ւ իմաստալից: Գործածուած էին այն գոյները, որ կեղծ քննիչը նշած էր իր կեղծ զեկոյցին մէջ` կարմիր, կանաչ, դեղին եւ քիչ մը կապոյտ: Սառնարանը դրուած էր բեմի աջակողմեան (Աւելի ուժեղ) դասին մէջ, եռաստիճան բրգաձեւ պատուանդանի մը վրայ: Բարի՛: Մոնա Լիզա նստած էր նկարչական եռոտանիի վրայ` հաւանաբար գործնական նկատառումով: Ոչի՛նչ: Բայց Մոնա Քիզան խծբծուած էր, վիզէն կախ էր հիփփիներու զինանշանը: Այդ կարելի չէ անտեսել: Ասիկա կ’առնչուի այլ հարցի մը. ինչո՞ւ փողոցի եւ բաղնիքի դռները միանման էին: Այդ եւս կարելի չէ անտեսել: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել: Երաժշտութիւնը յարիր էր, բայց կը մնար օժանդակ: Ատիկա հաւանաբար դիտումնաւոր էր: Բարի՛: Ընտրուած էր Ռեյնքարնեյշըն (վերամարմնաւորում) խումբի «Էլի լաւ ա» հեգնական երգը, ինչպէս եւ այլ խորապատկերային մեղեդիներ: Բարի՛: Լուսաւորումը դեր չունէր: Ասիկա սովորական է թեթեւ կատակերգութիւններու պարագային:
Կողմնակի ճակատ.– Ելոյթը ունէր երկրորդ օրակարգ մը: Ինչպէս վերը յիշեր էի, Մոնա Լիզա խծբծուած էր եւ կը կրէր բողոքի զինանշան: Այդ կտաւը «քառակուսի» մշակոյթի խորհրդանիշ է: Ելոյթը ճակատ բացած էր այդ «քառակուսի» մշակոյթը կրող լեզուի դէմ: Ուրեմն այսպէս. տանտիրոջ ընկերը` Խաժակ, քանի մը անգամ գործածեց սխալ բառեր (որոնք խորամանկօրէն չէին խանգարեր խօսքի ճիշդ ընկալումը), ապա նկատել տուաւ` «Ի՞նչ տարբերութիւն»: Խաժակ յօրինեց նաեւ ձախաւեր ոտանաւոր մը, որուն իմաստը գրեթէ հարիւր տոկոս կը համընկնէր Դուրեանի բանաստեղծութեան առաջին տողերուն հետ: Այո՛, «Ի՞նչ տարբերութիւն»: Ապա կան երկուորեակները, որոնք առ երեւոյթ թիւրիմացութեան ճամբով հարցականի տակ կը դնէին բառերու իմաստը: Միւս կողմէ` իրենք կը խօսին շատ հասկնալի, բայց սխալ քերականութեամբ: «Ի՞նչ տարբերութիւն», հասկնալի է, չէ՞: Ապա կայ գրական լեզուի քաշքշուք: «Ելեկտրահար եղեր է» – «Ի՞նչ, երրորդ յարկէն ինկեր է» եւ այլն: Այս բոլորը պատահականութեան արդիւնք չի կրնար ըլլալ: Բեմագիր-բեմադրիչը բազմիցս յայտարարած է, որ թատրոնը հայոց լեզուի դասապահ չէ: Այստեղ խօսքը թարգմանած է գործի: Անձնապէս այս օրակարգը գտայ հաճելի եւ հնարամիտ:
Զիս շփոթի մատնեց ծաղկեփունջը: Խաժակ բացատրեց, որ բերած է, որպէսզի սենեակին գոյն տայ: Բայց բեմը ունէր վառ գոյներ, մինչդեռ ծաղկեփունջը տժգոյն էր: Այդ լեզուական ծանա՞կ էր, թէ՞ կաֆ: Չեմ գիտեր: Բարի՛:
Այդտեղ կար, սակայն, յարակից ցաւոտ հարց: Թատրերգութեան լեզուն չունէր միատարր տրամաբանութիւն: Փութամ նշել, որ այս հարցը այս կամ այն տարողութեամբ գոյ է բոլոր ելոյթներուն մէջ: Թերեւս ամէնէն վառ օրինակը հետեւեալն է. «Առաջուան ունեցածին հետ համեմատած` ասիկա բան մը չէ»: Անոնք, որոնք թրքավարի կ’ըսեն` «Ասիկա բան մը չէ», հաւանաբար չեն գիտեր «համեմատած» բառին իմաստը: (Համը ի՞նչ ըրած): Բառապաշարը իսկապէս խառնարան մըն է: Կային բառեր, ինչպէս` «ուղեղ` մթագնիլ», «բաւականին», «մթնոլորտ», «Վարձատրել», «ձերբազատուիլ», «բաւարարուիլ», «ուսապարկ», «զլանալ» եւ այլն: Միւս կողմէ `միեւնոյն անձերը թրքաբարոյ կ’ըսեն` «պառկելու լեցուն տեղ կայ», «նեղութիւն քաշել» եւ այլն: Վարդա՛ն ջան, համատեղ չի կարելի: Կամ էս, կամ էն: Ի դէպ, պարտականութեան մէջ ոչ թէ կը զլանան, այլ կը թերանան: Ի՛նչ տարբերութիւն:
Թերեւս ելոյթը կը ցոլացնէ գաղութի լեզուական խառնաշփոթը: Ցաւոտ հարց: Հարկ է նշել, որ հակառակ թերութիւններուն, լեզուն որոշ հեռաւորութեան վրայ մնաց գռեհկութենէ: Բարի՛:
Անուանակոչութիւն.– Դերակատարներու անունները երբեք պատահական չեն: Կային անուններ, որոնց ընտրութիւնը կ’առնչուի Մոնա Լիզայի խծբծումին: Առաջին հերթին կար երկուորեակներու անուանումը` Մումի-Միմու, որ կը թելադրէ բառախաղ: Բարի՛: Սիրարփի եւ Եպրաքսի անունները կարելի է ակնարկ համարել պոլսահայ երգիծանքին: Խաբեբայ աւազակը կը մարմնաւորէր նոյնինքն Վարդան, որ կոչուած էր Մամիկոն: Վարդան – Մամիկոն: Կրկնե՞մ, որ ջոկէք: Ի դէպ, Կարմիր Վարդանի իսկական պատմական դերին շուրջ կան անհաճոյ վարկածներ: Մեկնաբանելի: Իր զաւկի տարիքով տղան գայթակղեցնող, բարոյական զեղումներէ ետք դրամը կորզող տիպարը կոչուած էր Թագուհի Մծբնեան: Թագուհի միակ տիպարն է, որ ունի ազգանուն: Ռամիկներ ազգանուն չէին ունենար: Բարի՛: Թագուհի հեգնական անունը ինքնին խօսուն է: Իսկ Յակոբ Մծբնացի, կամ երանելի Յակոբ երրորդ դարուն Մծբինի (3) մէջ գործող մենակեաց ասորի սուրբ մը եղած է: Թեթեւաբարոյ կինը կը դասուի ազնուական եւ կը կոչուի սուրբի անունով: Պատահականութի՞ւն, թէ՞ «Մոնա Լիզա»-ներու խծբծում: Յոյժ մեկնաբանելի:
Տաբատականք.– Սեռը սկիզբէն մնայուն ներկայութիւն ունեցած է զաւեշտներու եւ կատակերգութիւններու մէջ: (1) Ներկայ ելոյթին մէջ, լեզուականէն ետք, սեռը երկրորդ կողմնակի ճակատն էր: Այս ուղղութեամբ ելոյթը ցաւօք բաւարար հեռաւորութիւն չէր պահած գռեհկութենէ:
Տանտիրոջ մայրը սեռային գրոհ տուաւ իր զաւկի ընկերոջ վրայ: Բայց այդ տարասեռ տեսարանները մնացին պատշաճութեան սահմաններուն մէջ: Բարի՛:
Միւս կողմէ` տղամարդոց «տակը խառնեցին» բանիւ եւ գործով, կրկին եւ կրկին: Խաժակի տաբատը երկար ժամանակ մնաց ծունկերէն վար: Ապա տաբատը անցուց գլխուն: Ապա փոխեց տաբատը: Ի վերջոյ տաբատի յառաջամասէն դուրս կախուեցաւ չափազանց թելադրական երկարաւուն քուրջ մը: Երկու ընկերները թելադրական ձեւով գիրկընդխառնուեցան առ նուազն չորս անգամ, չհաշուած` անոնց յետսամասերու բախումները: Ասոնց կարելի է աւելցնել ծերունազարդ դրացուհիի կարմիր (այո՛, կարմիր) ներքնազգեստը, որ դրօշի պէս ծածանեցաւ քանի մը անգամ: Ո՛չ բարի:
Տեղեկացուեցանք, որ իր ընկերոջ հետ գիրկընդխառնուող տանտիրոջ հայրը ինքզինք կոչած է Սիրարփի եւ փախած` ինքզինք Եպրաքսի կոչած «տղամարդու» մը հետ:
Կը կարծեմ, որ միասեռականութեան օրակարգը անտեղի էր առ նուազն երկու պատճառներով: Նախ պարզ է, որ գռեհկացուց ելոյթը: Թերեւս աւելի կարեւոր պատճառը այն է, որ խախտեց գործողութեան միութեան բնագրի ուղղափառ կուռ սկզբունքը: Այդ օրակարգը ոչ մէկ ձեւով առնչուած էր տաք դրամը իւրացնելու բներգին:
Բեմադրութիւն.- Ելոյթը ունէր աւելի քան բաւարար եռանդ եւ կշռոյթի զգացում: Ասիկա շատ կարեւոր է զաւեշտի եւ կատակերգութեան պարագային: Շա՛տ բարի: Թերի էր, սակայն, չափի զգացումը: Նժարը կը հակէր աւելի շարժումի, քան երկխօսութեան կողմ: Տաբատի, ձեռք սեղմելու եւ այլ պատկերներ ձգձգուեցան: Կատակերգութեան պարագային մէկ երկվարկեանի ձգձգումն իսկ կրնայ աղէտալի ըլլալ: (1) Մամիկոն շուրջ տասը անգամ գիրկընդխառնուեցաւ կամ փորձեց գիրկընդխառնուիլ: Կարելի էր զեղչել Թագուհիի սուտ լացերէն եւ Մամիկոնի «կարեւոր» հեռախօսի զանգերէն առ նուազն մէկական տեսարան եւ այլն:
Կատակերգութեան մէջ կարեւոր է յստակութիւնը: Գործողութիւնները հարկ է որ ըլլան իրականանման, հաւատալի, թէկուզ` թերեւս անհեթեթ: Ներկայ կատակերգութեան կեդրոնը գտնուող գումարը քանի մը անգամ անհետացաւ կամ ձեռք փոխեց: Բայց ոչ մէկ անգամ պարզ էր, թէ ինչպէ՛ս: Կը թուի, թէ ինչպէս հեռատեսիլի պարզամիտ գործաւորը ենթադրեց, իսկապէս որ այդ տան մէջ գոյ էին կախարդներ: Բեմադրիչը կը բացատրէ, որ թատրերգութեան մէջ «դէպքերու ժամանակագրութիւն գոյութիւն չունի, իւրաքանչիւր դէպք կապուած է այլ իրողութեան մը»: Բարի եւ յարգելի, բայց այդ յարիր չէ կատակերգակ տրամաբանութեան:
Կային այլ մանրուքներ, որոնք թուեցան անհասկնալի: Հերոսին քոյրը, օրինակ, գանգատեցաւ, որ տունը «կը հոտի»: Ապա մաքրեց… դրան ապակիները:
Անգլիական բնագրի պարագային, դրամը պարզապէս պատրուակ մըն է խառնաշփոթ ստեղծելու համար: Վարդան Մկրտիչեան «ծաղկեցուցած» է ատիկա եւ վերածած` «փախլաւա»-ի, որ կրնայ նշանակել շատ մը բաներ: Անձնապէս կը կարծեմ, որ կը խորհրդանշէ ցանկալին, փորձութիւնը, որ կը «մթագնէ» մարդոց մտքերը:
Ելոյթի ուղերձը նոյնպէս կ’առնչուի Մոնա Լիզա խծբծելու հետ: Երկու դերակատարներ` Թագուհի եւ Խաժակ, կ’ատենախօսեն բարոյականի եւ մարդկային արժէքներու մասին: Նոյն երկուքը կը կորզեն գումարը եւ կը փախչին: Յատկանշական էր այն պատկերը, ուր Խաժակ բարձրաձայն կը քարոզէր` կանգնած եռայարկ ամպիոնի կատարին: Նոյն պահուն դողդոջելով ներս կը մտնէ ալեհեր դրացին եւ կը պահանջէ իր պառաւին կարմիր շապընկերը: Բեմադրիչը կը ձաղկէ սնամէջ քարոզները: Բարի՛:
«Ո՞ւր էին, սակայն, այն հարցադրումները, որոնք թատրերգութիւնը կը կատարէր: Միթէ գո՞յ է մանուկ մը, որ չէ ըմբռնած, որ դրամը կը ջրէ բարոյականը: Ա՞յս էր յայտնագործուած հարցադրումը:
Բեմադրիչին բառերով` «Թատրոնը լայն զանգուածներու հաճոյք եւ գոհացում պատճառելու նպատակով ստեղծուած արուեստ մըն է: Պարզապէս հաճելի ժամանց մըն է: Դիտեն, խնդան եւ ուրախ տրամադրութեամբ հեռանան սրահէն» (5): Այսքան ճիգ եւ զոհողութիւն` պարզապէս վասն ժամանցի՞: Դար մը առաջ տարագիր հայեր, որոնցմէ մէկը իմ հայրս էր, թիթեղեայ քեմփերու մէջ թատրոն շինած են պարզապէս վասն ժամանցի՞: Անցեալ տարի նոյնինքն Վարդան Մկրտիչեան բեմադրեց իր իսկ յօրինած «Հարիւր տարի ետք կամուրջի տակ»-ը պարզապէս վասն ժամանցի՞:
Հուսկ բանք.- Որպէս եզրակացութիւն` կարելի է ըսել, որ ելոյթի յաւելեալ օրակարգերը որոշ չափով շեղած էին գործը իր «ուղղափառ» կուռ բնոյթէն:
Թատրերգութեան մը բնագիրը կ’որոշէ անոր դիրքը քաղաքական քարտէսին վրայ: Իսկ խաղարկութիւնը բախտորոշ դեր կը կատարէ կատակերգութեան մը յաջողութեան մէջ: Այս երկու կենսական հարցերը զանց առած եմ` հակառակ իմ արձանագրած բաւարար նշումներուս: Ուրա՛խ լեր Երուսաղէմ:
Յաջողութի՛ւն բոլորին:
——————————–
1.- «Եղանակի տեսութիւն», «Ազդակ», 26 նոյ. 2016:
2.- Խօսք` Լ. Դուրեան, երժ.` Կ. Օրբէլեան, երգիչ` Ե. Մինասեան:
3.- Մծբին – Նուսայպին, Մարտին նահանգի սահմանին վրայ:
4.- «Թատերախումբին պատգամը», «Ազդակ», 17 մարտ 2017:
5.- Հարցազրոյց, «Երեբունի», 9 մարտ 2016: