Ուրբաթ, 31 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը ներկայացուց «Ֆանի, Մանի» թատերախաղը, որ կատակերգութիւն մըն է, եւ որուն հեղինակն է անգլիացի դերասան եւ թատերագիր Ռէյ Գունի: Հայերէնով բեմադրութիւնը կը պատկանէր Յարութ Գնդունիի, որ նաեւ հանդէս եղաւ Հենրիի դերով: Միւս դերակատարներն են` Այտա Մահսէրէճեան-Սրապոնեան (Ճէյն), Կարօ Բանօղլեան (Պիլ), Քրիսթինա Սրապոնեան (Տիանա), Բալիկ Սրապոնեան (Պեթի), Վիգէն Քէօշկէրեան (Վիք), Հայզաւակ Լէփէճեան (Սլէյթըր), Մանուէլ Թոքմաճեան (անցորդ):
«Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը հիմնուած է 2013-ի մայիսին, Պէյրութի մէջ, բեմադրիչ եւ դերասան Յարութ Գնդունիի գլխաւորութեամբ: Թատերախումբին նպատակն է ստեղծել լիարժէք եւ արդիական ներկայացումներ, կապ հաստատել սփիւռքահայ, հայրենի եւ արաբական եւ օտար թատերախումբերու, ինչպէս նաեւ թատրոնի գործիչներու հետ:
Թատրոնի նիւթին կիզակէտը միջին տարիքի հաշուապահ Հենրի Փըրքինսն է, որ իր ծննդեան օրը գնացքին մէջ, առանց նկատելու, կը վերցնէ սխալ պայուսակ, որուն մէջ կը գտնէ 735.000 եւրօ: Ան կը հանդիպի սրճարան մը եւ արտաքնոց մտնելով` կը հաշուէ դրամները: Ապա հասնելով տուն` հեռաձայնով դէպի Պարսելոնա օդանաւի տոմսեր կ՛ապահովէ փախչելու համար երկրէն: Անոր կինը` Ճէյն կ՛ընդդիմանայ: Վրայ կը հասնին անոնց բարեկամները` Վիքը եւ Պեթին, որոնք կ՛իմանան եղելութիւնը: Վարորդը` Պիլ, կու գայ Հենրին եւ Ճէյնը օդակայան տանելու, սակայն տեսնելով, որ տակաւին պատրաստ չեն, ինքնաշարժին մէջ կը սպասէ զիրենք: Դուռը կը զարնէ ոստիկան Տիանան, որ նկատելով Հենրիի տարօրինակ եւ իրար անցած վիճակը սրճարանին մէջ` կը հետեւի անոր, որպէսզի գիտնայ պատահածը: Ապա դուռը կը զարնէ այլ ոստիկան մը` Սլէյթըր, որ կու գայ լուր տալու, որ Հենրի Փըրքինսը սպաննուած ու գետը նետուած է եւ կը հետեւցնէ, որ Հենրի Փըրքինսին դիակն է ան, քանի որ պայուսակին մէջ գտնուած թուղթերը այդ ցոյց կու տան: Սլէյթըր կը խնդրէ Ճէյնէն, որ երթայ եւ ամուսնոյն դիակը ըլլալը հաստատէ: Թատերախաղի աւարտին Հենրի Փըրքինս ստիպուած կը խոստովանի եղելութիւնը ոստիկան Սլէյթըրին: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հենրիին` իր լաւ քաղաքացիի կեցուածքին համար եւ պայուսակը կ՛առնէ ու դուրս կու գայ տունէն, որպէսզի երթայ եւ ոստիկանութեան յանձնէ զայն: Երբ Հենրի կ՛ափսոսար, որ կորսնցուց այդ մեծ գումարը, վարորդ Պիլ ներս կը մտնէ եւ կը յայտնէ, որ ինք վաղուց գումարը արդէն փոխադրած էր ճամպրուկին մէջ:
Յայտնենք, որ թատերախաղը նաեւ ներկայացուեցաւ շաբաթ 1 եւ կիրակի 2 ապրիլին եւ պիտի շարունակէ ներկայացուիլ կիրակի 8 եւ երկուշաբթի 9 ապրիլին: