Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Անդրադարձ. Մասնակի Յաջողութիւն

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը չորեքշաբթի օր` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի Թուրքիա այցելութենէն մէկ օր առաջ յայտարարեց, թէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական բանակին 24 օգոստոս 2016-ին շղթայազերծած գործողութիւնը աւարտած է «յաջողութեամբ»: Սակայն այդ յայտարարութիւնը աւելի ճերմակ դրօշի պարզում էր, քան յաջողութեան շեփորում: Նշեալ գործողութիւնը, եթէ արձանագրած է յաջողութիւն մը, ապա միայն մասնակիօրէն:

Թուրքիոյ Ազգային խորհուրդի յայտարարութենէն հազիւ չորս շաբաթ առաջ` 2 մարտին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Պապի գրաւումէն ետք իր երկրի բանակին յաջորդ թիրախը պիտի ըլլայ Մընպեժը, թրքական զինեալ ուժերը սկսած են յառաջանալ դէպի նշեալ սուրիական քաղաք եւ եթէ այդտեղ հանդիպին քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու անդամ զինեալներուն, պիտի հարուածեն զանոնք: Ռուսիա յաջորդ օրն իսկ յայտարարեց, որ այդ օրուընէ սկսեալ քրտական ուժերը Մընպեժի շուրջ եղող դիրքերը կը փոխանցեն իր հովանաւորութիւնը վայելող սուրիական բանակին: Մինչ այդ` ամերիկացի զինուորներ ուղարկուած էին Մընպեժ` ուաշինկթընեան յստակ պատգամ մը փոխանցելով Անգարային: Մոսկուա իր կարգին ռուսական ուժեր ուղարկեց Աֆրինի շրջան: Այդպիսով, թրքական բանակը յայտնուեցաւ ռուս-ամերիկեան կարմիր գիծերու օղակի մը մէջ, որուն շնորհիւ իրողապէս վերջ գտաւ թրքական բանակի գործողութիւնը: Այլ խօսքով` «Եփրատի վահան» գործողութեան վերջ տուողը իսկութեան մէջ Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգներն էին եւ ոչ թէ Թուրքիան, որուն այդ առնչութեամբ կատարած յայտարարութիւնը կարելի է նկատել ուշացած:

Աւելի՛ն, ի՞նչ յաջողութեան մասին է խօսքը: Թրքական բանակը 216 օրեայ իր գործողութեան ընթացքին, ի գին 67 թուրք զինուորներու եւ 600 դաշնակից սուրիացի զինեալներու կորուստին (ըստ թրքական պաշտօնական տուեալներու), գրաւեց միայն 2 հազար քառ. քիլոմեթր, ինչ որ ճշդուած թիրախէն շուրջ 10 անգամ նուազ է: Թրքական կողմը չկրցաւ Ուաշինկթընը տարհամոզել քիւրտերուն աջակցութիւն ցուցաբերելէ: Պատահական չէր Թիլըրսընի հետ Թուրքիա այցելող պատուիրակութեան մէջ քիւրտ-ամերիկեան դաշնակցութեան ռազմավարութեան մարմնաւորումը նկատուող Պրեթ ՄքԿըրքի ներկայութիւնը, որ կարելի է նկատել թուրքերուն պարտութեան ցուցանիշն ու ամերիկեան կողմէն թուրքերուն ուղղուած պատգամ մը, ինչպէս նաեւ թուրք ղեկավարներու կողմէ Միացեալ Նահանգներու հասցէին հնչած իրերայաջորդ ամբարտաւան յայտարարութիւններուն պատասխանը, դիտաւորեալ դիւանագիտական վիրաւորանք մը:

«Եփրատի վահան»-ի միակ յաջողութիւնը կարելի է նկատել Հիւսիսային Իրաքէն մինչեւ Աֆրին երկարող քրտական միջանցքի ստեղծման խափանումը եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու սահմանափակումը: Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որոշ տարածքի մը վրայ թրքական բանակին հաստատած վերահսկողութեամբ` Անգարան յաջողեցաւ իրեն համար տեղ ապահովել Սուրիոյ ապագայի ճշդման շուրջ բանակցութեան սեղանին վրայ: Բան մը, որմէ պիտի զրկուէր, եթէ քիւրտերը յաջողէին ստեղծել իրենց միջանցքը` Թուրքիոյ դէմ աշխարհագրական պատնէշը: Այժմ Սուրիոյ մէջ զինադադարի հովանաւորներ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան պիտի ըլլան ստեղծուած սթաթիւս քոյի երաշխաւորները` թրքական բանակին դիմաց ցցուած այդ նոյն կարմիր գիծերու օղակին միջոցով արգիլելով «Եփրատի վահան» գործողութեան տարածքին մէջ քրտական ուժերու յառաջխաղացքը: Մեկնելով այս բոլորէն` կարելի է եզրակացնել, թէ «Եփրատի վահան»-ի յաջողութիւնը կարեւոր է, սակայն մասնակիօրէն միայն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>