Ուղիղ 60 տարի առաջ, 1957 յունուար 26-ին, Փարիզի մէջ կը մահանար Մեծ եղեռնէն մազապուրծ վերապրող մը, հայ գրին ու մշակոյթին նուիրեալ եզակի անձնաւորութիւն մը` վաստակաշատ Շաւարշ Միսաքեան, որուն անունը սերտօրէն կապուած պիտի մնայ ժամանակակից հայ հրապարակագրութեան հետ, եւ որուն կեանքին ու գործունէութեան մէկ կարճ, բայց եւ բախտորոշ հատուածին է յատկացուած ներկայ հատորը:
Աւազանի անունով` Եղիազար, Շ. Միսաքեան ծնած է 1884 օգոստոս 15-ին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը, Տիվրիկի շրջան: 1890-ին ընտանիքը կը փոխադրուի Կ. Պոլիս, ուր նախակրթութիւնը եւ միջնակարգի ուսումը աւարտելէ անմիջապէս ետք, 16 տարեկանին, կը նետուի լրագրական ասպարէզ` «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեան մէջ: Համիտեան բռնատիրութեան օրերն էին, ու պոլսական աւանդական լրագրութիւնը, չըսելու համար` «ղազէթաճիութիւն»-ը, խստաբիբ գրաքննութեան մը հեղձուցիչ մթնոլորտին մէջ, դարձած էր անջիղ ու անբովանդակ, ամէն պարագայի` ոչ համապատասխան հանրային կարծիք առաջնորդելու իր առաքելութեան: Երիտասարդ ու յախուռն նկարագրի տէր հրապարակագրին համար անհրաժեշտ էր ազատ արտայայտութեան բեմ, զոր պիտի փնտռէր ու գտնէր ան Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, հարեւան Պուլկարիոյ Ֆիլիբէ (այժմ Փլովտիւ) քաղաքին մէջ` Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող դաշնակցական «Ռազմիկ» թերթին մէջ, որուն կ՛աշխատակցէր գաղտնաբար: Այնպէս որ, 1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան հաստատումէն քիչ ետք, օգտուելով ազատութեան առաջին շրջանի գինովցնող հովերէն, Շ. Միսաքեան կը ձեռնարկէ, Գեղամ Բարսեղեանի, Վահրամ Թաթուլի եւ Զապէլ Եսայեանի հետ, «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան. կը հիմնէ նաեւ «Արծիւ» գրատունը եւ «Ազդակ»-ի մատենաշարը: Շաբաթաթերթը, որուն կ՛աշխատակցէին հոյլ մը բանաստեղծներ, արձակագիրներ, հասարակական հանրածանօթ դէմքեր` Դանիէլ Վարուժան, Մ. Մեծարենց, Սիամանթօ, Ահարոն Տատուրեան, Արտ. Յարութիւնեան, Յակոբ Օշական, Յ. Մնձուրի, Յ. Շահրիկեան, Բարսեղ Շահպազ, Մարզպետ, Կոմս ու տակաւին երիտասարդ ու երէց սերունդի շատ մը հանրածանօթ դէմքեր, կը դադրի 1909-ի հոկտեմբերին, երբ արդէն սկսած էր լոյս տեսնել ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ը:
1911-ին Շ. Միսաքեան Կարին է եւ տարի մը ամբողջ կը խմբագրէ տեղւոյն «Յառաջ» թերթը, որուն հիմնադիրը` Եղիշէ Թոփչեան, սպաննուած էր 1909-ին եղբայրասպան գնդակով: Պոլիս վերադարձին կը մտնէ «Ազատամարտ»-ի մեծ ընտանիքին մէջ` ստանձնելով յատկապէս անոր շաբաթական յաւելուածին գրական բաժնի խմբագրութիւնը` մինչեւ 1915 թ. ապրիլ 11/24-ի պոլսահայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութիւնը եւ «Ազատամարտ»-ի խափանումը թրքական իշխանութեանց կողմէ:
Հրապարակագրական ու գրականագիտական աշխատանքներու կողքին, Շ. Միսաքեան գործօն մասնակցութիւն կ՛ունենայ կուսակցական աշխատանքներուն մէջ: 1907-ին անդամագրուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան եւ սահմանադրութեան տարիներուն` կոչուած պատասխանատու պաշտօններու, մինչեւ Կ. Պոլսոյ Կեդր. կոմիտէի անդամակցութիւն: Հետեւաբար, 1915-ի ապրիլին, իբրեւ հրապարակի վրայ ծանօթ խմբագիր ու կուսակցական գործիչ, իր անունը պիտի գտնուէր թուրք գաղտնի ոստիկանութեան պատրաստած ցուցակին մէջ: Պատահմունքով է, որ կ՛ազատի մէկ հարուածով հայ մտաւորականութիւնը անճիտելու նպատակով ոստիկանութեան լարած թակարդէն(1):
Այնուհետեւ, արհաւիրքի այդ տարիներուն, Շ. Միսաքեանի կեանքն ու գործունէութիւնը Պոլսոյ մէջ քիչ ծանօթ է առհասարակ հանրութեան. փախստական` թաքստոցէ թաքստոց, ձերբակալութիւն մատնութեամբ, ոստիկանական անվերջանալի հարցաքննութիւններ, բանտային չարչարանքներ, անձնասպանութեան փորձ, 5 տարուան բերդարգելութեան վճիռ, հուսկ ազատագրում` յաղթական դաշնակիցներու Պոլիս մուտքով. «Ատոնք ուրիշ պատմութիւն են», պիտի ըսէր իր դաժան անցեալի մասին սակաւախօս Շ. Միսաքեան:
Ահա եւ այդ «ուրիշ պատմութիւնը». թրքական հայաջինջ ու ահաւոր սարսափներու ականատես եւ ականջալուր մարդուն, այդ բոլորը օրը-օրին արձանագրող եւ այդ իմաստով հայասպանութեան իրողութիւնը առաջին անգամ վկայագրողին պատումը: Շ. Միսաքեանի գրչէն դուրս եկած ծածկագիր այդ փաստաթուղթերը, վերծանուած եւ արտագրուած, խնամքով պահուած են ՀՅԴ Կեդրոնական արխիւին մէջ: Մասամբ, եւ քաղուածաբար, անոնք հրատարակուած են նաեւ Սոֆիա լոյս տեսած «Հայաստան» թերթի 1915 թուականի համարներուն մէջ:
Թէ ի՞նչ միջոցներով եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ գրի առնուած են անոնք, այդ մասին կը խօսուի քիչ անդին:
***
Շարունակելու համար Միսաքեանի հետագայ կեանքի ընթացքը` յայտնենք, որ բանտէն արձակուելէ անմիջապէս ետք (27 նոյ. 1918), ան վերսկսաւ իր հրապարակագրական ասպարէզին: Դեռ բանտ գտնուած միջոցին Պոլսոյ ընկերները (Սիրունի եւ ուրիշներ), ընդյատակէն դուրս եկած կամ կոտորածէն ճողոպրած եւ կամ աքսորավայրերէն ու մօտակայ Պալքաններէն Թուրքիոյ մայրաքաղաքը փութացած` ձեռնարկած էին արդէն Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի վերահրատարակութեան (2): Ազգային եւ կուսակցական կեանքը սկսած էր ազատագրուիլ պատերազմական տարիներու արհաւրալից ճնշումներէն եւ թափ տալ վերապրումի աշխատանքներուն: Կը վերականգնէր առաջին առթիւ կուսակցական կեանքը, կը վերակազմուէին Դաշնակցութեան թաղային խումբերն ու կոմիտէները, կը ձեռնարկուէր պատրիարքարանի հեղինակութեան վերականգնումին, կը ստեղծուէր Ազգային լիկան իր բազմազան յանձնախումբերով` տարագիրներու, որբահաւաքի, աղքատախնամի եւ այլն, կը հաւաքուէին վերապրողներու կենդանի վկայութիւնները ջարդերու մասին, կը կազմուէր հարիւրաւոր ջարդարարներու անուանացանկը, ու այս բոլորը կը հրատարակուէին ոչ միայն հայ մամուլով, այլեւ Ազգային լիկայի լոյս ընծայած ֆրանսերէն «Renaissance» (Վերածնունդ) թերթի էջերուն:
Շ. Միսաքեան մէկն էր այն անձնաւորութիւններէն, որոնք ներշնչողն ու մղիչ ուժը կը հանդիսանային հայ ժողովուրդի վերականգնումի ուղղութեամբ թափուած ճիգերուն:
1919-ին ան Երեւան է, նորանկախ Հայաստանի մայրաքաղաքը, ուր իբրեւ Կ. Պոլսոյ պատգամաւոր կը մասնակցի ՀՅ Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհ. ժողովին: Վերադարձին կը շարունակէ գլխաւորել Պոլսոյ Կեդր. կոմիտէն` միաժամանակ խմբագրելով «Ճակատամարտ»-ը, մինչեւ 1922-ի նոյեմբեր ամիսը, երբ քեմալական վարչակարգը վերջնականապէս կը յաղթանակէ Թուրքիոյ մէջ: Կեդր. կոմիտէի միւս անդամներուն հետ կ՛անցնի Սոֆիա, ուրկէ կը շարունակէ կանոնաւորաբար խմբագրականներ ուղարկել Պոլսոյ «Ճակատամարտ»-ին` մինչեւ այս վերջինին փակումը 1924-ին: Նոյն տարուան վերջերուն Փարիզ է եւ կը մասնակցի Դաշնակցութեան 10-րդ Ընդհ. ժողովին, կ՛ընտրուի անդամ ՀՅԴ Բիւրոյին. կը վերընտրուի նոյնպէս յաջորդ Ընդհ. ժողովին (1929) եւ շուրջ տասը տարիներ կը վարէ կուսակցական-կազմակերպական պատասխանատու պաշտօններ` մասնակից դառնալով միաժամանակ, Ս. Վրացեանի եւ Ա. Ջամալեանի հետ, «Դրօշակ»-ի խմբագրումին, այցելութիւններ կու տայ Յունաստան, Պուլկարիա, Ռումանիա եւ արեւմտեան Եւրոպայի շատ մը երկիրներ. աւելի ուշ շրջագայութեան կ՛ելլէ Եգիպտոս, Պաղեստին, Սուրիա, Լիբանան` ամէնուրեք վկայելով տարագիր հայութեան վերապրելու անյողդողդ կամքին, վերանորոգ կեանքին ու լաւագոյն ապագայի մը նկատմամբ սնուցած հաւատքին մասին:
Շ. Միսաքեանի իսկական կոչումը, սակայն, ինչպէս ըսուեցաւ, հրապարակագրութիւնն էր եւ իր գլխաւոր իրականացումը պիտի հանդիսանար փարիզեան «Յառաջ»-ը: Արդարեւ, Ֆրանսա հաստատուելէն ետք, կուսակցական գործունէութեան զուգընթաց, 1925 օգոստոսին կը հիմնէ «Յառաջ»-ը, նախ` երկօրեայ, որ 1927 յունուարէն սկսեալ կը վերածուի օրաթերթի: Ֆրանսայի եւ արեւմտեան Եւրոպայի քանակով ու որակով հետզհետէ ուռճացող հայութեան համար «Յառաջ»-ը պիտի դառնար հայապահպանութեան, հայոց անկորնչելի Դատի հետապնդման, ինչպէս նաեւ հայ ոգիի զարգացման գլխաւոր մէկ բեմը, որուն շուրջ Շ. Միսաքեան համախմբեց հայ գրին ու մշակոյթին նուիրեալ բազում տաղանդաւոր երիտասարդներ: Իր ամէնօրեայ խմբագրականներով ու ակնարկներով տարագիր բազմութիւններուն համար ան դարձաւ ներշնչման աղբիւր` տեւաբար կառչած մնալու հայրենաւանդ արժէքներուն եւ մայրենի լեզուին: Մանաւանդ լեզուին, որուն բիւրեղացման համար չխնայեց ոչ մէկ ճիգ ու եռանդ` անխնայ պախարակելով անոր խաթարման սատարող ամէն երեւոյթ, սովետական կոչուող Հայաստանէն գար ան, թէ արդիւնք ըլլար արտասահմանեան այլասերիչ պայմաններուն:
Շ. Միսաքեան «Յառաջ»-ի խմբագրութիւնը վարեց 1925-էն մինչեւ իր մահը, 1957 յունուար: Օրաթերթին հրատարակութիւնը 5 տարուան ընդմիջում ունեցաւ (1940-45) Գերմանիոյ կողմէ Փարիզի գրաւման պատճառով: Պատերազմի այդ տարիներուն ան լոյս ընծայեց «Հայկաշէն» (3 գիրք) եւ «Արածանի» (երկու հատոր) հաւաքածոները, ուր գրական եւ ուսումնասիրական ուշագրաւ էջեր ստորագրած է հայ լեզուի, հրապարակագրութեան եւ գրականութեան մասին:
Մեծ Եղեռնի Առաջին Վկայագրողը
Ըսուեցաւ արդէն, որ դիպուածով միայն Շ. Միսաքեան ազատած էր ապրիլ 11/24-ի ձերբակալութիւններէն: Մարդորսութիւնն ու աքսորը պիտի շարունակուէին յաջորդող օրերուն, շաբաթներուն ու ամիսներուն` հնձելով անխտիր պոլսահայ մտաւորականութեան եւ ազգային ու հասարակական գործիչներու ընտրանին` բանաստեղծ, արձակագիր, խմբագիր, բժիշկ, փաստաբան եւ այլն: Աքսորի ճամբան բռնած էին նոյնպէս կուսակցական, մանաւանդ դաշնակցական յայտնի դէմքերը, ՀՅԴ Բիւրոյէն սկսեալ մինչեւ Պոլսոյ Կեդր. կոմիտէի անդամները: Ազգային կառոյցներու կողքին, կազմալուծուած էր հետեւաբար կուսակցական-կազմակերպական գործունէութիւնը: Ահա այս պայմաններուն մէջ, բախտի բերմամբ ճողոպրածներէն Շ. Միսաքեան, ինք եւս տեւաբար հետապնդումի առարկայ, նախաձեռնող կը հանդիսանայ «Վիշապի առժամեայ մարմին» անունով գաղտնի կազմի մը առաջացման: «Վիշապ»-ը կուսակցական ծածկանունն էր Կ. Պոլսոյ կեդր. կոմիտէութեան: «Առժամեան» ունէր սեղմ կազմ, երեք անդամ: Կեդրոնական դէմքը Շ. Միսաքեանն է անշուշտ. երկրորդը` Գրիգոր Մերճանեան կամ Մերճանօֆ, որ եղած էր շրջանի մարտական գործերու պատասխանատու, երրորդը` Սամուէլ Դարբինեան, վանեցի երիտասարդ մը: Այս մարմինը պիտի գործէր խորհրդակցութեամբ օսմանեան խորհրդարանի անդամ Վարդգէսի (Սերենկիւլեան), անշուշտ` մինչեւ այս վերջինի ձերբակալումն ու աքսորուիլը(3): Առժամեայ մարմինը ունէր շարք մը օժանդակող ընկերներ, ինչպէս` Խոսրով Պապայեան, Մարզպետ, Տիգրան Ծամհուր, փրոֆ. Ա. Խաչատրեան, Արամ Չարըգ եւ շատ ուրիշներ, որոնք տարագրութեան տարիներուն փախստական, յաճախ ծպտեալ իբրեւ թուրք, քիւրտ, արաբ պետեւի կամ գերմանացի, կը գործէին երկրի մէկ ծայրէն միւսը, մինչեւ Սուրիոյ անապատները եւ Միջագետք: Անոնց միջոցով է գլխաւորաբար, որ Առժամեան իրազեկ կը դառնար ներքին գաւառներու մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն եւ զանոնք կը փոխանցէր արտասահման:
Արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցութեան միակ միջոցը սահմանակից Պուլկարիան էր, տակաւին ոչ պատերազմիկ երկիր, ուր կը գտնուէր ՀՅԴ Պալքանի կեդր. կոմիտէութիւնը. կարգադրուած էր, որ այդ մարմինին մօտ կեդրոնացուին Պոլսէն ու ներքին գաւառներէն ստացուած տեղեկութիւնները, բազմացուին անոնք եւ փոխանցուին անմիջապէս հետեւեալ վայրերուն` Ժընեւ` «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան, Թիֆլիս` ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյին եւ Ամերիկայի ու Եգիպտոսի կուսակցական մարմիններուն, որոնք, իրենց կարգին, մամուլով եւ այլ միջոցներով պէտք է իրազեկ դարձնէին հայ ու օտար հանրային կարծիքը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին տեղի ունեցող այն արհաւիրքներուն մասին, որոնցմով թուրք պետութիւնը կ՛աշխատէր բնաջնջել ամբողջ հայ ժողովուրդը:
Առժամեայ մարմինը պիտի օգտագործէր կարելի բոլոր միջոցները` իր քաղած տեղեկութիւնները Սոֆիա հասցնելու համար: Կարելիութիւններէն մէկը Պոլսոյ պուլկարական դեսպանատունն էր, ուր Դաշնակցութիւնը ունէր բարեկամներ, մանաւանդ` հին դաշնակից մակեդոնացի պաշտօնեաներ, որոնցմէ մէկ քանին սերտ կապի մէջ էին Սոֆիայի դաշնակցական կազմին հետ եւ Պուլկարիա երթեւեկելու դիւրութիւն ունէին: Հնարաւորութիւններէն մէկն ալ արտասահման մեկնող օտարազգի ծանօթ ու վստահելի անձերն էին. եւ սակայն, Առժամեայ մարմինին, այլ խօսքով` Շ. Միսաքեանի առաքած նամակներուն մեծագոյն մասը եղած է պարզ թղթատարով, այն ալ` բաւական զարտուղի ճամբով, շրջանցելու համար հաստատուած խիստ գրաքննութիւնը: Այսպէս, նամակները կը գրուէին ծածկագիր, գաղտնի մելանով եւ օտարալեզու (ֆրանսերէն, ռուսերէն, պուլկար) լրագիրներու լուսանցքներուն եւ ազատ տարածութիւններուն վրայ: Պալքանեան Կեդր. կոմիտէն, ընդհանրապէս անոր գործավար-քարտուղարը` Տիգրան Խաչիկեան, կը վերծանէր ու կ՛արտագրէր զանոնք. ապա գրութիւնները կամ անոնցմէ կատարուած քաղուածքները կ՛ուղարկուէին վերոյիշեալ հասցէներուն:
Շ. Միսաքեանի այս նամակներուն շարքը կը սկսի 14/27 ապրիլին, որ կը գուժէր ապրիլ 11/24-ի ձերբակալութիւնները. վերջինը 22 սեպտ./5 հոկտեմբեր 1915 թուականը կը կրէ. ընդամէնը 55` շաբաթական 2-3 գրութիւններով, բոլորը ուղղուած` Պալքանի Կեդր. կոմիտէին եւ ստորագրուած` «Վիշապի առժամեայ մարմին» կամ «Վիշապի առժամեայ մարմինի կողմէ` Արշաւիր»: Այս վերջինը Շ. Միսաքեանի ծածկանուններէն մէկն էր: Սեպտեմբերի վերջերուն, Պուլկարիան յարած ըլլալով Գերման – Աւստրիա – թուրք զինակցութեան, Պոլսոյ եւ Սոֆիայի միջեւ ստեղծուած այս կապը կը կասի: Պուլկար կառավարութիւնը կը խափանէ Պալքանի Կեդր. կոմիտէին գործունէութիւնը եւ անուղղակի կերպով կը թելադրէ դադրեցնել վերջինիս պաշտօնաթերթ «Հայաստան»-ի հրատարակութիւնը: Այնուհետեւ Կեդր. կոմիտէի անդամները կ՛անցնին Ռումանիա, ուրկէ ժամանակ մը եւս Յովհ. Ամատունի նամակներով եւ թղթակցութիւններով կը շարունակէ Առժամեայէն ստացուած տեղեկութիւնները փոխանցել ճշդուած հասցէներուն: Լրատուութեան այս հոսքը վերջնականապէս պիտի խափանուէր 1916 թուականի մարտ 16-ին, Պոլսոյ մէջ Շ. Միսաքեանի ձերբակալութեամբ:
Պէտք է ենթադրել, որ տուեալ պայմաններուն մէջ Շ. Միսաքեանի նամակներէն ոմանք կորսուած ըլլան. այդ մասին նշումներ ալ կը կատարեն նամակագիրները. կան նոյնպէս պակասաւոր գրութիւններ, հետեւանք` հաւանաբար գաղտնի մելանով գրուածները «բանալու» դժուարութեան: Այսուհանդերձ, կարելի է հաստատել, որ անոնց մեծագոյն մասը տեղ հասած եւ նպատակին համար օգտագործուած է:
***
Շ. Միսաքեանի պատմական բացառիկ նշանակութիւն ունեցող այս «Նամականի»-ն, աւելի ճիշդ` անոր վերծանուած եւ արտագրուած օրինակները, զորս իրաւամբ Մեծ եղեռնը վաւերագրող առաջին փաստաթուղթերը պէտք է նկատել, կը գտնուին Պոսթընի (Ուոթրթաուն) ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնական արխիւատան մէջ (Թղթածրար թիւ 882): Անոնց մէկ մասը, Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով, հրատարակուած է «Հայրենիք» ամսագրի 1965-ի համարներուն մէջ: Ամբողջութիւնը, Մեծ եղեռնին վերաբերող բազմաթիւ այլ փաստաթուղթերու հետ միասին, լոյս տեսաւ 2016-ին, մեր խմբագրած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքի ԺԲ. հատորին մէջ:
Շ. Միսաքեանի անմոռաց յիշատակին ձօնուած ներկայ հատորի կազմութեան առթիւ, խմբագրութիւնը յարմար տեսաւ գրքին ԱՌԱՋԻՆ ԲԱԺԻՆԸ յատկացնել մեծանուն Հայուն այնքա՜ն տառապանքով երկնած «Նամականի»-ին(4):
ԵՐԿՐՈՐԴ բաժինով կը տրուի հեղինակին «Մեծ Ճգնաժամը» ընդհանուր խորագիրը կրող յօդուածաշարքը, լոյս տեսած` Սոֆիայի «Հայաստան» թերթի 1915 թ. մայիս-սեպտեմբեր ամիսներու համարներուն մէջ:
1915 տարուան Պոլսոյ դժոխային պայմաններուն մէջ, թաքստոցէ թաքստոց տեղափոխուող եւ յարատեւօրէն ոստիկանական հետապնդումի առարկայ դարձած Շ. Միսաքեան, տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ օրը-օրին արտասահման հասցնելու տագնապը ապրելով հանդերձ, չէր մոռցած հրապարակագրի իր աւագ կոչումը: Արդարեւ, տառապալից խռովքով եւ տառապանքի մէջ հասունցած մարդու տաղանդով երկնուած ողբեր են այդ յօդուածները, որոնցմով հեղինակը կը գուժէ հետզհետէ մարտիրոսացումը հայ ժողովուրդին, քանդումն ու կորուստը անոր պապենական հայրենիքին, ոչնչացումը դարաւոր ու շքեղ մշակոյթի մը:
«Մեծ ճգնաժամը» կը հաշուէ 19 յօդուածներ(5), ստորագրուած Միսաքեանի կողմէ` «Վարազ» եւ «Ռազմիկ» ծածկանուններով: Լոյս տեսած են անոնք, ինչպէս յիշուեցաւ, Սոֆիայի «Հայաստան»-ին մէջ, որուն գլխաւոր խմբագիրն էր ծանօթ մտաւորական Լիպարիտ Նազարեանց: Այս թերթը որպէս Պալքանի Կեդր. կոմիտէի պաշտօնաթերթ` հիմնուած էր 1915-ի մարտ 10-ին, միայն մէկ ամիս առաջ Պոլսոյ հայ մտաւորականներու ձերբակալութենէն: Կարճատեւ եղաւ անոր կեանքը, 6-7 ամիս, բայց բախտորոշ` իբրեւ անմիջական արձագանգող այդ սեւ օրերուն հայաշխարհի մէջ տեղի ունեցող ահռելի անցուդարձերուն:
ԵՐՐՈՐԴ բաժինը յատկացուած է «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» գործին, որ հեղինակին կողմէ գրուած եւ հրատարակուած է իր խմբագրած «Յառաջ» օրաթերթին մէջ, 1935, մայիս 5-էն սկսեալ, ձեւով մը իբրեւ լուսաբանութիւն ճշդում իր ձերբակալութենէն ետք Պոլսոյ ոստիկանատան մէջ զինք հարցաքննող թուրք ոստիկանապետ Ալի Ռիզայի յուշերուն` լոյս տեսած թրքական «Զաման» թերթին մէջ: Միսաքեանի մահէն ետք, 1957-ին, «Տերեւներ»-ը հրատարակուեցաւ նաեւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, նախ թերթօնաձեւ, ապա` առանձին հատորով: Վերջերս, 2015-ին, «Տերեւներ»-ը լոյս տեսաւ նոյնպէս Ֆրանսա` Մարսէյի մէջ «Parenthèses» հրատարակչատունէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն առանձին հատորներով եւ Գրիգոր Պըլըտեանի շահեկան մէկ ուսումնասիրութեամբ(6): Ֆրանսերէնի վերծանումը կատարած է հեղինակի հանգուցեալ աղջիկը` Արփիկ Միսաքեան:
Շաւարշ Միսաքեան ընդհանրապէս ժլատ, չխօսկան ըլլալու աստիճան` անձնական բնոյթ կրող խնդիրներու մասին արտայայտուելէ, «Տերեւներ»-ու պարագային պարտաւորութիւն կը զգայ պատմելու, միշտ համառօտ բառերով, 1915-18 թուականներու իր թաքստոցային կեանքին, պուլկար դեսպանատան բարապան Վլատիմիր Տիմիթրեւի մատնութեամբ իր ձերբակալման, ոստիկանատան մէջ ենթարկուած երկարաձիգ հարցաքննութեանց, կրած չարչարանքներուն, անձնասպանութեան փորձին, այլեւ դատավարութեան ու դատավճռին եւ, վերջապէս, պատերազմի աւարտին` ազատ արձակման մասին:
«Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը», յուշագրութիւն ըլլալէ աւելի, վաւերական վկայութիւնն է սերունդի մը ապրած անօրինակ նահատակութեան, զոր հեղինակը կ՛ընէ ակամայ, առանց ընթերցողին մօտ յուզում յառաջ բերելու դոյզն փորձութեան:
Շ. Միսաքեանին նուիրուած այս հատորը կը փակուի Յաւելուածական ամփոփ բաժինով մը, ուր կը տրուի պուլկար մատնիչ Տիմիթրեւի ահաբեկման նկարագրութիւնը` պատմուած նոյնինքն ահաբեկիչ Եզիտ Արշակի կողմէ:
Ե. Փ.
(1) Ապրիլ 11/24-ի երեկոյեան, տուն վերադարձի ճամբուն վրայ կը հանդիպի ընկերոջ մը, որ իրեն կը հաղորդէ Գր. Պալաքեան վարդապետի, Սիամանթոյի եւ շատ մը ուրիշներու ձերբակալութեան մասին: Ոստիկաններն ալ յաջորդաբար երկու գիշեր կը խուժեն Միսաքեանի յաճախ այցելած մէկ բնակարանը եւ կը ձերբակալեն տան երիտասարդը, որ այդպէս ալ իբրեւ Շաւարշ կ՛աքսորուի ու կ՛առաջնորդուի դէպի մահ…
(2) Թրքական իշխանութիւնները դժուարութիւններ կը յարուցեն «Ազատամարտ»-ի հրատարակութեան համար` պահանջելով արտօնատիրոջ` արդէն նահատակուած Ռուբէն Զարդարեանի պաշտօնական փոխանցագիրը: Հարկ եղած էր ուստի, ապահովել նոր արտօնագիր եւ թերթը լոյս ընծայել «Արդարամարտ» անունով, որ սակայն 12 թիւ լոյս տեսնելէ ետք (նոյ. 30-էն սկսեալ), կը փակուի թուրք նախարարական խորհուրդի որոշումով` «ընդհանուր խաղաղութիւնը խանգարելու բնոյթ ունեցող հրատարակութիւններ» ըրած ըլլալուն համար, այլ խօսքով` ջարդերու, ջարդարարներու, թրքացուած հայ մանուկներու եւ կիներու, այլեւ ազգային դատի հարցեր յարուցած ըլլալուն պատճառով: Թերթին համար ձեռք կը բերուի նոր արտօնագիր, նոր անունով` «Արիամարտ». վերջինս այդ անունով 20 համար լոյս ընծայելէ ետք կը փակուի իր կարգին «օսմանեան եւ համաձայնական կառավարութիւններու միջեւ պաղութիւն յառաջ բերող կարգ մը լուրեր հրապարակած ըլլալուն համար»: Յաջորդ օր, դեկտ. 27-ին, թերթը լոյս պիտի տեսնէր «Ճակատամարտ» անունով:
(3) Վարդգէս ձերբակալուեցաւ մայիս 20/յունիս 2-ին եւ յաջորդ առաւօտ Գրիգոր Զոհրապի հետ աքսորուեցաւ Գոնիա-Ատանա-Հալէպ-Ուրֆա ճամբով, դէպի Տիարպեքիր` իբր թէ պատերազմական ատեանի առջեւ դատուելու համար: Ճամբան, Ուրֆայի մօտակայքը, Շէյթան Տէրէսի կոչուող ձորին մէջ, երկու երեսփոխանները պիտի սպաննուէին գազանաբար (13/26 յուլիս 1915):
(4) Նամակներուն մէջ նշմարելի են ոճական եւ ուղղագրական կարգ մը անհարթութիւններ, արեւելահայերէնի յատուկ արտայայտութեան ձեւեր (լինի, լինէր, Դարդանէլ, Բուլգարական, Բերլին եւ այլն), որոնք արդիւնք են անշուշտ արտագրողներու միջամտութեան. հարկադրաբար, կատարած ենք թեթեւ ուղղումներ միայն:
(5) Այս 19 յօդուածներէն դուրս, ՀՅԴ արխիւներուն մէջ կը գտնուի եւս մէկ գրութիւն (փաստ. 881-45), «Կեպէրինճէյէ գատար» խորագրով եւ «Վարազ» ստորագրութեամբ, որ թերթին մէջ լոյս տեսած չէ, ենթադրաբար թերթին փակումէն ետք ստացուած ըլլալուն պատճառով:
«Հայաստան»-ի 1915 տարուան հազուագիւտ հաւաքածոն հրատարակուեցաւ 2005-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, Անթիլիաս:
(6) Ներկայ հատորին համար հիմնուած ենք Parenthèses-ի հրատարակութեան վրայ, որուն սկիզբը զետեղուած է նաեւ Ալի Ռիզայի յուշերէն Միսաքեանի կալանաւորման ու հարցաքննութեանց բաժինը: