Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Տեաք» Պատմական Մշակութային Արգելոցը Պիտի Նպաստէ Արցախի Զբօսաշրջութեան Զարգացման», Ըսած Է Սերգէյ Շահվերդեան

Արցախի կառավարութեան 14 մարտի նիստի օրակարգին ընթացքին հաստատուած է «Տեաք» պետական պատմական մշակութային արգելոցի ստեղծման որոշումը:

Արցախի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերգէյ Շահվերդեան լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Հադրութի շրջանի Տեաք բնակավայրը բացառիկ է այն առումով, որ այնտեղ պահպանուած ու գրեթէ չեն վնասուած 19-րդ դարուն կառուցուած առանձնատուները:

«Արգելոցի տարածքին վրայ նոր շինարարութիւնները արգիլուած են, իսկ ցանկութեան պարագային բնակիչներուն կողմէ առանձնատուներու վերանորոգումները պիտի կատարուին սահմանափակ կերպով` առանց կառոյցներու ճարտարապետական ոճը խաթարելու», նշած է Ս. Շահվերդեան եւ աւելցուցած է, որ, ընդհանուր առմամբ, արգելոցը կը գրաւէ մօտաւորապէս 6 հեկտար տարածք:

«Գտնուելով Արցախի հարաւային զբօսաշրջային երթուղիին վրայ` արգելոցը եւս խթան կը հանդիսանայ Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման», նշած է փոխնախարարը եւ ընդգծած է, որ «Տեաք» արգելոցը Արցախի մէջ թիւով հինգերորդն է` յաջորդելով «Տիգրանակերտ», «Տողի մելիքական ապարանք», «Ազոխ» եւ «Հունոտի կիրճ» պետական արգելոցներուն:

Արցախի Եւ Երեւանի Պետական Համալսարաններուն Միջեւ Յուշագիր Մը Ստորագրուած Է

Արցախի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան ամպիոնին եւ Երեւանի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքին միջեւ ստորագրուեցաւ փոխհամագործակցութեան յուշագիր:

Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզանքի նախարար Սլավա Ասրեան, Արցախի պետական համալսարանի նախագահ Մանուշ Մինասեան, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եւ համալսարանականներ ծաղիկներ զետեղած են արցախեան ազատամարտի ընթացքին համալսարանէն   զոհուած ուսանողներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին:

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկած է ԱրՊՀ նախագահ Մանուշ Մինասեանը: Ան իր խօսքին մէջ նշած է, որ ԱրՊՀ-ի եւ Երեւանի պետական համալսարանի համագործակցութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի:

«Այս յուշագիրը պիտի նպաստէ ԱրՊՀ-ի   իրաւաբանական  կրթութեամբ  մարդուժի կայացման եւ զարգացման: Մենք կարեւոր կը նկատենք Երեւանի պետական համալսարանի ներդրումները ԱրՊՀ-ի մէջ, յատկապէս` մարդուժի պատրաստման առումով: Մենք այսքան տարիներու ընթացքին Երեւանի պետական համալսարանին կողմէ երբեւէ անուշադրութեան չենք մատնուած. միշտ ալ զգացած ենք անոնց պատրաստակամութիւնը` օգնելու մեզի», նշած է Մ. Մինասեանը:

Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ համալսարանական կեանքը 21-րդ դարուն մեծ թափով կը զարգանայ եւ առաջընթաց կ՛ապրի:

«ԱրՊՀ-ն իրաւաբանական մարդուժի պատրաստման համար ուժեղ դարբնոց մը պիտի հանդիսանայ: Բովանդակային հարցերով չէ միայն, որ կը սահմանափակուի մեր այս պայմանագրին գործունէութիւնը: Մենք պիտի շարունակենք մեր իրաւական գործունէութեան շրջանակները աւելի ընդլայնել», ըսած է Ա. Սիմոնեանը:

Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ այս համագործակցութիւնը նոր բովանդակային լիցքեր կը հաղորդէ:

«Արդէն մէկ տարի է, որ այս նիւթին մասին կը խօսինք ԱրՊՀ-ի եւ Երեւանի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան մասնագէտներուն հետ: Այս հանրագումարը կարեւոր է այն առումով, որ մենք հետագային պիտի կրնանք արժեւորել մեր գիտական եւ կրթական համակարգերուն բարեփոխումները եւ զարգացումները: Այսօր մենք այդ հանրագումարը ունինք. քառորդդարեան մեր պատմութեան ամփոփումն է: Հայաստանի եւ Արցախի համար ամէնէն կարեւորը գիտական ու կրթական աղբիւրը` մեր երիտասարդութիւնն է: Այս յուշագիրը մեր 2 համալսարաններուն տարեգրութեան մէջ նոր գործընթացի մը սկիզբը կը հանդիսանայ», ըստ էութեան ըսած է Ա. Ղուլեան:

Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի տնօրէն, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, ակադեմիկոս Գագիկ Ղազինեան նշած է. «Աշխարհի որեւէ երկրի մէջ գտնուող հայ ցանկութիւնը ունի որեւէ ձեւով օժանդակելու Արցախի կայացման եւ զարգացման: Յուշագիրը երկարատեւ ծրագիր է: Եթէ իրաւաբանական բաժանմունքը առանձնանայ, աւելի լայն կարելիութիւն կ՛ունենայ համագործակցութեան եւ մարդուժ պատրաստելու առումով: Ծրագիրը շատ յաւակնոտ է, եւ որեւէ ձեռնարկի, որ պիտի կազմակերպուի Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի դասախօսերուն եւ ուսանողներուն համար, ԱրՊՀ-ն պիտի մասնակցի: Համոզուած եմ, որ արդիւնքը գոհացուցիչ պիտի ըլլայ»:

Յայտնենք, որ Գ.  Ղազինեան ԱրՊՀ  նիստերու   դահլիճին մէջ առանձին հանդիպում ունեցած է     ուսանողութեան հետ եւ քննարկած`  իրաւագիտութեան մասին շարք մը հարցեր:

Արտաքին Լուսաւորութեան Համակարգ` Հորբատեղ Գիւղին Մէջ

Վայոց Ձորի մարզի Հորբատեղ գիւղը մէկն է այն բնակատեղիներէն, ուր յաճախակի են վայրի անասուններու` գայլերու եւ արջերու յարձակումները: Մօտաւորապէս 262 բնակիչ ունեցող գիւղի բնակիչներու եկամուտին հիմնական աղբիւրները անասնապահութիւնը, մեղուապահութիւնը եւ այգեգործութիւնն են: Չլուսաւորուած փողոցներուն պատճառով երեկոյեան վայրի անասունները գիւղ կը մտնեն, կը վնասեն տնամերձ այգիներն ու ցանքատարածութիւնները, մեղուի փեթակներու, կը յօշոտեն` ընտանի անասունները:

Ինչպէս Հայաստանի շարք մը գիւղերուն մէջ, այստեղ եւս, խորհրդային հասարակարգի փլուզումէն ետք, արտաքին լուսաւորութեան քայքայուած ենթակառուցուածքներ եղած են: Գիւղի համեստ պիւտճէն երբեք բաւարար չէ հարցը լուծելու համար:

Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի համագործակցութեամբ իրականացուող «Այլընտրանքային ուժանիւթ» նախագիծի ծիրին մէջ, գիւղին մէջ իրականացուած է արտաքին լուսաւորութեան նոր ենթակառուցուածքներու ամբողջական կառուցում: Հորբատեղին մէջ տեղակայուած է 65 LED լուսարձակ` ամբողջութեամբ լուսաւորելով գիւղը` 2 հազար 300 մեթր երկարութեամբ տարածութիւն:

Ուժանիւթ խնայող նորակառոյց համակարգը գործարկուած է առաջին անգամ: Ձեռնարկին ներկայ եղած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեանը, Հորբատեղ համայնքի ղեկավար Գագիկ Սանդրոսեանը եւ բնակիչները:

«Այն, ինչ որ կը փորձենք իրականացնել այս ծրագրով, շատ կարեւոր է: Այս մէկը մարտահրաւէր մըն է, որուն լուծման արդիւնքը աւելի արժէք ունի, քան պարզապէս` լուսաւորութիւն ապահովելը: Քաղաքակիրթ եւ հեռատես աշխարհը կը ձգտի նուազագոյնի հասցնել սպառողական մօտեցումը: Այս մէկը թերեւս աղքատութիւնը կրճատելու, մարդոց կեանքը բարելաւելու ամէնէն կարճ եւ արդիւնաւէտ միջոցն է: Բնապահպանական, ուժանիւթ խնայող համակարգի գործարկումը եւ անոր երկարատեւ արդիւնքը շահաւէտ է բոլորին համար», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:

Բնակավայրերուն մէջ արտաքին լուսաւորութեան ուժանիւթ խնայող համակարգին ներդրումը կը միտի կրճատելու համայնքային ծախսերը եւ աշխուժացնելու գիւղին կեանքը:

Բնապահպանական եւ ուժանիւթ խնայող LED լուսարձակներուն շահագործումը տնտեսապէս արդիւնաւէտ է պիւտճէական համեստ միջոցներ ունեցող գիւղերուն համար: Այսպիսի համակարգի օգտագործումը 80 առ հարիւրով պիտի նուազեցնէ ուժանիւթի ծախսը` թեթեւցնելով գիւղին նիւթական բեռը:

Տեղեկացնենք, որ լուսարձակները ամրան գիւղի փողոցները պիտի լուսաւորեն ժամը 21:00-00:00, իսկ ձմրան` 18:00-23:00: Տօնական օրերուն լուսաւորութիւն պիտի ապահովուի ամբողջ գիշերը:

Հաղորդենք, որ «Այլընտրանքային ուժանիւթ» ծրագրին նպատակը այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներուն` արեգակնային ջեռուցման եւ փողոցներուն լուսաւորութեան LED համակարգերու կիրարկումով, շրջակայ միջավայրի ապականումը կանխարգիլելն է: Այս տարի ծրագիրը իրականացուեցաւ Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Լոռիի մարզերու շարք մը համայնքներուն մէջ: Հայաստանը ունի արեւային ուժանիւթի մեծ պաշար` այլընտրանքային ուժանիւթի եւ ուժանիւթ խնայող արհեստագիտութիւններուն ներդրումը կրնայ բարձրացնել տուեալ համայնքներուն տնտեսութիւններուն ուժանիւթային արդիւնաւէտութիւնը եւ նպաստել բնապահպանական եւ ընկերային հարցերու լուծման: Ծրագիրը Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի երկարատեւ համագործակցութեան նոր ձեւաչափն է` բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու կայուն օգտագործման բնագաւառին մէջ:

«Թուֆէնքեան» Հիմնադրամը Կ՛աջակցի Արցախի Վերաբնակեցուած Միջնաւան Քաղաքին

28 մարտին, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի միջոցներով Արցախի ազատագրուած Միջնաւան քաղաք հասան երկրագործական յատուկ մեքենաներ` շրջանի գիւղացիներուն երկրագործական աշխատանքներուն օգնելու համար:

Մեքենաները Արաքսի ափին գտնուող Արցախի վերոնշեալ ազատագրուած տարածքի հողերը պիտի հարթեն, մաքրեն եւ ցանքի պատրաստեն: Միջնաւան հաստատուած գիւղացիները այդ հողերուն վրայ ցորեն, գարի եւ եգիպտացորեն պիտի ցանեն: Համայնքը ունի 480 հեկտար անջրդի եւ 327 հեկտար ոռոգելի վարելահողեր:

Նշենք, որ 8 օգոստոս 1995-ին Միջնաւանի վերաբնակեցումը սկսած է 15 հոգիով: Այսօր Միջնաւանի մէջ կը բնակի 123 ընտանիք, 483 հոգի: Բնակչութիւնը կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ, անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ:

Քաղաքի միջնակարգ դպրոցը կը յաճախէ մօտաւորապէս 80 աշակերտ:

Հաղորդենք, որ Միջնաւանի մէջ կը գտնուի համանուն անունով երկաթուղային կայարանը. այնտեղէն կ՛անցնին այժմ չգործող Ջուղա-Հորադիզ եւ Միջնաւան-Կապան երկաթուղային գիծերը:

Սերժ Թանքեան Եւ Ատոմ Էկոյեան Այցելեցին «Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Կեդրոն

«Սիսթըմ աֆ ը տաուն» հռչակաւոր ռոք խումբի երգիչ, երգահան Սերժ Թանքեան, քանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան եւ ամերիկահայ բեմադրիչ Էրիկ Նազարեան հիւրն էին Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ  «Նարեկացի» նուագախումբին:

Երիտասարդ երաժիշտները գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Արտեմ Խաչատուրի 2016 թուականին իբրեւ նուիրում Սերժ Թանքեանին եւ «Էս.Օ.Էյ.Տի.» խումբի անդամներուն ներկայացուցած էին անոնց «Արիալզ» երգի մեկնաբանութիւնը ժողովրդական նուագարաններով, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած էր, որուն շնորհիւ, ռոք երաժիշտը այցելելով Հայաստան, չէր մերժած «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեանին հրաւէրը եւ եկած էր լսելու:

Տեղեկացնենք, որ փոխադարձ ոգեւորուածութեամբ անցաւ հանդիպումը, որուն ընթացքին նուագախումբը նուագեց ժողովրդական «Նոր ուզունդարա»` Արտեմ Խաչատուրի մշակմամբ, եւ Արամ Խաչատրեանի «Լեռնցիներու պար»-ը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>