Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին մէջ ուսուցչաց տօնը վերածուեցաւ քանի մը տեսակ գնահատականներու դրսեւորումի: Աշակերտները, աւարտական 12-րդ կարգի իրենց ընկերներուն միջոցով, իրենց ուսուցիչներուն հանդէպ գնահատանք արտայայտեցին` խօսքով, ծաղիկներով, երգով, նուագով եւ ասմունքով: Այսպէս` Աննա-Մարիա Գապաքեան կատարեց բացման խօսքը, Մելիսա Յակոբեան խօսեցաւ աշակերտներուն անունով եւ բարձր գնահատեց Հայ ուսուցիչին դերն ու զոհողութիւնը, Ճեսի եւ Լիւսի Աւետիսեան քոյրերը (ջութակ եւ դաշնակ) ներկայացուցին «Սիրելի ուսուցիչ» երգը: Նախակրթարանի 6-րդ կարգը ուսուցիչը դրուատող կտոր մը ասմունքեց եւ երգեց «Իմ ուսուցիչ» երգը:
Յայտագիրը, որ նուիրուած էր վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած, հայոց լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի Զուարթ Աբէլեանին, ընդգրկեց երեք բաժին: Առաջինով Յակոբ Հանտեան խօսք առաւ Զ. Աբէլեանի աշակերտած ուսանողներուն անունով: Ան թուեց ե՛ւ որպէս մարդ, ե՛ւ որպէս դաստիարակ-ուսուցիչ Զուարթ Աբէլեանի դրսեւորած առաքինութիւնները` անոր տալով «ուսուցչամայր» տիտղոսը:
Երկրորդ բաժինով Զուարթ Աբէլեանի եղբօր դուստրը` Անի Աբէլեան-Հոկլինտ ներկայացուց իր հօրաքրոջ կենսագրութիւնը, ապա հրամցուց տեսանիւթէ մը բեկորներ, ուր Զ. Աբէլեան կ՛ասմունքէր բանաստեղծական երկար կտորներ:
Երրորդ բաժինով տնօրէնուհի Վ. Պալըգճեան յայտարարեց «Զուարթ Աբէլեան» գրական մրցանակի հիմնումը: Արուեստագիտուհի եւ հոգեբան դոկտ. Անիթա Թութիկեան (1980-ի շրջանաւարտ) հաստատեց տարեկան այս մրցանակը, որպէսզի շարունակուի աշակերտներ ներշնչելու, քաջալերելու եւ յառաջ մղելու ջանքը, որուն ձեռներէց վարպետուհին եղած է Զ. Աբէլեան` բնիկ քէօրքիւնէցի հայ դաստիարակը: Յայտագիրը սկսելէ առաջ կատարուեցաւ բացումը, նոր անունով, երկրորդական բաժնի գրադարանին, որ այս առիթով կոչուեցաւ «Զուարթ Աբէլեան» գրադարան:
Յայտագիրի աւարտին ուսուցիչ, աշակերտ եւ ծնողք վայելեցին 12-րդ կարգի եւ Ծնողական յանձնախումբին պատրաստած հիւրասիրութիւնը:
Յիշատակը անթառամ Զուարթ Աբէլեանին եւ վարձքը կատար` բոլոր կրթական հայ մշակներուն: