Ուրբաթ, 24 մարտ 2017-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երկրորդականի աշակերտութիւնը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու լիբանանեան բանակի ենթաբաժանումներուն եւ Սպայից վարժարանին:
Արդարեւ, տնօրէնութեան եւ «Լիբանանի երիտասարդութիւնը դէպի հայրենասիրութիւն» կազմակերպութեան համագործակցութեամբ եւ Սպայից վարժարանէն Ա. տեղակալ Միշէլ Սերժիի, լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչ գնդապետներ` Սաատի Ֆեթիքի եւ Էլի Տերեզիիու դերգնդապետ Փիեռ Ֆարահի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` քոլեճի սրահին մէջ:
Բանակի շեփորախումբի կողմէ Լիբանանի քայլերգի մեկնաբանութենէն ետք, աւարտական դասարանէն Պարգեւ Սաստունեան արաբերէնով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շեշտը դրաւ բանակի կարեւորութեան` ու անոր մասին տեղեկութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ:
Ապա «Լիբանանի երիտասարդութիւնը դէպի հայրենասիրութիւն» կազմակերպութեան անունով խօսք առաւ Կրազիէլլա Մթրան, որ կարեւոր նկատեց դպրոցի աշակերտներուն` բանակի մասին տեղեկութիւն տալու եւ ապագայի հայրենասէրը թրծելու անհրաժեշտութիւնը:
Օրուան դասախօսն էր Սպայից վարժարանէն Ա. տեղակալ Միշէլ Սերժի, որ տեսերիզի ընկերակցութեամբ լիբանանեան բանակին բոլոր ենթաբաժանումները ներկայացուց աշակերտներուն:
Դասախօսութենէն ետք դերգնդապետ Փիեռ Ֆարահ պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն:
Ձեռնարկի աւարտին քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան եւ «Լիբանանի երիտասարդութիւնը դէպի հայրենասիրութիւն» կազմակերպութեան` ձեռնարկի յաջողութեան համար իրենց ունեցած ներդրումին համար եւ քոլեճի անունով Ա. տեղակալ Միշէլ Սերժիին յանձնեց յուշանուէր մը:
Ապա քոլեճի ամբողջ աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ քոլեճի բակը, ուր լիբանանեան բանակի շեփորախումբը նուագեց հայրենասիրական եղանակներ: