Արդէն տարի մը անցաւ այն թուականէն, երբ ազրպէյճանական կողմը Արցախի դէմ սանձազերծեց ռազմական արագ պատերազմի մը` փորձելով անակնկալի բերել հայկական կողմը: Սակայն անոր հաշիւները անճիշդ դուրս եկան, որովհետեւ մեր մարտունակ բանակը ցոյց տուաւ, թէ ան պատնէշի վրայ է, պատրա՛ստ` հակադարձելու որեւէ գործողութեան եւ տէր` հայկական իւրաքանչիւր թիզ հողի: Ներհայկական իմաստով եւս քառօրեայ պատերազմը փոխանցեց պատգամներ, տարբեր ուղղութիւններով երեւոյթներ լուսարձակի տակ բերաւ, կրկին վերաթարմացուց այն փաստը, որ հայութիւնը` ի Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռս աշխարհի, միակամ եւ հզօր է, յատկապէս երբ մարտահրաւէր կը կարդացուի իրեն ու միշտ պատրաստ է նետուած ձեռնոցը հպարտութեամբ եւ արեան գնով վերցնելու:
2016 ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու եւ լիբանանահայութեան մնայուն զօրակցութիւնը դրսեւորելու միտումով 29 մարտին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն, որուն ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի անդամ Աշոտ Բագրատունի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Շահան Գանտահարեան, իսկ օրուան բանախօսն էր քառօրեայ պատերազմի նահատակ Նորայր Հաջեանի հայրը` լրագրող-հրապարակախօս Միքայէլ Հաջեան:
Մեր էջերով կը հրատարակենք այս ձեռնարկին արտասանուած խօսքերը:
«Ա.»