Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ապրիլը Նաե՛ւ Ամիս Է Յիշեցնելու, Որ Ունինք Հզօր Բանակ

$
0
0

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Տարուան մը հեռաւորութենէն ապրիլեան պատերազմի փոխանցած ուղերձները, պատահածին հետեւանքները եւ քաղելիք դասերը վերլուծելը կ՛ենթադրէ տարբեր ուղղութիւններու վրայ լուսարձակի տակ առնել թէ՛ ապրիլեան նախօրեան, թէ՛ պատերազմի քառօրեան եւ թէ՛ մանաւանդ անոր հետեւող ժամանակահատուածը` մէկ տարուան կտրուածքով:

Ռազմական առումով Պաքուի հաշուարկները յանգած էին այն եզրակացութեան, որ մարտունակութեամբ թերի ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն համար կայծակնային պատերազմի ձեռնարկելը կ՛արդարացուի միայն հեռակառավարուող պատերազմով, ուր մարդկային գործօնը իր գերակայութիւնը կը զիջի անօդաչու սարքերուն, ջերմային տեսանելիութեան ընկերացող արհեստագիտութեան, եւ ճակատային դիրքերէ հեռու, կոճակի սեղմումներով աշխատող զինուորական գործիքակազմերու:

Հայկական կողմին մարտունակ գերակայութեան դիմաց ազրպէյճանական զինեալ ուժերու մէջ սեփական հայրենիքի համար պայքարելու համոզումի բացակայութիւնը. ու տակաւին` թալիշ եւ լեզգի զինուորներուն միեւնոյն ազգին մաս կազմած չըլլալու ինքնութեան խնդիրներու իրողութիւնները ազդած էին այս բոլոր հաշուարկներուն վրայ, որպէսզի Պաքուն ձեռնարկէ 21-րդ դարու բնորոշ, հեռակառավարուող, մարդկային գործօնի նուազ դերակատարութեամբ ընթացող պատերազմի:

Այստեղ իրենց կշիռը ունէին անշուշտ` Անգարայի կանաչ լոյսը, գերմիջնորդ Ռուսիոյ սթաթուս քուոի պահպանման մօտեցումները, Ազրպէյճանի ներքին սուր խնդիրներու թէժացումը, նաւթատոլարի հիման վրայ կուտակուած ռազմական ուռճացուած պիւտճէները, անոր հիման վրայ կայացած ռազմական նորագոյն արհեստագիտութիւնը եւ այս ոլորտի մէջ կայացած միջպետական գործարքները:

Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, Պաքուն չյաջողեցաւ լուծել իր առջեւ դրած ռազմական խնդիրները: Ո՞ր տրամաբանութեամբ է, որ պատերազմ սանձազերծողը նոյնքան արագ միակողմանի հրադադար կը յայտարարէ. Այստեղ, եթէ մէկ կողմէ միջազգային հանրային կարծիքին խաղաղասէրի դիմագիծով ներկայանալն է, միւս կողմէ, սակայն, նպատակադրուած յառաջընթացը ոչ միայն չկարենալ իրականացնելն է, այլ հակահարուածի ուժգնութեան տակ կքիլն է: Այսօր շատ են ռազմագիտական վերլուծութիւնները, որոնք կը խօսին  ռուսական միջնորդութեամբ կայացած զինադադարով հայկական կողմի յառաջխաղացքը կասեցնելու մասին:

Հետեւաբար ճիշդ չէ, մանաւանդ` ապրիլեան պատերազմի բերումով ստեղծուած համազգային համախմբման ալիքի բարձրացման իրականութենէն ետք, հարցականի տակ առնել պաշտպանական համակարգերու պաշտօնական հաղորդագրութիւններով յայտարարուած տեղեկատուութիւնը. ոչ միայն ճիշդ չէ, այլ նաեւ վնասակար է ազրպէյճանական յառաջաջխաղացքի կասեցումի հայկական յաղթանակը խնդրոյ առարկայ դարձնելով աճապարանքով խօսիլ կորուստներու, թոյլ կէտերու, բանակի շահագործման երեւոյթներու մասին:

Պատերազմը չէ աւարտած տակաւին Ազրպէյճանի հետ: Ապրիլը ընդհանուր պատերազմին մէկ կայծակնային գործողութիւնն էր, ուստի հայկական կողմի թոյլ կէտերը հրապարակային քննարկումի ենթակայ դարձնելը չի տեղաւորուիր տեղեկատուական պատերազմի օրէնքներուն մէջ:

Ռազմական վերահաշուարկները մասնագիտական մակարդակի վրայ կը կատարուին արդէն: Եթէ անհրաժեշտ նկատուին, ամենաբարձր պաշտօններ զբաղեցնող պաշտօնեաներու փոփոխութիւններ կը կատարուին, անկախութեան շքերթներուն կը ցուցադրուին այն զինատեսակները, որոնց գոյութիւնը հայկական կողմին մօտ հարցականներ ստեղծած էր, շփման գիծերու վրայ հայկական կողմէն  կը հեռարձակուին անօդաչու այնպիսի սարքեր, որոնք ոչ միայն հայկական կողմին սեփականութիւնը դարձած են, այլ նաեւ յաճախ հայկական ռազմարդիւնաբերութեան արտադրանքներ են: Ու տակաւին, ջերմային տեսանելիութեան սարքերու տեղադրումով կը նկատուին թշնամիին շարժումները, կը չէզոքացուին ու կը կանխարգիլուին թափանցման գործողութիւնները, կ’ոչնչացուին շփման գիծը հատած ազրպէյճանական անօդաչու սարքերը: Այդ բոլորը կը նկարահանուին եւ փորձագիտական բացատրութեամբ կը հրապարակուին համացանցի վրայ:

Եւ եթէ մտածենք, որ ապրիլեան պատերազմէն առաջ եւ ապրիլեան պատերազմէն ետք ի՞նչ համեմատութիւններով պակսած են Պաքուի սանձազերծած թափանցման գործողութիւնները, ազրպէյճանցի դիպուկահարները ապրիլ 2016-էն առաջ եւ անկէ ետք որքա՞ն յաջողած են իրականցնել իրենց առջեւ դրուած խնդիրները, կրնանք փաստացի եզրակացութիւններու յանգիլ ապրիլեան պատերազմէն ետք հայկական պաշտպանական համակարգերու կատարած վերահաշուարկներուն մասին: Ապրիլէն առաջ եւ ապրիլէն ետք նոյնը չէ այլեւս հայ ազրպէյճանական շփման գիծը: Իսկ այս փոփոխութիւնը արդիւնք է վերահաշուարկներու, լուռ, առանց աղմուկի կատարուած աշխատանքներու:

Ահա նման առարկայական գնահատականներու հիման վրայ տեսութիւններ պէտք է առաջ քշել, վերլուծումներ կատարել եւ ոչ թէ առանց սպասելու պաշտօնական գերատեսչութիւններու հաղորդագրութիւներուն` աճապարել հայկական կորուստներու, թոյլ կէտերու մասին հրապարակային քննարկումներ ընել:

***

Քաղաքական առումով եւս  հայկական կողմը ունեցաւ յստակ առաւելներ: Ապրիլեան քառօրեայէն ետք Վիեննայի հանդիպումը լուսաբանող հրապարակուած հաղորդագրութիւնը յղում կը կատարէր 1994-ի հրադադարի պայմանագրին: Բանակցութիւններէն վաղուց բացակայող այս պայմանագրի վերստին յղում կատարելը կարելի է նկատել քաղաքական առաւել հայկական կողմին համար  պարզ այն պատճառով, որ պայմանագիրը եռակողմ էր եւ ներառած նաեւ Ստեփանակերտը` իբրեւ անկախ  բանակցող կողմ: Այս մէկը միակ փաստաթուղթն է, միակ պայմանագիրը, որ նաեւ վերահաստատուեցաւ տարի մը ետք, ուր Արցախի Հանրապետութիւնը իբրեւ երրորդ եւ անկախ բանակցող կողմ կ’ընկալուէր միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Եռակողմ համաձայնագրի վերաքննարկումը միակ քաղաքական առաւելը չէր անշուշտ. Հետագայ բոլոր հաղորդագրութիւնները ոչ միայն շեշտեցին շփման գիծի վրայ մշտադիտարկման սարքեր տեղակայելու անհրաժեշտութիւնը, այլ նաեւ մէկ քայլ անդին անցնելով` հետաքննութեան նպաստող սարքերու տեղադրումը:

Բնականաբար Պաքուն պիտի շարունակէր ձգձգել եւ մերժել նման սարքեր տեղադրելու միջազգային ընտանիքին կոչերը` ծածկելու համար իր յարձակողապաշտ վարքագիծը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած վերջին տեսերիզը, սակայն, յստակ կը դարձնէր, թէ ինչպէս ազրպէյճանական զինեալ ուժերը իրենց դիրքերէն անցած էին չէզոք գօտի եւ յառաջացած` դէպի հայկական դիրքերը, որուն դիմաց կատարուած էր չէզոքացման գործողութիւնը: Փաստօրէն հայկական ուժերը իրենք կը վերցնէին նաեւ մշտադիտարկումի եւ հետաքննութեան համար նիւթեր պատրաստելու եւ միջազգային ընտանիքին տրամադրելու պարտականութիւնը եւ այդ պարտականութեան կատարման համար անհրաժեշտ սարքերու օգտագործումը:

Այո՛, հայկական կողմը կը փաստէր, որ պատրաստ է նաեւ նորագոյն ռազմարդիւնաբերութեամբ, մարտունակութեան կողքին, դէմ դնելու հակառակորդի բոլոր սադրանքներուն:

Ապրիլի փոխանցած դասերու ճիշդ ընկալումն էր նաեւ ազգ-բանակ կերտելու որոշումը: Յատկապէս սահմանամերձ շրջաններու ուղղութեամբ գիւղացիական շրջանակներու զինուորապէս սթափ վիճակի նախապատրատութիւնը եւ ընդհանրապէս քաղաքացիական եւ ռազմական մտածողութիւններու համատեղումը եւ օրհասի պահուն ամբողջ ազգի համախմբուածութիւնն ու համակարգուած աշխատելու եղանակներու ճշդումը այս գաղափարախօսութեան մաս կազմող կարեւոր բաղադրիչներն են:

Ապրիլեան դասերը լիարժէք իւրացուցած էր հայկական կողմը:

Եւ հիմա մտածենք, որ պատերազմ յաղթած, պատմական տարածքներ ազատագրած,  ապրիլեան յարձակումները կանխարգիլած, հայկական կողմը` Թալիշի մէջ նոր Սումկայիթներ սարքելու պատրաստ պետական ահաբեկչական միաւորին ուղղութեամբ զիջումներու մասին ինչո՞ւ հրապարակային յորդորներ պիտի կարդայ. Ի՞նչն է տրամաբանութիւնը, որ յաղթող կողմը միակողմանի հրադադար խնդրողին նկատմամբ պատրաստակամութիւն պիտի յայտնէ տարածքներ զիջելու, այն ալ` միջանկեալ կարգավիճակի համաձայնութեան դիմաց, անժամկէտ անորոշ թուականի հանրաքուէ կազմակերպելու սկզբունքներու հեռանկարներով:

Ապրիլեան պատերազմը, այս առումով, ինչպէս վերահաշուարկներ պարտադրեց, այնպէս ալ վերաբանաձեւեց հայկական կողմին մօտեցումը բանակցութիւններուն:

Առ այժմ բանակցութիւնները կ’ընթանան հրադադարը կայունացնելու, ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը կանխելու համապատասխան երաշխիքները ամրագրելու ուղղութեամբ: Պարտուող կողմէն` Ազրպէյճանի կողմէն, Արցախի հանրապետութեան ճանաչումէն ետք է միայն, որ կը սկսի գործընթաց Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծումի ճշդումին:

Այս սկզբունքներէն դուրս ամբողջ նախընտրական քարոզարշաւ մը կեդրոնացնել զիջումնային մօտեցումներով խաղաղութիւն հաստատելու ժողովրդահաճոյ մօտեցումներու վրայ, չի կրնար ենթահող գտնել, չի կրնար ժողովրդային ընկալելիութիւն ունենալ, երբ ամբողջ ժողովուրդը Արցախի, Հայաստանի Հանրապետութեան թէ սփիւռքի մէջ ապրիլեան պատերազմի առաջին վայրկեանէն հերթական անգամ ցուցաբերեց օրինակելի համախմբուածութիւն` հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող բոլոր սահմանները ամէն գնով պաշտպանելու:

Խաղաղութեան համար ընտրական քարոզարշաւի շրջանակներուն մէջ առաջադրուած խաղաղութիւնը իրատեսական չէ. Մենք գործ ունինք ահաբեկչական պետական միաւորի հետ, որ հերթական անգամ փաստեց, որ Սումկայիթը կրկնելու ծրագիր ունի ոչ միայն Թալիշի, այլ ամբողջ արցախահայութեան նկատմամբ: Հետեւաբար կարելի չէ տարածքներու մասին խօսիլ, բանակցելի փաստաթուղթը օր առաջ ստորագրելու կոչեր ընել եւ քաղաքական դասեր տալ զիջումներով առաւելներ ձեռք ձգելու:

Այո՛, կը գիտակցինք, որ երբ կայ բանակցութիւն, կան բնականաբար փոխզիջումնային սկզբունքներ: Բայց երբ սառած են այդ բանակցութիւնները, երբ պարտադիր բանակցային սեղան բերուած կողմը, անընդհատ միջազգային համաձայնութեամբ զինադուլը խախտելու դէպքերով կը յատկանշուի, անընդունելի կ’ըլլայ խօսիլ զիջումներու, տարածքներու, ուժերու հեռացման անհրաժեշտութեան մասին:

Եւ ո՞վ ըսաւ, որ միայն կարգավիճակի խնդիր դրած է հայկական կողմը, ինչպէս կ’ուզեն ներկայացնել խորհրդարանական ընտրութիւններուն այս խնդիրը առաջ քշող կողմեր: Այո՛, կայ նաեւ տարածքի հարց.հայկական կողմին համար կայ հիւսիսային Արցախի վերակցման հարց, Գետաշէնի, Մարտունաշէնի, Շահումեանի վերաազատագրման խնդիր: Այս բոլորին առանց անդրադառնալու` տարածքներ յանձնելու մասին խօսիլը, հրամցուած փաստաթուղթը անյապաղ ստորագրելու դասեր տալը միայն կը նպաստեն ռազմական յանցագործութիւններով հարուստ թղթածրար ունեցող կողմին:

Ապրիլ 2016-ը մէկ արարն էր ընդհանուր պատերազմին: Այդ պատերազմը կը յատկանշուի թափանցման-խափանարարական փորձերով, դիպուկահարներ գործի լծելով, հայ անզէն բնակչութեան դէմ ոտնձգութիւններով,  Պուտափեշտի մէջ հայ սպայ կացինահարելով,  արցախեան հակամարտութեան մասին ապատեղակատուութիւն տարածելով, ու տակաւին, Արցախ այցելած քաղաքական, հասարակական գործիչներու թէ լրագրողներու սեւ ցուցակ կազմելով, երրորդ պետութիւններու դիմելով, արտայանձնումներու գործարքներ կազմակերպելով, 1994-ի հրադադարի պայմանագիրը անդադար խախտելով, զօրավարժութիւն իրականացնող ուղղաթիռ խփելով, խախտելով միջազգային ամէն համաձայնութիւն` ռազմագերիներու փոխանակման թէ դիակներու յանձնման ուղղութեամբ, հայ ռազմագերիներու նկատմամբ ամենաանմարդկային վերաբերումները ցոյց տալով, ռազմական յանցագործութեան ամէնէն դաժան դրսեւորումներով Թալիշի ծեր բնակչութիւնը մարմնական անդամահատումներու ենթարկելով, ու տակաւին, նահատակուած հայկական բանակի անդամը գլխատելով:

Տարածքներու մասին խօսելէ առաջ  այս բոլորի միջազգային գնահատականը ապահովելու համար պէտք է աշխատիլ:

Եւ տրուած ըլլալով, որ ապրիլը պիտի յատկանշուի նաեւ նոր համակարգի անցում կատարող մեր երկրի նորընտիր խորհրդարանով, այս օրերուն մանաւանդ պէտք է մտածել, թէ ո՛ր ուժն է, որ յստակ ծրագիր, հայեցակարգ, ընելիք ամրագրած է եւ հետեւողականութիւն ցոյց կու տայ` առանց զիջելու զարգանալու գաղափարախօսութիւնը առաջ քշելով. որուն համար Արցախը զուտ նախընտրական քարոզարշաւի թեմա չէ, որուն համար Արցախը գոյութեան կռիւ է` սահմանին թէ եւրոպական ատենաններու մօտ: Դաշնակցութիւնը Արցախի պետականութեան կերտման գլխաւոր ուժն է, առաջին խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմած կուսակցութիւնը, որ Արցախի համար թէ՛ նահատակ կու տար, թէ՛ միջազգային ատեաններու նախասրահներոն մէջ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման համար հետեւողական պայքար կը մղէր: Դաշնակցութիւնը կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնն ու անոր խորհրդարանը. Դաշնակցութիւնը կերտեց ազատ Արցախի առաջին խորհրդարանը: Այսօր եւս Հայաստանի անցում կատարած նոր համակարգի ետին կանգնած է Դաշնակցութիւնը: Ու բնականաբար կ’ակնկալուի, որ նոր խորհրդարանի մէջ հիմնական դեր ունենայ առանց զիջելու զարգանալու գաղափարախօսութիւնը առաջադրած ուժը: Պատերազմը չէ աւարտած մեր դէմ, եւ մենք այս պայմաններուն մէջ սահմաններու անառիկութեան ուղիները զարգացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք ազգովին:

Ապրիլ ամիսը համայն հայութեան համար պահանջատիրութեան խորհրդանիշ ամիս ըլլալով հանդերձ, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր է: Ապրիլը ասկէ ետք նաեւ ապրիլեան պատերազմին ինկած բոլոր նահատակներուն յիշատակի օրն է: Հիմնական խորհուրդի կարեւոր տարբերութեամբ մը` սակայն: Ազատագրուած տարածքներուն, շփման գիծերու վրայ թէ հայկական դիրքերը մինչեւ վերջին շունչ չլքելու պահուն ինկած հերոսները, ի տարբերութիւն Ցեղասպանութեան զոհերուն, ժողովուրդը դարձեալ նոր եղեռնի ենթարկուելու վտանգէն փրկած հերոսներ են: Հերոսաբար, զէնքը ձեռքին մինչեւ վերջին շունչ, ամէն գնով հայրենիքն ու ազատագրուած տարածքները փրկողներն են: Թալիշը փաստեց, որ թշնամին սումկայիթներ կրկնելու ծրագիրէ չէ հրաժարած տակաւին:

Բայց միաժամանակ հասկցաւ, որ իր դիմաց ունի զսպիչ բանակ, Սումկայիթի ազատութեամբ գործելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն տուող զինեալ ուժեր, նոյնիսկ անհաւասար միջոցներով ռազմի ելած մերօրեայ հերոսներ: Շնորհիւ այդ հերոսներուն է, որ ո՛չ միայն Արցախը, այլ նաեւ ամբողջ հայկական աշխարհը կը շնչէ, կ’արարէ կը ստեղծագործէ եւ կը զարգանայ: Այո՛, կը զարգանայ առանց զիջելու:

Եւ այս միջավայրը, լիբանանահայ գաղութը հաւանաբար սփիւռքի մէջ բոլորէն առաջ գիտէ գինը նման վճռակամութեամբ սահման պաշտպանելու: Այս միջավայրը, ուր  երբ չէր հնչած Արցախը ազատագրելու ահազանգը, հայրենիքի ազատագրութեան դատին համար գիտցաւ պաշտպանել իր ժողովուրդը, գիտցաւ իր լուման ներդրել յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշումով յատկանշուած ուժական պայքարին եւ գիտցաւ մանաւանդ, երբ ժամը հնչեց, օր առաջ յայտնուիլ արցախեան խրամատներուն մէջ իր հայրենակից ազատամարտիկներուն կողքին: Կողք-կողքի կռուելու եւ կողք-կողքի նահատակուելու ի գին:

Ապրիլը նահատակները ոգեկոչելու ամիս է. ապրիլը պահանջատիրութիւնը վերանորոգելու ամիս է. ապրիլը համախմբուելու առիթ է: Ապրիլը նաեւ այսուհետեւ առիթ է յիշցնելու, որ մենք այլեւս ունինք հզօր բանակ, որ գիտէ զսպել թշնամիին կողմէ սանձազերծուած որեւէ ռազմական արկածախնդրութիւն, որ գիտէ կանխել հայ ժողովուրդին դէմ նիւթուող որեւէ եղեռնագործութիւն, որ այսօր ունի նաեւ ռազմական գերյագեցած արհեստագիտութիւնը` թշնամիին վերահսկած տարածքներուն մինչեւ խորերը տեսնելու, այնտեղի շարժումները նկատելու եւ ամէն նախապատրաստուող ոտնձգութիւն իր նախնական վիճակին մէջ չէզոքացնելու:

Շնորհիւ հերոսաբար ինկած նահատակ զինուորներուն` այսուհետեւ ապրիլը նաեւ ուժական միջոցով ցեղասպանութեան որեւէ փորձ կանխարգիլող հայկական ուժի խորհրդանիշ ամիս է:

Յաւեր՛ժ փառք բոլոր այդ հերոսներուն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>