ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Կազմակերպութեամբ «Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան» (նախագահ` Ղազար Միրզոյեան) եւ նուիրուած` Սուրբ Վարդանանց տօնին եւ հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին, յատկանշական ցուցահանդէսի մը բացումը տեղի ունեցաւ, շաբաթ, 25 փետրուարի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Ցուցահանդէսը կը բաղկանայ երեք բաժիններէ` երիտասարդներ, աւագներ եւ դասականներ: Ցուցադրութեան դրուած են 54 ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ 14-ը դուրս բերուած է Ազգային պատկերասրահի պահեստային ֆոնտէն: Այս վերջիններէն որոշ թիւով գեղանկարներ խորհրդային շրջանին չէին ցուցադրուեր յայտնի պատճառներով: Այս իւրօրինակ խմբային ցուցահանդէսին գլխաւոր նպատակը հայ զինուորի հերոսական կերպարի բացայայտումն ու դրսեւորումն է գեղարուեստական յղացքներու միջոցով:
Խորհրդային տարիներուն պետականօրէն կը խրախուսուէր կերտել Խորհրդային Միութեան զինուորի եւ անոր հերոսական խառնուածքի ընդհանրական կերպարը` առանց մասնաւորելու եւ ազգայնացնելու զայն: Սակայն հայ կերպարուեստագէտներէն շատեր յաճախ իրենց ստեղծագործութեան կը հաղորդէին ազգային նկարագիր ու լեզուամտածողութիւն, ինչպէս` այս ցուցահանդէսին ցուցադրուած Զօրավար Անդրանիկի դիմանկարը, որ գործն է Փանոս Թերլեմեզեանի: Փանոս Թերլեմեզեան իր հերթին եղած է ֆետայի, ազգային գործիչ, քանի մը անգամ բանտարկուած` տարբեր երկիրներու մէջ, նոյնիսկ մասնակցած է Վանի յայտնի հերոսամարտին` իբրեւ ղեկավար մարմինի անդամ:
Այս ազգային խառնուածքի տէր հերոսը, որ անձամբ ծանօթ էր Անդրանիկին, չէր կրնար զայն պատկերել առանց շեշտելու անոր ազգային նկարագիրն ու պատկանելիութիւնը: Անդրանիկին չէ պատկերած պատերազմի դաշտին մէջ կամ լեռներու վրայ հայդուկային կռիւներու ընթացքին, եւ ոչ ալ զայն երփնագրած է ձիու վրայ եւ կամ խումբ մը ֆետայիներ առաջնորդելու ընթացքին: Այլ Թերլեմեզեան իր ստեղծագործական տաղանդի ուժգնութեամբ պատկերած է անոր դիմանկարը, ուր խտացուած կը թուի ըլլալ ողջ ժողովուրդի մը ողբերգական վիճակը, ողջ ժողովուրդի մը գոյատեւելու տենչն ու մանաւանդ` պայքարելու անզիջող կամքը: Հոս կարծէք թէ ստեղծագործ արուեստագէտը կը նոյնանայ ու կը մերուի իր կերտած հերոսական կերպարի հետ:
Ցուցահանդէսի երկրորդ ուշագրաւ գործը Մարտիրոս Սարեանի «Մարշալ Բաղրամեանի դիմանկարն» է: Սարեան ունի բազմաթիւ դիմանկարներ, սակայն այս մէկը իրագործուած կը թուի ըլլալ տարբեր մօտեցումով ու յատուկ խնամքով: Բաղրամեանը իր Մարաջախտեան փառքի ու մեծութեան մէջ է: Առաւելաբար շեշտուած է անոր մարդկային մեծութիւնն ու ամուր նկարագրի տէր ըլլալու հանգամանքը:
Ան նստած է պատուհանին տակ, պարզ աթոռի մը վրայ ու նկարուելու կեցուածք ընդունած: Պատուհանէն կ՛երեւի իր հայրենիքի գարնանային շքեղ ու գեղեցիկ բնութիւնը: Անոր դէմքին գծագրուած մեղմ ու թեթեւ ժպիտը բազմանշանակ է ու խորհրդաւոր, կարծէք ըսել կ՛ուզէ` «Փառքը իմս չէ, այլ ձերն է, ի՛մ ժողովուրդ»:
Բաղրամեանի հայրենասիրութիւնն ու մարդասիրութիւնը չենք կրնար նժարի վրայ դնել: Ան մասնակցած է Սարդարապատի պատերազմին եւ երկու տարի ծառայած է նաեւ իբրեւ հայ զինուոր` գործնապէս ապացուցելով ազգին համար զոհուելու իր պատրաստակամութիւնը: Սարեան կրցած է կերտել բարի, անձնուէր, մարդասէր ու վճռակամութեամբ լի հերոսական հայ զինուորի կերպարը: Ուշադրութեան արժանի յաջորդ գեղանկարներէն մէկը անկասկած որ Էդիկ Բերդեանի «Երգ` երիտասարդ ֆետայիներու մասին» կտաւն է: Այս ստեղծագործութիւնը ունի ոչ սովորական լուծում: Պարզ գիւղական հագուստներով եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմին բնորոշ զէնքերով երկու ֆետայիներ (փարթիզաններ), իրենց զինուորական առաքելութիւնը յաջողութեամբ իրագործելէ եւ նախաճաշելէ ետք, հանգիստ խղճով ու գոհունակ տրամադրութեամբ կը մրափեն պուրակի մը մէջ, ուր առաւօտեան թարմ շողերու տակ անմեղ ու քնքուշ թռչնակներ եկած են կտցահարելու եւ աւարտելու հաց-պանիրի անոնց համեստ պաշարը: Արուեստագէտը բնութեան անդորրութիւնը, թռչնակներու անմեղութիւնն ու կեանքի հմայքը կը հակադրէ ընչաքաղցութենէ ծնունդ առած կեանքի դաժանութեան ու անիմաստ աւերներուն: Խորապէս մարդկային կեցուածք մը, զոր գեղեցկօրէն դրսեւորած է, մեր պատմութեան կարգ մը դրուագներու եւ յատկապէս «Սասնայ Ծռեր» դիւցազանավէպի մէջ:
Այո՛, հայ զինուորը, հայ ֆետային վրէժխնդիր ըլլալով հանդերձ, պատերազմի ամենաթէժ պահերուն իսկ չի կորսնցներ իր մարդկային նկարագիրն ու կեցուածքը:
Այլ գեղանկարիչներ եւս հայ զինուորի նկարագրային տարբեր գիծերը արտայայտած են ինքնատիպ լուծումներով եւ ուժեղ արտայայտչականութեամբ, ինչպէս Էդ. Իսաբեկեանի «Վարդանի մահը», ուր շեշտուած է անոր վեհ հերոսականութիւնը: Մարիամ Ասլամազեանի «Հերոսի վերադարձը», ուր ի յայտ կու գայ, որ հայ զինուորը միայն կռուող կտրիճ մը չէ, այլ գիտէ նուագել ու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծել, Բաբգէն Քոլոզեանի «Հրաժեշտը», ուր հայ զինուորը հրաժեշտ կու տայ իր նշանածին` գիտակցելով նաեւ իր մեկնումի անհրաժեշտութիւնն ու ազգային կենսական նշանակութիւնը, Լաւինիա Բաժբէուք Մելիքեանի «Կապաւորները», որոնք կին զինուորներ են, իրենց հերթին` սրբազան առաքելութեան մէջ, Մկրտիչ Սեդրակեանի «Մի կտոր հացը»-ը, ուր կը դրսեւորուի հայ զինուորի անսահման բարութիւնը, Ռուբէն Գաբրիէլեանի «Սրբապատկերը», ուր հայ զինուորները կրօնի ու սրբութեանց պահակներն ու պաշտպաններն են: Եւ այսպէս կարելի է շարքը երկարել:
Իր տեսակին մէջ յաջողած ու անհրաժեշտ այս ցուցահանդէսը արժանի է համապատասխան ուշադրութեան ու գնահատանքի: