Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Մէկ Տարի Ետք Ունինք Աւելի Պաշտպանուած Սահմաններ». Արծրուն Յովհաննիսեան

$
0
0

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանն ու Արցախը զգալի աշխատանք կատարած են սահմանային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ. ըստ «Արմէնփրես»-ին, այսպէս ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը:

«Առաջնագիծին վրայ կանգնած զինուորներուն անվտանգութեան տեսանկիւնէն առնուած են զգալի քայլեր, տեղադրուած են համապատասխան արհեստագիտական սարքեր: Եղած են նոր զինատեսակներով համալրումներ, որոնք որոշ առումով կ՛երեւին, սակայն, ընդհանուր առմամբ, ամէն ինչ չէ, որ կ՛ըսուի: Կան գործընթացներ, որոնց մասին կը խօսուի յստակ իրավիճակներու ատեն: Հաշուի առնելով կատարուած աշխատանքը` այսօր վստահաբար կրնանք ըսել, որ մէկ տարի ետք ունինք առաւել պաշտպանուած սահմաններ: Բայց պիտի ուզէի այստեղ ընդգծել, որ բնականաբար խօսքը միայն պաշտպանութեան մասին չէ: Ինչպէս գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը իր վերջին ելոյթին ընթացքին նշեց, կան այլ գործառոյթներ, որոնք կանխարգելիչ են, անվտանգութեան համար հեռանկարային են: Հայաստան ձեռք կը բերէ արհեստագիտական այնպիսի գերժամանակակից միջոցներ, որոնք թոյլ պիտի տան գործը պաշտպանութեան չհասցնելու», ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

Անդրադառնալով ապրիլեան պատերազմէն ետք քաղուած դասերուն` Արծրուն Յովհաննսիսեան նշած է, որ նոյնիսկ զօրավարժութեան ժամանակ կը կատարուին վերլուծութիւններ, դասեր կը քաղուին, հետեւաբար մարտական գործողութիւններու ընթացքին նոյնպէս կը կատարուին հետեւութիւններ:

«Անշուշտ զինուորականները ապրիլեան պատերազմէն ետք դասեր քաղած են, հետեւութիւններ կատարած են, բայց անոնք միշտ չէ, որ թափանցիկ ու ընկալելի կրնան ըլլալ, որովհետեւ շատ յաճախ անոնք նեղ մասնագիտական հարցեր են: Բայց ըսեմ, որ կատարուած հետեւութիւններն ու դասերը նաեւ որոշ առումով ակնառու են: Ապրիլէն ետք մարտական գործողութիւններու ատեն փոխուած ձեռագիրը արդիւնաւէտութեան առումով երեւցած է, բայց անոնք մէկ մասն են, քայլերը աւելի խորունկ են: Ամէնօրեայ աշխատանք կը կատարուի, ամէն օր հետեւութիւններ կ՛ըլլան սահմանային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ», բացատրած է Յովհաննսիսեան:

Ապրիլեան պատերազմէն ետք յատուկ ուշադրութեան կ՛արժանանայ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտը: Արծրուն Յովհաննիսեանը նշած է, որ այդ ոլորտը ընդհանուր պաշտպանութեան մակարդակի բարձրացման գործընթացի առկայ ուղղութիւններէն մէկն է: Ան ընդգծած է, որ այդ ոլորտին մէջ կը կատարուի զգալի աշխատանք, որուն մասին չեն կրնար բարձրաձայնել:

Անդրադառնալով ապրիլեան զոհերու ընտանիքներուն աջակցելու գործընթացին` Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ այս գործին մէջ «բաւարար» գնահատական չի կրնար ըլլալ:

«Այս գործընթացը բոլոր ուղղութիւններով ունի մշտական պահանջ: Թէ՛ հասարակութեան, թէ՛ պետութեան կողմէն ապրիլեան գործողութիւններու զոհերուն ընտանիքները աւելի շատ ուշադրութեան արժանացան, քան` նախորդ տարիներուն զոհուածներուն ընտանիքները, բայց ատիկա բաւարար չէ: Ատիկա մշտական գործընթաց է», ըսած է ան:

Խօսելով 2017-էն սկսեալ մարտական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած կամ վիրաւորուած զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար գանձուած 1000 դրամներուն եւ ձեւաւորուած հիմնադրամին մասին` Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ արդէն երկու շահառուի մասին տուեալներ եղած են, հիմնադրամի կայքին վրայ պիտի տեղադրուին բոլոր մանրամասնութիւնները:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>