Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Իւրայատուկ Առաւելութիւն

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պայքարը բաւական բուռն թափով կ՛ընթանայ: Նախընտրական քարոզարշաւի պարտադրանքով մամուլը յաճախ կրկնութիւններով լեցուն է, եւ ընդհանուր թոհուբոհին մէջ կարեւոր կը դառնայ առանձնանալու ձգտումը, իւրայատո՛ւկը շեշտելու մարտավարութիւնը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան իւրայատկութիւնները բազմաթիւ են` սկսելով անոր հարուստ պատմութենէն, ընկերային գաղափարախօսութենէն, ազգային ձգտումներուն ծառայելու անդաւաճան աւանդութենէն` հասնելով մինչեւ համահայկական կառոյցով օժտուած ըլլալու իրողութիւնը:

Այս վերջինին վրայ կեդրոնանալով` կարելի է յաւակնիլ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այն միակ կուսակցութիւնն է, որ իր կազմակերպական կառոյցին ճամբով ուղղակիօրէն կը ստանայ սփիւռքի ներդրումը, սփիւռքեան զգայնութիւնները, գնահատումներն ու քննադատութիւնները, որոնք վստահաբար նկատի կ՛առնուին կուսակցութեան գործունէութեան ծրագիրներու մշակման ու կեցուածքներու բանաձեւման ընթացքին:

Բացի սփիւռքեան մտահոգութիւններու եւ նախապատուութիւններու հանդէպ ունեցած զգայնութենէն, կայ նաեւ հաշուետուութեան պարտաւորութիւն մը, որ կրնայ Հայաստանի օրէնսդրութեամբ միայն բարոյական կշիռք ունենալ, բայց իրականութեան մէջ` շա՛տ աւելի ծանրակշիռ է, քան` կանոնագրային տրամադրութիւնը:

Արդարեւ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործիչները իրենց աշխատանքին ու արտայայտութիւններուն մէջ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, միշտ հաշուի կ՛առնեն սփիւռքի իրենց կուսակիցներուն տրամադրութիւնները, գնահատումներն ու առաջարկութիւնները:

Այս իւրայատուկ հարստութիւնը նաեւ կը պարտաւորեցնէ Հայաստանի մէջ գործող դաշնակցականները` ցուցաբերել այնպիսի՛ վարքագիծ, որուն գնահատման չափանիշները չափազանց խիստ են, պահանջկո՛տ, որովհետեւ միշտ պիտի համեմատուին ազգային ազատագրական պայքարի հերոսներու, նահատակներու, մտաւորական եւ քաղաքական գործիչներու սխրանքներուն, զոհաբերութիւններուն ու նուիրումին հետ: Անարդար համեմատութիւն ու պահանջկոտութիւն կրնայ սեպուիլ այս, բայց ա՛յդ է իրականութիւնը եւ… առաւելութիւնը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>