Մակար ի Գաղիա
Գարնան առաջին օր: Թուխպ երկինք` ամառը մոռցնող աշնան պէս: Ֆրանսա ընտրութիւններ կան, Հայաստան ալ, նոր սահմանադրութեամբ, կ’ըսուի` համամասնական դրութեամբ: Մարդիկ ներքաշուած են խաղին մէջ: Ո՞ւր կ’երթան եւ ո՞ւր կը տանին:
Այս միտքերով էի, երբ հասան Արմենակ եւ Էլպիս:
– Էլպիս ըսաւ, որ այս օդով եւ տխրեցնող լուրերով ուտելու ախորժակ ալ չ’ըլլար: Պոլսական համադամներ պատրաստեց, որպէսզի միասին ձանձրանանք:
– Լա՛ւ ըրած էք, Արմենա՛կ: Ինձմէ աւելի Մակարուհին կպած կը մնայ Հայաստանի ու Ֆրանսայի լուրերուն եւ կը մեկնաբանէ,- ըսի:
– Ֆրանսա ընտրական գլխարկին տակէն չեմ գիտեր ի՛նչ պիտի հանէ: Տասնէ աւելի թեկնածուներէն մէկը պիտի ընտրուի, տասնեակ մը դժգոհներ եւ իրենց հետեւորդները ընդդիմադիր պիտի ըլլան հինգ տարի:
– Արմենա՛կ, Ֆրանսան մեծ է, փորձ ունի: Ի՞նչ պիտի ընէ փոքրիկ Հայաստանը իր բազմաթիւ կուսակցութիւններով եւ դաշինքներով:
– Սուրճի բաժակի մրուրը կարդացողը գիտէ:
– Ի՞նչ ըսել է:
– Ընտրապայքար կայ: Քաղաքականութենէ հեռացած Գագիկ Ծառուկեան վերադարձած է: Իր կուսակցութիւնը Հանրապետականներէն առաջ անցած է: Միւս կուսակցութիւնները հինգ տոկոս ալ չունին: Միայն չորս կուսակցութիւններ յաջորդ Ազգային Ժողովին մէջ մարդ կ’ունենան,- հեղինակաւոր խօսք ըսաւ Արմենակ:
– Լա՛ւ է: Եթէ քանի մը տասնեակ կուսակցութիւններ մտնեն Ազգային ժողով, ամէն շաբաթ կառավարութիւն կը փոխուի:
– Մակա՛րս, այլ հարց ալ կայ: Ծեծկւուքներ եղած են, կը խօսուի ընտրակաշառքի մասին: Վերանկախացումէն քառորդ դար ետք իմաստութիւնը եւ պարկեշտութիւնը առաքինութեան չեն դարձած:
– Երիտասարդ է մեր հանրապետութիւնը: Ամէն բան լաւ կ’ըլլայ, քանի որ խօսքի անսահմանափակ ազատութիւն կայ:
– Ճիշդ ես: Բայց ան ալ դարձած է քաղաքական դիրքի հասնելու անսահմանափակ ախորժակ: Եղածները կ’ուզեն յաւերժանալ, անոնց տեղը առնելու փառասիրութիւնները կ’աճին:
– Ի՞նչ պէտք է ընել,- հարցուցի:
– Փորձի շրջանի մը համար գէթ յայտարարել, որ Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուածները պիտի քուէարկեն որոշումները:
– Լաւ կ’ըլլայ, յունական Ակորայի ժողովրդավարութեան պէս, բայց ի՞նչ պիտի ընեն Գիւմրին, Գորիսը, Մեղրին, Կապանը եւ միւս քաղաքները:
– Ինչե՜ր կը փնտռես, Հայաստանը Երեւանն է, անկէ անդին շատ բան չկայ: Հրապարակ հաւաքուածները թող որոշեն նախագահը, վարչապետը, նախարարը, մարզպետը:
– Ի՜նչ կ’ըսես: Եթէ հիմա միայն ծածկւըուք կայ, այն ատեն հրապարակը կը դառնայ ռազմադաշտ: Արիւն կը հոսի:
Մտածեցի եւ առաջարկեցի.
– Նաւասարդեան խաղերը եթէ հոն կազմակերպեն, քաղաքական դէմքերը ըլլան մրցողները, ամէն օր փառքի տիրացողներ կ’ըլլան, կը հանդարտին եւ ժողովուրդն ալ կը զբաղի ու կը զուարճանայ:
– Լուծում չէ: Ֆրանսա` թեկնածու մը կ’առաջարկէ ընտրութիւնը փոխարինել վիճակախաղով: Դրամ չի ծախսուիր, կռիւ չ’ըլլար, համեստներն ալ բախտով կրնան ընտրուիլ,- ըսաւ բանիմաց Արմենակ:
– Իսկ եթէ ճարպիկները խարդախեն վիճակախաղը:
Էլպիս եւ Մակարուհի ձայն տուին, որ սեղանը պատրաստ է:
Արմենակ ըսաւ իր վերջին խօսքը.
– Այսօրուընէ տարբեր չըլլար: Դրամ կամ բախտ նոյն տեղը կը տանին: