Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Կոչ Կ՛ուղղեմ Կազմելու Արեւելքի Քրիստոնեաներու Լոպի Մը, Որպէսզի Կարելի Ըլլայ Դուրս Գալ Փոքրամասնութիւններու Նուաստ Հանգամանքէն Եւ Պաշտպանողական Դիրքերէն Անցնիլ Մտաւոր, Մշակութային, Քաղաքական Եւ Իրաւական Յարձակումներու» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Լեւոն Զաքի Ետալեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Վերջին տասնամեակներուն Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական եւ հասարակական ցնցումները սկսան բացասական անդրադարձ ունենալ տեղի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն վրայ, որոնք  որպէս քաղաքական եւ ռազմական ոչ գործօն տար իրենց երկիրներուն մէջ` մեծապէս տուժեցին ու կը շարունակեն տուժել ռազմական գործողութիւններու պատճառով: Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ այսօր քաոսային վիճակ կը տիրէ, ընտանիքներ կը տեղահանուին, կ՛երկփեղկուին, շատեր կը գաղթեն երկրէն դուրս, իսկ որոշ տոկոս մըն ալ կը շարունակէ ապրիլ իր հողին վրայ` լաւատեսութեամբ սպասելով:

Մինչ պատերազմական գործողութիւնները եւ քաղաքական զարգացումները կը շարունակուին, միւս կողմէ` տարբեր երկիրներու մէջ ժողովներով եւ համագումարներով կը քննարկուին տարածաշրջանի ժողովուրդներու մարդկային իրաւունքները պահելու եւ հարցերը լուծելու միջոցներ: Անցնող ամսուան ընթացքին Իրանի եւ Լիբանանի մէջ գումարուեցան կարեւոր ժողովներ ու կայացան հանդիպումներ, որոնց ընթացքին արծարուծեցան տարածաշրջանի ժողովուրդներու ապահովման, քրիստոնեաներու իրաւունքերու պահպանման, Լիբանան հաստատուած սուրիացի գաղթականները Սուրիա վերադարձնելու եւ տարածաշրջանին վերաբերող այլ հարցեր: Այս բոլորին մասին իրազեկ ըլլալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Սուրիա-Հայաստան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանին հետ, որ մասնակցած է համագումարներուն եւ հանդէս եկած է զեկուցումներով:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք ձեր մասնակցած համագումարներուն մասին:

ԼԵՒՈՆ ԶԱՔԻ ԵՏԱԼԵԱՆ.- Անցնող ամիսներուն մասնակցեցայ երեք տարբեր համագումարներու, որոնց արձագանգները օրին տեղ գտան տեղական եւ տարածաշրջանի մամուլին մէջ: Առաջին համագումարը` «Սուրիական նախաձեռնութիւն յանուն խաղաղութեան», կայացաւ Պէյրութ, «Ռիվիերա» պանդոկին մէջ, 9 փետրուար 2017-ին, սուրիացի հասարակութեան նախաձեռնութեամբ, Սուրիոյ պետութեան եւ ՄԱԿ-ի գործակցութեամբ: Առաջին անգամ ըլլալով սուրիացի ներքին եւ արտաքին ընդիմադիրներ, չէզոքներ, իշխանութեան կողմնակիցներ, քաղաքական դէմքեր հովանաւորութեամբ Սուրիոյ ազգային հաշտութեան նախարար Ալի Հայտարի, համախմբուած էին մէկ նպատակի համար` Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու խնդիրները քննարկելու եւ լուծելու: Աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներ վրաններու տակ կ՛ապրին: Ուրեմն, ժողովները սկիզբէն յստակօրէն հաստատեցին, որ պատերազմական գործողութիւններուն, քաղաքական ներկայ կացութեան երբեք անդրադարձ պիտի չըլլայ, այլ պարզապէս պիտի քննարկուին բոլոր հնարաւորութիւնները եւ միջոցները` սուրիացի գաղթականները Սուրիա  վերադարձնելու: Ասկէ մեկնելով` մենք ունեցանք հանդարտ ժողով մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցայ եւ ներկայացուցի խօսքս, որ բաղկացած էր երեք հիմնական կէտերէ:

Ամէն բանէ առաջ անպայման պէտք է երաշխաւորուի վերադարձողներուն ապահովութիւնը, առանց որուն` կարելի պիտի չըլլայ սուրիացիներուն վերադարձը. օրինակ` գաղթականներուն պէտք է տուն յատկացուի Սուրիոյ մէջ: Լիբանանի մէջ, ինչպէս ալ ըլլայ, վրանի մը տակ նստած են, այդ մարդիկը իրենց աներդիք ու փլած տուները տանիլը անիմաստ է, հետեւաբար պէտք է գոնէ մէկ սենեակ կառուցուի, որ ընտանիքները տանիք մը ունենան զիրենք պատսպարող: Սուրիա վերադարձողներուն համար ասի հիմնական կէտերէն մէկն է: Երկրորդ` ապահովական հարցերով պետութեան կողմէ հետապնդուածներու ցանկերէն դուրս պէտք է բերել այն վերադարձողներուն անունները, որոնք դատական բարդ խնդիրներ ու վճիռներ չունին, պարզապէս իրենց մէկ ունեցած հակառակ արտայայտութեան համար կը փնտռուին: Այս անունները պէտք է զանց առնուին այդ ցանկէն, որպէսզի մարդիկ իրենց երկիրը մտնելնուն պէս չբանտարկուին: Երրորդ կէտը կը վերաբերի զինուորական ծառայութեան հարցին: Այն երիտասարդները, որոնք զինուորական ծառայութիւն պիտի կատարեն, պէտք է որոշ ժամանակի մը համար յետաձգել ծառայութիւնը` մինչեւ տուեալ անձը իր ընտանիքը ապահով տեղաւորէ Սուրիոյ մէջ, զայն պահելու միջոց մը գտնէ, ապա կատարէ իր ծառայութիւնը: Այս երեք կէտերը որդեգրուեցան ժողովականներուն կողմէ:

«Ա.».- Ո՞վ պիտի հետապնդէ ժողովին հաստատած եւ վաւերացուցած բանաձեւերն ու որոշումները:

Լ.Զ.Ե.- Նախ ըսեմ, որ բաւական քաջալերական եւ գեղեցիկ ժողով մըն էր` սուրիացի քաղաքական բոլոր խաւերէն անձնաւորութիւններ համախմբող: Բոլոր կողմերը գոհ էին: Նման ժողովներուն կը շեշտուի մարդկային արժէքները ամէն բանէ առաջ դնելու կարեւորութիւնը: Այս ժողովէն յառաջացաւ յանձնախումբ մը, որ որդեգրեց այս եւ այլ կարեւոր կէտեր, որոնք կը նպաստեն եւ կ՛երաշխաւորեն գաղթականներու ապահով վերադարձը Սուրիա: Այս յանձնախումբը պիտի հետապնդէ աշխատանքները. բնական է նաեւ, որ աշխատանքներու իրականացման մէջ Սուրիոյ պետական աջակցութիւնը ունենալ: Այսօր յանձնախումբը արձանագրած է աւելի քան 1000 անձեր, որոնք յօժար են վերադառնալու այս պայմաններով: Այո՛, թէեւ թիւը քիչ է, բայց կը կարծեմ, որ եթէ նախ այս հազարը վերադառնայ Սուրիա ու վստահութիւն յառաջանայ մնացողներուն քով, բնական է, որ շատեր վերադառնան: Ժողովուրդը կ՛ուզէ փորձուած անձէ մը լսել, քան` ժողովականներէն ու պատասխանատու մարմիններէն:

«Ա.».- Խօսինք միւս համագումարներուն մասին:

Լ.Զ.Ե.-  Երկրոդ համագումարը կը կոչուէր «Արեւելեան քրիստոնեաներու հանդիպում»: «Արեւելքի քրիստոնեաներու կեդրոն» կազմակերպութիւնը իր չորրորդ համագումարը կազմակերպեց Պէյրութ, 9-11 փետրուար 2017-ին, ներկայութեամբ Սուրիայէն, Իրաքէն, Յորդանանէն, Եգիպտոսէն, Պաղեստինէն, Լիբանանէն, Պելճիքայէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն  եւ Միացեալ Նահանգներէն եկած պատուիրակութիւններու: Սուրիոյ պատուիրակութեան արտասանելիք խօսքը ինծի վստահուեցաւ: Խօսքիս մէջ անդրադարձայ, թէ ինչպէ՛ս Սուրիոյ քրիստոնեաները այսօր գոյապայքար կը մղեն: 2011-էն ծայր առած բռնութիւնները, տեղահանումները, ոճրագործութիւնները վերածուեցան զինեալ խմբաւորումներու ծրագրուած ու համակարգուած գործողութիւնններու, որոնք կը նպատակադրեն արմատախիլ ընել քրիստոնեաները ընդհանրապէս եւ զանոնք բռնի տեղահանելով, որպէսզի իրականանայ սիոնական շարժման եւ նոր-օսմանական նպատակները` ճանչնալ օրինականութիւնը հրեայ ցեղապաշտ պետութեան, տարածաշրջանը պարպել քրիստոնեաներէն եւ Սուրիան դատարկել հայերէն`  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք:

Տեսնելով եւ ապրելով իսլամութեան անունով ծայրայեղականներու գործադրած վայրագութիւնները, բարբարոսութիւնները, կարելի է հաստատել, որ կողմերուն բարի կամեցողութիւն ունենալն ալ բաւարար չէ, այսօր անհրաժեշտ է, որ  քրիստոնեաներէն առաջ բոլոր իսլամները շարժին ու գործի լծուին, որովհետեւ միապետական բռնատիրութենէն շատ աւելի վատ է կրօնապետական բռնատիրութիւնը, որ բնականաբար ահռելի անդրադարձ պիտի ունենայ Սուրիոյ հասարակութեան բոլոր շերտերուն եւ խաւերուն վրայ, որոնք դարերէ ի վեր ներդաշնակ ու խաղաղ կեանք մը վարած են միասին: Քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը այսօր Արեւելքի մէջ  միջազգային գետնի վրայ կ՛ապահովէ զարգացած քաղաքակրթութեան երեւոյթ մը` մարդու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները յարգող: Աշխատանք պէտք է տանիլ, որ իսլամ ինքնութիւնը մարդկութեան ինքնութեան հաշուոյն չըլլայ: Կոչ կ՛ուղղեմ, որ բոլոր քրիստոնեաները որդեգրեն զօրաւոր եւ միասնական կեցուածք մը, միացնեն տեսլականները, որովհետեւ հակառակ անոր որ քրիստոնեաները հիմնական բաղկացուցիչ տարրը կը հանդիսանան հասարակութեան մէջ, բայց շուքի տակ մնացած են, եւ իրենց ձայնը լսելի չէ ո՛չ տարածաշրջանին մէջ, ո՛չ ալ սփիւռքի տարածքին, որովհետեւ ներկայութիւն մը չեն, ուժ մը չեն ներկայացներ` որոշում կայացնելու համաշխարհային կեդրոններուն մէջ, ոչ ալ` քաղաքական իշխանութիւններու վրայ: Կոչ կ՛ուղղեմ նաեւ կազմելու Արեւելքի քրիստոնեաներու լոպի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ դուրս գալ փոքրամասնութիւններու նուաստ հանգամանքէն եւ պաշտպանողական դիրքերէն անցնիլ մտաւոր, մշակութային, քաղաքական եւ իրաւական յարձակումներու, որպէսզի կարելի ըլլայ մերկացնել ծայրայեղականները եւ ներկայացնել զանոնք որպէս յետամնաց գաղափարներու եւ շարժումներու կրողներ, որոնք ոչ մէկ կապ ունին իսլամ կրօնին հետ, այլ սոսկ ոճրագործական երեւոյթներ են մարդկութեան դէմ:

Պէտք չէ կրօնները պաշտպանուին վարչակարգերով կամ վարչակարգերը` կրօններով: Ամէն կրօն ինքզինք պաշտպանելու ուժը եւ կարողութիւնը պէտք է ունենայ: Կրօնը անհատներէ ու վարչակարգերէ պէտք չէ կախեալ ըլլայ պաշտպանուելու համար: Մենք պէտք չէ ակնկալենք, որ արաբական երկիրները մեծ զարգացում ապրին, այնքան ատեն որ կրօնը եւ վարչակարգը իրարու կը կապեն: Եւրոպա 1000 տարուան խարխափումներէն ետք ապրեցաւ զարգացում, երբ կրօնը բաժնեց իշխանութենէն: Երբ պետութիւն մը իր օրէնսգիրքին մէջ կը նշէ, որ նախագահ մը պէտք է որոշ կրօնի կամ դաւանանքի պատկանելիութիւնը ունենայ, բնական է, որ այդ երկիրը չի զարգանար, չի բարգաւաճիր:

Իսկ երրորդ համագումարը, որուն մասնակցեցայ, տեղի ունեցաւ 21-23 փետրուար 2017-ին, Թեհրանի մէջ: Պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր դատին յատկացուած 80 երկիրներէ ժամանած 500 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ 6-րդ համագումարն էր, որուն առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին քրիստոնեաները: Կազմակերպչական առումով, կարելի է ըսել, որ հոյակապ էր: Այս համագումարին ելոյթ ունեցան Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին եւ Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին: Համագումարի առաջին օրը խօսք առին երկիրներու վարչապետներն ու նախարարները: Իմ ելոյթս երկրորդ օրն էր: Որպէս Արեւելքի քրիստոնեայ` խօսքիս մէջ առաջին հերթին կարեւորութեամբ նշեցի կազմելու քրստոնեայ-իսլամ դաշինք մը, որ կը ծառայէ տարածաշրջանի ժողովուրդներու արդար դատերու պաշտպանման եւ կ՛ամրացնէ իսլամ եւ քրիստոնեայ աշխարհներուն կապերը: Կարեւորութեամբ նշեցի նաեւ, որ ժամանակն է կեանքի կոչելու, կազմելու արեւելեան քրիստոնեայ լոպի մը, որ կարենայ գործօն դեր ունենալ միջազգային բոլոր կողմերուն մէջ, որոնք դերակատար են արաբական եւ մասնաւորաբար պաղեստինեան խնդիրներու լուծման: Շեշտեցի նաեւ քրիստոնեայ արաբական եւ համաշխարհային այն խորքային դերին եւ զայն աշխուժացնելու միջոցներ որդեգրելու կարեւորութիւնը, որ մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ յաջողցնելու ազգային արաբական եւ համաշխարհային քրիստոնէական ծրագիրը` որպէս նեցուկ իսլամին, որ` առաւել կ՛ամրապնդէ յարաբերութիւնները եւ կը հաստատէ, որ` Արեւելքի քրիստոնեաները Արեւելքի պատմութեան, ճակատագրին ու քաղաքացիութիւններուն դարաւոր կրողներն են ու մասնակիցները: Ըստ ինծի, աշխատանք պէտք է տարուի հիմնելու իսլամ-քրիստոնեայ դաշինք մը` զուտ մարդկային նպատակներով, որ կրնայ երեւան հանել բացարձակ ճշմարտութիւնները եւ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն տառապանքը բացայայտել Արեւմուտքին, որովհետեւ դժբախտաբար արեւմտեան տեղեկատուական դաշտը մեծ դեր կը խաղայ Արեւելքի իրադարձութիւնները ծածկելու եւ խեղաթիւրելու մէջ: Կը հաւատամ նաեւ, որ Արեւելքի քրիստոնեաները «Արաբական գարուն» յուսախաբութեան շրջանակներուն մէջ կարիքը ունին իրենց իսլամ եղբայրներուն կողքին ըլլալու եւ վստահեցնելու, որ կառչած պիտի մնան իրենց հողին, հայրենիքին, եւ իրենց բազուկները պիտի ամրացնեն, որ գործօն դեր ունենան տարածաշրջանի ազգային խնդիրներու լուծման մէջ:

Ըսեմ նաեւ, որ Թեհրան այցելութեանս ընթացքին առիթ ունեցայ նաեւ այցելելու Իրանի հայ ազգային կառոյցներ: Հանդիպում մը ունեցայ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնրդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին հետ: Ներկայիս Իրանի մէջ ապրող 80 հազար հաշուող հայերը օրէնքով հաստատուած երեք հայ երեսփոխան ունին խորհրդարանին մէջ: Հայերը Իրանի մէջ կը վայելեն պետութեան նիւթական եւ բարոյական նեցուկը: Անոնք վստահելի ու յարգուած մէկ բաղադրիչը կը կազմեն Իրանի հասարակութեան: Ի միջի այլոց պատմեմ ուշագրաւ երեւոյթ մը, որուն ականատես եղայ: Ուրեմն, սրբազան հօր հետ այցելեցի եկեղեցի եւ ի՜նչ տեսնեմ, տասնեակ մը իսլամ կիներ եկեղեցւոյ մէջ ծունկի եկած` խաչին դիմաց կ՛աղօթեն, կը խաչակնքեն: Շշմեցայ պահ մը, մինչեւ որ սրբազանը յայտնեց, թէ բնական երեւոյթ է եւ շատ անգամ իսլամ աղօթողներուն թիւը քանի մը տասնեակի կը հասնի:  Ան ըսաւ, որ պետութիւնը արգիլած է պատարագի ժամանակ իսլամներուն մուտքը եկեղեցի, անկէ դուրս անոնք ազատ են եկեղեցի մտնելու եւ աղօթելու: Նկատեցի նաեւ, որ ժողովուրդը թէեւ մեծ զարգացում չունի, բայց նրբազգաց է եւ մարդկային արժանիքները շատ բարձր կը գնահատէ:

«Ա.».- Կարելի՞ է եզրակացնել, որ ժողովները դրական տրամադրուած էին տարածաշրջանի քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն պահպանման:

Լ.Զ.Ե.- Տեսէ՛ք, ոչ մէկ ժողովական կամ քաղաքական ներկայացուցիչ կրնայ հրաշք գործել: Մէկ-երկու ժողովով հարցերը չեն լուծուիր: Շէնքի շինութեան համար ամէն մարդ քար մը կը դնէ,  մինչեւ որ շէնքը բնակելի ու  կայուն դառնայ: Կը խորհիմ, որ այս համագումարները եւ ժողովները հարցերու լուծման մէջ մեծ ներդրում ունեցան, այլ խօսքով` քարեր իրենց տեղը դրին, բայց ըսել չէ, որ քրիստոնէութիւնը ալ ազատ է ու ամէն բան լաւ վիճակի մէջ: Եթէ ամէն մէկը մոմ մը վարէ, խաւարը կը լուսաւորուի: Չենք կրնար անմիջապէս եզրայանգումի մը հասնիլ, որովհետեւ մենք տակաւին կառուցելու գործընթացի մէջ ենք, քար-քարի կը դնենք, որ կառուցուի մե՛ր ուզած շէնքը, քրիստոնէութիւնը պահող մարմինը: Այո՛, որպէս մասնակից` կը հաստատեմ, որ դրական էին երեք ժողովներն ալ եւ հեռու անձնական շահերէ:

Գիտէ՞ք ինչ, երբ հարց մը համամարդկային հարթակի վրայ դնելով կը քննարկես, առաջարկներ կը կատարես, շատ ականջ կ՛ունենաս քեզ մտիկ ընող, բայց երբ նեղ ազգային մտահոգութիւներէ մեկնած կը խօսիս, մարդիկ չեն լսեր, օրինակ` երբ հայութեան վերաբերող խնդիր մը ընդհանուրին վերաբերող համամարդկային վերնագիրով մը տրուի, մեր պատգամը դիւրութեամբ կը հասնի աշխարհին` շահելով ունկնդրողներ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կ՛որակէք Սուրիոյ այսօրուան կացութիւնը ընդհանուր առմամբ:

Լ.Զ.Ե.- Յստակ է, որ տարբեր կողմեր սկսան ընդունիլ, թէ տիրող համակարգը փոխելու վնասը շատ աւելի է, քան` անոր հետ գործակցելու: Բոլորն ալ համաձայն են նաեւ, որ ժողովուրդը ինք պէտք է որոշէ, թէ ո՛վ պիտի իշխէ: Անհատներ կու գան ու կ՛երթան, կարեւորը տիրող համակարգը, բանակը, կառավարութիւնը մնան: Ասկէ դուրս, կը խորհիմ, լուծումի ճամբուն մէջ է երկիրը: Միշտ ըսած եմ, որ շէնքեր կը վերակառուցուին, երկիրներ կը վերանորոգուին, բայց մարդը չի փոխարինուիր, չի նորոգուիր: Երբ կ՛ըսենք, որ 6 տարի մանուկը դպրոց չի գնաց, կը նշանակէ քանի մը սերունդ զրկուեցաւ ուսումնառութենէն եւ կրթութենէն: Այս մանուկները պատերազմի ամէնէն դժուար օրերը տեսան ու ապրեցան, բնական է, որ հետագային ունենան բարդ հոգեբանութիւն ու մտածելակերպ: Պետութեան մը համար դժուար է այս դարուն ունենալ անուս մնացող նոր սերունդներ: Իրօք լուրջ է հարցը: Գալիքին նկատմամբ լաւատես ըլլալով հանդերձ, անորոշ վիճակը եւ դժուարութիւնները կը շարունակեն ճնշել բոլոր սուրիացիներուն վրայ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>