Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հաղորդագրութիւն. «Հայկական Սփիւռք» Մատենաշարի Երկրորդ Հատորի Հրատարակութիւն

$
0
0

Լոյս տեսաւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Հայկական սփիւռք» մատենաշարի երկրորդ հատորը` Լիբանանի հայերը (Բ.) գիտաժողովի նիւթեր (14-16 մայիս 2014) վերնագիրով: Հատորը իր 366 էջերուն մէջ կը բովանդակէ 14-16 մայիս 2014-ին համալսարանին մէջ կեդրոնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած «Լիբանանի հայերը» Բ. գիտաժողովին նիւթերը, յայտագիրը, բացման ելոյթները, մասնակիցներուն համառօտ կենսագրութիւնը, «Հիմնական տեղեկութիւններ Լիբանանի մասին», «Համառօտ ուրուագիծ Լիբանանի հայօճախին» վերնագրեալ նիւթերը, ինչպէս նաեւ համառօտ մատենագիտութիւն մը Լիբանանի եւ լիբանահայութեան պատմութեան վերաբերեալ, գիտաժողովին մամլոյ հաղորդագրութիւնը, հատորին անգլերէն եւ արաբերէն ամփոփագիրները եւ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան գիրքերուն ցանկը:

Հատորը կ՛ընդգրկէ լիբանահայութեան տարբեր երեսակներուն անդրադարձող հետեւեալ ուսումնասիրութիւնները.-

Claude Mutafian, «Quelques alliances armeno-libanaises a` l’՛epoque des croisades», Hratch Kestenian, «Armenian student life at the SyrianProtestant College (1885-1918)», Irina Papkova, «The Lebanese Armenian Church and itsmilieu», Անդրանիկ Տագէսեան, «Լիբանահայ մամուլին ընտելացնող դերը նորահաստատ հայ գաղթականութեան (1927-1952)», Roupen Avsharian, Esq., «Armenian MPs throughout the Lebanese parliaments: An assessment from within», Vahram Shemmassian «The settlement of Musa Dagh Armeniansin Anjar, Lebanon, 1939-1940», Ճէյմզ Սթոքըր, «The United States Government and theArmenian community in Lebanon, 1943-1975», Եղիա Թաշճեան, «The Third Track in the Lebanese Armenian community, 1956-1960», Վահագն Քէշիշեան, «Armenians in the Lebanese public administration», Յովհաննէս Կէօքճեան, «An ignored relationship: The role of the Lebanese Armenian Diaspora in conflict resolution (1975-1990)», Արազ Գոճայեան, «Public affect in times of crises: GeziPark events as reflected among Lebanese Armenians», Արմէն Իւրնէշլեան, «Լիբանահայ դպրոցի հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչը», Անահիտ Տօնապետեան, «Արեւմտահայերէնի վիճակը Լիբանանի մէջ այսօր. իրողութիւններ եւ պատկերացումներ», Շանթ Վարդանեան, «Սուրիահայ գաղթականները Լիբանանի մէջ», Արման Եղիազարեան, «Լիբանանի հայ համայնքը եւ մոտէլային սփիւռքի խնդիրը հայ իրականութեան մէջ» եւ փաստաթուղթերու յաւելուած մը:

Գիրքը առաջինն է ծրագրուած եօթը-հատորանի շարքին, որ պիտի ընդգրկէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած կեդրոնին կազմակերպած եւ կազմակերպելիք գիտաժողովներուն նիւթերը:

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը հիմնուած է 2012-ին, տիար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատուութեամբ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>