Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ժամկէտը արդէն հասած է: Բոլոր կուսակցութիւններն ու դաշինքները իրենց քարոզարշաւը արդէն իսկ աւարտած են: Տարբեր լոզունգներ, խոստումներ, ակնկալիքներ ողողած են Հայաստանը: Կայ մէկ երեւոյթ, որ կը միացնէ բոլորը. ան ալ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնն է: Ոմանց մօտ այդ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը պարզապէս ընտրական քարոզչական եզր է, որ կեղծ է եւ զուրկ` խորքային որեւէ փոփոխութեան տեսլականէ: Ի վերջոյ կարելի չէ, որ այն կուսակցութիւններն ու անձերը, որոնք Հայաստանի մենաշնորհներու փաղանգին մաս կը կազմեն, կը խօսին փոփոխութեան մասին անկեղծօրէն: Ուրիշներու մօտ, սակայն, այդ փոփոխութիւնը խորքային անհրաժեշտութիւն է: Անոնք կը գիտակցին Հայաստանի այսօրուան ճգնաժամին, կ՛անդրադառնան արտագաղթի ահաւոր տարողութեան, երկրի տնտեսական ու ընկերային տագնապին եւ մենաշնորհներու ոտնձգութիւններուն: Մենաշնորհներ, որոնք իրենց հարստութիւնը դիզած են ժողովուրդի իրաւունքներու հաշուոյն, եւ որոնք յաճախ կը վայելեն իշխանութեան մեղսակցութիւնը: Երբեմն նաեւ իշխանութիւններու մաս կազմող անձերն են մենաշնորհեալները, որոնք ժողովուրդին ծառայելու անուան տակ կը յափշտակեն ժողովուրդի իրաւունքը` անոր հետ տանելով նաեւ ժողովուրդի հաւատքը երկրի ապագային հանդէպ:
Ժողովուրդը ապրելով այս իրականութիւնը` աւելի ու աւելի կը կորսնցնէ հաւատքը քաղաքական կուսակցութիւններուն հանդէպ: Կ՛ընդհանրացնէ յաճախ որոշ կուսակցութիւններու յատկանիշները այլոց հետ եւ կը նախընտրէ յաճախ ուղղուիլ դէպի քաղաքացիական հասարակական շարժումներ, ան կը պոռթկայ, սակայն դժբախտաբար այդ պոռթկումը յաճախ զուրկ կ՛ըլլայ յստակ ծրագիրէ եւ այդ իսկ պատճառով շատ արագ կը մարի` ժողովուրդին պատճառելով նոր ու աւելի խոր հիասթափութիւն:
Եւ այսպէս, ընտրութիւններու նախօրեակին ժողովուրդը չի հաւատար, որ ան իր քուէարկութեամբ կրնայ կացութիւնը փոխել: Ասոր կողքին, ընտրակաշառքն ու զանազան անհատներու կողմէ ճնշումները կը մղեն ժողովուրդի որոշ հատուածը, որ ընտրեն ոչ իրենց ցանկութեամբ կամ ընդհանրապէս բացակային ընտրութիւններէն, որ իր կարգին կրնայ առիթ տալ զեղծարարութեան:
Այս կացութեան դէմ յանդիման է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը մասնակցի ընտրութիւններուն` հաւատալով, որ այս ընտրութիւնները առիթ կ՛ըլլան նոր սկիզբի մը` կերտելու արդար Հայաստան: Նոր սկիզբ, որովհետեւ այս ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան նոր սահմանադրութեամբ եւ նոր ընտրական օրէնքով, որոնք աւելի դժուար կը դարձնեն զեղծարարութիւնները: Իսկ արդար Հայաստանի տեսլականը, որ դժբախտաբար մեր հայրենի ժողովուրդը սկսած է կորսնցնել կը շարունակէ մնալ Դաշնակցութեան ծրագրի գլխաւոր նպատակներէն մէկը:
Այսօր հայրենի ժողովուրդի պարտականութիւնն է, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու ճնշումներուն, տոկալու, ընտրելու իր խղճին համաձայն, ընտրելու փոփոխութեան համար, ընտրելու Հայաստանի ապագային համար: Այսօր ժողովուրդը աւելի քան երբեք պէտք է հաւատայ, որ ինք կրնայ փոխել կացութիւնը: Ժողովուրդը պէտք չէ յաւելեալ առիթ տայ, որ այս ընտրութիւնները դառնան իշխանութեան վերարտադրութեան մեքենան: Ան մերժելով ընտրակաշառքն ու անտեսելով բոլոր տեսակի ճնշումները, իր քուէարկութեամբ պէտք է կերտէ հզօր ու արդար Հայաստան: