Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Արհեստական Բանականութեան Հետքերով

$
0
0

ՌՈՍՏՈՄ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացման լոյսին տակ, ինչպէս այլ երկիրներու մէջ, նոյնպէս եւ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ հետզհետէ սկսաւ շեշտուիլ համակարգչային գիտութեան եւ ըմբռնումներու կամ արհեստական (ԱԲ) բանականութեան կիրարկումը մեր առօրեայի զանազան մարզերէն ներս:

Ստորեւ նշուած յօդուածը, որ ամփոփումն է աւելի ընդարձակ ուսումնասիրութեան մը, կու գայ լուսարձակի տակ առնելու 21-րդ դարու արհեստագիտութեան անկիւնադարձային յառաջդիմութեան կարեւորութիւնը` «ապագան համակարգիչին է» կարգախօսով:

 Ռ.

21-րդ դարու արհեստագիտութեան կամ Արհեստական բանականութեան (Artificial Intelligence-AI) սրընթաց զարգացումներն ու նորարարութիւնները անհրաժեշտ կը դարձնեն հետազօտութեանց հետապնդումը այս մարզի նորագոյն իրագործումներուն համար: Արհեստագիտութեան զարգացման կամ Արհեստական բանականութեան ծրագրաշարերը (software) հարկադրուած են հետեւելու ծրագրաւորողներու կամ, այսպէս կոչուած, «տիզայնըր»-ներու կողմէ ճշդուած ծածկագրերու կամ «քոտ»-երու հրահանգներուն: Յատկապէս ստեղծագործական հմտութիւն պահանջող աշխատանքներու մէջ Արհեստական բանականութեան ծրագրաշարերը ճշգրտօրէն կը գործադրեն իրենց յանձնարարուած պարտականութիւնները եւ կ՛ըլլան աւելի արդիւնաւէտ` նկատի ունենալով համակարգիչներու յիշողութեան ամբարման կարողականութիւնն ու անոնց բանելու արագութիւնը:

Արհեստական բանականութիւնը կրնայ գործնապէս նպաստել խորհրդատուներու, խորհրդականներու, քաղաքական եւ քաղաքագէտ պատասխանատուներու` դրական ու արդիւնաւէտ  ընտրանքներ վճռելու գծով: Նմանապէս, կարելի է զանոնք օգտագործել դաստիարակչական  եւ գրադարանային տեղեկահաւաքի նպատակով: Այլ խօսքով, արհեստական բանականութեան յաւելեալ  ու յաճախակի կիրարկումը մեր ընկերութեան մէջ մեծապէս պիտի դիւրացնէ մարդկութեան դիմագրաւելիք դժուար, խրթին ու ճնշիչ հարցերն ու մարտահրաւէրները:

Արհեստագիտութիւնը կը ծառայէ մարդոց կեանքը աւելի պարզ ու դիւրին դարձնելու: Նախապէս երազ նկատուած գաղափարներ ու պատկերացումներ այլեւս դարձած են իրականութիւն, ինչպէս, օրինակ` Աւստրալիայէն Միացեալ նահանգներ ճամբորդութիւնը, հակառակ նախորդ դարերու յարուցած դժուարութիւններուն` այլեւս քանի մը ժամուան հարց է: Այլեւս կարելի չէ նոյնիսկ երեւակայել, աշխարհը առանց արհեստագիտութեան:

21-րդ դարու արհեստագիտութեան զարգացման յարաճուն պրպտումներու կիզակէտը լուսարձակի տակ առած է Արհեստական բանականութիւնը: Համակարգչային այս գործընթացը, որ ծրագրուած ու նախագծուած է խումբ մը համակարգչային փորձագէտներու եւ ճարտարագէտներու կողմէ, գործակցաբար, ուրիշներու կարգին, նաեւ այլ մասնագէտներու, ինչպէս` հոգեբաններու, բնագէտներու, քիմիագէտներու, տնտեսագէտներու, մաթեմաթիկոսներու հետ, կը միտի կապկել մարդանման մտային վարուելակերպ եւ մարդիկը ձերբազատել աւելորդ կրկնութիւններէ, աշխատանք պահանջող ինքնաշխատ քայլերէ (օրինակ` տուրքերու կամ հարկերու  հաշուարկ):

Այսուհանդերձ, Արհեստական բանականութեան նման հետազօտութիւն մը բազմաթիւ մտահոգութիւններ եւ անպատեհութիւններ կը յարուցէ, ինչպէս` անգործութեան տագնապ, համակարգչային ստրկութիւն, բախումներ կրօնական հոգեւոր թէ այլ հաւատամքներու հետ, ինչ որ իր կարգին հարցադրումներ կը ստեղծէ  նոյնինքն Արհեստական բանականութեան հետազօտութեան նպատակին շուրջ:

Արհեստագիտութեան յառաջդիմութիւնը բազմաթիւ  առաւելութիւններ ընծայեց մարդկային ապրելակերպին, մինչ անոր յառաջացուցած անպատեհութիւնները կը վերագրուին յոռի նպատակներ հետապնդող մարդկային մեքենայութիւններու, ուր արհեստագիտութիւնը չարաշահումի կ՛ենթարկուի, ինչպէս` միջուկային արհեստագիտութիւնը: Արհեստական բանականութեան որեւէ մտայղացում կամ համակարգչային ծրագրաւորում ենթակայ է զայն նախագծողներու հաստատած սահմանափակումներուն: Արհեստական բանականութիւնը չի կրնար գործել շրջանցելով այդ սահմանափակումները:

Այսօր հսկայական աշխատուժ կը սպառի շարունակականօրէն կրկնուող յանձնարարուած աշխատանքներու կատարման համար, ինչպէս` գանձապահներու, հաշուապահներու, պաշտօնեաներու, հաշուակալներու գործունէութեան գծով եւ այլն: Այս մարդիկը ի վերջոյ կը յոգնին եւ կը սխալին աշխատանքի պահուն: Նկատի ունենալով Արհեստական բանականութեան անսխալականութիւնը եւ համակարգչային  ուժականութեան արագութիւնն ու ուժեղութիւնը` անիկա կրնայ գերազանցել այս ոլորտներուն մէջ մարդկային կատարողականութիւնը:

Ըստ Լէոնկի (2015),  հետագայի ինքնուղ աշխատանքներու  հսկայական այլազանութիւնը կրնայ խթան հանդիսանալ մարդկային անհրաժեշտ մտայղացքի եւ երեւակայութեան` զբաղումի որոշ մարզերու մէջ: Ըստ Սմիթի եւ Անտըրսընի (2014) մտայղացքի, բնազդի եւ երեւակայութեան նման մարդկային իւրայատուկ կարողութիւններ ցարդ կարելի չէ կապկել կամ վերարտադրել գործիքի մը միջոցով: Այսուհանդերձ, Ա. բանականութիւնը կրնայ թեթեւցնել մարդոց ծանր աշխատանքը, ուր մարդկային արժէքը չի գնահատուիր, տեղի տալով եւ գնահատելով ստեղծագործութիւն, երեւակայութիւն եւ հմտութիւն պահանջող գործեր, ուր Ա. բանականութիւնը չի կրնար միջամտել` այսպէսով իրագործելով մարդուժի յաջող եւ աշխուժ վերադասաւորում:

Ժամանակի թաւալումով աւելի ու աւելի համակարգչային հրամանաշարեր («ալկորիթմեր») կը ստանձնեն, այլ մարզերու կողքին, նաեւ մեր պահեստի շուկայի առեւտուրը, դրամատնային, պահեստային, հաղորդակցութեան, ախտաճանաչման, քարտէսաբանական վերլուծումներու եւ ելեկտրուժի կառավարման համակարգը: Նախապէս մարդ անհատին յատուկ որոշումի բազմամասնագիտական տրամաբանութիւնը ներկայիս կարելի է «սորվեցնել» Արհեստական բանականութեան` այսպէսով զարկ տալով անոր արագութեան եւ արդիւնաւէտութեան` շնորհիւ իր մշակման սրընթաց  ուժգնութեան: Ըստ Վուրթի, Փիթըրզի եւ Քոնսոլիի (2015), համակարգիչները կարելի է վարժեցնել , «ընտելացնել» առողջ ու հաւասարակշռուած դատողութիւններ կատարելու` օժտուած ըլլալով աշխատանքի յարմար համակարգչային դրոյթներով, հետզհետէ զանոնք ատակ դարձնելով կացութեան արժեւորման եւ վաւերական ու տրամաբանական դատողութիւններու գնահատման: Հիմնական գաղափարը` վերլուծել եւ ըմբռնել, թէ մարդկային ուղեղը ինչպէ՛ս կը կը միտի լաւագոյն որոշումը տալ եւ ապա այդ յատկութիւնը յղել  եւ ներմուծել Արհեստական բանականութեան համակարգչային դրոյթին մէջ: Ա. բանականութիւնը կը կապկէ մարդկային մտածելակերպն ու որոշումի կայացումը, որ կ՛առնչուի չորս քայլերու`  Տեղեկահաւաքի ձեռքբերում, տեղեկութեան վերլուծում, որոշումի, գործունէութեան ընտրութիւն եւ գործնական կիրարկում: Որոշումի կայացման բարոյական կողմերը, ինչպէս` գործելու ազատութիւն (գործե՞լ, հանդէ՞ս գալ, թէ՞ պարզապէս դիտել) , պատճառային մասնակցութիւն (արդեօ՞ք արդիւնաւէտ է մասնակցիլը եւ ինչպէ՞ս) եւ հետեւանքներու նկատառումը (ի՞նչ արդիւնքի յանգած է տրուած որոշումը) պէտք է նոյնպէս հաշուի առնուի: Հիմնականին մէջ, ըստ Վուրթի, որոշ չափով կարելի է իրականացնել այս մէկը, ուր համակարգիչներն ու անոնց ծրագիրները կարելի է օժտել համապատասխան այնպիսի չափանիշներով, որ կարենան արժեւորել նման` ակադեմական, օրէնսդրական թէ օրինական, իրաւական պատշաճ մարզերու բազմագիտակ, խորագէտ հմուտներու դատումներուն: Որոշումի կայացման նման գործընթաց մը կրնայ որպէս գործնական միջոց օգտագործուիլ  խորհրդատուներու, խորհրդականներու, քաղաքականութիւն մշակողներու, ներդրողներու կողմէ` արժեւորելու համար մարդ անհատի տուած որոշումները, բաղդատելով զանոնք Ա. բանականութեան կողմէ «տրուած» որոշումներուն:

Տեղեկատուական եւ կրթական կառավարման օժանդակող Արհեստական բանականութիւնը անհրաժեշտ պահանջ կը նկատուի այսօր` նկատի ունենալով ներկայի տեղեկատուական առատութիւնը: ԱԲ-ը կրնայ առցանց կարգաւորել գրադարանային առկայ տեղեկութիւնները եւ ուղղել մեր առցանց հետազօտութիւնները, փոխադարձաբար, լսողական թէ նամակագրութեան միջոցով, յանգելու համար ցանկալի ճշգրիտ տեղեկութեան, որոշ չափով` ներկայի «ուղեղ թռցնող» Կուկըլի ծրագիրներու աւելի ճշգրիտ, ներգործոն եւ յառաջադէմ մէկ տարբերակը: Այս իմաստով ԱԲ աւելի քան երբեք անհրաժեշտ կը դառնայ: Այսուհանդերձ, այս առաջադրանքը այնքան ալ  մակերեսային չէ, ինչպէս որ կը թուի: Օրինակ, ներկայիս փորձարկման շրջանի մէջ եղող ինքնուսոյց ծրագիր մը` «Սայտքիք» անունով, մեծապէս խոստմնալից կը թուի դիւրացնելու եւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համալսարանական ուսանողներու պրպտումի դժուարութիւնները: Աւելի հետաքրքրականը այն է, որ ըստ «Ինվենթատօ»-ի, «Լըկազփի»-ի, «Մորիամա»-ի եւ «Նումաօ»-ի (2014) «Սայտքիք»-ի գծով հարցախոյզի պատասխանած ուսանողներ մեծամասնութեամբ արտայայտուած են զգալի բարեփոխման մասին` իրենց ուսուցման միջոցներու արդիւնաւէտութեան եւ ժամանակի խնայողութեան նկատառումով: Համակարգչային գերազանցապէս ԱԲ հմտութեամբ «Սայտքիք» եւ «Կուկըլ»-ի նման ծրագիրներով, ընկերութիւնը կրնայ առաւել եւս յառաջդիմել:

Այսօր ընկերութեան համար անբացատրելի եւ անտանելի հարցը երթեւեկի ամէնօրեայ խճողումի երեւոյթն է, որ որոշ ժամանակով կ՛անդամալուծէ վարորդները: Օրինակ, Լիբանանի նման փոքր երկրի մը մէջ սովորաբար մէկ կէտէն միւսը տասը վայրկեան տեւող երթեւեկը խճողումի պատճառով կը սպառէ աւելի քան մէկ ժամ: Խճողումը ընկճախտի  (սթրես) եւ բարկութեան հիմնական աղբիւր է, ինչ որ կը յանգի մարդոց կեանքի տասը առ հարիւր համեմատութեամբ աննպատակ վատնումին: Երթեւեկի, յատկապէս լոյսերու կարգաւորման աշխատանքը կարելի է վստահիլ ԱԲ-ի, որ կրնայ զգալապէս թեթեւցնել երթեւեկի խճողումը եւ խնայել ժամանակի վատնումը: Ըստ Ինկըպրեթսընի (2008) երթեւեկի լոյսերու վերահսկողութիւնը ԱԲ-ի փորձագիտութեան վստահելով` յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ խնայած կ՛ըլլանք ժամանակի վատնումը: Այս մէկը տրամաբանական կը թուի` նկատի ունենալով ԱԲ-ի չափազանց մեծ արագութիւնը եւ ձեռնտու անհրաժեշտ գործիքները (նկարչական գործիք, բարձրախօս…): Անիկա կրնայ վերլուծել եւ վերածրագրել ինքնաշարժներու խճողումը եւ անմիջականօրէն փոխել եւ ուղղել երթեւեկի ընթացքը: Նման քայլ մը կրնայ անվնաս ըլլալ, այնքան ատեն որ արհեստական նման ծրագիրներ բծախնդրօրէն կիրարկուած եւ յաճախակիօրէն փորձարկուած են:

Այսուհանդերձ, այս վարկածին հակադրուողները կը հակաճառեն ԱԲ-ի բացասական ազդեցութեան եւ վտանգաւոր հետեւանքներուն շուրջ: Անոնք իրենց վարկածը կը հիմնաւորեն այն մտավախութեամբ, որ համակարգչային սարքաւորումի կամ ծրագրաւորումի միջոցով մարդուժի իրականացուցած աշխատանքներու ինքնաշխատ եւ ինքնուղ կերպով մեքենայացումի ներուժը կրնայ յանգիլ աշխատանքի հսկայական շուկաներու փակման: Միջին դասակարգի յատուկ աշխատանքներ, անհատական ձեռային հմտութիւն պահանջող արհեստներ, մինչեւ իսկ քարտուղարական վարչական պաշտօններ մօտիկ ապագային կրնան փոխարինուիլ ԱԲ-ով: Այդ պարագային անգործութեան տոկոսը անբաղձալիօրէն կրնայ աճիլ` տուեալ շրջանի տնտեսական խիստ խնայողական պայմաններուն մէջ:

Ըստ Մարթին Ֆորտի (2013), այս պարագային կրնան ազդուիլ նոյնիսկ այնպիսի գործեր, զորս կարելի չէ իրականացնել ինքնուղ կերպով: Ֆորտի կարծիքով, ձեռնտու միակ աշխատանքները կրնան ըլլալ` խիստ բարձր աշխատավարձով գործերն ու յատուկ մասնագիտութեամբ կատարուող հետազօտական պաշտօնները, ինչպէս նաեւ` մասնայատուկ ուսում չպահանջող խիստ ցած աշխատավարձով գործերը:

Այսուհանդերձ, բրիտանացի տնտեսագէտ Ճոն Մէյնարտ Քէյնզի (1883-1946) հաստատած տեսութեան հետեւորդ`Քէյնզիեան տնտեսագէտները, նախատեսելով գործազրկութեան նման հարցեր, կառավարութեան առաջադրած էին անգործութեան տոկոսը նուազեցնելու միտող միջոցառումներ եւ չափանիշներ, ինչպէս` աշխատավարձի համապատասխան աստիճանական տուրքերու դրութիւն (Progressive Taxation) եւ ընկերային ապահովագրութեան հատուցում  (Transfer Payments): Քէյնզիեան տնտեսագէտներու համաձայն, կառավարութիւնը կրնայ նաեւ նախաձեռնել աշխատանքի ցուցահանդէսներու  («ճոպ ֆէյրզ»), վարժողական կեդրոններու, ուր արհեստագիտութենէ անտեղեակ աշխատաւորներ կրնան ինքնուս կերպով ծանօթանալ արհեստագիտական նորարարութեանց կիրարկման իրենց աշխատանքի ոլորտներուն մէջ: Նոյն ծիրին մէջ, կառավարութիւնը կրնայ դանդաղ, բայց յառաջընթաց քայլերով  կարգաւորել  արհեստագիտական նորարարութեանց կիրարկումն ու համարկումը տնտեսութեան համակարգին մէջ: Այլ խօսքով, կառավարութիւնը կրնայ որոշ չափով սահմանափակել արհեստագիտական նորարարութեան որդեգրումը աշխատանքի շուկայէն ներս:

Իրենց կարգին հակաճառողները մտավախութիւն կը յայտնեն նաեւ ինքնաշխատ հակօդային համակարգին մէջ (AWS) ԱԲ-ի ներուժին գծով, յատկապէս` մարդկային իրաւանց խախտումի դիտանկիւնէն: Այս մտավախութիւնը կը շեշտուի յատկապէս, երբ նկատի ունենանք, որ նշեալ համակարգի որոշումները կը տրուին զգայազուրկ գործիքներու կողմէ: Ըստ Ուակնէրի (2014), նման համակարգերու համարկումը կենաց եւ մահու առնչակից որոշումներու կայացման մէջ` խախտում է Միջազգային մարդասիրական օրէնքին: Քաղաքացիներու եւ զինուորներու միջեւ կամ տղամարդոց եւ կիներու թէ երեխաներու միջեւ զանազանելու գծով այս համակարգերու ունակութիւնն ու կարողականութիւնը հարցականի տակ է:

Աւելի՛ն. նման համակարգի թիրախի ընտրութեան ճշգրտութիւնը եւ անսխալականութիւնը առաւել եւս վտանգաւոր կը թուի, յատկապէս եթէ անիկա գործածուի միջուկային զէնքերու պարագային, ինչ որ կրնայ յանգիլ քաոսի: Այս գծով կենսական լուծումներէն մէկը այն է, որ նման համակարգեր մնան մարդոց բծախնդիր վերահսկողութեան տակ` միաժամանակ սահմանափակելով անոնց որոշումի կայացման աղբիւրներուն հասանելիութիւնը:

Առարկողներու կարծիքով դարձեալ, ԱԲ-ի կիրարկումը կ՛ենթադրէ կուրօրէն հետեւիլ համակարգչային ծրագրաւորողներու հրահանգներուն, տրուած ըլլալով, որ ԱԲ կրնայ հասնիլ ու թափանցել գրեթէ բոլոր որոշումներու աղբիւրներուն եւ գործադրել որեւէ բան, ինչ որ կրնայ զինք դարձնել նաեւ ահաբեկչական ցանցերու զոհ: Նման պարագաներու ահաւոր որեւէ գաղափար կարելի կը թուի` օգտագոծելով, օրինակ, մարդամեքենայի բացասական կերպարը, ինչպէս` «Թըրմինէյթըր» եւայլն: Ըստ Հաուի (2005), նման ներթափանցում կրնայ փոխել եւ շեղել ԱԲ-ի «առաքելութիւնը»` զայն դարձնելով մահացու եւ մահասփիւռ գործիք, այլ բաներու կողքին: Այս պարագային քոտերու միջեւ միջամտութիւնը կրնայ անգործնական դարձնել քոտաւորումի լրիւ ծրագրաշար մը` փճացնելով գրեթէ ամբողջ ծրագրաւորում մը իր յարակից ճիւղաւորումներով: Նման թափանցում մը կանխարգիլելու կարելի միակ միջոցը տուեալ սոֆթուէրի կամ ծրագրաւորումի առաւելագոյն պաշտպանութիւնն է նման չարամիտ միտումներու դէմ: Այս առումով նպատակայարմար քոտերու ներառման եւ գրանցումի ու կիրարկման բազմաթիւ ոճեր կան: Խորքին մէջ ԱԲ-ի ամէն ծրագրաւորում հարկ է ենթարկել ցանցային թիրախաւորումի կամ հեքինկի, ներթափանցումի փորձերու եւ ստուգել սխալ ու անյարմար քոտերու գոյութիւնը` նախքան անոնց գործածութիւնը:

Հաստատ է, որ ԱԲ-ի համակարգերը այլեւս մարդկութեան ապագային մաս կը կազմեն եւ այս ուղղութեամբ հետազօտութիւնը պէտք է շարունակուի` իրենց յարակից ճիւղաւորումներու ամենայն պատշաճութեամբ: ԱԲ-ի կիրարկումը կը նպաստէ մեղմացնելու աշխատանքի առօրեայ հեւքը` առաւել եւս արժեւորելով ստեղծագործական մտայղացքի ծրագիրներ, ուր ԱԲ անկարող է մասնակցիլ կամ միջամտել: ԱԲ ատակ է մարդկային որոշումներ տալու եւ եզրայանգումներ կատարելու եւ նպաստել ուսանողներուն իրենց սերտողութեան եւ ուսուցման ոճերուն: Այսուհանդերձ, պէտք չէ թերագնահատել անգործութեան աճի հաւանականութիւնը, ինքնաշխատ զէնքերու կամ հակաօդային համակարգի օգտագործման կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ` ներթափանցումի եւ ցանցային թիրախաւորումի հեքինկի հաւանականութիւնները: Այլ խօսքով, տուեալ  պետութեան կողմէ իրա՛ւ կառավարման ոճը կրնայ կանխարգիլել նման հաւանականութիւններու իրականացումը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>