Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ակնարկ. «Քարոզարշաւի Տարօրինակ Խոստում Մը»

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Ելք»-ը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ նա՛եւ փոփոխութիւններ ծրագրած է, եւ յստակօրէն որոշած են ընտրուելու պարագային նոր դեսպանատուներ հիմնել, նախ` Իսրայէլի մէջ…

«Ելք» դաշինքը կազմող երեք կուսակցութիւններէն` «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ, ընտրական ցուցակին 14-րդ տեղը գրաւող Ալեն Սիմոնեան, «Արմենիա» հեռատեսիլի  21 մարտ ժամը 20:00-ի լուրերուն տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Գիտէք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր տարածաշրջանին մէջ ամենամեծ ու ամենազդեցիկ պետութեան` Իսրայէլի մէջ դեսպանութիւն չունի եւ այդ երկիրը մեր հակառակորդին զէնք եւ զինամթերք կը վաճառէ, իսկ մեր դեսպանին նստավայրը կը գտնուի Եգիպտոսի մէջ» (1): Ապա առանց զգալու հակասութիւնը` կ՛ըսէ, որ Հայաստանը տարանցիկ երկիր պէտք է դառնայ Իրանի եւ Վրաստանի միջեւ:

Ա. Վստահաբար, 22 հազար քառ. քմ վիճելի տարածութեամբ եւ 8 միլիոն 665 հազար բնակչութեամբ Իսրայէլը` տարածաշրջանին ամենամեծ երկիրը չէ ու մանաւանդ Հայաստանէն ալ փոքր է: Առ ի տեղեկութիւն, 33 միլիոն բնակչութեամբ Սէուտական Արաբիայէն ետք, հարեւան Իրանը տարածաշրջանի ամենամեծ երկիրն է 1 միլիոն 648 հազար 195 քառ. քմ տարածութեամբ եւ շուրջ 83 միլիոն բնակչութեամբ:

Բ. 1948-ին Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ Պաղեստինի հողերուն վրայ ստեղծուած Իսրայէլը, արաբական աշխարհի հարեւաններէն միա՛յն երկուքին կողմէ ճանչցուած` վստահաբար տարածաշրջանի ամենազդեցիկ պետութիւնը չէ:

Գ. Արդե՞օք եթէ այնտեղ դեսպանութիւն ունենայինք այդ երկիրը մեր հակառակորդին զէնք ու զինամթերք չպիտի՛ վաճառեր… Մեր ռազմավարական դաշնակիցը եւ երկրագունդի ամենազդեցիկ երկիրներէն` Ռուսիոյ մէջ դեսպանութիւն ունինք եւ ան մեր հակառակորդին ամենամեծ քանակութեամբ զինամթերք հայթայթողն է…

«Իսրայէլ բացայայտօրէն թէ՛ զինուորական ներկայութիւն է Վրաստանի ու Ազրպէյճանի մէջ` խորհրդատուներով եւ մասնագէտներով, թէ՛ ալ` արդիական զինամթերք հայթայթող: Իսրայէլի հետախուզութեան բաժանմունքը` Մոսատ, իր մեծ կեդրոնով ազատօրէն գործունէութիւն կը ծաւալէ Ազրպէյճանի մէջ… Ինչո՞ւ Իսրայէլ բացայայտ ներկայութիւն է Ազրպէյճանի մէջ, քանի որ Իսրայէլ յայտարարած է, թէ իր թիւ մէկ թշնամին լիբանանեան Դիմադրութիւնն է եւ անոր դաշնակից Իրանը, եւ փոխադարձաբար, Իրանի ու Հըզպալլայի թիւ մէկ թշնամին Իսրայէլն է: Չմոռնանք, որ Իսրայէլ որքան փորձեց «ճնշում» բանեցնել Ամերիկայի վրայ` ռմբակոծելու համար Իրանը եւ անոր հիւլէական կայանները: Ազրպէյճան շուրջ 640 քիլոմեթր երկարութեամբ սահման ունի Իրանի հետ, մինչ Թեհրանը միայն 400 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է Ազրպէյճանի սահմանէն… Իսրայէլ քանիցս յոխորտացած էր, որ եթէ Ամերիկա չռմբակոծէ Իրանը, ինք պիտի ռմբակոծէ:

Յատկանշական է, որ Իսրայէլ իր քարիւղի պահանջին 40 տոկոսը Ազրպէյճանէն կը ներածէ: Իլհամ Ալիեւ, Ուիքիլիքսի բացայայտումով, ամերիկեան դեսպանատան մէջ ըսած է. «Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի երկկողմանի յարաբերութիւնները նման են ծփացող սառոյցի, որուն 90 տոկոսը մակերեսին տակ է»» (2)

Որո՞ւն կը ծառայէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելը` մի՛այն Իսրայէլին: Իսկ այսպիսի վնասակար քայլեր մի՛այն կը խանգարեն Հայաստանի բարեկամ ու ռազմավարական գործընկեր, հարեւան Իրանի հետ շահաւէտ յարաբերութիւնները:

23 մարտ 2017

(1) ( https://www.armeniatv.am/hy/61117-61117 )

(2) ( http://www.aztagdaily.com/archives/302753 )

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>