Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Ժունիէի մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ բացումը «ՀՄԸՄ Ժունիէի 65-ամեայ պատմութիւնը նկարներով» ցուցահանդէսին:
Բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ Ժունիէի քաղաքապետ Ժուան Հպէյշի, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանի եւ ցուցահանդէսի նկարներու հեղինակ Րաֆֆի Եսայեանի:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ներկաները յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներու անմառ յիշատակը. բացման խօսքը ուղղեց Գէորգ Գազանճեան, որ շեշտը դրաւ Րաֆֆի Եսայեանի տարած հսկայական աշխատանքին վրայ: Ան նմանցուց զինք ռազմաճակատ ուղղուող հայ զինուորին, որուն ուսէն անպակաս կ՛ըլլայ իր հրացանը` ներկայ գտնուելով միութենական ամէն առիթին, իր լուսանկարչական գործիքով` նշելով, որ Եսայեան այս աշխատանքը կատարած է իր անձնական նախաձեռնութեամբ եւ ոչ թէ արհեստավարժութեան նպատակով, այլ` միութենական ոգիով:
Ապա մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ներսէս Ճուպանեան արաբերէնով արտասանեց վարչութեան խօսքը: Ան հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան պատմութեան` շեշտելով սկաուտական եւ մարզական գործունէութեան 65 տարուան ընթացքը: Ան իր խօսքը փակեց, նշելով, որ 65 տարի առաջ հիմնեցինք, 65 տարի գործեցինք եւ 65 տարի եւս պիտի գոյատեւենք»: Ան հրաւիրեց Ժունիէի քաղաքապետ Ժուան Հպէյշը, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանը որպէսզի վարչութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէրը յանձնեն Րաֆֆի Եսայեանին:
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ շրջեցան ցուցադրուած լուսանկարներուն շուրջ, որոնց մասին Րաֆֆի Եսայեան մեկնաբանութիւններ կը կատարէր: