Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի, Մշակոյթի Եւ Առողջապահութեան Նախարարները Ստորագրեցին Միացեալ Համաձայնագիրներ
23 մարտ 23-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ Հայաստանի մշակոյթի, սփիւռքի եւ առողջապահութեան նախարարները ստորագրեցին միացեալ համաձայնագիրներ:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան ստորագրեցին միացեալ համաձայնագիր մը` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, առողջապահութեան մարզին մէջ սփիւռքի հետ միակողմանի կապերու զարգացման, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ միջոցառումները միատեղ եւ արդիւնաւէտ կերպով իրականացնելու մասին:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան ստորագրեցին միացեալ այլ համաձայնագիր մը` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, մշակութային համագործակցութեան զարգացման, սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի տարածման եւ հայկական արժէքներու քարոզչութեան, հայապահպանութեան օժանդակման եւ հայրենասիրութեան սերմանման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին մշակութային մարզին մէջ միջոցառումները միասին ու արդիւնաւէտ ձեւով իրականացնելու մասին:
Ծրագիրով Նախատեսուած Ձեռնարկներուն Կատարումը Համակարգելու Համար Պիտի Գործեն Համակարգող Յանձնախումբեր
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան բազմիցս նշած է, որ սփիւռքի անմիջական մասնակցութեամբ Հայաստանը կարելիութիւն կ՛ունենայ արագ արդիւնքներ արձանագրելու առանցքային մարզերու եւ շրջանին մէջ ունենալու տնտեսական, առողջապահական, կրթական, մշակութային առաջատար համակարգեր: Այսպիսի միացեալ որոշումներու ստորագրութեամբ պիտի փորձենք գտնել նոր կառուցակարգեր եւ միջոցներ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման, սփիւռքի ներուժը Հայաստանի մէջ օգտագործելու եւ սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւնը իրականացնելու ուղղութեամբ»:
Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց մշակոյթի եւ առողջապահութեան նախարարներուն իրենց համագործակցութեան համար:
Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանին այսպիսի նախաձեռնութեան համար` նշելով, որ «այս որոշումները յստակ գործնական ծրագիրներ կ՛ենթադրեն, եւ քանի մը ամիսէն մենք արդէն պիտի խօսինք արդիւնքներուն մասին»:
Իր կարգին առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան իր խօսքին մէջ շեշտած է Հայաստանի անկախութեան տարիներուն սփիւռքի հայ մասնագէտներուն, բժիշկներուն դերը` Հայաստանի առողջապահական համակարգին զարգացման մէջ: «Մենք պէտք է կատարենք մեր կարելին` հայ բժիշկներուն և բուժակներուն համար նորանոր աշխատատեղեր ստեղծելու գծով», նշած է ան:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Աջակցութիւնը Սուրիահայերուն
2012 օգոստոսէն ի վեր, սուրիահայութեան աջակցութեան նպատակով, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հաշուեհամարներուն հայութեան կողմէ առ այսօր փոխանցուած է ընդհանուր 395.870.613,62 Հայաստանի դրամին համարժէք հանգանակութիւն, ներառեալ` առձեռն կատարուած նուիրատուութիւնները: Հասոյթին գերակշռող մասը կազմուած է հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի, Արժանթինի, Պրազիլի, Լիբանանի, Շուէտի, Հոլանտայի տեղական մարմիններու պատկերասփիւռի «թելեթոն» 2012-ի եւ 2013-ի շրջանակներուն մէջ հաւաքուած գումարներէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ արտերկրի զանազան կազմակերպութիւններու եւ անհատներու նուիրատուութիւններէն` Հրայր Յովնանեան, Արա Աբրահամեան, «Փեթակ» ընկերութիւն, «Հայռուսգազարդ» ընկերութիւն, «Գալուստանեան Րաֆֆի» բարեգործական կեդրոն, Հայաստանի դատաւորներ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկ «Բանանց» ֆութպոլային ակումբ, Գիւմրիի Կարա Մուրզայի անուան երաժշտական դպրոց, «Թուրուանդ» ընկերութիւն եւ այլն:
Հանգանակութիւնները ուղղուած են բազմաբնոյթ ծրագիրներու իրականացման` Հայաստանի մէջ`
– Սուրիահայերը Հայաստան տեղափոխելու նպատակով` Երեւան-Հալէպ-Երեւան 2 չուերթի աջակցութիւն` 17 միլիոն 742 հազար դրամ:
– Հայաստանի երկու տասնեակէ աւելի համալսարաններու մէջ ուսանող 120 սուրիահայերու ուսման վարձի փոխհատուցում` 35 միլիոն 683 հազար 398 դրամ:
– Սիրտի 39 վիրահատութեան ծախսերու փոխհատուցում` 36 միլիոն 953 հազար 500 դրամ:
– 9 յուղարկաւորութեան ծախսերու փոխհատուցում` 1 միլիոն 525 հազար դրամ:
-19 ընտանիքի բուժման ծախսերու փոխհատուցում եւ դեղօրայքի տրամադրում` 5 միլիոն 652 հազար 6 դրամ:
Սուրիոյ մէջ`
– Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու աշխատավարձի փոխհատուցում` 27 միլիոն 606 հազար դրամ:
– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան ու վերականգնման մարմինին ընդհանուր առմամբ 270 միլիառ 708 միլիոն 715 հազար 56 դրամի փոխանցում, որ, ըստ իրավիճակի անհրաժեշտութեան, նպատակաուղղուած է սուրիահայերու կարիքներուն:
«Երբեմնի մեծ ու հզօր սուրիահայ համայնքը այսօր մեր օգնութեան կարիքը ունի, եւ այդ հարցով կարեւոր է իւրաքաչիւրիս աջակցութիւնը: Մեր աշխարհասփիւռ նուիրատուներուն հանգանակութիւններով մենք յաջողած ենք բազմաբնոյթ աջակցութիւն ցուցաբերել թէ՛ հայրենադարձ, թէ՛ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն: Միայն շարունակական աջակցութեան պարագային կարելի պիտի ըլլայ քիչ մը մեղմացնել մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն դժուարութիւնները», կը նշէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:
Սուրիահայութեան օժանդակելու նպատակով հիմնադրամը կը շարունակէ ընդունիլ հանգանակութիւններ, որոնց միջոցով միայն կարելի պիտի ըլլայ կեանքի կոչել նոր ծրագիրներ:
Հայ-Էմիրաթական Միացեալ Ներդրումային Հիմնադրամ Պիտի Հիմնուի
22 մարտին Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տնտեսութեան նախարար Սուլթան Պըն Սայիտ Ալ Մանսուրիի հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայ-էմիրաթական միացեալ ներդրումային հիմնադրամ հիմնելու քայլերը:
Հայկական կողմը համաձայնած է յառաջիկային էմիրաթական կողմին ներկայացնել վերջինս հետաքրքրող շարք մը ներդրումային ծրագիրներ:
Երկու նախարարները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ապրանքաշրջանառութեան եւ արտահանումներու ծաւալներու աճին հետ կապուած հարցերուն:
«Տարօն»-ի Օդանաւեր Թռիչքներ Պիտի Կատարեն «Շիրակ» Օդակայանէն
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան եւ «Տարօն-Աւիա» օդանաւային ընկերութեան միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան, 2017-ի ապրիլէն սկսեալ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանէն կանոնաւոր եւ ոչ կանոնաւոր թռիչքներ պիտի սկսի կատարելու հայկական «Տարօն-Աւիա» ընկերութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի զարգացման նպատակով, Հայաստանի կառավարութիւնը ձեռնարկած է շարք մը քայլերու, ինչպէս օրինակ, 31 դեկտեմբեր 2014-էն ի վեր մեկնող ուղեւորներէն ելքի 10 հազար դրամ տուրքը չի գանձուիր:
Նշենք նաեւ, որ արժանթինցի գործարար Էռնեկեանին պատկանող «Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութիւնը 2017-ին մօտաւորապէս 3 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարէ «Շիրակ» օդակայանի շէնքային պայմաններու եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ու արդիականացման համար:
1237 Լուսանկար Եւ 184 Ժապաւէններ Ներկայացուած Են «Օրորա»-ի Մրցումներուն
Աւարտած է «Օրորա» կարճատեւ ժապաւէններու եւ լուսանկարչական մրցումներու դիմումնագիրներու ընդունման ժամանակը:
«Օրորա» լուսանկարչական մրցումին մասնակցելու համար ներկայացուած է 1237 լուսանկար` աշխարհի 48 երկիրներէ, որոնց շարքին` Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն, Քոլոմպիայէն, Թայլանտէն, Վրաստանէն եւ այլ երկիրներէ: Նախաձեռնութեան հեղինակները կը տեղեկացնեն, որ «Օրորա» կարճատեւ ժապաւէններու մրցումին կը մասնակցին 184 ժապաւէններ` 27 երկիրներէ:
Ժապաւէններու մրցումի դատական կազմի նախագահը բեմադրիչ Էտկար Պաղտասարեանն է, իսկ լուսանկարչական մրցումի դատական կազմինը` լուսանկարիչ Ճոն Սթենմայերը:
Տեղեկացնենք, որ երկու մրցումներուն պայմաններուն համաձայն, լուսանկարները եւ ժապաւէնները պէտք է արտայայտեն մարդասիրութեան գաղափարը:
Արցախը «Թրեվըլպլոկ»-ի Կողմէ Բնորոշուած Է Իբրեւ «Կովկասեան Զուիցերիա»
Մերձաւոր Պալթեան երկիրներու մէջ յայտնի ճամբորդական «պլոկ»ը` travelblog.lv-ը, նուիրած է յօդուած մը Արցախին` ուշադրութեան հրաւիրելով անոր զբօսաշրջութեան գրաւչութեան վրայ:
Յօդուածը վերնագրուած է. «Հանգիստ` գոյութիւն չունեցող երկրի մը մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն»:
«Կովկասեան Զուիցերիա. այսպիսի անուանում ստացած է աշխարհի ոչ մէկ երկրի կողմէ ճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը: Անդրկովկասի մէջ գտնուող Արցախի` (հայերը այդպէս կ՛անուանեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը) լեռները 40 առ հարիւրով պատուած են անտառներով», կը գրէ յօդուածին հեղինակը` նշելով, որ թէեւ երկիրը քաղաքական եւ տնտեսական մեկուսացման մէջ է եւ ունի տարածքային հարց, սակայն կառավարութիւնը սկսած է աշխուժօրէն զբաղելու զբօսաշրջութեան զարգացումով:
«Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին օտար զբօսաշրջիկներուն, որոնք հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Արցախի նկատմամբ, թիւը աւելցած է աւելի քան 4 անգամով` հասնելով տարեկան 16 հազարի», կը նշէ «պլոկ»-ը` ընդգծելով, որ շրջանի վերականգնման ծրագիրին նպատակով զանազան երկիրներու մէջ բնակող հարուստ հայրենակիցներու միջոցներով կառուցուած են հարիւրաւոր քիլոմեթրերով ճանապարհներ, վերակառուցուած են դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ բնակելի թաղամասեր, վերանորոգուած են ճարտարապետական կոթողներ:
Կայքը կը նշէ, որ Արցախ մուտքը կարելի է միայն Հայաստանի ցամաքային տարածքով:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն մուտք գործելու ատեն ձեզ կը դիմաւորեն քանի մը սիրալիր զինուորականներ, կը խնդրեն ցոյց տալ անձնագիրները եւ պարտադիր արձանագրուիլ Ստեփանակերտի մէջ, ինչ որ, ինչպէս յետոյ պարզուեցաւ, կը տեւէ ընդամէնը 10 վայրկեան ու անհրաժեշտ է միայն վիճակագրութեան համար», կը գրէ հեղինակը:
Ան կը ներկայացնէ 53 հազար բնակչութիւն ունեցող մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանը, Գանձասարի վանքը, Տիգրանակերտն ու այնտեղ իրականացուող հնագիտական պեղումները, Շուշին` Ղարաբաղի հայերու ազատագրման ու անկախութեան խորհրդանիշը, Ճտրտուզը, «Զոնդիկներ» փոքր-ջրվէժը, Դադիվանքը եւ այլն: Հեղինակի ուշադրութենէն չի վրիպիր նաեւ «ժինգեալով հացը»:
«Արցախի զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնը հաստատուած է համաշխարհային յառաջատար պարբերականներուն կողմէ: Ատոնցմէ կարելի է առանձնացնել «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»-ի լրագրողին յօդուածը` «Տաք ընդունելութիւն Կովկասի մէջ», ինչպէս նաեւ բրիտանական «Տը Կարտիըն»-ի կողմէ Արցախը ամառնային արձակուրդները անցընելու լաւագոյն երկիրներու մէջ ներառելու փաստը», եզրափակած է հեղինակը:
Երեւանը Ճանչցուած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Բնակութեան Համար Լաւագոյն Քաղաքը
«Մըրսըր» միջազգային կազմակերպութեան հետազօտութիւններուն համաձայն, աշխարհի լաւագոյն քաղաքներու վարկանշային ցուցակին մէջ Երեւան գրաւած է 172-րդ դիրքը, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսը` 187-րդը, Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն` 196-րդը:
Աշխարհի լաւագոյն քաղաքներու հնգեակին մէջ են` Վիեննան, Ցիւրիխը, Օքլընտը, Միւնիխը եւ Վանքուվըրը:
Հայաստան 121-րդ Դիրքը Կը Գրաւէ Երջանիկ Երկիրներու Շարքին
Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Ուորլտ Հափինես Ռիփորթ 2017» զեկուցումը, ուր ներկայացուած են աշխարհի պետութիւնները` ազգաբնակչութեան երջանկութեան եւ բաւարարուածութեան զգացողութեան տեսանկիւնէն:
Աղիւսակին մէջ ներառուած են 155 երկիրներ, զորս կը գլխաւորէ Նորվեկիան` իբրեւ ամէնէն երջանիկ երկիրը:
Աղիւսակը եզրափակող երկիրներն են Ռուանտան, Սուրիան, Թանզանիան, Պուրունտին եւ Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութիւնը:
«Երջանիկ կը նկատուին այն երկիրները, ուր առկայ է բնակչութեան բարեկեցութեան առողջ, հաւասարաչափ բաշխում, փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած հասարակութիւն, ընկերային անհաւասարութեան ցած մակարդակ եւ կառավարութեան հանդէպ վստահութիւն», նշած է զեկուցումի համահեղինակ Ճեֆրի Սաշ:
Նշենք, որ Ռուսիան այս ցանկին մէջ կը գրաւէ 49-րդ դիրքը, Թուրքիան` 69-րդ, Ազպէյճանը` 85-րդ: Իսկ Հայաստան Վրաստանին հետ միասին կը գրաւէ 121-րդ դիրքը: