ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի Քեստենեան տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ Երուանդ Հ. Քասունիի «Պատմա-բանասիրական քննարկումներ հայ ժողովուրդի պատմութեան ճանապարհին» գիրքը, բաղկացած` 320 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է հօրեղբօր` վեր. տոքթ. Տիգրան Ե. Քասունիի յիշատակին:
Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ պատմա-բանասիրական քննարկումներու այս հատորը բերքահաւաքի փորձ մըն է` անցնող տասնամեակներու գիտահետազօտական իր աշխատասիրութիւններուն:
* * *
«Սումերներու եւ հայ սումերական յարաբերութիւններու հարցի մասին» բաժինին մէջ Քասունի կ՛ըսէ, որ սումերներու` սումեր թափանցումին ամէնէն հաւանական ժամանակը կը թուի ըլլալ Ք.Ա. չորրորդ հազարամեակի առաջին կէսը: Բայց «տակաւին բաւական անորոշ է» թէ ճիշդ ուր կը գտնուէր սումերներու առաջին բնակավայրը: Դատելով Էնմերքարի ու Լուկարպանտայի շուրջ դարձող դիւցազնավէպի մը պատումներէն, կը պարզուի թէ սումեր առաջին իշխանաւորները «անսովոր կերպով մօտիկ ու մտերիմ յարաբերութիւն մը ունէին Արաթա քաղաք- պետութեան հետ»: Արաթան հաւանաբար կը գտնուի Կասպից ծովու շրջանին մէջ: Սումերերէնը բարդբառային լեզու մըն է, որոշ չափով Ուրալ-ալթական լեզուները յիշեցնող. եւ այս` անգամ մը եւս մեզ կ՛առաջնորդէ Կասպից ծովու շրջանը, Արաթայի տեղը որոշելու: Սումերներու` Սումեր թափանցումէն, ու տեղի ժողովուրդներուն հետ միաձուլումէն ետք, «յաջորդ դարերու ընթացքին, Սումեր հասաւ քաղաքական հզօրութեան ու տնտեսական հարստութեան նոր բարձունքներու, եւ ականատես եղաւ նշանակալից իր շարք մը նուաճումներուն` արուեստներու եւ արհեստներու, կոթողային ճարտարապետութեան, կրօնական ու բարոյախօսական մտքի, ինչպէս եւ բանաւոր առասպելի, դիւցազներգութեան ու երգի մարզերուն մէջ: Այս բոլորէն վեր, սումերները, որոնց լեզուն տակաւ դարձաւ տիրապետող խօսքը երկրին, ձեւակերպեցին գրելաձեւ մը, զոր զարգացուցին հաղորդակցութեան ազդու գործիքի մը, եւ առին առաջին քայլերը դէպի պաշտօնական մանկավարժութեան մը պատրաստութեան»:
Քասունի կը շարունակէ ըսելով, որ սումերական աւանդութիւն մը, որ կ՛արձագանգէ աքքադեան, հրէական եւ յունական (Պերոսոս) աւանդութիւններու ընդմէջէն, կը պատմէ թէ սումերները` ծովու ճամբով` Պարսից ծոցէն գալով հաստատուած են Սումեր: Ըստ այդ աւանդութեան, առասպելական էակներէ կազմուած զարգացած ժողովուրդ մը, ձուկի կերպարանքով (Օաննէսներ)` առաւօտները ծոցէն դուրս կու գային, որպէսզի իրիկունը վերադառնան իրենց տեղը: Այս աւանդութենէն թելադրուած` գիտնականներ անհաւանական չեն գտներ որ սումերներ եկած են եթէ ոչ լեռներու, գէթ բլուրներու շրջանէ մը, եւ Միջագէտք մտած Պարսից ծոցի ճահճային շրջաններէն: Այս տեսակէտը արդի պատմագրութեան մէջ ունեցած է իր պաշտպանները: Սակայն ծանօթ սումարագէտ Լէոնարտ Քինկ կը պատասխանէ, թէ` առասպելէ մը քաղուած այս տեղեկութիւնները «միայն կը մատնանշեն Ծոցի եզրի Ծովու երկրին` որպէս երկրին մէջ սումերական մշակոյթի հնագոյն կեդրոնի մը»:
Քասունի կը նշէր, որ հայ-սումերական մշակութային կապերու առնչութեամբ առաջին ակնարկութիւնները կու գան Ն. Ք. 4-3-րդ հազարամեակէն:
* * *
«Մաշտոցեան դպրոցը եւ հայ նոր քաղաքական գաղափարախօսութիւնը» բաժինին մէջ Քասունի կ՛ըսէ, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մղած կենաց ու մահու պայքարին մէջ, յանկարծ կը ցցուի հասակը տարօնացի Մեսրոպ Մաշտոցին (360-440 թթ.) որուն քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային ու կրթական գործունէութիւնը նոր լիցք ու բովանդակութիւն կու տայ հայ ժողովուրդի մղած ազատագրական պայքարին, որ իր յանդուգն ու եզակի նկարագրին հետ, մէկդի կը դնէր ժամանակաւոր լուծումներու հասկացողութիւնը, ու կը միտէր մնայունին ու տեւականին, կարենալ երաշխաւորելու համար Հայ ժողովուրդի ու Հայոց Հայրենիքի գոյատեւումը գալիք հազարամեակներուն համար:
Քասունի կը շարունակէ ըսելով, որ Մաշտոց պարզ ու սովորական քաղաքական գործիչ չէ: Ան պատահական հետեւորդներէն մէկը չէ երկրին մէջ տիրող քաղաքական տարբեր ուղղութիւններէն մէկուն: Ան քաղաքական առաջնորդ է, նոր հոսանքի մը հիմնադիրը, որ պիտի փորձէր քաղաքական մտածողութեան ակնարկները հեռացնել Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն, ու բեւեռէր կեդրոնին վրայ, պայքարի եւ նպատակասլացութեան նոր մեկնակէտով ու թիրախով: Տակաւին` Մեսրոպ Մաշտոց միայն մտածող չէ: Որքան մտքի մարդ, ան նոյնքան գործի մարդ է, կազմակերպող ու դաստիարակող:
Քասունի կը նշէ, որ Մաշտոց տասնաբանեայ պատուիրաններ չէր բերեր իր հետ, բայց կը բերէր գիրը, որ պիտի ծառայէր հայոց նոր տասնաբանեան` հայ նոր քաղաքական գաղափարախօսութիւնը արձանագրելու: Ու դեռ պատահական չէ որ Կորիւն պիտի արձանագրէր. «Մեծ Մովսէսն ալ այնպէս ուրախ չէր Սինա լեռնէն իջնելու ժամանակ»: Մաշտոց աւելի ուրախ էր: Նորագիւտ հայ գիրերը ինքնանպատակ չէին կրնար ըլլալ: Անոնք պիտի ծառայէին արձանացնելու Մաշտոցեան նոր գաղափարախօսութիւնը:
* * *
«Հայ թարգմանական գրականութեան սկիզբը» խորագիրով բաժինին մէջ Քասունի կ՛ըսէ, որ Մեսրոպ Մաշտոց` հայերէն գիրերու ստեղծիչը, հայերէնի առաջին թարգմանիչը, էր նաեւ հայ ժողովուրդի հայերէն լեզուի առաջին ուսուցիչը, որուն համար դպրոցը պիտի հանդիսանար հայերէն հրաշք տառերու տունն ու տաճարը: Այս տան ու այս տաճարին մէջ պիտի դաստիարակուէր հայ մարդը իր ազգային ինքնագիտակցութեան ու հաւատքին, հոս պիտի կոփուէին առաջին թարգմանիչները, բայց մանաւանդ հայ միտքը հոս պիտի ստանար իր ստեղծագործական առաջին ներշնչումները: Արդարեւ` հայերէն տառերու գիւտին յաջորդող առաջին եւ գլխաւոր քայլը պիտի ըլլար հայատառ ու հայալեզու դպրոցներու հիմնարկումը: Հայերէն գիրերու գիւտը իր իմաստն ու նշանակութիւնը կրնար ստանալ միայն հայ դպրոցով:
Այնուհետեւ Քասունի կ՛ըսէ, որ նորաստեղծ դպրոցներու ցանցին մէջ իր յատուկ տեղն ու նշանակութիւնը ունէր Վաղարշապատի դպրանոցը, ժամանակի «մայր ուսումնարանը», ուր պատրաստուեցան առաջին թարգմանիչները, կրթական գործի պատասխանատուները եւ ուսուցիչները: Ժամանակի կրթական աչքառու այլ հաստատութիւն մըն էր Սիւնեաց Ժառանգաւորաց դպրոցը, հիմնուած Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ: Ուսումնական այս օճախն էր որ ապագային պիտի հանդիսանար Հայաստանի բարձրագոյն ուսման ամէնէն համբաւաւոր կեդրոնը: Նշանաւոր դպրոցներու շարքին պիտի յիշել նաեւ Շաղգոմքի (Սպերի) ուսումնարանը եւ Բագրեւանդի վարդապետանոցը:
Քասունի կ՛ըսէ նաեւ, որ Աստուածաշունչի հայերէնի թարգմանութիւնը կ՛իրագործուի 406-432 թթ. միջեւ: Ժամանակագրական կարգով անիկա չորրորդ տեղը կը գրաւէ Աստուածաշունչի թարգմանութեան համաշխարհային պատմութեան մէջ: Առաջինը` «Եօթանասնից» անունով ծանօթ յունարէնի թարգմանութիւնն է, երկրորդը` «Պեշիթա»-ն` ասորերէնի, իսկ երրորդը` «Վուլգադա»-ն, լատիներէնի: Աստուածաշունչի արաբերէնի թարգմանութիւնը կատարուած է 724 թ., Սպանիոյ մէջ, Սեվիյի Յովհաննէս եպիսկոպոսին կողմէ:
* * *
«Հայ արաբական քաղաքական առաջին հանդիպումներ եւ 652 թ. դաշնագիրը» խորագիրով բաժինին մէջ Քասունի կ՛ըսէ, որ Հայաստանի եւ Սուրիոյ պատմական փոխ յարաբերութիւններու ամէնէն հետաքրքրական էջերէն մէկը կը բացուի Ք.Ա. առաջին դարուն, 83-69 թուականներու միջեւ: Այս ժամանակամիջոցին` Սուրիա, իր վեց միլիոն բնակչութեամբ, Միջերկրականեան երկիրներուն մէջ, Իտալիայէն եւ Եգիպտոսէն ետք կը գրաւէր երրորդ դիրքը: Նոյնքան եւ աւելի աչքառու էր անոր տնտեսական բարգաւաճ վիճակը: Վարչական ամուր կառոյցով, վաճառաշահ հարուստ կեդրոններ էին Անտիոք, Սելեւկիա, Բերիա, Լաթաքիա եւ Արամէա քաղաք պետութիւնները:
Քասունի կը շարունակէ ըսելով, որ այս նոյն թուականներուն, Սուրիոյ սահմաններուն մօտիկ, Հռոմի դէմ պայքարելու ի վիճակի` իրենց հզօրութեամբ ներկայ էին Եգիպտոսի Պտղոմէականները, Պոնտոսի Միհրդատ Զ. Եւպատորը (Ք.Ա. 132-63 թթ.) եւ հայոց Տիգրան Բ.-ը (Ք.Ա. 140-55 թթ.), որ արդէն իսկ պարտութեան մատնած էր պարթեւները, եւ զանոնք ստիպած` քաշուելու իրենց սահմաններէն ներս: Ճակատագրական այդ օրերուն Սուրիա ստիպուած պիտի ըլլար ընտրութիւն մը կատարելու վերոյիշեալ երեք ուժերուն միջեւ` ապահովելու համար իր սահմաններուն անդորրութիւնը: Եւ այդ ընտրութիւնը կ՛երթար հայոց Տիգրան Բ. թագաւորին:
Քասունի կը նշէ, որ հայ-արաբական պատմական յարաբերութիւններու նոր էջ մը կը բացուէր եօթներորդ դարու կիսուն, որուն առաջին խոշոր հանգրուանը իր աւարտին պիտի հասնէր երկու հարիւր տարիներ ետք, 850-ական թուականներուն, ապա` անընդմէջ շարունակուելու համար մինչեւ մեր օրերը:
Քասունի կ՛ընդգծէ ըսելով որ 652 թ. կնքուած հայ-արաբական դաշինքը, իր ամբողջութեանը մէջ հայոց ի նպաստ համաձայնագիր մըն է: Սակայն Դամասկոսի փոխարքան, որքան առատաձեռն հայոց հանդէպ, նոյնքան եւ հետամուտ է արաբական շահերուն: Բիւզանդիոնի դէմ` բարեկամ եւ զինակից Հայաստան մը շատ աւելի նպատակայարմար էր եւ օգտակար Արաբական Խալիֆայութեան համար, քան` արաբական ուղղակի տիրապետութեան տակ, կրկին անգամ իր աչքերը Բիւզանդիոնի դարձնելու դատապարտուած խռով եւ ըմբոստ Հայաստան մը:
Հայ-արաբական դաշնագիրը` հայ եւ արաբ ժողովներու դարաւոր յարաբերութեան եւ գոյակցութեան առաջին ամուր հիմնաքարն էր:
* * *
«Տարսոնի իշխանը` Ապլղարիպ Հասան Արծրունի», խորագիրով բաժինին մէջ Քասունի կ՛ըսէ, որ Կիլիկիոյ մէջ Ապլղարիպի իշխանութիւնը կը տարածուէր ընդարձակ հողերու վրայ: Տարսոնէն ու Մամեստիայէն անկախ, ան նաեւ իր տիրապետութիւնը կը նետէ «երկու անմատոյց» դղեակներու` Լամբրոնի ու Պապիռոնի վրայ, որոնցմէ առաջինը, աւելի ուշ կը յանձնէ Արցախի Օշին իշխանին:
Ապլղարիպ, իր նոր իշխանապետութեան սահմաններուն մէջ կը նուիրուի շինարարական աշխատանքի: Ան «բազում վանորայս» կառուցանել կու տայ «յաշխարհիս յայսմիկ», իսկ Պապիռոնի մէջ «մեծ եկեղեցի» մը շինել կու տայ, ինչպէս նաեւ իր եւ իւրայիններուն դամբարանը:
Քասունի կը նշէ, որ 1072-ին Ապլղարիպ Արծրունիի մօտ կ՛ապաստանի Գէորգ Լոռեցի Աթոռակից կաթողիկոսը, որ այդ պաշտօնին տիրացած էր 1067-ին, Ծամնդաւի մէջ, ուր կ՛իշխէր Կարսի Գագիկ Աբասեանը, երբ Գրիգոր Բ. Վկայասէր կաթողիոսը (1066-1105 թթ.) երկար շրջապտոյտի մը կը ձեռանարկէր, այցելելու համար Եգիպտոս, Երուսաղէմ, Ասորիք եւ Կոմագեն:
* * *
«Խաչակիրներ Անտիոքի դիմաց»
բաժինին մէջ Քասունի կ՛ըսէ, որ խաչակիրներ Անտիոք կը հասնէին 1097 հոկտեմբեր 18-ին, այսինքն` աշնան կիսուն, ու մէկ քանի ամիսներ անխնայ սպառելէ յետոյ պաշարի միջոցները, ձմրան կիսուն կը մնան սովի սպառնալիքին տակ: Անփութութեան եւ մսխումին մասին Ուիլիըմ Տիւրոսցի կը գրէ. «Սկիզբները` մեծ առատութիւն կար ամէն բանի, զոր անհրաժեշտ էր մարդու գործածութեան, ինչպէս եւ առատի կեր կար ձիերու. ուրեմն, ինչպէս սովորութիւնն է անխոհեմ մարդոց, մարդիկ եզրակացուցին թէ առատութեան նոյն գոյավիճակը պիտի շարունակուի, առանց որ իրենց կողմէ ճիգ մը ըլլայ: Ուրեմն անոնք չարաչար գործածեցին իրենց առանձնաշնորհումները, ու կարճ ժամանակի մէջ անխնայ սպառեցին ուտելիքը, որ պիտի բաւարարէր բազմաթիւ օրերու համար, եթէ երբեք ան բաժնուէր պատշաճ չափաւորութեամբ: Բանակատեղիին մէջ սահման չկար շռայլութեան, ոչ ալ իմաստուն մարդուն բարեկամը` խնայողութիւնը, ամէն տեղ շռայլութիւն կար, եւ ամէն տեղ` պէտք եղածէն աւելի. ասիկա ոչ միայն ճշմարտութիւն էր բաներու համար` որոնք անհրաժեշտ են մարդոց սնունդին համար, բայց մինչեւ իսկ ձիերու եւ գրաստներու կերին համար: Չափաւորութեան ամբողջ գաղափարը կը պակսէր: Որպէս արդիւնք պատահեցաւ որ երբ սովի ուժգնութիւնը աւելցաւ, բանակը այնպիսի զրկանքի հասաւ, որ փաստօրէն ամբողջ արշաւազօրքը կորուստի վտանգին մէջ էր:
Քասունի կը նշէ նաեւ, որ խաչակիրներ կը գտնուէին թշնամի հողամասի վրայ, ու քրիստոնեայ շրջապատին մէջ սպառելէ յետոյ ամէն ինչ, անոնք չէին համարձակեր դուրս գալ իրենց բանակատեղիէն: «Մենք չէինք համարձակեր դուրս երթալ. բացարձակօրէն ոչինչ կրնայինք գտնել ուտելիք` քրիստոնեայ հողերու մէջ, եւ ոչ ոք համարձակեցաւ մտնել արաբներու երկրէն ներս, առանց մեծ բանակի» (Կեսթա): Սա կը նշանակէ որ եթէ հայեր որեւէ ձեւով կը փորձէին ուտեստեղէն բերել խաչակիրներուն, կը դիմէին արաբ եւ սելճուք տիրապետութեան տակ գտնուող շրջանները: Ասոր վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ որ հայեր` իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ, դաշնակից կը նկատուէին խաչակիրներու եւ համակրութեամբ չէ որ կը դիմաւորուէին տեղացի ոչ-քրիստոնեայ ժողովուրդներու կողմէ:
* * *
«Վեր. Իլայաս Րիկզ եւ Աստուածաշունչի արեւմտահայ աշխարհաբարի թարգմանութիւնը» բաժինին մէջ Քասունի կ՛ըսէ, որ Վեր. Իլայաս Րիկզ (1810-1901 թթ.) ծնած է Նիւ Փրովիտենս. Նիւ Ճըրզի (Միացեալ Նահանգներ) 19 նոյեմբերի, 1810 թ.:
1829 թ. շրջանաւարտ Էմհըրսթ քոլեճէն, կ՛աշակերտի Էնտովըր Աստուածաբանական ճեմարանի, որուն ընթացքը կ՛ամբողջացնէ 1832 թ.:
Քասունի կը շարունակէ ըսելով, որ 1838-1844 թթ. վեր. Ի . Րիկզ Զմիւռնիա, յունական Առաքելութեան մէջ ծառայելէ ետք, 1844 թ. կը հրաւիրուի իր ուշադրութիւնը Հայկական Առաքելութեան դաշտին դարձնել, ինչ որ կը նշանակէր նոր լեզու մը սորվիլ` ծառայութիւնը արդիւնաւորելու: Այս դաշտին մէջ եօթը տարիներ ան իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Աստուածաշունչը արեւմտահայ աշխարհաբարի թարգմանելու աշխատանքին, որ դրապէս կ՛արդիւնաւորուի, երբ Զմիւռնիոյ մէջ, 1853 թ. լոյս կը տեսնէ Աստուածաշունչի արեւմտահայ աշխարհաբարի թարգմանութիւնը:
Քասունի կ՛ըսէ, որ Րիկզ յաջորդ տարիներուն մեծ մասը կը տրամադրէ Նիւ Եորքի Պայպըլ Հաուզի մէջ աշխարհաբար Աստուածաշունչի Էլեքտրօ-տպագրութեան հսկողութեան:
1873 թ. Ամերիկեան եւ Բրիտանական Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնները վեր. Տր. Ի. Րիկզը անդամ կը նշանակեն յանձնախումբի մը, որուն պաշտօն կը վստահուի ցարդ իրականացած Աստուածաշունչի թրքերէնի թարգմանութիւնները ի մի բերել եւ օրինաչափ լեզուով խմբագրել ու հրատարակել:
Րիկզի աշխատանքը հայերէն Աստուածաշունչի թարգմանութեան վրայ սկսաւ 1845-ին. եւ շարունակուեցաւ եօթը տարիներ:
* * *
«1915 եւ կոտորածները Տիարպեքիրի մէջ» խորագիրով բաժինին մէջ Քասունի կ՛ըսէ, որ 1915 թ. մայիսի 7-ին, կուսակալութեան մասնաւոր հրահանգով եւ բռնի միջոցներով կը հաւաքուին հայոց զէնքերը: Չ՛ուշանար նաեւ եկեղեցականներու ձերբակալութիւնը:
1915 թ. մայիսի 27-ին, կալանքի տակ կ՛առնուին Մկրտիչ վրդ. Ջլղատեան, ինը քահանաներով, հայ կաթողիկէ առաջնորդ` Անդրէաս արք. Չէլէպեան, երեք վարդապետներով եւ հայ աւետարանական երէց վեր. Յակոբ Անտոնեան: Նոյն օրը 100-է աւելի հայեր եւս կը ձերբակալուին: «Մայիսի 10-30-ի միջեւ, ուղիղ 1,200 հոգիներ, որոնց մէջ նահանգին հայերէն եւ ասորիներէն, ձերբակալուեցան» կը վկայէ Լեփսիուս: 1,200 ձերբակալուածներէն մօտ 1000-ը հայեր էին:
1915 թ. մայիսի 28-ին, բերդի բլուրին վրայէն` թնդանօթի հարուածով թուրքեր կը քանդեն Ս. Կիրակոս եկեղեցիի հոյակապ զանգակատունը, «ջնջելով յաւիտեան Ամիտայի մէջէն հայկական ճարտարապետութեան վերջին հետքն»:
Ձերբակալելէ ու բանտարկելէ յետոյ ժողովուրդի ընտրանին, կը մնար զանոնք ենթարկել չարչարանքի: Եւ հարկ էր հնարել չմտածուած եղանակները չարչարանքներու: Կուսակալն ու մեպուս Ֆէյզին գանկերնին կը ճաթեցնեն, չարչարանքի տեսակներ հնարելու համար:
Քասունի կը շարունակէ ըսելով, որ 1915 թ. յուլիսին կը սկսի քաղաքի ժողովուրդին տարագրութիւնը: Միլիսի հազարապետ Եասին Զատէ Շէվքը եւ ժանտարմայի հրամանատար չերքէզ Ռիւշտի կը մտնեն հայ տուները եւ կը սկսին արձանագրութեան, իսկ արեւմուտէն ետք ճամբայ հանել կու տան դէպի որոշուած ճակատագիրը:
Հարիւր ընտանիքէ բաղկացած խումբ մը ճամբայ կը դրուի Մարտինի ճամբով դէպի հարաւ, ուրիշ խումբ մը` Գարապաղջայի ճամբով դէպի արեւմուտք, Տարա, Ռաս Իւլ Այն, Նիսիպին եւ Տէր Զօր: Գարապաղջայի մօտ մեծ թիւ մը անոնցմէ կը նահատակուի: Ուրիշ մեծ թիւ մը Տիարպեքիրէն մէկ ժամ հարաւ Չարոխիկ գիւղին մօէտ Գոզան Տէրէի մէջ քիւրտերու եւ միլիսներու ձեռքով կը կոտորուի: Գարաճատաղի հիւսիսային բնակիչներէն` քիւրտ-թրքական-համիտիէ հեծելազօր-աշիրէթը 24,000-ի մօտ տարագիր հայեր կը կողոպտէ ու կը ջարդէ Շէյթան Տէրէսիի եւ Գայնազ գիւղին մօտ, Պիկաթլան ձորին մէջ:
Քասունի կ՛աւելցնէ ըսելով, որ արեան մէջ կը խեղդուի նաեւ Մարտին քաղաքը:
* * *
Գիրքին մէջ արծարծուած են նաեւ պատմական արժէք ներկայացնող այլ նիւթեր: Գիրքի վերջաւորութեան կայ յաւելուածներու բաժին մը: