ՎԱՉԷ ԱՏՐՈՒՆԻ
Վերջապէս` թատրոնի մասին խօսելու առիթ մը:
Ոչ այնքան կարեւոր, սակայն` փոքրիկ անհրաժեշտութիւն մը:
Նախ ճշդենք «Թատրոն» բառի անուանումը, ապա` էութիւնը:
«Թատրոն» բառը, տեղի-անտեղի, գործածութեան մէջ մտած է` որպէս բառակապակցութիւն: Կ՛ըսուի, «Թատրոն ըրինք, թատրոն խաղցայ»: Թատրոնը չի խաղցուիր, որովհետեւ ան շէնքային կառոյց է: Սրահ: Բեմ եւ վարագոյր: Թատրոնը գոյական երեւոյթ մըն է: Բազում արուեստներու համատեղում: Թատրոնը նաեւ գրականութիւն է ու մտածողութիւն: Նախընտրելի է ըսել, «Թատերային ներկայացման մը մէջ խաղցայ» կամ պարզապէս: «Դերասանութիւն ըրի, կամ դեր վերցուցի կամ դերակատարման մասնակցեցայ» եւ այլն: Արտայայտութեան ձեւ է նաեւ յայտարարելը` «թատերական ձեռնարկ» անուանումը: Թատրոնը ձեռնարկ չի կրնար համարուիլ, որովհետեւ ան գործունէութեան ամբողջութիւն մըն է: Ունի բազում նախապատրաստական աշխատանքներ, ընթացիկ սերտողութիւններ ու գործնական փորձեր, ունի աւարտաճառ ու ամենակարեւորը… շարունակութիւն: Մէկ անգամուան համար նախատեսուած ձեռնարկի մը եւ թատերային աշխատանքի մը մատուցման տարբերութիւնը այն է, որ առաջինը կը միտի ցուցադրական գործ մը սկսիլ ու ամբողջացնել, իսկ երկրորդը ուսումնական ծրագիր մըն է, որ ունի նախապատրաստական երկար աշխատանք եւ անպայման` հետեւողական շարունակութիւն: Կարճ բացատրելու համար կարելի է թատերական գործունէութիւն ծրագրաւորել առանց ելոյթներու… վերջին հաշուով, թատերական դպրոց, փորձեր կամ աշխատութիւն` ինքնին ձեռնարկ մըն է արդէն:
Սովորոյթ դարձած է նաեւ չեղած տեղը շինծու գնահատականներ բաշխելը: Օրինակ` կ՛ըսուի «Ազգային թատրոն»: Թատրոնը ազգային չի կրնար ըլլալ, այն պարզ պատճառով, որ ան համամարդկային արժէք է: Անոր բոլոր բաղադրիչները բոլոր ժամանակներու եւ մշակոյթներու մէջ կը գտնենք: Եթէ խօսքը բեմէն հնչող լեզուի մասին է, ապա այն պարզ հաղորդակցութեան միջոց է: Շէյքսփիրեան անգլերէնով գրուած եւ հայերէնի թարգմանուած լեզուն չէ, որ այդ ներկայացմանը կու տայ ազգային պիտակ: Մոլիեռի հայերէնի թարգմանութեան գնահատականը փնտռեցէք միմիայն թարգմանական գրականութեան արժեցուցակին մէջ: Ֆրանսերէնի հայացումով ո՛չ Մոլիեռը կը հայանայ, ո՛չ ալ լեզուամտածողութիւնը: Ինչպէս նաեւ հայերէնով գրուած թատերգութիւն մը, այլ լեզուի թարգմանուելու պարագային, չի փոխեր իր պարտականութիւնը: Ճիշդ է, որ գործածուած լեզուն ազգային պատկանելիութիւն ունի, սակայն թատերախաղի վերածուելու պարագային, այդ պատկանելիութիւնը կը կորսնցնէ իր ազգային ըլլալու կամ չըլլալու կարեւորութիւնը: Որեւէ թատերախաղ կը գրուի աշխարհի բոլոր լեզուներով բեմականացուելու համար: Ուրիշ բան է անշուշտ թատերգութեան բովանդակութիւնը, նիւթը, պատմուող դիպաշարի միջավայրն ու ժամանակը: Հոն, տեղ մը, կարելի է գտնել ազգային մտածողութեան մը բաղադրիչը: Այդքա՛նը միայն:
Եթէ թոյլ կու տաք, կ՛ուզէի խօսիլ նաեւ թատրոնի դաստիարակչութեան, մանկավարժական, բարոյախօսական, գաղափարական կամ ոգեշնչողական դերի ու նշանակութեան մասին: Ասիկա մեծ սուտ մըն է, որ միջնադարերուն ոգեպաշտները մոգոնեցին թատերայնացուած ձեռնարկներու միջոցով հանդիսականները խաբխբելու համար: Աւելի ուշ, մեր հայկական իրականութեան մէջ, միութիւնները եւ ընկերային համախմբումները, չեղած տեղը, թատերական արուեստի ուսերուն բեռնեցին անհասկնալի պարտականութիւններ: Մէկ կողմէ տարօրինակ մամլիչներով արգիլեցին քաղաքական, սեռաբարոյական եւ հոգեւորական նիւթերու արծարծումը, միւս կողմէ, քաջալերելով ու յաճախ ալ պարտադրելով անկենդան բարոյախօսութիւններ, դաստիարակչական քարոզներով բեկուած ճամարտակութիւններ թատրոնի ամբողջութիւնը վերածեցին քրմապաշտութեան եւ յաճախ ալ սուտ հայրենասիրական ոգեկոչումներու:
Թատրոնը պարզ զուարճութեան վայր մըն է: Հոն ներկայացուող որեւէ գործ ունի քանի մը անմիջական պարտականութիւն: Բարձր ճաշակով, գեղարուեստական միջոցներով եւ կատարողական մասնագիտութեամբ ներկայացնել պատրանքներով հարուստ իրավիճակներ, որոնք մտածելու, յուզուելու եւ երազելու հնարաւորութիւն կը ստեղծեն… ինչպէս պատմուող հեքիաթն է կամ բարի սուտ մը: Թատրոնը ձեր մտքի խոպանը հերկող լծկան եզ մը չէ… թատրոնը ձեր երազներու աշխարհին մէջ թռչող կապոյտ թռչուն մըն է:
Շատ ու երկար են ըսելիքներս, բայց տարեդարձի այս սեղանին, խօսուելիք բաժակաճառի մը տեղ ընդունեցէք իմ այս ցանկախօսութիւնս եւ համբերատար մտիկ ըրէք: Ահաւասիկ կարեւոր պահ մը եւս: Թատրոնը առանձին արուեստի տեսակ չէ, այլ գոյութիւն ունեցող բոլոր արուեստի տեսակներուն համափնջումն է: Չկայ արուեստի տեսակ, որ ներկայ չըլլայ այս համակեցութեան մէջ: Սկսած թատերախաղէն (գրականութենէն) մինչեւ դերասան (դերակատարումը)` արուեստի բոլոր տեսակները ներկայ են իր մէջ. լոյս, լուսաւորման արուեստ, բեմական շարժում, պար, մնջախաղ ու կշռութաւոր շարժման արուեստ, երաժշտութիւն ու երաժշտական կատարում, բեմական խօսք ու երգեցողութիւն, դիմայարդարում ու շպար, հագուստ ու զգեստաձեւաւորում, նկարչութիւն ու գունազարդման գիտութիւններ, բեմայարդարում ու տեքորաթիւ ճարտարապետութիւն, քանդակ: Վերջապէս, այն բոլոր արուեստի տեսակները, զորս տարբեր մշակոյթներ դարերու ընթացքին զարգացուցած ու յղկած են: Այդպիսին է թատրոնը, ոչ մէկ լիարժէք արուեստի տեսակ կը մերժէ ու ոչ մէկ սուտ արուեստ կ՛ընդունի իր մէջ:
Հոս տեղին պիտի ըլլար նաեւ խօսիլ թատերախաղի մը ներկայացման առթիւ կատարուած գրախօսականներու մասին: Առանց անդրադարձի ու վերլուծութեան, անշուշտ, որ թատերական ներկայացումը իր ամբողջութիւնը պիտի չգտնէ, բայց` ոչ կամայական ու ինքնանպատակ գնահատականներով: Ներկայացման մը արժեչափը կ՛որոշէ ինքը` նորին գերազանցութիւն հանդիսականը: Գրախօսութիւնը կու գայ մի միայն սեփական կարծիք մը աւելցնելու ընդհանուր տրամադրութեան վրայ: Ներկայացուող որեւէ ստեղծագործութիւն կրնայ տարբեր ճաշակներ գոհացնել, տարբեր մակարդակներով: Չկան ի վերուստ բաշխուած ակադեմական օրէնքներ, որոնց համեմատութեամբ ըսուի, որ ներկայացուած գործը յաջող կամ անյաջող ընթացաւ: Չկան համեմատութիւններ, որոնցմով որոշուի, թէ գործ մը լաւ էր կամ վատ: Ճիշդ էր կամ սխալ: Ահա այս մեկնակէտէն երբ կու գայ անդրադարձի պահը, ապա որքան ճիշդ պիտի ըլլար «Թատերական քննադատութիւն» բառակապակցութիւնը մէկդի դնել ու գրախօսականին տալ «Կարծիք կամ տեսակէտ» անուանումը: Ապա թէ ոչ, կը ներէք կոպտութեանս, երբեմն տարօրինակ գրիչներու կը հանդիպինք, որոնք աւելի շատ ցոյց կ՛ուզեն տալ իրենց կասկածելի գիտելիքներուն պաշարը, քան` բուն վերլուծուող ստեղծագործութեան էական բովանդակութիւնը: Այո՛, ասիկա մեր լիբանանահայ կեանքի մեծագոյն հիւանդութիւնն էր ու մնաց այդպիսին: Դժբախտաբար չունեցանք թատերագէտը, որ ըստ արժանւոյն գնահատէր թատերական գործունէութեան ընթացքը: Չունեցանք նաեւ թատերաբանը, որ կարողանար սերտել ու պատրաստել մեր թատերական խեղճուկ պատմութեան ծաղկաքաղը (անթոլոկիան):
Այս մտերմութեան սահմաններուն մէջ ալ` քանի մը բարի ու կարեւոր խորհուրդներ բեմադրող բեմադրիչներուն եւ բեմադրիչ բեմադրողներուն: Բեմադրիչ հասկացողութիւնը բացառապէս մասնագիտական անուանում է, որ ցոյց կու տայ նախ այդ գործի մարդուն ուսումնական գիտելիքներու շտեմարանը, սերտողագիտութեան աստիճանն ու աշխատելու իրաւունքի վկայագիրը: Ասիկա զուտ իրաւական անուանում մըն է, որ կը տրուի պետականօրէն ճանչցուած ուսումնական հաստատութիւններու կողմէ: Տեսէ՛ք… ինչպէս կան բժշկողներ եւ բժիշկներ: Շինարարագէտներ եւ ճարտարապետներ: Այդպէս ալ արուեստի ասպարէզին մէջ կան նոյն գործը ընող, սակայն իրաւունքի տեսակէտէն տարբեր հեղինակութիւն ու իրաւունք ունեցող արուեստագէտներ: Օրինակ` կան երգիչներ ու կան երգողներ, նկարիչներ ու նկարողներ, գրչագէտներ ու գրողներ: Այդպէս ալ պատահականութեան կամ փորձի իրաւունքով, բեմադրութիւն պատրաստող անձը ինքզինք պէտք չէ յայտարարէ բեմադրիչ, այլ ընդամէնը` բեմադրող: Ինչպէս դեր կատարողը պէտք չէ յայտարարուի դերասան, այլ` դերակատար: Քանզի բեմադրական ակադեմական ուսման կը հետեւին հինգ, յաճախ ալ եօթը տարի:
Այո՛, ըսելիքներուս շարքը կրնար շատ աւելի երկարիլ, սակայն թոյլ տուէք այսքանով առայժմ աւարտել: Վերջին հաշուով, առիթը թատրոնի հերթական տարեդարձը նշելն է: (Հինգ հազար տարեկան դարձած այս երիտասարդ արուեստի տեսակի տարեդարձը): Եւ յատկապէս յարգարժան օրաթերթի մը մէջ չէ, որ պիտի խօսուէր խորացուած սերտողութիւններու մասին, այլ` մասնագիտացուած մամուլի մը մէջ… որ գոյութիւն չունի ու երբեք ալ գոյութիւն պիտի չունենայ մեր այս խեղճուկրակ մշակութային կեանքին մէջ:
Շնորհաւոր տարեդարձդ, սիրելի՛ ծերուկ… երիտասարդ թատրոն: