Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով կ՛արժէ մատնանշել լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ երեւոյթը: Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք վերջին տասնամեակներուն միայն բեմ բարձրացած դերասաններու փաղանգին, բեմադրիչներուն, թեքնիք պատասխանատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք թատրոնի համար գիշերներ լուսցուցին, կը տեսնէք հարիւրաւոր անուններ: Այսօր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմը եղած է հանրակրթարան: Թատրոնի հարիւրաւոր «խենթ»-երուն մեծամասնութիւնը արդէն գաղթած է, եւ իրենց կեանքի հեւքին մէջ ոմանք մերթ ընդ մերթ թատրոնի հետ շփում կ՛ունենան, ուրիշներ տարբեր ասպարէզներու մէջ կլանուած են իրենց ապրուստը ապահովելու համար:
Սակայն տեղ մը բոլորը իրենց սրտին եւ հոգիին մէջ թատրոնէն բան մը պահած են: Տեղ մը բոլորին հոգիները բաւարարութիւն ստացած են, երբ բեմ բարձրացած են: Մասնագիտական եւ ոչ մասնագիտական դերասանի կամ այլ երեւոյթներու մասին պիտի չխօսիմ: Ճիշդ է` բոլորն ալ կան: Սակայն սփիւռքի մեր պայմաններուն մէջ թատրոն պահելը` դպրոց, եկեղեցի, մամուլ պահելու չափ կարեւոր է: Թատրոնը մեր բազկերակի ձայնն է: Թատրոնը հանրային դպրոց է: Ժամանակին թատրոնը յեղափոխութիւններու եւ զարթօնքներու նախակարապետն էր… Այս իմաստով կարեւոր են` թատրոնը, թատերասրահը, դերասանը, բեմավարը, լոյսի պատասխանատուն եւ բեմադրիչը:
Այս իմաստով կարեւոր է թատրոնին կարեւորութիւնը յիշեցնել ձեռնարկներ կազմակերպել: